Երգ 98
Թագաւորութեան սերմեր ցանենք
1. Դուք, ո՛վ ծառաներ Եհովայի,
ձեր սիրտը իրեն տուած էք։
Մեր Տիրոջ գործը կատարեցէք
եւ անոր կեանքէն սորվեցէք։
Դուք ճշմարտութեան սերմեր կը ցանէք
պտուղ տուող սրտերու մէջ։
Աստուած փառաբանեցէք՝ մինչ քաջաբար,
հիմնովին կ’աշխատիք դաշտին մէջ։
2. Սերմերէն ոմանք պիտի իյնան
ժայռանման սրտերու մէջ,
թէեւ իսկոյն ծլին ու բուսնին,
պիտի չորնան մէկ օրուան մէջ։
Ագահութիւնը խօսքը կը խեղդէ
աշխարհիս զբաղումներով։
Բայց մէկ քանիներն ալ աղէկ հողի մէջ
պիտ’ աճին շատ պտուղներ տալով։
3. Սերմանելու յաջողութիւնը
յաճախ քեզմէ ալ կախեալ է։
Սիրէ՛ դրացիդ ու համբերէ՛,
թերեւս կարծիքը փոխէ։
Համարձակութեամբ, նաեւ նրբութեամբ
անոնց վախերը փարատենք,
եւ յոյս ունենանք որ գոնէ երեսուն,
եթէ ոչ հարիւր, պտուղ բերենք։
(Տե՛ս նաեւ Մատ. 13։19-23. 22։37)