ԳԼՈՒԽ ԻՆԸ
Մէկ–ծնողով ընտանիքներ կրնա՛ն յաջողիլ
1-3. Ի՞նչ բան մէկ–ծնողով ընտանիքներու աւելնալուն սատարած է, եւ անոր մէջ պարփակուած անհատները ի՞նչպէս կ’ազդուին անկէ։
ՄԷԿ–ԾՆՈՂՈՎ ընտանիքներ՝ «ամենէն արագ աճող ընտանեկան ձեւը» կոչուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ուրիշ բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ պարագան նոյնն է։ Ամուսնալուծումներու, լքումներու, բաժանումներու եւ ապօրինի ծնունդներու մրցանիշը շատ հեռահաս հետեւանքներ ունեցած է, միլիոնաւոր ծնողներու եւ զաւակներու համար։
2 «Ես երկու երախայով, 28 տարեկան այրի կին մըն եմ», գրեց առանձին մայր մը։ «Շատ ընկճուած եմ, քանի որ չեմ ուզեր զաւակներս մեծցնել առանց հօր։ Երեւութապէս ոեւէ մէկը նոյնիսկ չի մտածեր իմ մասիս։ Զաւակներս միշտ կը տեսնեն որ կու լամ եւ ասիկա իրենց կ’ազդէ»։ Բարկութեան, յանցապարտութեան եւ առանձնութեան զգացումներու դէմ պայքարելէ զատ, առանձին ծնողներէն շատեր տունէն դուրս գործ մը ունենալու եւ առտնին պարտականութիւնները կատարելու դժուարութիւնն ալ կը դիմագրաւեն։ Մէկը ըսաւ. «Առանձին ծնող ըլլալը՝ աճպարար ըլլալու կը նմանի։ Վեց ամիս փորձ կատարելէ ետք, վերջապէս կարող կ’ըլլաս մէկ ձեռքի մէջ չորս գնդակ բռնել։ Բայց հազիւ անիկա ընել կը սորվիս, անդիէն մէկը նոր գնդակ մը կը նետէ քեզի»։
3 Մէկ–ծնողով ընտանիքներուն մէջ յաճախ դեռատիները իրենց անձնական պայքարը ունին։ Երբ ծնողներէն մէկը յանկարծ կը մեկնի կամ կը մահանայ, անոնք շատ մեծ յուզումներու անձնատուր կ’ըլլան։ Ծնողի մը բացակայութիւնը ընդհանրապէս բացասական խոր ազդեցութիւն մը կը ձգէ բազմաթիւ պատանիներու վրայ։
4. Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովա հետաքրքրուած է մէկ–ծնողով ընտանիքներով։
4 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մէկ–ծնողով ընտանիքներ գոյութիւն ունէին։ Աստուածաշունչը յաճախ կը յիշէ «որբը» եւ «որբեւարին»։ (Ելից 22։22. Բ. Օրինաց 24։19-21. Յոբայ 31։16-22) Եհովա Աստուած անտարբեր չէր անոնց դժբախտութեան նկատմամբ։ Սաղմոսերգուն Աստուած կոչեց «որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը»։ (Սաղմոս 68։5) Վստահաբար, Եհովա այսօր ալ նո՛յն հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ մէկ–ծնողէ բաղկացած ընտանիքներու նկատմամբ։ Արդարեւ, իր Խօսքը սկզբունքներ կը մատուցանէ, որոնք այս վիճակի մէջ գտնուողներուն կ’օգնեն որ յաջողին։
ՏԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅ ԳՈՐԾԵՐԸ ՏՆՕՐԻՆԵԼ
5. Առանձին ծնողներ սկիզբը ի՞նչ խնդիր կը դիմագրաւեն։
5 Տուն մը կառավարելու պարտականութիւնը նկատի առէք։ Ամուսնալուծուած կին մը կ’ըսէ. «Շատ անգամ կը փափաքիս որ շուրջդ տղամարդ մը ըլլայ, զոր օրինակ, երբ ինքնաշարժէդ ձայն մը կ’ելլէ եւ չես գիտեր թէ ուրկէ կու գայ»։ Վերջերս ամուսնալուծուած կամ այրիացած տղամարդիկ ալ նմանապէս կրնան շփոթած զգալ, իրենց ուսին ձգուած առտնին բազմաթիւ գործերով։ Տան տակնուվրայութիւնը, երախաներուն ունեցած անկայունութեան եւ անապահովութեան զգացումին վրայ կը բարդուի։
Ո՛վ զաւակներ, ձեր առանձին ծնողին հետ համագործակցեցէք
6, 7. (ա) Առակացի «առաքինի կինը» ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ։ (բ) Տան պատասխանատուութիւններուն մէջ ժրաջան ըլլալը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ մէկ–ծնողով ընտանիքներուն։
6 Ի՞նչ բան կրնայ օգնել։ Նկատի առէք Առակաց 31։10-31–ի մէջ նկարագրուած ‘առաքինի կնոջ’ օրինակը։ Անիկա հոյակապ իրագործումներ կ’ընէ. գնել, ծախել, կարել, եփել, երկրագործութիւն եւ առեւտուր ընել։ Անոր գաղտնիքը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար։ Ան աշխատասէր էր, մինչեւ ուշ գիշեր կը գործէր եւ առաւօտուն կանուխ իր գործերուն կը սկսէր։ Ան նաեւ լաւ կազմակերպուած էր, ուրիշներուն գործ կը բաժնէր եւ իր ձեռքերով ալ կը բանէր, ուրիշներուն հոգ տանելու համար։ Զարմանալի չէ որ գովաբանութեան արժանացաւ։
7 Եթէ դուք առանձին ծնող մըն էք, ձեր ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն գիտակից եղէք։ Այդ գործերուն մէջ գոհունակութիւն գտէք, քանի որ ասիկա մեծապէս պիտի նպաստէ ձեր երախաներուն ուրախութեան։ Սակայն, անհրաժեշտ է լաւ կերպով ծրագրել եւ կազմակերպել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն»։ (Առակաց 21։5) Առանձին հայր մը ընդունեց. «Կը փորձեմ ճաշի մասին չմտածել, մինչեւ որ անօթենամ»։ Սակայն մտածուած ճաշերը շատ աւելի սննդարար եւ ախորժաբեր կ’ըլլան, քան հապճեպով պատրաստուածները։ Պէտք է սորվիք ձեր ձեռքերը նոր գործերու վարժեցնել։ Տեղեակ բարեկամներէ, գործնական գիրքերէ եւ օգնական արհեստավարժներէ գաղափարներ առնելով, առանձին մայրերէն ոմանք կրցած են ներկարարութիւն ու կապարագործութիւն ընել եւ ինքնաշարժի պարզ բաները նորոգել։
8. Մէկ–ծնողով ընտանիքներուն մէջ, երախաները ի՞նչպէս կրնան օգտակար ըլլալ։
8 Արդեօք երախաներէն օգնութիւն խնդրելը տեղի՞ն է։ Առանձին մայր մը պատասխանեց. «Կ’ուզես բացակայ ծնողին տեղը լեցնել, երախաներուն համար ամէն բան դիւրացնելով»։ Ասիկա հասկնալի է, բայց թերեւս միշտ ալ երախային բարիքին չի ծառայեր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, աստուածավախ երախաներու առտնին որոշ գործեր կը նշանակուէին։ (Ծննդոց 37։2. Երգ Երգոց 1։6) Ուստի, թէեւ լաւ է ուշադիր ըլլալ որ ձեր զաւակները չբեռնաւորուին, բայց իմաստութիւն է անոնց որոշ պարտականութիւններ նշանակել, ինչպէս՝ ամանները լուալ եւ իրենց սենեակները մաքուր պահել։ Ինչո՞ւ կարգ մը գործեր միասնաբար չընէք։ Ասիկա շատ հաճելի կրնայ ըլլալ։
ԱՊՐՈՒՍՏ ՃԱՐԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ձեր երախաներուն հետ կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցուցէք
9. Առանձին մայրեր, երբեմն ինչո՞ւ նիւթական դժուարութիւններ կ’ունենան։
