Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ըգ գլ. 12 էջ 142-152
  • Ընտանիքին վնաս հասցնող խնդիրները կրնաք յաղթահարել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընտանիքին վնաս հասցնող խնդիրները կրնաք յաղթահարել
  • Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ենթավերնագիրներ
  • ԱԼՔՈԼԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎՆԱՍԸ
  • ԸՆՏԱՆԻՔԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ԸՆԵԼ
  • ՏՆԱՅԻՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐԸ
  • ՏՆԱՅԻՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵՆԷՆ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԽՈՒՍԱՓԻԼ
  • ԲԱԺՆՈՒԻ՞Լ՝ ԹԷ ՄԻԱՍԻՆ ՄՆԱԼ
  • ՎՆԱՍԱԲԵՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ
Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
ըգ գլ. 12 էջ 142-152

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ

Ընտանիքին վնաս հասցնող խնդիրները կրնաք յաղթահարել

1. Կարգ մը ընտանիքներու մէջ պահուած ի՞նչպիսի խնդիրներ կան։

ՀԻՆ ինքնաշարժը տակաւին նոր լուացուած եւ փայլեցուած է։ Անիկա անցորդներու աչքին՝ փայլուն եւ գրեթէ նոր է։ Բայց ներկին տակ, ժանգը կ’ուտէ ինքնաշարժին մարմինը։ Կարգ մը ընտանիքներու պարագան ալ նոյնն է։ Թէեւ դուրսէն ամէն բան լաւ կ’երեւնայ, բայց ժպտող դէմքերուն ետին վախ ու ցաւ պահուած կրնան ըլլալ։ Փակ դռներուն ետին, քանդիչ տարրեր ընտանեկան խաղաղութիւնը կ’ուտեն։ Ալքոլամոլութիւնը եւ բռնութիւնը այսպիսի ազդեցութիւն մը կրնան ունենալ։

ԱԼՔՈԼԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎՆԱՍԸ

2. (ա) Ոգելից ըմպելիներու նկատմամբ Աստուածաշունչի տեսակէտը ի՞նչ է։ (բ) Ալքոլամոլութիւնը ի՞նչ է։

2 Աստուածաշունչը ոգելից ըմպելիներու չափաւոր գործածութիւնը չ’արգիլեր, բայց անիկա ալքոլամոլութիւնը կը դատապարտէ։ (Առակաց 23։20, 21. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Ա. Տիմոթէոս 5։23. Տիտոս 2։2, 3) Ալքոլամոլութիւնը սակայն, գինովութենէն աւելի է, անհատը անդադար ոգելից ըմպելիներու մասին կը մտածէ եւ անոր գործածութեան մէջ չի կրնար իր չափը պահել։ Ալքոլամոլները կրնան չափահասներ, բայց դժբախտաբար, նաեւ՝ անչափահասներ ըլլալ։

3, 4. Ալքոլամոլ անհատի կողակիցին եւ զաւակներուն վրայ ալքոլամոլութեան ունեցած ազդեցութիւնը նկարագրեցէք։

3 Աստուածաշունչը շատոնց ըսած էր որ ոգելից ըմպելիներու չարաչար գործածութիւնը կրնայ ընտանեկան խաղաղութիւնը քանդել։ (Բ. Օրինաց 21։18-21) Ալքոլամոլութեան քանդիչ ազդեցութիւնը ամբողջ ընտանիքին կողմէ կը զգացուի։ Կողակիցը թերեւս մեծ ջանք կը թափէ, ամուսնոյն ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը կասեցնել տալու, կամ անոր աննախատեսելի վարքին հետ գլուխ ելլելու համար։a Ան կը փորձէ խմիչքը պահել, զայն թափել, ամուսնոյն դրամը պահել եւ անոր յիշեցնել իր ընտանիքին, կեանքին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հանդէպ իրմէ պահանջուած սէրը՝ բայց օգուտ չ’ըներ։ Երբ կը տեսնէ որ խմիչքը դադրեցնել տալու իր ջանքերը կը ձախողին, ան կրնայ ընդվզիլ եւ ինքզինք անկարող զգալ։ Ան կրնայ տառապիլ վախէ, բարկութենէ, յանցապարտութեան զգացումէ, ջղայնութենէ, մտատանջութենէ եւ արժանապատուութեան կորուստէ։

