Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Յուլիս էջ 32
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛վ երէցներ, արդարութեամբ դատեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Եհովայի ոչխարները գորովալից հոգածութեան պէտք ունին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Յուլիս էջ 32

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Եթէ մարդ մը ու կին մը, որոնք իրարու հետ չեն ամուսնացած, նոյն տան մէջ պառկին անպատշաճ պայմաններու տակ եւ առանց վաւերական պատճառներու, ասիկա փա՞ստ է որ անոնք մեղք մը գործեցին եւ պէտք է դատական յանձնախումբ կազմուի։

Իրիկունը, տան մը առջեւ երկու ինքնաշարժ շարուած են

Ա՛յո, առանց վաւերական պատճառներու նոյն տան մէջ առանձին գիշերը անցընելը զօրաւոր փաստ է, որ սեռային անբարոյութիւն գործուած է։ Ուրեմն, պէ՛տք է դատական յանձնախումբ կազմուի (Ա. Կոր. 6։18)։

Երէցներու մարմինը ամէն մէկ պարագան ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ, որպէսզի տեսնէ թէ արդեօք անպատշաճ պայմաններ կա՞ն, որոնք կը պահանջեն որ դատական յանձնախումբ կազմուի։ Օրինակ, երկուքին միջեւ ռոմանթիկ փոխյարաբերութիւն կա՞յ։ Անոնք նախապէս երէցներուն կողմէ խրատ ստացա՞ծ են՝ իրարու նկատմամբ իրենց վարքին մասին։ Ի՞նչ պայմաններ ձգեցին որ գիշերը միասին անցընեն։ Սկիզբէն ծրագրա՞ծ էին։ Անոնք ուրիշ ճար ունէի՞ն, թէ ոչ բան մը պատահեցաւ, որ իրենց ձեռքը չէր, ինչպէս՝ անակնկալ դէպք մը կամ ստիպողական պարագայ մը, որուն պատճառով ստիպուեցան գիշերը միասին անցընել (Ժող. 9։11)։ Անոնք ո՞ւր պառկեցան։ Եւ քանի որ պարագաները իրարմէ կը տարբերին, կրնայ ըլլալ որ ուրիշ տեղեկութիւններ ալ ըլլան, որոնք երէցներուն որոշումին կ’ազդեն։

Երէցներու մարմինը բոլոր տեղեկութիւնները նկատի առնելէ ետք կ’որոշէ, թէ դատական յանձնախումբ պէ՛տք է կազմուի կամ ոչ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել