Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 52-էջ 54 պարբ. 4
  • Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրուագիծը Ուսումնասիրեցէք
  • Սուրբ Գրքի Գործածութիւն
  • Դասախօսին Որոշումները
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուրուագծի Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 52-էջ 54 պարբ. 4

Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել

ԱՄԷՆ շաբաթ, Եհովայի Վկաներու գրեթէ բոլոր ժողովքներուն մէջ սուրբ գրային նիւթի մը շուրջ դասախօսութիւն մը կը տրուի։ Եթէ երէց մը կամ օգնական ծառայ մըն էք, կ’ապացուցանէ՞ք որ ատակ հանրային դասախօս մը՝ ուսուցիչ մըն էք։ Եթէ այս է պարագան, ձեզի ալ պիտի առաջարկուի որ հանրային դասախօսութիւն մը տաք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը տասնեակ հազարաւոր եղբայրներու օգնած է, որ ծառայութեան այս մարզին մէջ որակելի ըլլան։ Երբ ձեզի հանրային դասախօսութիւն մը նշանակուի, ուրկէ՞ պէտք է սկսիք։

Ուրուագիծը Ուսումնասիրեցէք

Որեւէ պրպտում ընելէ առաջ, ուրուագիծը կարդացէք ու խոկացէք, մինչեւ որ լաւ մը ըմբռնէք նիւթը։ Ձեր մտքին մէջ դրոշմեցէք բնաբանը, որ դասախօսութեան խորագիրն է։ Ձեր ունկնդիրներուն ի՞նչ պիտի սորվեցնէք։ Ի՞նչ է ձեր նպատակը։

Գլխաւոր վերնագիրներուն քաջածանօթ եղէք։ Այս գլխաւոր կէտերը վերլուծեցէք։ Իւրաքանչիւր կէտ ի՞նչպէս առնչութիւն ունի բնաբանին հետ։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտին ներքեւ կան շարք մը ենթակէտեր։ Իսկ այս ենթակէտերուն թիկունք կանգնող տուեալները անոնց ներքեւ նշուած են։ Նկատի առէք թէ ուրուագծին իւրաքանչիւր հատուածը ի՛նչպէս նախորդին վրայ կը կառուցուի, յաջորդին կ’առաջնորդէ եւ կ’օգնէ որ դասախօսութեան նպատակը իրագործուի։ Անգամ մը որ հասկնաք բնաբանը, դասախօսութեան նպատակը եւ թէ գլխաւոր կէտերը ի՛նչպէս այդ նպատակը կ’իրագործեն, ա՛յն ատեն նիւթը մշակելու պատրաստ կ’ըլլաք։

Սկիզբը օգտակար կրնայ ըլլալ ձեր դասախօսութիւնը նկատել որպէս իւրաքանչիւրը մէկ գլխաւոր կէտ ունեցող չորս կամ հինգ կարճ դասախօսութիւններ։ Ամէն անգամ մէկ հատը պատրաստեցէք։

Հայթայթուած ուրուագիծը պատրաստութեան գործիք մըն է։ Անիկա չէ տրուած որպէսզի այդ նոթերուն վրայէն տաք ձեր դասախօսութիւնը։ Անիկա կմախք մըն է։ Պէտք է անոր վրայ այլաբանօրէն միս դնէք, եւ անոր սիրտ մը ու կեանքի շունչ տաք։

Սուրբ Գրքի Գործածութիւն

Յիսուս Քրիստոս եւ իր աշակերտները իրենց ուսուցումները Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնեցին։ (Ղուկ. 4։16-21. 24։27. Գործք 17։2, 3) Դուք ալ նոյնը կրնաք ընել։ Սուրբ Գիրքը պէտք է ձեր դասախօսութեան հիմը կազմէ։ Փոխանակ հայթայթուած ուրուագծին մէջ տրուած նախադասութիւնները պարզապէս բացատրելու եւ կիրարկելու, նայեցէք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչպէս նեցուկ կը կանգնի այս նախադասութիւններուն, ապա՝ Սուրբ Գրքէն սորվեցուցէք։

Մինչ ձեր դասախօսութիւնը կը պատրաստէք, ուրուագծին մէջ նշուած իւրաքանչիւր համար քննեցէք։ Բովանդակութիւնը նկատի առէք։ Կարգ մը համարներ պարզապէս օգտակար ենթահող կրնան հայթայթել։ Ձեր դասախօսութեան ընթացքին, հարկ չկայ բոլոր համարները կարդալու կամ անոնց ակնարկում ընելու։ Ընտրեցէք այն համարները, որոնք լաւագոյնս կը յարմարին ձեր ունկնդիրներուն։ Եթէ տրուած ուրուագծին մէջի համարներուն վրայ կեդրոնանաք, հաւանաբար յաւելեալ համարներ գործածելու հարկը պիտի չտեսնէք։

Ձեր դասախօսութեան յաջողութիւնը կախեալ է ո՛չ թէ ձեր գործածած համարներուն թիւէն, այլ՝ ձեր ուսուցումի որակէն։ Համարները բանալէ առաջ, անոնց գործածութեան նպատակը ցոյց տուէք։ Զանոնք կիրարկելու համար ժամանակ յատկացուցէք։ Համարը կարդալէն ետք, ձեր Աստուածաշունչը բաց պահեցէք, մինչ կը խօսիք համարին մասին։ Շատ հաւանաբար ձեր ունկնդիրներն ալ նոյնը ընեն։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնել եւ անոնց օգնել որ լիովին օգտուին Աստուծոյ Խօսքէն։ (Նէեմ. 8։8, 12) Ասիկա կրնաք ընել բացատրութիւն ու օրինակ տալով եւ կիրարկում ընելով։

Բացատրութիւն։ Երբ գլխաւոր համար մը բացատրելու համար պատրաստութիւն կը տեսնէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իմաստը ի՞նչ է։ Ինչո՞ւ զայն կը գործածեմ դասախօսութեանս մէջ։ Ունկնդիրներէն ոմանց մտքէն ի՞նչ հարցումներ կրնան անցնիլ այս համարին մասին’։ Թերեւս կարիքը ունենաք վերլուծելու բովանդակութիւնը, ենթահողը, միջավայրը, խօսքերուն ուժգնութիւնը, ներշնչումի ներքեւ գրողին դիտաւորութիւնը։ Ասիկա պրպտում կը պահանջէ։ Արժէքաւոր ճոխ տեղեկութիւն կրնաք գտնել «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած գրականութիւններուն մէջ։ (Մատթ. 24։45-47) Մի՛ փորձէք համարին մասին ամէն բան բացատրել, բայց բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ ուզեցիք որ ունկնդիրները կարդան զայն, նկատի առնուած կէտին կապակցաբար։

Օրինակ։ Օրինակներուն նպատակն է ձեր ունկնդիրներուն օգնել որ աւելի խոր հասկացողութիւն ձեռք ձգեն, կամ՝ ձեր բացատրած կէտը կամ սկզբունքը յիշեն։ Օրինակները մարդոց կ’օգնեն որ ըմբռնեն ձեր ըսածները եւ զանոնք կապեն իրենց արդէն գիտցած մէկ բանին հետ։ Յիսուս ասիկա էր որ ըրաւ երբ իր համբաւաւոր Լերան Քարոզը տուաւ։ «Երկնքի թռչուններ», «դաշտի շուշաններ», ‘նեղ դուռ’, ‘վէմի վրայ շինուած տուն’ եւ նման բազմաթիւ արտայայտութիւններ իր ուսուցումը արտայայտիչ, յստակ եւ անմոռանալի դարձուցին։—Մատթ., գլ. 5-7

Կիրարկում։ Համար մը բացատրելը եւ օրինակներով խօսիլը գիտութիւն պիտի մատակարարեն, բայց այդ գիտութիւնը կիրարկելն է որ արդիւնքի կը հասցնէ։ Ճիշդ է որ ձեր ունկնդիրներուն պատասխանատուութիւնն է Աստուածաշունչի պատգամին համաձայն գործել, բայց կրնաք անոնց օգնել որ ըմբռնեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Վստահ ըլլալէ ետք թէ ձեր ունկնդիրները կը հասկնան նկատի առնուած համարը եւ ներկայացուած կէտին հետ անոր ունեցած առնչութիւնը, ժամանակ տրամադրեցէք ցոյց տալու համար հաւատքի ու վարքի վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը։ Նկատի առնուած ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չեղող սխալ գաղափարներէն կամ վարքէն հրաժարելուն օգուտները ընդգծեցէք։