9 Առանձին ծնողներէն շատեր իրենց նիւթական կարիքներուն հոգ տանելու դժուարութիւն ունին, իսկ չամուսնացած երիտասարդ մայրեր մասնաւորաբար նեղ կացութեան կը մատնուին։a Այն երկիրներու մէջ ուր հանրային օգնութիւններ մատչելի են, լաւ է որ անոնցմէ օգտուին, առնուազն մինչեւ որ կարենան գործ մը ճարել։ Աստուածաշունչը կը թոյլատրէ որ Քրիստոնեաներ այդ կարգադրութիւններէն օգտուին, երբ կարիքը ունին։ (Հռովմայեցիս 13։1, 6) Այրիներն ու ամուսնալուծուածներն ալ նոյնանման դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Շատեր տարիներ տունով զբաղելէ ետք, ստիպուած գործի ասպարէզ կը նետուին, յաճախ ցած վճարումով աշխատելու համար։ Ոմանք գործի մարզումի ծրագիրներու կամ խտացուած դասընթացքներու հետեւելով, կը փորձեն իրենց վիճակը բարելաւել։
10. Առանձին մայր մը ի՞նչպէս կրնայ իր զաւակներուն բացատրել թէ ինչո՛ւ պէտք է գործ փնտռէ։
10 Երբ գործ կը փնտռէք, մի՛ զարմանաք եթէ ձեր զաւակները դժգոհին, եւ դուք ձեզ յանցաւոր մի՛ զգաք։ Ընդհակառակը, անոնց բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ պէտք է աշխատիք. անոնց հասկցուցէք որ Եհովա կը պահանջէ որ իրենց հոգ տանիք։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Ժամանակի ընթացքին, շատ երախաներ կը համակերպին։ Սակայն, որքան ալ խճողուած յայտագիր մը ունենաք, ջանացէք կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցընել անոնց հետ։ Այսպիսի սիրալիր հետաքրքրութիւն մը կրնայ նուազեցնել նաեւ ընտանիքին վրայ նիւթական սահմանափակ վիճակին ձգած տպաւորութիւնը։—Առակաց 15։16, 17
Ո՛Վ ՈՐՈՒ ՀՈԳ ԿԸ ՏԱՆԻ
Ժողովքը չ’անտեսեր «որբեւարիներ»ն ու «որբերը»
11, 12. Առանձին ծնողներ ի՞նչ սահմաններ պէտք է պահպանեն, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնան ընել։
11 Շատ բնական է որ առանձին ծնողներ շատ սերտ ըլլան իրենց զաւակներուն հետ, սակայն զգոյշ պէտք է ըլլաք որ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած ծնողք–զաւկի միջեւ եղած սահմանները չխախտին։ Լուրջ խնդիրներ կրնան ծագիլ, զոր օրինակ, եթէ առանձին ծնող մը ակնկալէ որ իր տղան տան գլուխի պատասխանատուութիւններ ստանձնէ, կամ իր աղջկան հետ վարուի որպէս իր գաղտնապահը, զայն բեռնաւորելով իր ամենամտերիմ խնդիրներով։ Այսպիսի կեցուածք մը անտեղի ու ճնշիչ է եւ կրնայ խանգարել երախան։
12 Ձեր զաւակներուն վստահեցուցէք որ դո՛ւք էք որ որպէս ծնող, իրենց հոգ պիտի տանիք եւ ո՛չ թէ հակառակը։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 12։14։) Երբեմն կարգ մը խրատներու կամ օգնութեան կարիքը ունենաք։ Ասոր համար Քրիստոնեայ երէցներու կամ թերեւս Քրիստոնեայ հասուն քոյրերու մօտեցէք, եւ ո՛չ թէ ձեր անչափահաս զաւակներուն։—Տիտոս 2։3
ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻ՛ ԱՆՏԵՍԷՔ
13. Առանձին մայր մը կրթութեան հարցով ի՞նչ դժուարութիւն կրնայ դիմագրաւել։