4 Ծնողներու ալքոլամոլութիւնը երախաներուն ալ կ’ազդէ։ Ոմանք ֆիզիքական, իսկ ուրիշներ սեռային չարչարանքի կ’ենթարկուին։ Անոնք երբեմն իրենք զիրենք կ’այպանեն իրենց ծնողքին մոլութեան համար։ Յաճախ, ուրիշներու չեն կրնար վստահիլ՝ ալքոլամոլին անկայուն վարքին պատճառաւ։ Քանի որ տան մէջի անցուդարձին մասին հանգիստ կերպով չեն կրնար խօսիլ, երախաները կը վարժուին իրենց զգացումները սանձել, յաճախ ֆիզիքական դառն հետեւանքներով։ (Առակաց 17։22) Այսպիսի երախաներ ինքնավստահութեան կամ արժանապատուութեան պակասը իրենց հետ կրնան տանիլ մինչեւ չափահասութիւն։

ԸՆՏԱՆԻՔԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ԸՆԵԼ

5. Ի՞նչպէս կարելի է ալքոլամոլութիւնը ձեռք առնել, եւ ասիկա ինչո՛ւ դժուար է։

5 Թէեւ շատ մասնագէտներ կ’ըսեն որ ալքոլամոլութիւնը չի բուժուիր, շատեր կը համաձայնին որ անկէ ամբողջովին հեռու մնալով կարելի է որոշ ապաքինում ձեռք ձգել։ (Բաղդատել՝ Մատթէոս 5։29։) Սակայն շատ դժուար է ալքոլամոլի մը ընդունիլ տալ որ օգնութեան պէտք ունի. սովորաբար ան չ’ընդունիր որ ինք խնդիր մը ունի։ Այսուհանդերձ, երբ ընտանիքի անդամներ քայլեր առնեն ալքոլամոլութեան իրենց վրայ ունեցած ազդեցութեան դէմ, այդ պարագային ալքոլամոլը կրնայ անդրադառնալ որ ինք խնդիր մը ունի։ Ալքոլամոլներուն ու անոնց ընտանիքներուն օգնելու վարժութիւն ունեցող բժիշկ մը ըսաւ. «Ես կը խորհիմ որ ամենակարեւոր բանն է որ ընտանիքը կարելի եղածին չափ իր առօրեայ գործունէութիւնները օգտակար կերպով վարէ։ Ալքոլամոլը հետզհետէ պիտի անդրադառնայ որ իր եւ ընտանիքի մնացեալ անդամներուն միջեւ տարբերութիւնը որքա՛ն մեծ է»։

6. Ալքոլամոլ անդամ մը ունեցող ընտանիքներուն համար խրատի լաւագոյն աղբիւրը ո՞րն է։

6 Եթէ ձեր ընտանիքին մէջ ալքոլամոլ մը ունիք, Աստուածաշունչի ներշնչեալ խրատները կրնան օգնել ձեզի որ կարելի եղածին չափ առողջ ապրելակերպ մը ունենաք։ (Եսայեայ 48։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Նկատի առէք կարգ մը սկզբունքներ, որոնք օգնած են ընտանիքներու որ յաջողութեամբ ձեռք առնեն ալքոլամոլութեան պարագաներ։

7. Եթէ ընտանիքի անդամ մը ալքոլամոլ է, ո՞վ է յանցաւորը։

7 Դուք ձեզ մի՛ այպանէք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ» եւ «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։ (Գաղատացիս 6։5. Հռովմայեցիս 14։12) Ալքոլամոլը կրնայ փորձել ընտանիքի անդամները պատասխանատու բռնել։ Օրինակի համար, ան կրնայ ըսել. «Եթէ ինծի հետ աւելի լաւ վարուիք՝ չեմ խմեր»։ Եթէ ուրիշներ անոր իրաւունք տան, զինք քաջալերած կ’ըլլան որ խմելը շարունակէ։ Նոյնիսկ եթէ պարագաներու կամ ուրիշներու զոհ գացած ենք, բոլորս ալ՝ ալքոլամոլն ալ ներառեալ՝ մեր ընթացքին համար համարատու ենք։—Բաղդատել՝ Փիլիպպեցիս 2։12։

8. Ի՞նչ կերպերով ալքոլամոլի մը կարելի է օգնել որ իր արարքին հետեւանքները դիմագրաւէ։

8 Մի՛ խորհիք որ միշտ ալքոլամոլին ետեւէն պէտք է ըլլաք իր խմիչքին հետեւանքներէն զինք պաշտպանելու համար։ Ցասկոտ անհատի մը մասին Աստուածաշունչի առակին ըսածը, կարելի է կիրարկել նաեւ ալքոլամոլին. «Եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել»։ (Առակաց 19։19) Ձգեցէք որ ալքոլամոլը իր խմիչքին ազդեցութիւնը զգայ։ Ձգեցէք որ ինքզինք մաքրէ, կամ խմիչքի անձնատուր ըլլալէ ետք, թող ի՛նք հեռաձայնէ իր գործատիրոջ։

Նկար՝ էջ 146

Ընտանեկան խնդիրները լուծելու մէջ Քրիստոնեայ երէցները մեծապէս կրնան նպաստել

9, 10. Ալքոլամոլներու ընտանիքները ինչո՞ւ տրուած օգնութիւնը պէտք է ընդունին, եւ մանաւանդ որո՞նց օգնութեան պէտք է դիմեն։

9 Ուրիշներուն մատուցած օգնութիւնը ընդունեցէք։ Առակաց 17։17–ն (ՆԱ) կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է»։ Երբ ընտանիքի մը մէջ ալքոլամոլ մը ըլլայ՝ նեղութեան դուռ կը բանայ։ Օգնութեան պէտք ունիք։ Մի՛ վարանիք օգնութեան համար «մտերիմ բարեկամ»ներու դիմելու։ (Առակաց 18։24) Խնդրէն հասկցող կամ նոյնանման պարագաներ դիմագրաւած անհատներու հետ խօսիլը ի՛նչ ընելու եւ ի՛նչ չընելու մասին գործնական թելադրութիւններ կու տայ։ Բայց հաւասարակշռուած եղէք։ Վստահելի անհատներու խօսեցէք, անոնց՝ որոնք ձեր «գաղտնիքը» պիտի պահեն։—Առակաց 11։13

10 Քրիստոնեայ երէցներու վստահիլ սորվեցէք։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ երէցները օգնութեան աղբիւր մը կրնան ըլլալ։ Այս հասուն անհատները Աստուծոյ Խօսքով դաստիարակուած են եւ անոր սկզբունքները կիրարկելու փորձառութիւնը ունին։ Անոնք «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս, ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս» կրնան ըլլալ։ (Եսայեայ 32։2) Քրիստոնեայ երէցները ո՛չ միայն ընդհանուր ժողովքը կը պաշտպանեն վնասակար ազդեցութիւններու դէմ, այլ՝ խնդիր ունեցողներն ալ կը մխիթարեն, կը հանգստացնեն եւ անհատական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան։ Անոնց մատուցած օգնութենէն լիովին օգտուեցէք։

11, 12. Ո՞վ մեծագոյն օգնութիւնը կը մատուցանէ ալքոլամոլներու ընտանիքներուն, եւ այս օգնութիւնը ի՛նչպէս կը տրուի։

11 Մանաւանդ Եհովայով զօրացէք։ Աստուածաշունչը հետեւեալ ջերմագին երաշխիքը կու տայ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները [«փշրուածներին», Արարատ] կ’ապրեցնէ»։ (Սաղմոս 34։18) Եթէ ընտանիքին մէջ ալքոլամոլ անհատի մը պատճառաւ կը զգաք որ ձեր սիրտը կոտրած կամ փշրուած է, գիտցէք որ «Տէրը մօտ է»։ Ան ձեր ընտանեկան պարագային որքա՜ն դժուար ըլլալը կը հասկնայ։—Ա. Պետրոս 5։6, 7

12 Երբ հաւատաք ինչ որ Եհովա կ’ըսէ իր Խօսքին մէջ, անիկա կրնայ օգնել որ ձեր մտահոգութեան հետ գլուխ ելլէք։ (Սաղմոս 130։3, 4. Մատթէոս 6։25-34. Ա. Յովհաննու 3։19, 20) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ անոր սկզբունքներուն համաձայն ապրելով, կրնաք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստացողներուն շարքին մէջ գտնուիլ, որ ձեզի «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» կրնայ տալ, որպէսզի առօրեան դիմագրաւենք։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ։b

13. Ի՞նչ է երկրորդ խնդիրը որ բազմաթիւ ընտանիքներու քանդումին պատճառ կ’ըլլայ։

13 Ոգելից ըմպելիներու անձնատուր ըլլալը ընտանիքներ քանդող ուրիշ խնդրի մըն ալ կ’առաջնորդէ, որ է՝ տնային վայրագութիւնը։

ՏՆԱՅԻՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐԸ

14. Տնային վայրագութիւնը ե՞րբ սկսաւ, եւ ներկայիս վիճակը ի՞նչ է։

14 Մարդկային պատմութեան առաջին բռնարարքը, երկու եղբայրներու՝ Աբէլի ու Կայէնի միջեւ, տնային վայրագութիւնն էր։ (Ծննդոց 4։8) Անկէ ի վեր, մարդկութիւնը տնային ամէն կերպ վայրագութիւններով հարուածուած է։ Ամուսիններ կան, որոնք իրենց կինը կը ծեծեն, կիներ՝ որոնք իրենց ամուսիններուն վրայ կը յարձակին, ծնողներ՝ որոնք անգութօրէն իրենց երախաները կը ծեծեն, նաեւ չափահասներ, որոնք իրենց տարեց ծնողներուն հետ վատ կերպով կը վարուին։

15. Տնային վայրագութիւնը ի՞նչպէս ընտանիքի անդամներուն զգացականօրէն կ’ազդէ։

15 Տնային վայրագութեան վնասները ֆիզիքական վէրքերէն աւելի են։ Ծեծուած կին մը ըսաւ. «Յանցապարտութեան եւ ամօթի զգացումին հետ պէտք է մարտնչիլ։ Շատ անգամ առաւօտուն կ’ուզես անկողինէն չելլել, յուսալով որ անիկա գէշ երազ մըն էր»։ Տնային վայրագութեան ականատես եղող կամ անոր ենթարկուող երախաները, թերեւս իրենք ալ վայրագ կը դառնան երբ չափահաս ըլլան եւ իրենց ընտանիքը կազմեն։

16, 17. Զգացական չարչարանքը ի՞նչ է, եւ ընտանիքի անդամներ ի՛նչպէս կ’ազդուին անկէ։

16 Տնային վայրագութիւնը միայն ֆիզիքական չէ, անիկա յաճախ բերանացի յարձակում է։ Առակաց 12։18–ն կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն»։ Տնային վայրագութեան այս ‘խոցոտումներուն’ մաս կը կազմեն անուններ կախել, պոռչտալ, ինչպէս նաեւ անդադար քննադատութիւն, նախատինքներ եւ մարմնաւոր վայրագութեան սպառնալիքներ տեղացնել։ Յաճախ ուրիշներու աչքէն կը վրիպին զգացական վայրագութեան վէրքերը։

17 Մասնաւորաբար ցաւալի է տեսնել երախայի մը կրած զգացական հարուածները՝ որպէս անհատ անոր կարողութիւններուն, իմացականութեան, կամ արժէքներուն անդադար քննադատուիլը կամ նսեմացուիլը։ Այսպիսի բերանացի յարձակումներ կրնան փշրել երախային հոգին։ Ճիշդ է որ բոլոր երախաներն ալ կրթութեան կարիքը ունին։ Բայց Աստուածաշունչը հայրերուն հետեւեալ խրատը կու տայ. «Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին»։—Կողոսացիս 3։21

ՏՆԱՅԻՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵՆԷՆ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԽՈՒՍԱՓԻԼ

Նկար՝ էջ 151

Իրար սիրող եւ յարգող կողակիցները իրենց թիւրիմացութիւնները անմիջապէս կը լուծեն

18. Տնային վայրագութիւնը ո՞ւր կը սկսի, եւ Աստուածաշունչին համաձայն, զայն դադրեցնելու կերպը ի՞նչ է։

18 Տնային վայրագութիւնը սրտին ու մտքին մէջ կը սկսի. մեր արարքները՝ մեր խորհելակերպին արդիւնքն են։ (Յակոբու 1։14, 15) Վայրագութիւնը դադրեցնելու համար, վայրագ անհատը իր մտածելակերպը պէտք է փոխէ։ (Հռովմայեցիս 12։2) Ասիկա կարելի՞ է։ Այո՛։ Աստուծոյ Խօսքը մարդիկը փոխելու զօրութիւնը ունի։ Անիկա կրնայ արմատախիլ ընել նոյնիսկ «ամրոց»ներու նմանող կործանարար տեսակէտները։ (Բ. Կորնթացիս 10։4. Եբրայեցիս 4։12) Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը ա՛յնքան արմատական փոփոխութիւն մը կը յառաջացնէ մարդոց մէջ, որ անիկա նոր անձնաւորութիւն հագնելու նմանցուած է։—Եփեսացիս 4։22-24. Կողոսացիս 3։8-10

19. Քրիստոնեայ մը իր կողակիցը ի՞նչպէս պէտք է նկատէ ու անոր հետ վարուի։

19 Կողակիցին հանդէպ անհատին տեսակէտը։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։ (Եփեսացիս 5։28) Աստուածաշունչը կ’ըսէ նաեւ որ ամուսին մը պէտք է ‘դիւրաբեկ անօթի պէս յարգէ իր կինը’։ (Ա. Պետրոս 3։7, Երուսաղէմ) Կիներուն խրատ տրուած է որ «այրերնին սիրեն» եւ անոնցմէ «ակնածին»։ (Տիտոս 2։4. Եփեսացիս 5։33) Աստուածավախ ամուսին մը չի կրնար ըսել որ իրապէս կը յարգէ իր կինը, եթէ անոր վրայ յարձակում կը գործէ ֆիզիքական կամ բերանացի կերպով։ Իսկ ոեւէ կին չի կրնար ըսել թէ իրապէս կը սիրէ եւ կը յարգէ իր ամուսինը, եթէ անոր վրայ կը պոռայ, հեգնանքով կը խօսի անոր հետ կամ անդադար կը կշտամբէ զինք։

20. Ծնողներ իրենց զաւակներուն համար որո՞ւ համարատու են, եւ անոնք իրենց զաւակներէն ինչո՞ւ անկարելին պէտք չէ ակնկալեն։

20 Զաւակներու նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենալ։ Երախաները ոչ միայն արժանի են իրենց ծնողներուն կողմէ սիրուելու եւ անոնց ուշադրութեան առարկան ըլլալու, այլ՝ անոր կարիքը ունին։ Աստուծոյ Խօսքը զաւակները կը կոչէ՝ «Տէրոջը ժառանգութիւնը» եւ «պարգեւ»։ (Սաղմոս 127։3) Ծնողներ այդ ժառանգութեան հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունին Եհովայի առջեւ։ Աստուածաշունչը կը խօսի «տղայութեան բաներ»ուն եւ մանկութեան ‘յիմարութեան’ մասին։ (Ա. Կորնթացիս 13։11. Առակաց 22։15) Ծնողներ պէտք չէ զարմանան, երբ զաւակները յիմարութիւններ ընեն. անոնք չափահասներ չեն։ Երախային տարիքը, կարողութիւնը եւ ընտանեկան միջավայրը նկատի ունենալով, անկէ պէտք եղածէն աւելին պէտք չէ ակնկալեն։—Տես՝ Ծննդոց 33։12-14։

21. Տարեց ծնողներու հանդէպ բարեպաշտ վերաբերմունքը ի՞նչ է։

21 Տարեց ծնողներու հանդէպ ձեր տեսակէտը։ Ղեւտացւոց 19։32–ը կ’ըսէ. «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՛»։ Այս կերպով Աստուծոյ Խօսքը տարեցներու հանդէպ յարգանք եւ պատիւ կը քաջալերէ։ Ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ, երբ տարեց ծնող մը շատ պահանջկոտ է, կամ հիւանդութեան պատճառաւ անոր շարժումներն ու միտքը արագ չեն։ Այսուհանդերձ, զաւակներուն ըսուած է որ «փոխարէն հատուցանե[ն] իրենց ծնողներուն»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։4) Ասիկա կը նշանակէ որ անոնց հետ յարգալից ու պատուաբեր կերպով պէտք է վարուիլ, թերեւս անոնց նիւթական գետնի վրայ պէտք եղածը հայթայթելով։ Տարեցներուն հետ ֆիզիքական կամ այլ գետնի վրայ չարաչար վարուիլը, բացարձակապէս հակառակ է Աստուածաշունչի յանձնարարած ընթացքին։

22. Տնային վայրագութիւնը յաղթահարելու համար գլխաւոր յատկութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՛նչպէս կարելի է գործադրել։

22 Ժուժկալութիւն մշակեցէք։ Առակաց 29։11–ը կ’ըսէ. «Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ («իմաստունը նորան ետ է պահում», Արարատ)»։ Ինչպէ՞ս կրնաք զսպել ձեր սրտին մէջինը։ Փոխանակ ձեր սրտին մէջ բարկութիւն սնուցանելու, յարուցուած խնդիրները անմիջապէս լուծելու նայեցէք։ (Եփեսացիս 4։26, 27) Եթէ զգաք որ դուք ձեզ պիտի կորսնցնէք, անմիջապէս այդ վայրէն հեռացէք։ Աղօթեցէք որ Աստուծոյ հոգին ձեր մէջ ժուժկալութիւն յառաջացնէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Քիչ մը քալելը կամ մարզանք ընելը ձեր բարկութիւնը զսպելու կրնան օգնել։ (Առակաց 17։14, 27) Ջանացէք «երկայնամիտ» ըլլալ։—Առակաց 14։29

ԲԱԺՆՈՒԻ՞Լ՝ ԹԷ ՄԻԱՍԻՆ ՄՆԱԼ

23. Ի՞նչ կը պատահի եթէ քրիստոնէական ժողովքի անդամներէն մէկը յաճախակի եւ անզեղջ կերպով բարկութեան նոպաներու անձնատուր ըլլայ, թերեւս ընտանիքին ֆիզիքական վնաս հասցնելով։

23 Ըստ Աստուածաշունչի, Աստուծոյ դատապարտած բաներուն մաս կը կազմեն «թշնամութիւններ, կռիւներ, . . . բարկութիւններ» եւ անիկա կը նշէ թէ «այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն»։ (Գաղատացիս 5։19-21) Հետեւաբար, Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող ոեւէ մէկը երբ յաճախակիօրէն եւ առանց զղջալու բարկութեան նոպաներ կ’ունենայ, թերեւս իր կնոջ եւ զաւակներուն ֆիզիքական վնաս հասցնելով, քրիստոնէական ժողովքէն կրնայ վտարուիլ։ (Բաղդատել՝ Բ. Յովհաննու 9, 10։) Այս կերպով, ժողովքը կը մաքրուի վայրագ անհատներէ։—Ա. Կորնթացիս 5։6, 7. Գաղատացիս 5։9

24. (ա) Զոհ գացող կողակիցներ ի՞նչ որոշում կրնան տալ։ (բ) Բարեկամներ եւ երէցներ ի՞նչպէս կրնան թիկունք կանգնիլ չարչարուած կողակիցին, բայց ի՛նչ պէտք չէ ընեն։

24 Ի՞նչ կարելի է ըսել այն Քրիստոնեաներուն մասին, որոնք միշտ ծեծ կ’ուտեն իրենց կողակիցին կողմէ, որու մէջ փոփոխութեան նշոյլ չկայ։ Ոմանք այսպիսի վայրագ կողակիցի մը հետ ուզած են մնալ՝ որոշ պատճառներով։ Իսկ ուրիշներ, որոշած են զայն ձգել, խորհելով որ իրենց ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր առողջութիւնը՝ նոյնիսկ կեանքը՝ վտանգի տակ է։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, տնային վայրագութեան զոհ գացողը ի՛նքն է որ Եհովայի դիմաց որոշում պիտի տայ թէ ինչ պիտի ընէ։ (Ա. Կորնթացիս 7։10, 11) Լաւ միտումով բարեկամներ, ազգականներ կամ Քրիստոնեայ երէցներ կրնան օգնել ու խրատներ տալ, բայց անոնք պէտք չէ ճնշում բանեցնեն անհատին վրայ, որպէսզի որոշ քայլ մը առնէ։ Այդ որոշումը՝ խնդրոյ առարկայ անհատին կը վերաբերի։—Հռովմայեցիս 14։4. Գաղատացիս 6։5

ՎՆԱՍԱԲԵՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ

25. Ընտանիքի առնչութեամբ Եհովայի նպատակը ի՞նչ է։

25 Երբ Եհովա Ադամն ու Եւան ամուսնական կապով միացուց, բնաւ անոր նպատակը չէր որ ընտանիքներ ալքոլամոլութեան կամ բռնութեան նման խնդիրներով մաշուէին։ (Եփեսացիս 3։14, 15) Ընտանիքը վայր մը պէտք էր ըլլար, ուր սէրն ու խաղաղութիւնը պիտի ծաղկէին եւ իւրաքանչիւր անդամի մտային, զգացական եւ հոգեւոր կարիքներուն հոգ պիտի տարուէր։ Սակայն մեղքը մուտք գործելով, ընտանեկան կեանքը շուտով քանդուեցաւ։—Բաղդատել՝ Ժողովողի 8։9։

26. Եհովայի պահանջներուն համաձայն ապրողներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

26 Բարեբախտաբար, Եհովա ընտանիքի նկատմամբ իր նպատակը չմոռցաւ։ Ան կը խոստանայ խաղաղ նոր աշխարհ մը հաստատել, ուր մարդիկ «ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ»։ (Եզեկիէլ 34։28) Ներկայիս ընտանիքներուն վնաս հասցնող ալքոլամոլութիւնը, տնային վայրագութիւնը եւ ուրիշ խնդիրներ այն ժամանակ վերջացած պիտի ըլլան։ Մարդիկ պիտի ժպտին ո՛չ թէ իրենց վախը եւ վիշտը պահելու համար, այլ՝ քանի որ «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11

a Թէեւ յաճախ արական սեռի պատկանող ալքոլամոլներու կ’ակնարկենք, բայց հոս տրուած սկզբունքները նոյնքան վաւերական են իգական սեռի պատկանող ալքոլամոլներու։

b Կարգ մը երկիրներու մէջ, դարմանումի կեդրոններ, հիւանդանոցներ կամ ապաքինման յայտագիրներ կան, որոնց մասնագիտութիւնն է ալքոլամոլներուն ու անոնց ընտանիքներուն օգնել։ Այսպիսի հաստատութիւններու օգնութեան դիմելը անձնական որոշում է։ Դիտարանի Ընկերութիւնը մասնայատուկ դարմանում մը չի յանձնարարեր։ Սակայն, ուշադիր պէտք է ըլլաք որ այսպիսի օգնութիւններու դիմելով, սուրբ գրային սկզբունքներ ոտնակոխող գործունէութիւններու հետ առնչութիւն չունենաք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ . . . ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՈՐ ԼՈՒՐՋ ՎՆԱՍՆԵՐ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ ԽՈՒՍԱՓԻՆ

Եհովա կը դատապարտէ ոգելից ըմպելիներու սխալ գործածութիւնը։—Առակաց 23։20, 21

Ամէն անհատ իր արարքներուն համար պատասխանատու է։—Հռովմայեցիս 14։12

Առանց ժուժկալութեան, չենք կրնար Աստուծոյ ընդունելի կերպով ծառայել։—Առակաց 29։11

Անկեղծ Քրիստոնեաներ իրենց տարեց ծնողները կը պատուեն։—Ղեւտացւոց 19։32

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել