-
Արեան կոտորակներ եւ վիրաբուժական գործընթացներ«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
-
-
մերժելս կը նշանակէ, թէ պիտի չընդունիմ արեան քննութիւն, արուեստական երիկամունք կամ սրտի ու թոքի արուեստական շրջանառութեան սարք’։
Քրիստոնեան ի՛նք պէտք է որոշէ, թէ վիրաբուժութեան ընթացքին իր արիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործածուի։ Նոյնը կարելի է ըսել բժշկական քննութիւններու եւ ընթացիկ դարմաններու մասին, որոնք կը պահանջեն անհատէն փոքր քանակութեամբ արիւն առնել, ձեւով մը անոր մէջ նիւթ մը աւելցնել, ապա զայն վերստին ներարկել։
-
-
Գիջութեան դէմ պայքարը շահիլ«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
-
-
Յաւելուած
Գիջութեան դէմ պայքարը շահիլ
Գիջութիւնը՝ Աստուած տհաճեցնող սովորութիւն մըն է, որ անհատի մը մէջ կը սնուցանէ կեցուածքներ, որոնք ինքնայագեցում կը քաջալերեն եւ միտքը կ’ապականենa։ Գիջութիւն ընողը երթալով կը սկսի ուրիշները նկատել պարզապէս սեռային հաճոյքը յագեցնող գործիքներ։ Իրեն համար սեռային յարաբերութիւնը ոչ թէ երկու անհատներու միջեւ եղող սիրոյ արտայայտութիւն է, այլ՝ արարք մը, որ կարճատեւ հաճոյք կը պատճառէ եւ սեռային լարուածութիւնը կը հանդարտեցնէ։ Սակայն այդ հանդարտեցումը ժամանակաւոր է։ Իրականութեան մէջ, գիջութիւնը ‘պոռնկութեան, պղծութեան եւ անսանձ կիրքին’ նկատմամբ մարմնի անդամները չի սպաններ, այլ զանոնք կը գրգռէ (Կողոսացիս 3։5)։
Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Եթէ այս խօսքերուն հնազանդելու համար պայքար կը մղես, մի՛ յուսահատիր։ Եհովա մի՛շտ պատրաստ է ‘ներելու’ եւ օգնելու (Սաղմոս 86։5. Ղուկաս 11։9-13)։ Արդարեւ, քու ինքնադատ սիրտդ եւ այս սովորութենէն ձերբազատուելու ջանքերդ, դրական կեցուածքդ ցոյց կու տան, հակառակ ատենը անգամ մը ունեցած սայթաքումներուդ։ Յիշէ նաեւ, թէ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ» (Ա. Յովհաննէս 3։20)։ Աստուած միայն մեր մեղքերուն չի նայիր, այլ՝ լման անձին։ Այս պատճառով, ան կարեկցութեամբ կը լսէ ներում խնդրելու մեր ջերմեռանդ աղերսանքները։ Ուստի բնաւ մի՛ ձանձրանար խոնարհաբար ու անկեղծ աղօթքով Աստուծոյ դիմելէ, ինչպէս մանուկ մը իր հօր կը դիմէ, երբ խնդրի մը մէջ իյնայ։ Եւ Եհովան քեզ պիտի օրհնէ՝ մաքուր խղճմտանք մը տալով (Սաղմոս 51։1-12, 17. Եսայի 1։18)։ Անշուշտ, վարմունքդ պէտք է աղօթքներուդ հետ ներդաշնակ ըլլայ։ Օրինակ, պէտք է ջանաս խուսափիլ ամէն տեսակ պոռնկագրութենէ, ինչպէս նաեւ չար ընկերակցութիւններէb։
Եթէ գիջութեան դէմ պայքարդ ձախողի, հաճիս ասոր մասին խօսէ քրիստոնեայ ծնողքիդ կամ հոգեւորապէս հասուն ու հոգացող բարեկամի մը հետ (Առակաց 1։8, 9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Տիտոս 2։3-5)c։
a Գիջութիւնը սեռային գործարանները փայփայելը կամ շփելն է, որ սովորաբար կը հասցնէ սեռային կիրքի գագաթնակէտին։
b Շատ մը ընտանիքներ, տան մէջ համակարգիչը դրած են բոլորին տեսանելի եղող վայրի մը մէջ, որպէսզի անոր գործածութեան վրայ հսկեն։ Ասկէ զատ, ընտանիքներ կը գնեն ծրագրակազմեր, որոնք իրենց համակարգիչին մէջ անփափաքելի նիւթերու մուտքը կ’արգիլեն։ Սակայն չկայ ծրագրակազմ մը, որ ամբողջովին վստահելի է։
c Գիջութիւնը յաղթահարելու համար հետեւեալ գործնական թելադրութիւնները տրուած են։ Ստիպէ միտքդ որ կեդրոնանայ ա՛յլ հարցերու վրայ (Փիլիպպեցիս 4։8)։ Խուսափէ՛ նայելէ բաներու, որոնք անպատշաճ ցանկութիւններ կը գրգռեն (Սաղմոս 119։37)։ Աղօթէ՛ ‘սովորականը գերազանցող ուժին’ համար (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ)։ Զբաղա՛ծ մնացիր քրիստոնէական գործունէութիւններով (Ա. Կորնթացիս 15։58)։
-
-
Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
-
-
Յաւելուած
Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ
Եհովան ամոլներէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ամուսնական ուխտին հաւատարիմ մնան։ Երբ Եհովան առաջին մարդն ու կինը կ’ամուսնացնէր, ըսաւ. «Այրը. . . իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Յետագային, Յիսուս Քրիստոս նոյն խօսքը կրկնեց եւ աւելցուց. «Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։3-6)։ Ուստի Եհովա եւ Յիսուս ամուսնութիւնը կը նկատեն կենսատեւ կապ մը, որ վերջ կը գտնէ միայն՝ երբ կողակիցներէն մէկը մահանայ (Ա. Կորնթացիս 7։39)։ Քանի որ ամուսնութիւնը սուրբ կարգադրութիւն մըն է, ամուսնալուծումը պէտք չէ թեթեւի
-