13 Կրթութիւն տալու հարցին մէջ տղամարդ մը թերեւս շատ դժուարութիւն չունենայ իր հեղինակութիւնը բանեցնելու, բայց կնոջ մը պարագային, ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Առանձին մայր մը կ’ըսէ. «Տղաքս այր մարդու մարմին եւ ձայն ունին։ Երբեմն համեմատաբար դժուար է իրենցմէ պահել անվճռական կամ տկար ըլլալս»։ Ասկէ զատ, թերեւս տակաւին սիրելի կողակիցի մը մահուան վրայ կը սգաք, կամ ամուսնական բեկանումի մը համար թերեւս յանցաւոր կամ զայրացած կը զգաք։ Եթէ երախաներուն խնամքը ձեր երկուքին ձգուած է, թերեւս վախնաք որ երախան նախընտրէ ձեր նախկին կողակիցին քով երթալ։ Այս բոլոր պարագաները, հաւասարակշռուած կրթութիւն տալու հարցը կը դժուարացնեն։
14. Առանձին ծնողներ ի՞նչպէս կրնան հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել կրթութեան նկատմամբ։
14 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ (Առակաց 29։15) Ընտանիքին մէջ կանոններ դնելու ու զանոնք պարտադրելու մէջ Եհովա Աստուած ձեզի թիկունք կը կանգնի, ուստի յանցապարտութեան, խղճահարութեան կամ վախի անձնատուր մի՛ ըլլաք։ (Առակաց 1։8) Աստուածաշունչի սկզբունքներու մէջ բնաւ զիջումներ մի՛ ընէք։ (Առակաց 13։24) Ջանացէք տրամաբանական, կայուն ու հաստատ ըլլալ։ Ժամանակի ընթացքին, ընդհանրապէս երախաները կ’ընդառաջեն։ Այսուհանդերձ, ձեր զաւակներուն զգացումներն ալ նկատի պէտք է առնէք։ Առանձին հայր մը կ’ըսէ. «Իրենց մօրը կորուստին պատճառաւ, պէտք է հասկացողութեամբ ու մեղմութեամբ կրթեմ զանոնք։ Ամէն առիթէ օգտուելով՝ իրենց հետ կը խօսիմ։ Երբ ընթրիքը կը պատրաստենք, միասին ‘մտերմիկ պահեր’ կ’ունենանք։ Ա՛յն ատեն է որ իրապէս իրենց սիրտը կը բանան ինծի»։
15. Ամուսնալուծուած ծնող մը երբ իր նախկին կողակիցին մասին կը խօսի, ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանայ։
15 Եթէ ամուսնալուծուած էք, ձեր նախկին կողակիցին հանդէպ յարգանքը նսեմացնել ջանալը ո՛չ մէկ բանի օգտակար է։ Ծնողներու վիճաբանութիւնները շատ վիշտ կը պատճառեն զաւակներուն եւ ի վերջոյ ձեր երկուքին հանդէպ իրենց յարգանքը պիտի կորսնցնեն։ Հետեւաբար, խուսափեցէք վիրաւորական նման ակնարկներ ընելէ. «Ճիշդ հօրդ կը նմանիս»։ Ձեր նախկին կողակիցը որքա՛ն ալ վիշտ պատճառած ըլլայ ձեզի, ան տակաւին ձեր զաւկին ծնողն է. ան իր երկու ծնողներուն ալ սիրոյն, ուշադրութեան ու կրթութեան կարիքը ունի։b
16. Առանձին ծնողով տան մը մէջ, հոգեւոր ի՞նչ կարգադրութիւններ կանոնաւորաբար կրթութեան մաս պէտք է կազմեն։
16 Ինչպէս նախորդ գլուխներուն մէջ նկատի առինք, կրթութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ մարզում եւ դաստիարակութիւն եւ ոչ թէ՝ միմիայն պատիժ։ Հոգեւոր մարզումի լաւ յայտագրով մը կարելի է շա՜տ խնդիրներու առաջքը առնել։ (Փիլիպպեցիս 3։16) Քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը անհրաժեշտ է։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Նոյնն է պարագան Աստուածաշունչի ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութեան։ Ճիշդ է որ միշտ դիւրին չէ այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը յարատեւաբար ընել։ Մայր մը կ’ըսէ. «Ամբողջ օրուան մը աշխատանքէն ետք, իրապէս կ’ուզես հանգստանալ։ Բայց միտքս կը պատրաստեմ որպէսզի աղջկանս հետ ուսումնասիրեմ, գիտնալով որ պէ՛տք է որ ընեմ։ Ան ի՛րապէս հաճոյք կ’առնէ մեր ընտանեկան ուսումնասիրութենէն»։
17. Պօղոսի ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ մեծցած կերպէն ի՞նչ կը սորվինք։
17 Պօղոս առաքեալի ընկերակիցը՝ Տիմոթէոս՝ սուրբ գրային սկզբունքներու մասին մարզում ստացած էր իր մօրմէն ու մեծ–մօրմէն, բայց հաւանաբար ո՛չ՝ իր հօրմէն։ Այսուհանդերձ, Տիմոթէոս ի՜նչ կարկառուն Քրիստոնեայ մը եղաւ։ (Գործք 16։1, 2. Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15) Դուք ալ կրնաք յուսալ լաւ արդիւնքներու հասնիլ, եթէ ջանաք ձեր զաւակները մեծցնել Եհովայի «վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 6։4
ՄԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՀԻԼ
18, 19. (ա) Առանձին ծնող մը ի՞նչպէս կրնայ մինակութիւն զգալ։ (բ) Մարմնաւոր ցանկութիւնները զսպելու համար ի՞նչ խրատներ տրուած են։
18 Առանձին ծնող մը հառաչեց. «Երբ տուն կու գամ եւ չորս պատերը կը տեսնեմ՝ մանաւանդ երախաները անկողին երթալէ ետք՝ մինակութեան զգացում մը կը պատէ զիս»։ Այո, յաճախ առանձին ծնողներու դիմագրաւած մեծագոյն դժուարութիւնը՝ մինակութիւնն է։ Բնական է ամուսնութեան ջերմ ընկերակցութեան ու մտերմութեան կարօտը քաշել։ Բայց անհատ մը այս խնդիրը որեւէ գնո՞վ պիտի լուծէ։ Պօղոս առաքեալի օրերուն, երիտասարդ որբեւայրիներէն ոմանք թոյլ կու տային որ ‘հեշտասիրութեան անձնատուր ըլլալով, Քրիստոսին դէմ’ կենային։ (Ա. Տիմոթէոս 5։11, 12) Երբ թոյլ տանք որ մարմնաւոր ցանկութիւններ շուքի մէջ ձգեն հոգեւոր հետաքրքրութիւնները՝ ասիկա վնասակար կրնայ ըլլալ։—Ա. Տիմոթէոս 5։6
19 Քրիստոնեայ մարդ մը ըսաւ. «Սեռային պահանջները շատ զօրաւոր են, բայց կրնաք զանոնք զսպել։ Երբ ձեր միտքը խորհուրդ մը գայ, պէտք չէ անոր վրայ կենաք։ Անկէ պէտք է ձերբազատուիք։ Ձեր զաւակներուն մասին մտածելն ալ կ’օգնէ»։ Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «[Սեռային ախորժակի նկատմամբ] ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք»։ (Կողոսացիս 3։5) Եթէ ուզէիք ուտելիքի հանդէպ ձեր ախորժակը սպաննել, արդեօք համադամ ուտելիքներ ցուցադրող գրականութիւններ կը կարդայի՞ք, կամ կ’ընկերակցէի՞ք անհատներու հետ, որոնք անդադար ուտելիքի մասին կը խօսին։ Վստահաբար ոչ։ Մարմնաւոր ցանկութիւններու նկատմամբ ալ պարագան նոյնն է։
20. (ա) Ի՞նչ վտանգ կը սպառնայ անհաւատներու հետ դուրս ելլողներուն։ (բ) Թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ ներկայիս առանձին անհատներ ի՞նչպէս պայքարած են մինակութեան դէմ։
20 Կարգ մը Քրիստոնեաներ կը սկսին անհաւատներու հետ դուրս ելլել։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Ասիկա իրենց խնդիրը կը լուծէ՞։ Ո՛չ։ Ամուսնալուծուած Քրիստոնեայ կին մը զգուշացուց. «Բան մը որ ամուրի ըլլալէն աւելի վատ է, ան ալ յարմար չեղող անհատի հետ ամուսնանալն է»։ Առաջին դարու Քրիստոնեայ որբեւայրիներ անկասկած մինակութեան պահեր կ’ունենային, սակայն անոնց մէջ իմաստուն եղողները իրենք զիրենք զբաղած կը պահէին ‘հիւրեր ընդունելով, սուրբերուն ոտքերը լուալով, եւ նեղութեան մէջ եղողներուն օգնութեան հասնելով’։ (Ա. Տիմոթէոս 5։10) Այսօր ալ, հաւատարիմ Քրիստոնեաներ, որոնք տարիներ սպասած են որ աստուածավախ կողակից մը գտնեն, շարունակած են զբաղած մնալ։ Վաթսունութ տարեկան Քրիստոնեայ որբեւայրի մը, ամէն անգամ որ մինակութիւն զգար, ուրիշ որբեւայրիներու այցելութեան կ’երթար։ Ան ըսաւ. «Կը նկատեմ որ այս այցելութիւնները կատարելով, տանս եւ հոգեւորականութեանս հոգ տանելով, մինակ զգալու ժամանակ չունիմ»։ Ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելը, մասնաւորաբար օգտաշատ բարի գործ մըն է։—Մատթէոս 28։19, 20
21. Լաւ ընկերակցութիւնը եւ աղօթքը ի՞նչպէս կրնան յաղթահարել մինակութեան զգացումը։
21 Պէտք է ընդունիլ որ մինակութեան զգացումին համար հրաշք բուժում գոյութիւն չունի։ Բայց Եհովայի զօրութեամբ կարելի է տոկալ։ Այս զօրութիւնը կու գայ, երբ Քրիստոնեան «գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։5) Աղաչանքները՝ սրտագին պաղատանքներ են, այո, օգնութեան համար խնդրանքներ են, թերեւս գոչումով ու արցունքով։ (Բաղդատել՝ Եբրայեցիս 5։7։) «Գիշեր ցորեկ» ձեր սիրտը Եհովայի առջեւ թափելը կրնայ իրապէս օգնել։ Ասկէ զատ, լաւ ընկերակցութիւնը կրնայ մինակութեան պարապութիւնը լեցնելու մեծապէս նպաստել։ Լաւ ընկերակցութեամբ անհատ մը կրնայ Առակաց 12։25–ի մէջ նկարագրուած քաջալերութեան «աղէկ խօսք»եր լսել։
22. Երբ ատենը մէյ մը մինակութեան զգացումը գլուխ ցցէ, ի՞նչ բան նկատի առնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։
22 Եթէ մինակութեան զգացումներ երբեմն գլուխ ցցեն՝ ինչ որ շատ հաւանական է՝ յիշեցէք որ առանց խնդրի մարդ չկայ։ Արդարեւ, «ձեր [բոլոր] եղբայրներն ալ» կերպով մը կը չարչարուին։ (Ա. Պետրոս 5։9) Ձեր անցեալով մի՛ ապրիք։ (Ժողովողի 7։10) Ձեր վայելած առաւելութիւններուն մասին մտածեցէք։ Ամէն բանէ աւելի, վճռեցէք ուղղամիտ մնալ եւ Եհովայի սիրտը ուրախացնել։—Առակաց 27։11
ՈՒՐԻՇՆԵՐ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ
23. Քրիստոնեայ հաւատակիցներ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին ժողովքին մէջ գտնուող առանձին ծնողներուն հանդէպ։
23 Քրիստոնեայ հաւատակիցներու մատուցած օգնութիւնը անգին է։ Յակոբու 1։27–ն կ’ըսէ. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն’»։ Այո, Քրիստոնեաները պէտք է մէկ–ծնողով ընտանիքներուն օգնեն։ Գործնական ի՞նչ կերպերով ասիկա կրնան ընել։
24. Մէկ–ծնողով կարօտեալ ընտանիքներուն ի՞նչ կերպերով կրնանք օգնել։
24 Կրնանք նիւթապէս օգնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ»։ (Ա. Յովհաննու 3։17) Յունարէն բնագրին մէջ «տեսնել» բառը կը նշանակէ ո՛չ թէ հարեւանցի աչք մը նետել, այլ, մտադրութեամբ նայիլ։ Ասիկա կը նշէ թէ ազնիւ Քրիստոնեայ մը նախ ընտանիքին պարագաներուն ու կարիքներուն ծանօթ պէտք է ըլլալ։ Թերեւս դրամի, կամ տան մէջ կարգ մը նորոգութիւններ ընելու համար օգնութեան պէտք ունին։ Կամ թերեւս պարզապէս ճաշի մը կամ հաւաքոյթի մը հրաւէրը գնահատութեամբ պիտի ընդունէին։
25. Հաւատակիցներ ի՞նչպէս կրնան առանձին ծնողներու հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տալ։
25 Ասկէ զատ, Ա. Պետրոս 3։8–ն կ’ըսէ. «Վերջապէս ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ»։ Վեց զաւակ ունեցող առանձին ծնող մը ըսաւ. «Դժուար է՝ եւ երբեմն կը կքիմ։ Սակայն, ատենը մէյ մը եղբայրներէն կամ քոյրերէն մէկը կ’ըսէ ինծի. ‘Ճոան, գնահատելի է ըրածդ։ Վերջապէս պարապի պիտի չերթայ’։ Իրապէս կ’օգնէ գիտնալ, թէ ուրիշներ քու մասիդ կը մտածեն»։ Քրիստոնեայ տարեց քոյրեր կրնան մասնաւորաբար օգտակար ըլլալ երիտասարդ առանձին կիներու, անոնց մտիկ ընելով, երբ անոնք խնդիրներ ունենան որոնց մասին տղամարդու մը չեն համարձակիր խօսիլ։
26. Հասուն Քրիստոնեայ այրեր ի՞նչպէս կրնան հայր չունեցող երախաներու օգնել։
26 Քրիստոնեայ այրեր տարբեր կերպերով կրնան օգնել։ Յոբ արդար մարդը ըսաւ. «Ես . . . որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի»։ (Յոբայ 29։12) Այսօր ալ, կարգ մը Քրիստոնեայ այրեր, առանց տարբեր շարժառիթներ ունենալու, անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան հայր չունեցող երախաներուն հանդէպ, ‘սուրբ սրտով սէր’ ցոյց տալով։ (Ա. Տիմոթէոս 1։5) Առանց իրենց ընտանիքները անտեսելու, անոնք կրնան կարգադրութիւններ ընել որ այդպիսի երիտասարդներու հետ ծառայեն, զանոնք իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութեան կամ զբօսանքին միջամուխ ընելով։ Այսպիսի ազնուութիւն մը կրնայ իրապէս մոլորուելէ փրկել հայր չունեցող երախայ մը։
27. Առանձին ծնողներ որո՞նց օգնութեան վրայ կրնան հաշուել։
27 Վերջ ի վերջոյ, անշուշտ, առանձին ծնողներ իրենք ‘իրենց բեռը պիտի կրեն’։ (Գաղատացիս 6։5) Սակայն, կրնան Քրիստոնեայ եղբայրներու ու քոյրերու եւ Եհովա Աստուծոյ սէրէն օգտուիլ։ Աստուածաշունչը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «[Ան] կը հաստատէ որբն ու որբեւարին»։ (Սաղմոս 146։9) Իր սիրալիր հոգածութեամբ, մէկ–ծնող ունեցող ընտանիքներ կրնան յաջողիլ։
a Եթէ երիտասարդ Քրիստոնեայ մը անբարոյ վարքի հետեւանքով յղի մնայ, քրիստոնէական ժողովքը ո՛չ մէկ կերպով աչք կը գոցէ իր ըրածին վրայ։ Բայց եթէ զղջայ, ժողովքի երէցները եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ կրնան անոր օգնութիւն մատուցանել։
b Հոս չենք ակնարկեր այն պարագաներուն, երբ զաւակ մը պէտք է պաշտպանուի եղծանող ծնողէ մը։ Նաեւ, եթէ միւս ծնողը կը ջանայ ձեր հեղինակութիւնը տկարացնել՝ թերեւս փորձելով երախաները համոզել որ ձեզ լքեն՝ կացութիւնը ձեռք առնելու համար լաւ է որ Քրիստոնեայ ժողովքի երէցներու նման փորձառու բարեկամներու հետ խօսիք այս ուղղութեամբ։