-
Երբ սիրելի մը մահանայԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ
Երբ սիրելի մը մահանայ
«Հոգի՛ս, Աստուած գիտէ թէ լաւագոյնը ի՛նչ է. . . Մի՛ լար»։
Մէկը այս խօսքը Պիպի անունով կնոջ մը ականջին փսփսաց, որ իր հօր թաղումին էր։ Իր հայրը ինքնաշարժի արկածով մահացած էր։
Պիպի շատ մօտիկ էր իր հօր, եւ այս խօսքը ըսողը ընտանիքին մօտիկ անձ մըն էր, որ լաւ միտումով ըսաւ։ Բայց այդ խօսքը Պիպին վիրաւորեց՝ մխիթարելու տեղ։ Ան շարունակ ինքն իրեն ըսաւ. «Իր մահանալուն մէջ լաւ բան մը չկայ»։ Երբ տարիներ ետք Պիպի այս եղածը պատմեց գիրքի մը մէջ, շատ յստակ էր որ տակաւին կը սգար։
Ինչպէս որ Պիպիին պարագան էր, կրնայ երկար ժամանակ առնել որ մէկը այս ցաւին հետ գլուխ ելլէ, մանաւանդ երբ շատ մօտիկ ըլլայ մեռնողին։ Ըստ Աստուածաշունչին, մահը «թշնամի» է (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ատիկա մեր ճամբան կը կտրէ եւ սիրելի եղող անհատ մը մեզմէ կը յափշտակէ,– շատ անգամներ՝ երբ բոլորովին պատրաստ չենք։ Բան մը չկայ որ զայն կեցնէ։ Բոլորս ալ կը տուժենք ատոր ձգած հետքերէն։ Ուստի բնական է որ չգիտնանք ինչպէ՛ս մահուան եւ իր հետեւանքներուն հետ գլուխ ելլել։
Թերեւս դուն քեզի հարցուցած ես. ‘Որքա՞ն ժամանակ կ’ուզէ որ մէկը այս ցաւէն ազատի։ Անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ այս ցաւին հետ գլուխ ելլել։ Ինչպէ՞ս կրնամ մխիթարել անոնք որ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Մեռնողներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ’։
-
-
Սուգ ընելը սխա՞լ էԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ
Սուգ ընելը սխա՞լ է
Երբեք կարճատեւ հիւանդութիւն մը ունեցա՞ծ ես։ Թերեւս այնքան արագ առողջացար որ նոյնիսկ միտքդ չի գար եղածը։ Սակայն սիրելիի մը մահուան պատճառած ցաւը այդպէս չէ։ Դոկտ. Ալէն Ուուլֆելթ իր գրքին մէջ գրեց. «Մահուան պատճառած ցաւէն ‘ազատիլ’ ըսուած բան մը չկայ»։ Սակայն ան աւելցուց. «Ժամանակի ընթացքին եւ ուրիշներու օգնութեամբ՝ ցաւդ պիտի մեղմանայ» (Healing a Spouse’s Grieving Heart)։
Օրինակ՝ նկատի առ թէ Աբրահամ նահապետ ինչպէ՛ս հակազդեց, երբ իր կինը մեռաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ [«սկսաւ», ՆԱ]»։ «Սկսաւ» բառը ցոյց կու տայ, թէ այս ցաւին հետ գլուխ ելլելը ժամանակ առաւ իրեն հետa։ Ուրիշ օրինակ մըն է Յակոբը, որ զինք խաբելով ըսին թէ գազան մը մեռցուցած էր իր տղան՝ Յովսէփը։ Ան «շատ օրեր սուգ ըրաւ», եւ իր ընտանիքին անդամները չէին կրնար զինք մխիթարել։ Տարիներ ետք, Յովսէփին մահը տակաւին իր մտքին մէջ կը դառնար (Ծննդոց 23։2. 37։34, 35. 42։36. 45։28)։
Աբրահամ իր սիրելի կնոջ մահուան վրայ ողբաց
Ներկայիս շատերու պարագան ալ նոյնն է, որոնք շատ մօտիկ անձի մը համար կ’ողբան։ Նկատի առ երկու օրինակներ։
«9 յուլիս 2008–ին մահացաւ ամուսինս՝ Ռապըրթ։ Սովորական առաւօտ մը ունեցանք այդ օրը որ արկածը պատահեցաւ։ Նախաճաշէն ետք, զիրար համբուրեցինք, փաթթուկ ըրինք եւ ‘քեզ կը սիրեմ’ ըսինք։ Վեց տարի անցած է եւ տակաւին այս ցաւը սրտիս մէջ է։ Չեմ կարծեր որ օր մը օրանց անոր մահուան ցաւէն պիտի ազատիմ» (Կէյլ, 60 տարեկան)։
«Հակառակ որ աւելի քան 18 տարի է որ սիրելի կինս մահացած է, տակաւին զինք կը կարօտնամ եւ ցաւ կը զգամ։ Երբոր բնութեան մէջ գրաւիչ բան մը տեսնեմ, ինքը միտքս կու գայ, եւ չեմ կրնար չմտածել, թէ եթէ ինք տեսնէր տեսածս՝ որքա՜ն պիտի ուրախանար» (Էյդիեն, 84 տարեկան)։
Յստակօրէն, շատ բնական է որ մէկը այսպիսի ցաւալի եւ երկարատեւ զգացումներ ունենայ։ Ամէն անհատ իր ձեւով իր ցաւը կ’արտայայտէ, եւ իմաստութիւն չէ ուրիշին հակազդած կերպը դատել։ Միեւնոյն ատեն, պէտք չէ մենք մեզ մեղադրենք, եթէ զգանք թէ չափազանց կերպով կ’արտայայտենք մեր ցաւը։ Ինչպէ՞ս կրնանք մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլել։
a Աբրահամի տղան՝ Իսահակն ալ երկար ժամանակ սուգ ըրաւ։ Իսահակ իր մօրը՝ Սառային մահուան վրայ երեք տարի անցնելէ ետք տակաւին կը սգար, ինչպէս որ այս թիւին «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածին մէջ յիշուած է (Ծննդոց 24։67)։
-
-
Մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլելԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ
Մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլել
Այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ խրատներ կան, սակայն ո՛չ բոլորը օգտակար են։ Օրինակ՝ թերեւս ոմանք քեզ խրատեն որ չլաս կամ որեւէ կերպով զգացումներդ չարտայայտես։ Ուրիշներ թերեւս քեզ մղեն որ ասոր հակառակը ընես եւ բոլոր զգացումներդ դուրս հանես։ Աստուածաշունչը աւելի հաւասարակշռուած գաղափար մը կու տայ, որ արդի ուսումնասիրութիւններուն հետ համաձայն է։
Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, եթէ էրիկմարդ մը լայ՝ էրիկմարդութենէ դուրս կ’ելլէ։ Բայց պէ՞տք է որ մէկը ամչնայ լալու, նոյնիսկ եթէ ատիկա մարդոց դիմաց ըլլայ։ Մտային առողջութեան մասնագէտներ կ’ըսեն, թէ բնական է որ մէկը սգալու ժամանակ լայ։ Եւ ցաւը արտայայտելը կրնայ ժամանակի ընթացքին քեզի օգնել որ կեանքդ շարունակես, հակառակ որ մեծ կորուստ մը ունեցած ես։ Սակայն ցաւը մէջդ պահելը կրնայ օգնելու տեղ վնասել։ Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ ցոյց կու տայ որ արցունք թափելը սխալ է կամ էրիկմարդութենէ դուրս է։ Օրինակ՝ մտածէ Յիսուսին մասին։ Ան իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսին մահուան առթիւ, ամէնուն առջեւ լացաւ, թէեւ զօրութիւնը ունէր որ մեռելներուն յարութիւն տայ (Յովհաննէս 11։33-35)։
Շատ անգամներ, մարդիկ ցաւին հետ բարկութիւն կ’արտայայտեն, մանաւանդ երբ անսպասելի մահ ունենան։ Սիրելի մը կորսնցուցած անհատը շատ մը պատճառներով կրնայ բարկանալ, ինչպէս՝ երբ յարգելի անձ մը անփափկանկատ բաներ ըսէ, որոնք հիմ չունին։ Մայք անունով մարդ մը, որ Հարաւային Ափրիկէէն է, կ’ըսէ. «Երբ հայրս մահացաւ, 14 տարեկան էի։ Թաղումին՝ անկլիքան քահանան ըսաւ որ Աստուած լաւ մարդոց պէտք ունի եւ զանոնք աւելի կանուխ կ’առնէ իր քովa։ Ասիկա զիս բարկացուց, քանի որ մենք հօրս շատ պէտք ունէինք։ Այժմ 63 տարի անցած է, բայց տակաւին ցաւ կը զգամ»։
Կայ նաեւ յանցաւոր ըլլալու զգացումը։ Մանաւանդ անսպասելի մահուան պարագային, անհատ մը կրնայ շարունակ մտածել՝ ‘Եթէ ես այսինչը կամ այնինչը ընէի, թերեւս այս բանը չպատահէր’։ Կամ թերեւս մեռնող անհատին հետ վերջին հանդիպումիդ ընթացքին իրարու հետ վիճեցաք։ Ասիկա կրնայ ա՛լ աւելի յանցաւոր զգացնել քեզ։
Եթէ բարկութեան կամ յանցաւոր ըլլալու զգացումները քեզ կ’ուտեն, կարեւոր է որ այս զգացումները մէջդ չպահես։ Փոխարէն՝ խօսէ՛ բարեկամի մը հետ որ քեզի մտիկ պիտի ընէ եւ վստահեցնէ, թէ շատ մը անհատներ այսպիսի անտեղի զգացումներ կ’ունենան երբ մէկը կորսնցնեն։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։
Սիրելի մը կորսնցուցած անձի մը լաւագոյն Բարեկամը կրնայ Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած ըլլալ։ Աղօթքով սիրտդ բաց անոր առջեւ, քանի որ «[քեզի] համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։ Աւելին, Աստուած կը խոստանայ որ բոլոր անոնք որոնք այս մէկը կ’ընեն, պիտի ստանան իր «խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է», եւ որ իրենց միտքն ու սիրտը պիտի հանգստացնէ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Նաեւ, թոյլ տուր որ Աստուած իր մխիթարիչ Խօսքով՝ Աստուածաշունչով քեզի օգնէ։ Մխիթարող համարներու ցանկ մը պատրաստէ (տե՛ս յարակից շրջանակը)։ Նոյնիսկ կրնաս անոնցմէ ոմանք գոց սորվիլ։ Այսպիսի համարներու վրայ խոկալը շատ օգտակար է, մանաւանդ երբ իրիկունը առանձին ըլլաս եւ քունդ փախչի (Եսայի 57։15)։
40 տարեկան մարդ մը, որուն Ճէք պիտի կոչենք, վերջերս իր սիրելի կինը կորսնցուց քաղցկեղի պատճառով։ Ճէք կ’ըսէ որ ատեններ ծայր աստիճան միայնակ կը զգայ։ Բայց ան գտած է որ աղօթքը կ’օգնէ։ Ան կը բացատրէ. «Երբ Եհովային աղօթեմ, բնա՛ւ միայնակ չեմ զգար։ Շատ անգամներ իրիկունը քունս կը փախչի։ Բայց երբ Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդամ ու անոնց վրայ խոկամ, ապա աղօթքով զգացումներս Աստուծոյ առջեւ բանամ, հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն կու գայ վրաս, որ միտքս ու սիրտս կը հանգստացնէ եւ կ’օգնէ որ պառկիմ»։
Վանեսա անունով երիտասարդուհի մը իր մայրը կորսնցուց հիւանդութեան մը պատճառով։ Ինքն ալ աղօթքին զօրութիւնը զգացած է իր կեանքին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ամէնէն դժուար պահերուն, հազիւ որ Աստուծոյ անունը կանչէի՝ կը սկսէի աղի արցունք թափել։ Եհովան աղօթքներս մտիկ ըրաւ եւ միշտ ինծի պէտք եղած զօրութիւնը տուաւ»։
Այս մարզին մէջ կարգ մը խրատատուներ կը քաջալերեն, որ սգաւորները ժամանակ տրամադրեն ուրիշներուն օգնելու կամ ծառայելու։ Ասիկա կրնայ ուրախութիւն տալ եւ մէկու մը ցաւը թեթեւցնել (Գործք 20։35)։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են, տեսած են թէ ուրիշներուն օգնութեան ձեռք տալով մեծապէս մխիթարուած են (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։
a Աստուածաշունչը այս մէկը չի սորվեցներ, հապա՝ երեք պատճառ կու տայ, թէ ինչո՛ւ կը մեռնինք (Ժողովող 9։11. Յովհաննէս 8։44. Հռովմայեցիս 5։12)։
-
-
Սգաւորները մխիթարելԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ
Սգաւորները մխիթարել
Երբեք պատահա՞ծ է որ տեսնես անձ մը որ սիրելիի մը մահուան վրայ կը սգայ, եւ դուն ձեռքդ–ոտքդ կապուած զգաս։ Ատեններ չենք գիտնար թէ ի՛նչ ըսենք կամ ընենք, ուստի ո՛չ բան մը կ’ըսենք, ոչ ալ բան մը կ’ընենք։ Բայց կա՛ն գործնական եւ օգտակար բաներ, որ կրնանք ընել։
Շատ անգամներ կը բաւէ որ անհատին քովը ըլլաս եւ զգացնես թէ որքա՜ն տխուր ես։ Շատ մը մշակոյթներու մէջ, փաթթուկ ընելը կամ մէկու մը ձեռքը կամացուկ մը սեղմելը՝ հետաքրքրուելու նշան է։ Եթէ սգացողը կ’ուզէ խօսիլ, կարեկցութեամբ մտիկ ըրէ։ Լաւագոյն բանը որ կրնաս ընել՝ կորուստ ունեցող ընտանիքին օգնութեան ձեռք երկարելն է։ Թերեւս կրնաս ընել գործ մը, որ սգացողին պարտականութիւնն է՝ բայց չէ կրցած զայն ընել, ինչպէս՝ ճաշ եփել, պզտիկներուն հոգ տանիլ կամ թաղման կարգադրութիւնները ընելու մէջ օգնել։ Այսպիսի գործեր կրնան լաւագոյն բառերէն աւելի բարձր հնչել։
Ժամանակ մը ետք, թերեւս ուզես մեռնողին մասին խօսիլ, կեդրոնանալով իր լաւ յատկութիւններուն վրայ կամ ուրախ դէպքերու վրայ։ Այսպիսի խօսակցութիւններ նոյնիսկ կրնան ժպիտ մը գծել սգացողին երեսին վրայ։ Օրինակ՝ Փէմ, որ վեց տարի առաջ կորսնցուց իր ամուսինը՝ Իըն, կ’ըսէ. «Ատեններ մարդիկ ինծի կը պատմեն թէ Իըն ի՛նչ լաւ բաներ ըրած է, որոնց մասին բնա՛ւ չէի գիտեր, եւ ասիկա լաւ կը զգացնէ զիս»։
Պրպտումները կը ցուցնեն թէ շատ մը պարագաներու ներքեւ՝ մարդիկ սկիզբը շատ կ’օգնեն սգացողին, սակայն շատ չանցած կը մոռնան անոնց պէտքերը, քանի որ դարձեալ զբաղած կ’ըլլան իրենց անձնական կեանքով։ Ուստի ջանա՛ սգաւորին հետ կանոնաւորաբար կապի մէջ մնալa։ Շատ մը սգաւորներու համար ասիկա առիթ մըն է որ իրենց երկարատեւ ցաւէն քիչ մը դուրս ելլեն։
Նկատի առ ճափոնցի երիտասարդ կնոջ մը՝ Քաորիին օրինակը, որ զգաց թէ աշխարհը գլխուն փլաւ երբ իր մայրը կորսնցուց ու 15 ամիս ետք՝ իր մեծ քոյրը։ Բարեբախտաբար, հաւատարիմ բարեկամներ շարունակաբար իրեն օգնեցին։ Անոնցմէ մէկուն անունն էր Ռիցուքօ, որ տարիքով շատ աւելի մեծ էր Քաորիէն եւ առաջարկեց որ իր մտերիմ բարեկամուհին ըլլայ։ Քաորին կ’ըսէ. «Խօսքին բացը, այս գաղափարը շատ չհաւնեցայ։ Չէի ուզեր որ մէկը մօրս տեղը առնէ, եւ չէի կարծեր որ մէկը կրնայ իր տեղը առնել։ Բայց Ռիցուքօ մամային վարուելակերպը պատճառ եղաւ որ իրեն մօտիկ զգամ։ Ամէն շաբաթ միասին քարոզելու եւ ժողովներու կ’երթայինք։ Զիս կը հրաւիրէր որ իրեն հետ թէյ խմեմ, ճաշ կը բերէր եւ շատ անգամներ ինծի նամակ կամ քարտ կը գրէր։ Ռիցուքօ մամային դրական կեցուածքը վրաս լաւ ազդեցութիւն ձգեց»։
Քաորիին մօր մեռնելուն վրայ 12 տարի անցած է եւ այժմ ինքը եւ իր ամուսինը լիաժամ քարոզիչներ են։ Քաորին կ’ըսէ. «Ռիցուքօ մաման տակաւին ինձմով կը հետաքրքրուի։ Երբ կը վերադառնամ ուր որ ան կ’ապրի, միշտ իրեն կ’այցելեմ եւ իր շինիչ ընկերակցութիւնը կը վայելեմ»։
Կիպրոսի մէջ Փոլի անունով Եհովայի վկայ մըն ալ օգտուած է, երբ մարդիկ շարունակաբար օգնութեան ձեռք երկնցուցած են իրեն։ Փոլի ունէր ազնիւ ամուսին մը՝ Սօզոս, որ քրիստոնէական օրինակելի հովիւ մըն էր, քանի որ շատ անգամներ որբեր եւ որբեւայրիներ կը հրաւիրէր իրենց տունը, որպէսզի ընկերակցին եւ միասին ուտեն (Յակոբոս 1։27)։ Ցաւօք սրտի, ուղեղի քաղցկեղ ունենալով՝ Սօզոս 53 տարեկանին մեռաւ։ Փոլի կ’ըսէ. «33 տարուան հաւատարիմ ամուսինս կորսնցուցի»։
Սգաւորներուն օգնելու համար գործնական կերպեր գտիր
Թաղումէն ետք, Փոլին Քանատա փոխադրուեցաւ իր ամէնէն պզտիկ տղուն՝ Տանիէլին հետ, որ 15 տարեկան էր։ Հոն անոնք սկսան Եհովայի վկաներուն մէկ ժողովքին ընկերակցիլ։ Փոլի կը յիշէ. «Նոր ժողովքիս մէջ ունեցած բարեկամներս բան մը չէին գիտեր մեր անցեալին եւ մեր ունեցած դժուար պարագաներուն մասին։ Հակառակ ասոր, անոնք մեզի մօտեցան եւ իրենց ազնիւ խօսքերով եւ գործնական օգնութեամբ մեզ մխիթարեցին։ Այս օգնութիւնը հասաւ ժամանակի մը մէջ, երբ տղաս իր հօրը շատ պէտք ունէր։ Անոնք որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին, Տանիէլին հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցուցին։ Մասնաւորաբար անոնցմէ մէկը վստահ կ’ըլլար որ Տանիէլ ներկայ ըլլար, երբ բարեկամներով իրարու կ’ընկերակցէին կամ գնդակ խաղալու կ’երթային»։ Ներկայիս, թէ՛ մայրը եւ թէ տղան լաւ են։
Վստահաբար, շատ մը կերպերով կրնանք սգաւորներուն գործնական օգնութիւն տալ եւ մխիթարել։ Նաեւ Աստուածաշունչը մեզ կը մխիթարէ, ապագային կատարուելիք յոյս մը տալով մեզի։
a Ոմանք մահուան թուականը նոյնիսկ իրենց օրացոյցին վրայ նշած են, որպէսզի չմոռնան մխիթարել սգաւորը երբ մխիթարութեան շատ պէտք ունի, ըլլա՛յ մահուան թուականին կամ ատոր մօտ։
-
-
Մեռելները դա՛րձեալ պիտի ապրինԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ
Մեռելները դա՛րձեալ պիտի ապրին
Թերեւս միտքդ բերես թէ Կէյլ, որ այս յօդուածաշարքին մէջ յիշուեցաւ, չի կարծեր թէ օր մը օրանց իր ամուսինին՝ Ռապին մահուան ցաւէն պիտի ազատի։ Սակայն, ան անհամբեր կը սպասէ որ իր ամուսինը դարձեալ տեսնէ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ամէնէն շատ սիրած համարս է Յայտնութիւն 21։3, 4–ը»։ Այդ համարը կ’ըսէ. «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ. . . անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։
Կէյլ կ’ըսէ. «Այս խոստումը ճակատէն կը զարնէ։ Իսկապէս կը զգամ անոնց հետ, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են բայց զայն դարձեալ տեսնելու յոյսին մասին չեն գիտեր»։ Կէյլ իր հաւատալիքներուն համաձայն կ’ապրի՝ կամաւոր գործ ընելով որպէս լիաժամ քարոզիչ եւ մարդոց պատմելով Աստուծոյ խոստումին մասին, թէ ապագային «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։
Յոբ վստահ էր որ դարձեալ պիտի ապրի
‘Անհաւատալի է’, թերեւս ըսես։ Սակայն նկատի առ Յոբ անունով մարդու մը օրինակը։ Ան ծանր հիւանդ էր (Յոբ 2։7)։ Թէեւ կ’ուզէր մեռնիլ, սակայն կը հաւատար որ Աստուած կրնա՛ր իրեն յարութիւն տալ։ Ան վստահութեամբ ըսաւ. «Երանի՜ թէ. . . գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«կարօտնաս», ԱԾ]» (Յոբ 14։13, 15)։ Յոբ վստահ էր որ Աստուած զինք պիտի կարօտնար եւ անհամբեր պիտի սպասէր որ զինք կեանքի բերէ։
Մօտ ատենէն Աստուած յարութիւն պիտի տայ թէ՛ Յոբին եւ թէ բազմաթիւ ուրիշներու, երբ երկիրը դրախտի վերածէ (Ղուկաս 23։42, 43)։ Գործք 24։15–ը կ’ըսէ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ»։ Յիսուս կը վստահեցնէ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Յոբ պիտի տեսնէ այս խոստումին իրականանալը։ Ան իր «մանկութեան օրերուն» ուժը պիտի վերագտնէ եւ իր «մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ» յաւիտեան (Յոբ 33։24, 25)։ Նոյնը պիտի պատահի բոլոր անոնց, որոնք երկրի վրայ յարութիւն առնելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը կը գնահատեն եւ անոր կ’ընդառաջեն։
Եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես, մեր քննարկած կէտերը թերեւս ցաւդ լիովին չտանին։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած Աստուծոյ խոստումներուն վրայ խոկալով, կրնաս իսկական յոյս ունենալ եւ զօրութիւն՝ կեանքդ շարունակելու համար (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12)։
Կ’ուզե՞ս աւելի գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս գլուխ ելլել սիրելի մը կորսնցնելու ցաւին հետ։ Կամ՝ ունի՞ս ուրիշ հարցումներ, ինչպէս՝ ‘Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարութիւնն ու տառապանքը’։ Հաճիս այցելէ մեր կայքը՝ jw.org/hy-latn, որպէսզի տեսնես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս մխիթարական եւ գործնական պատասխաններ կու տայ։
-