Երբ համարներու կիրարկման մասին կը մտածէք, յիշեցէք որ ձեր ունկնդիրները տարբեր միջավայրերէ եկած են եւ այլազան պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Թերեւս անոնց մէջ կան նոր հետաքրքրուողներ, պատանիներ, տարեցներ եւ այլազան անձնական խնդիրներու հետ պայքարող անհատներ։ Ձեր դասախօսութիւնը գործնական եւ իրապաշտ դարձուցէք։ Խուսափեցէք այնպիսի խրատներէ, որոնք այն տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ միայն քանի մը հոգիներու ուղղուած են։

Դասախօսին Որոշումները

Ձեր դասախօսութեան նկատմամբ կարգ մը որոշումներ արդէն կայացուած են ձեր տեղը։ Գլխաւոր կէտերը յստակօրէն նշուած են, եւ իւրաքանչիւր գլխաւոր վերնագրի համար ձեր յատկացնելիք ժամանակը պարզօրէն ցոյց տրուած է։ Ուրիշ որոշումներ ձեզի ձգուած են։ Թերեւս նախընտրէք աւելի ժամանակ տրամադրել կարգ մը ենթակէտերու քան՝ ուրիշներու։ Մի՛ կարծէք թէ իւրաքանչիւր ենթակէտ նոյն չափով պէտք է զարգացնէք։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ ձեր նիւթը հապճեպով ձեռք առնէք եւ յոգնեցնէք ձեր ունկնդիրները։ Ի՞նչպէս կրնաք որոշել թէ ո՛ր կէտերը աւելի լայնօրէն պէտք է մշակէք եւ որոնք՝ հակիրճ կամ հարեւանցի կերպով։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ո՞ր կէտերը պիտի օգնեն որ դասախօսութեան հիմնական գաղափարը փոխանցեմ։ Որո՞նք հաւանաբար իմ ունկնդիրներուս մեծագոյն օգուտը կրնան բերել։ Նշուած համար մը եւ անոր հետ առնչուած կէտը զեղչելը պիտի տկարացնէ՞ ներկայացուած ապացոյցներու շղթան’։

Հոգածութեամբ խուսափեցէք ենթադրութիւններ կամ անձնական կարծիքներ ներմուծելէ։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս անգամ խուսափեցաւ ‘ինքնիրմէ խօսելէ’։ (Յովհ. 14։10) Նկատի ունեցէք թէ մարդիկ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն կու գան Աստուածաշունչին մասին նիւթեր լսելու համար։ Եթէ ճանչցուած էք որպէս լաւ դասախօս մը, հաւանաբար պատճառը այն է որ սովորութիւն դարձուցած էք ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հրաւիրելու ու ո՛չ թէ՝ ձեր անձին։ Անոր համար է որ ձեր դասախօսութիւնները կը գնահատուին։—Փիլ. 1։10, 11

Պարզ ուրուագիծ մը բովանդակալից սուրբ գրային բացատրութեան մը վերածած ըլլալով, հիմա պէտք ունիք ձեր դասախօսութիւնը փորձ ընելու։ Օգտակար է բարձրաձայն ընել փորձերը։ Կարեւորը այն է որ բոլոր կէտերը ձեր մտքին մէջ ունենաք։ Պէտք է կարենաք համոզումով խօսիլ, կեանք տալ ձեր նիւթին, եւ ճշմարտութիւնը խանդավառ կերպով ներկայացնել։ Ձեր դասախօսութիւնը տալէն առաջ, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ի՞նչ կը յուսամ իրագործել’։ Նաեւ՝ ‘Գլխաւոր կէտերը ցցո՞ւն են։ Սուրբ Գիրքը իրապէս դասախօսութեանս հիմը ըրա՞ծ եմ։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ բնականաբար յաջորդին կ’առաջնորդէ՞։ Դասախօսութիւնը Եհովայի եւ իր կարգադրութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կը կերտէ՞։ Եզրակացութիւնը ուղղակի բնաբանին հետ կապուա՞ծ է, ունկնդիրներուն ցոյց կու տա՞յ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, եւ զայն ընելու կը մղէ՞’։ Եթէ այս հարցումներուն կրնաք այո՛ պատասխանել, այդ պարագային ի վիճակի էք ‘գիտութիւնը հաճելի դարձնելու’, յօգուտ ժողովքին եւ ի փառս Եհովայի։—Առ. 15։2

ԵՐԲ ՁԵՐ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՐԳՄԱՆԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ

 Յաճախ երկրի մը մէջ տարբեր լեզուներ խօսող խմբաւորումներ կան, եւ կրնայ ըլլալ որ հանրային դասախօսներէն խնդրուի որ թարգմանաբար սուրբ գրային դասախօսութիւն մը ներկայացնեն։ Եթէ ձեզմէ խնդրուի որ այսպիսի պարագայի մը բանախօսէք, հետեւեալ ուղեգծերը կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ ձեզի եւ թէ թարգմանիչին։

  •  Ձեր դասախօսութեան ազդեցիկ ըլլալը մեծաւ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ թարգմանիչէն։ Նոյնիսկ թարգմանութեան մարզին մէջ փորձառու եղող մը աւելի լաւ պիտի թարգմանէ, եթէ իրեն օգնէք որ պատրաստուի ասոր համար։

  •  Ընդհանրապէս ստիպուած պիտի ըլլաք ձեր դասախօսութեան առնուազն մէկ երրորդը զեղչել, թարգմանութեան առիթ տալու համար։ (Համրերու լեզուն բացառութիւն է, քանի որ դասախօսութիւնը գրեթէ միաժամանակ կը տրուի։)

  •  Դասախօսութիւնը տալէ առաջ, թարգմանիչին հետ նկատի առէք դասախօսութեան ընդհանուր ուրուագիծը եւ անոր նպատակը։ Եթէ ձեր նշանակումը համաժողովի մը մէջ ընթերցանելի դասախօսութիւն մըն է, թարգմանիչը ժամանակէն առաջ թող տեսնէ նիւթը։

  •  Թարգմանիչին հետ խօսեցէք ձեր գործածելիք համարներուն մասին։ Վստահ եղէք որ թարգմանուած լեզուով Աստուածաշունչը կը հաղորդէ ձեր Աստուածաշունչին միտքը։ Թարգմանիչին ցոյց տուէք թէ համարներուն ո՛ր բառերը պիտի շեշտուին կամ բացատրուին։

  •  Որոշեցէք թէ համարները երկո՞ւ լեզուներով պէտք է կարդացուին, թէ ոչ միայն մէկ լեզուով։ Թարգմանուելիք լեզուով կարդալը կրնայ բաւարար ըլլալ։

  •  Թուականները, թիւերը եւ համարներուն տեղերը արագօրէն ըսելը կրնայ խնդիր յարուցանել։ Դադարներ տուէք եւ նախընտրաբար վիճակագրութիւններու թիւերը կլորցուցէք։

  •  Որեւէ օրինակ, ասացուածք եւ անսովոր արտայայտութիւն որ պիտի գործածէք, միասնաբար նկատի առէք։ Վստահ եղէք որ ձեր թարգմանիչը կը հասկնայ զանոնք եւ թէ կարելի է թարգմանուելիք լեզուով գաղափարը հաղորդել։

  •  Խօսելու ժամանակ, կարճ նախադասութիւններ գործածեցէք։ Թարգմանելու առիթ տալէն առաջ լման գաղափարներ ներկայացուցէք։ (Ան ո՛չ թէ բառեր, այլ գաղափարներ կը թարգմանէ։) Յաջորդական թարգմանութեան համար, թոյլ տուէք որ թարգմանիչը իր խօսքը վերջացնէ, ապա շարունակեցէք։

  •  Թարգմանիչը ձեր ձայնածաւալին եւ արտայայտութեան կերպին պիտի հետեւի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել