Ուսումնասիրութիւն 48
Տրամաբանելու Կերպ
ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ենք այն փոփոխութիւններուն համար զորս Աստուծոյ Խօսքը բերած է մեր կեանքին մէջ, եւ կ’ուզենք որ ուրիշներն ալ օգտուին։ Կը գիտակցինք նաեւ թէ բարի լուրին հանդէպ մարդոց հակազդեցութիւնը պիտի ազդէ իրենց ապագայ ակնկալութիւններուն։ (Մատթ. 7։13, 14. Յովհ. 12։48) Սրտանց կը փափաքինք որ անոնք ճշմարտութիւնը ընդունին։ Սակայն, մեծագոյն բարիքը իրագործելու համար, մեր զօրաւոր համոզումին ու նախանձախնդրութեան միացած պէտք է ըլլայ խորատեսութիւնը։
Սովորաբար լաւ ընդունելութիւն չի գտներ, երբ ուրիշի մը շատ սիրած մէկ հաւատալիքը որպէս սուտ քօղազերծուի անփափկանկատ կերպով, նոյնիսկ երբ ճշմարտութեան նեցուկ կանգնող սուրբ գրային համարներու երկար ցանկ մը յիշուի։ Օրինակ, եթէ ժողովրդային տօնակատարութիւններ պարզապէս դատապարտուին որպէս հեթանոսական ծագում ունեցող բաներ, հաւանաբար անոնց հանդէպ դիմացինին զգացումը չփոխուի։ Տրամաբանական մերձեցում մը սովորաբար աւելի յաջողութիւն կը գտնէ։ Տրամաբանական ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «վերին իմաստութիւնը . . . խաղաղարար, հեզ [«բանաւոր», ՆԱ]» է։ (Յակ. 3։17) Հոս «բանաւոր» թարգմանուած Յունարէն բառը, բառացիօրէն կը նշանակէ «տեղի տուող»։ Կարգ մը թարգմանութիւններ կը գործածեն «նկատառու», «ազնիւ» կամ «հեզահոգի» բառը։ Նկատի առէք որ տրամաբանական ըլլալը խաղաղարար ըլլալու հետ կապ ունի։ Տիտոս 3։2–ի մէջ, անիկա յիշուած է քաղցրութեան հետ եւ հակադրուած՝ կռուարար ըլլալու հետ։ Փիլիպպեցիս 4։5–ը (ՆԱ) մեզ կը յորդորէ որ մեր «բանաւորութիւնը» ամենուն յայտնի ըլլայ։ Բանաւոր անհատ մը իր խօսած անհատին ենթահողը, պարագաները եւ զգացումները հաշուի կ’առնէ։ Ան պատրաստ է տեղի տալու, երբ պատշաճ է ասիկա ընել։ Ուրիշներուն հետ այսպէս վարուիլը կրնայ օգնել որ անոնք իրենց միտքն ու սիրտը բանան, այնպէս որ աւելի ընդունակ կ’ըլլան, երբ իրենց հետ տրամաբանենք Սուրբ Գիրքով։
Ուրկէ Սկսիլ։ Պատմաբան Ղուկաս կը տեղեկագրէ որ Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէ եղած ատեն, ան Սուրբ Գրութիւնները կը գործածէր, որպէսզի «բացատրէր եւ ապացուցանէր անոնց թէ Քրիստոս պէտք է չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր»։ (Գործք 17։2, 3, Երուսաղէմ) Ուշագրաւ բանը այն է որ Պօղոս ասիկա ըրաւ հրէական ժողովարանի մը մէջ։ Անոնց որ կը խօսէր, Եբրայերէն Գրութիւնները կ’ընդունէին որպէս հեղինակութիւն։ Խոհեմութիւն էր սկսիլ բանէ մը որ ընդունուած էր իրենց կողմէ։
Երբ Պօղոս Աթէնքի Արիսպագոսի մէջ Յոյներուն կը խօսէր, ան Սուրբ Գրութիւններուն ակնարկութիւն ընելով չսկսաւ իր խօսակցութիւնը։ Հապա ան սկսաւ խօսիլ այնպիսի բաներու մասին որ իրենց ծանօթ ու ընդունելի էին, եւ այդ բաները գործածեց Ստեղծիչին ու անոր նպատակներուն մասին մտածել տալու համար։—Գործք 17։22-31
Ներկայիս, միլիառաւոր անհատներու կեանքին մէջ Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունի։ Բայց գրեթէ բոլորին կեանքը ազդուած է իրերու ներկայ դրութեան դառն կացութիւններէն։ Մարդիկ աւելի լաւ բանի մը կարօտը ունին։ Եթէ նախ զիրենք խռովեցնող բաներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրէք, ապա ցոյց տաք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը բացատրէ զանոնք, այսպիսի տրամաբանական մօտեցում մը կրնայ մղել որ անոնք մտիկ ընեն մարդկութեան համար Աստուծոյ նպատակին մասին Սուրբ Գրքին ըսածը։
Կրնայ ըլլալ որ Աստուածաշունչի աշակերտ մը իր ծնողքէն կրօնական որոշ հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ ժառանգած է։ Արդ, աշակերտը կը սորվի որ այս հաւատալիքներն ու սովորութիւնները Աստուծոյ հաճելի չեն, ուստի կը մերժէ զանոնք եւ Աստուածաշունչին ըսածը կ’որդեգրէ։ Աշակերտը այս որոշումը ի՞նչպէս կրնայ բացատրել իր ծնողներուն։ Անոնք կրնան խորհիլ որ իրենց տուած կրօնական ժառանգութիւնը մերժելով՝ զիրենք կը մերժէ։ Աստուածաշունչի աշակերտը կրնայ եզրակացնել որ իր որոշումին պատճառը իր ծնողներուն Աստուածաշունչէն բացատրել փորձելէ առաջ, պէտք է զանոնք վստահեցնէ որ ինք կը սիրէ ու կը յարգէ զիրենք։
Ե՛րբ Տեղի Տալ։ Եհովա հրամայելու լիազօրութիւն ունենալով հանդերձ, ուշագրաւ բանաւորութիւն ցոյց կու տայ։ Երբ Ղովտն ու իր ընտանիքը Սոդոմէ դուրս կը հանէին, Եհովայի հրեշտակները խրատեցին. «Լեռը փախիր, չըլլայ որ կորսուիս»։ Բայց Ղովտ խնդրեց. «Ո՛չ, Տէր իմ»։ Ան արտօնութիւն խնդրեց որ Սեգովր փախչի։ Եհովա նկատառու գտնուեցաւ Ղովտի նկատմամբ, թոյլ տալով որ հոն երթայ. ուստի երբ միւս քաղաքները կործանեցան, Սեգովրը խնայուեցաւ։ Բայց յետոյ, Ղովտ Եհովայի նախապէս տուած ուղղութեան հետեւեցաւ եւ լեռնային շրջանը փոխադրուեցաւ։ (Ծննդ. 19։17-30) Եհովա գիտէր որ իր տուած ուղղութիւնը շիտակ էր, բայց համբերութեամբ նկատառութիւն ցոյց տուաւ Ղովտի, իսկ Ղովտ հասկցաւ անոր ճիշդ ըլլալը։
Ուրիշներու հետ յաջող կերպով վարուելու համար, մենք ալ տրամաբանական պէտք է ըլլանք։ Կրնանք համոզուած ըլլալ որ դիմացի անհատը սխալ է եւ մեր մտքին մէջ կրնանք ասիկա փաստող զօրաւոր ապացոյցներ ունենալ։ Բայց երբեմն նախընտրելի է չպնդել։ Տրամաբանական ըլլալ չի նշանակեր Եհովայի չափանիշներուն մէջ զիջում ընել։ Թերեւս նախընտրելի է պարզապէս շնորհակալութիւն յայտնել անհատին որ արտայայտուեցաւ, կամ ձգել որ կարգ մը սխալ գաղափարներ աննկատ թողուին, որպէսզի կարենաք աւելի օգտակար բանի մը վրայ կեդրոնանալ։ Նոյնիսկ երբ ձեր հաւատալիքներէն ոմանց դէմ խօսի, մի՛ գերհակազդէք։ Կրնաք հարցնել թէ ինչո՛ւ այդպէս կը խորհի։ Ուշադիր կերպով մտիկ ըրէք իր պատասխանը։ Ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ իր միտքը հասկնաք։ Անիկա կրնայ նաեւ ապագային շինիչ խօսակցութեան մը հիմը նետել։—Առ. 16։23. 19։11
Եհովա մարդիկը օժտած է ընտրելու կարողութեամբ։ Ան թոյլ կու տայ որ անոնք այս կարողութիւնը գործածեն, նոյնիսկ երբ զայն իմաստուն կերպով չգործածեն։ Որպէս Եհովայի բանբերը, Յեսու վերաքաղ ըրաւ Իսրայէլի հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները։ Անկէ ետք ան ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չերեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք՝ Գետին անդիի կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամօրհացիներուն աստուածները, որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։ (Յես. 24։15) Ներկայիս մեր նշանակումն է «վկայութիւն» տալ, եւ մենք համոզումով կը խօսինք, բայց ուրիշներուն վրայ ճնշում չենք բանեցներ որ հաւատան։ (Մատթ. 24։14) Իրե՛նք պէտք է ընտրեն, եւ զիրենք չենք զրկեր այդ իրաւունքէն։
Հարցումներ Հարցուցէք։ Մարդոց հետ տրամաբանելու մէջ Յիսուս հոյակապ օրինակ մը եղած է։ Ան նկատի կ’առնէր անոնց ենթահողը եւ այնպիսի օրինակներ կը գործածէր որ անոնք հեշտութեամբ ընդունէին։ Ան նաեւ ազդու կերպով հարցումներ գործածեց։ Ասիկա ուրիշներուն առիթ տուաւ որ արտայայտուին եւ յայտնեց թէ ի՛նչ ունին իրենց սրտին մէջ։ Անիկա նաեւ զիրենք քաջալերեց որ խօսուած նիւթին մասին տրամաբանեն։
Օրինական մը Յիսուսի հարցուց. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Յիսուս կրնար անմիջապէս պատասխանել. բայց մարդուն առիթ տուաւ որ արտայայտուի։ «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Մարդը շիտակ պատասխանեց։ Շիտակ պատասխանելով խօսակցութիւնը վերջ գտա՞ւ։ Ո՜չ։ Յիսուս ձգեց որ մարդը շարունակէ պատասխանել, իսկ անոր կողմէ հարցուած հարցում մը նշեց թէ ան կը ջանար ինքզինք արդարացնել։ Ան հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Փոխանակ սահմանելու թէ ընկերը ո՛վ էր՝ որուն համար մարդը հաւանաբար առարկէր հեթանոսներուն ու Սամարացիներուն հանդէպ Հրեաներուն ունեցած կեցուածքին պատճառաւ, Յիսուս անոր առիթ տուաւ որ առակի մը վրայ տրամաբանէ։ Անիկա բարեացակամ Սամարացիի մը մասին էր, որ օգնութեան փութաց ուղեւորի մը, որ կողոպտուած ու ծեծուած էր, մինչդեռ քահանայ մը ու Ղեւտացի մը ասիկա չըրին։ Պարզ հարցում մը հարցնելով, Յիսուս ստուգեց որ մարդը առակին նպատակը հասկցած էր։ Յիսուսի տրամաբանելու կերպը ձգեց որ «ընկեր» բառը բոլորովին նոր իմաստ մը ստանայ այս մարդուն համար։ (Ղուկ. 10։25-37) Մեզի համար ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Փոխանակ ամբողջ խօսակցութիւնը դուք վարելու, ձեր տանտիրոջ տեղ մտածելով, սորվեցէք փափկանկատ հարցումներ ու օրինակներ գործածել, քաջալերելով ձեր ունկնդիրը որ մտածէ։
Պատճառներ Տուէք։ Երբ Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի ժողովարանին մէջ կը խօսէր, ան միայն իր ունկնդիրներուն կողմէ ընդունուած աղբիւրէ մը կարդալով չբաւականացաւ։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ թէ Պօղոս իր կարդացածը բացատրեց, ապացուցանեց եւ կիրարկեց։ Որպէս արդիւնք, «ոմանք հաւատացին ու Պօղոսին եւ Շիղային հետ միացան»։—Գործք 17։1-4
Ձեր ունկնդիրներուն մէջ ո՛վ որ ալ գտնուի, այսպիսի տրամաբանական մօտեցում մը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Նոյնն է պարագան՝ երբ կը վկայէք ազգականներու, կը խօսիք գործընկերներու կամ դասընկերներու, հանրային վկայութեան ընթացքին կը խօսիք օտարականներու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, կամ ժողովքին մէջ դասախօսութիւն մը կու տաք։ Երբ համար մը կը կարդաք, անոր իմաստը կրնայ յստակ ըլլալ ձեզի, բայց ո՛չ՝ ուրիշի մը։ Ձեր բացատրութիւնը, կամ ըրած կիրարկումը կրնայ շատ վճռական հնչել։ Համարին կարգ մը բանալի արտայայտութիւնները անջատելն ու բացատրելը կրնա՞յ օգնել։ Կրնա՞ք նեցուկ կանգնող իրողութիւններ ներկայացնել, թերեւս բովանդակութենէն կամ ուրիշ համարէ մը, որ նիւթին հետ կապ ունի։ Օրինակ մը կրնա՞յ ցոյց տալ ձեր ըսածին տրամաբանական ըլլալը։ Հարցումները կրնա՞ն օգնել ձեր ունկնդիրներուն որ նիւթին շուրջ տրամաբանեն։ Այսպիսի տրամաբանական մօտեցում մը լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ եւ ուրիշներուն մտածելիք շատ բան կու տայ։