Ուսումնասիրութիւն 24
Բառերու Ընտրութիւն
ԲԱՌԵՐԸ հաղորդակցութեան զօրաւոր գործիքներ են։ Բայց մեր բառերը մասնայատուկ նպատակի մը ծառայելու համար, պէտք է զանոնք բծախնդրութեամբ ընտրենք։ Բառ մը որ յարմար է առիթի մը, կրնայ սխալ տպաւորութիւն ձգել ուրիշ պարագաներու։ Երբ անտեղի կերպով գործածուի, կատակով ըսուած խօսք մը կրնայ «խիստ խօսք» մը դառնալ։ Այսպիսի արտայայտութիւններու գործածութիւնը պարզապէս անխոհեմութիւն է եւ անփափկանկատութիւն կ’արտացոլացնէ։ Կարգ մը արտայայտութիւններ կրկին իմաստ ունին, որոնցմէ մէկը վիրաւորական կամ նուաստացուցիչ է։ (Առ. 12։18. 15։1) Միւս կողմէ, «աղէկ խօսքը»՝ քաջալերական խօսքը՝ ուրախութիւն կու տայ այն անհատին, որուն մեր խօսքը կ’ուղղենք։ (Առ. 12։25) Նոյնիսկ իմաստուն մէկը ջանք պէտք է թափէ շիտակ բառեր գտնելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Սողոմոն գիտակցեցաւ որ պէտք էր «ախորժելի խօսքեր» եւ «ճշմարիտ խօսքեր» փնտռէր։—Ժող. 12։10
Կարգ մը լեզուներու մէջ, որոշ արտայայտութիւններ կը գործածուին, երբ խօսքը կ’ուղղուի տարեցներու կամ հեղինակաւոր դիրք ունեցող անհատներու, իսկ ուրիշ արտայայտութիւններ՝ երբ խօսքը կ’ուղղուի հասակակիցներու կամ աւելի երիտասարդներու։ Վարուելակերպի այսպիսի կանոններ անտեսելը անքաղաքավարութիւն կը նկատուի։ Նաեւ անպատշաճ է ինքզինքին վերագրել յարգանքի կարգ մը արտայայտութիւններ, որոնք տեղական սովորութեան համաձայն, վերապահուած են ուրիշներու։ Պատիւ ցոյց տալու հարցին մէջ, Աստուածաշունչը օրէնքին կամ տեղական սովորութեանց կողմէ պահանջուածէն շատ աւելի բարձր չափանիշ մը կը դնէ։ Անիկա Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ «ամէնքը պատուեն»։ (Ա. Պետ. 2։17) Ասիկա սրտանց ընողները, ամէն տարիքի մարդոց հետ յարգանքով կը խօսին։
Անշուշտ, ճշմարիտ Քրիստոնեայ չեղողներէն շատեր կոշտ եւ ռամիկ լեզու մը կը գործածեն։ Թերեւս անոնք կը խորհին թէ կոշտ խօսակցութիւնը կշիռ կու տայ իրենց խօսքերուն։ Կամ զայն գործածելը կրնայ պարզապէս նշել թէ ցաւալիօրէն սահմանափակ բառամթերք մը ունին։ Եթէ անհատ մը սովորաբար այսպիսի լեզու մը կը գործածէր Եհովայի ճամբաները սորվելէ առաջ, այս սովորութենէն ձերբազատուիլը իրեն համար կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց անկարելի չէ։ Աստուծոյ հոգին կրնայ օգնել անհատին, որ իր խօսելակերպը փոխէ։ Սակայն, անհատը նաեւ պէտք է ուզէ բառամթերք մը կազմել, որ լաւ բառերով լեցուն է, բառեր՝ որոնք հաճելի եւ շինիչ են, ապա կանոնաւորաբար գործածէ զանոնք։—Հռովմ. 12։2. Եփ. 4։29. Կող. 3։8
Դիւրահասկնալի Լեզու։ Լաւ խօսակցութեան հիմնական պահանջներէն մէկն է՝ դիւրահասկնալի ըլլալը։ (Ա. Կորն. 14։9) Եթէ ձեր ունկնդիրները ձեր գործածած բառերը դիւրաւ չհասկնան, դուք անոնց համար օտար լեզու խօսողի մը նման կ’ըլլաք։
Կարգ մը բառեր որոշ արհեստի մը պատկանողներուն համար մասնայատուկ իմաստ մը ունին։ Անոնք կրնան այդ արտայայտութիւնները ամէն օր գործածել։ Բայց երբ դուք զանոնք սխալ տեղ գործածէք, անիկա կրնայ ձեր հաղորդակցութեան արգելք հանդիսանալ։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ երբ առօրեայ բառեր գործածէք, եթէ անտեղի մանրամասնութիւններով ծանրաբեռնէք ձեր խօսակցութիւնը, ձեր ունկնդիրները կրնան ուրիշ բանի վրայ սեւեռել իրենց միտքը։
Նկատառու դասախօս մը կ’ընտրէ այնպիսի բառեր, որոնք հասկնալի են նոյնիսկ սահմանափակ կրթութիւն ունեցողի մը համար։ Եհովան ընդօրինակելով, ան նկատառու կը գտնուի «համեստներուն» հանդէպ։ (Յոբ. 34։19, ՆԱ) Եթէ դասախօսը անծանօթ բառ մը գործածելու հարկը տեսնէ, այդ պարագային պարզ նախադասութիւններով անոր իմաստը պէտք է յստակացնէ։
Լաւ ընտրուած պարզ բառեր, աւելի ազդու կերպով կը փոխանցեն գաղափարները։ Կարճ նախադասութիւններն ու պարզ խօսքերը աւելի դիւրըմբռնելի են։ Անոնց միջեւ քանի մը աւելի երկար նախադասութիւններ կարելի է ցանցնել, որպէսզի դասախօսութիւնը կցկտուր չըլլայ։ Բայց պարզ բառեր եւ ամփոփ նախադասութիւններ ընտրեցէք այն միտքերուն համար, զորս կ’ուզէք որ ձեր ունկնդիրները յիշեն։
Այլազանութիւն եւ Արտայայտութեան Ճշգրտութիւն։ Լաւ բառերու պակաս չկայ։ Փոխանակ ամէն կացութեան համար նոյն արտայայտութիւնները գործածելու, այլազան բառեր գործածեցէք։ Այն ատեն ձեր դասախօսութիւնը հետաքրքրական եւ իմաստալից պիտի ըլլայ։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր բառամթերքը ընդարձակել։
Երբ կը կարդաք, ընդգծեցէք որեւէ բառ որ լիովին չէք հասկնար, եւ եթէ ձեր լեզուով բառարան մը ունիք՝ անոր մէջ փնտռեցէք անոր իմաստը։ Այսպիսի քանի մը բառեր ընտրեցէք եւ զանոնք յարմար առիթներով գործածելու մասնաւոր ջանք թափեցէք։ Ուշադիր եղէք որ շիտակ արտասանէք զանոնք ու գործածէք նիւթի մը մէջ որ դիւրահասկնալի ըլլան ու ո՛չ թէ անտեղիօրէն ուշադրութիւն գրաւեն։ Ձեր բառամթերքը ընդլայնելը այլազանութիւն պիտի տայ ձեր դասախօսութեան։ Բայց զգոյշ եղէք. երբ անհատ մը բառերը սխալ արտասանէ կամ գործածէ, դիմացինները կրնան եզրակացնել թէ ան իրապէս չի գիտեր թէ ինչ բանի մասին կը խօսի։
Մեր բառամթերքը ընդլայնելու նպատակը տեղեկութիւն տալ է ու ոչ թէ մեր ունկնդիրները տպաւորել է։ Բարդ խօսակցութիւնը եւ երկար բառերը ուշադրութիւնը դասախօսին վրայ կը դարձնեն։ Մեր փափաքը պէտք է ըլլայ արժէքաւոր տեղեկութիւն հաղորդել եւ զայն լսողներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Յիշեցէք Աստուածաշունչի առակը. «Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ»։ (Առ. 15։2) Լաւ բառերու գործածութիւնը, յարմար բառեր՝ որոնք դիւրահասկնալի են, կ’օգնէ որ մեր խօսակցութիւնը թարմացուցիչ ու ոգեւորիչ ըլլայ, փոխանակ ձանձրացուցիչ եւ անհետաքրքրական ըլլալու։
Մինչ ձեր բառամթերքը կ’ընդարձակէք, շիտակ բառեր գործածելու մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Երկու բառեր կրնան նոյնանման՝ բայց քիչ մը տարբեր նշանակութիւն ունենալ ու տարբեր պարագաներու գործածուիլ։ Եթէ ասոր ծանօթ ըլլաք, պիտի կարենաք աւելի յստակ խօսիլ եւ խուսափիլ ունկնդիրները վիրաւորելէ։ Լաւ խօսող անհատներուն ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք։ Կարգ մը բառարաններ իւրաքանչիւր բառի ներքեւ կու տան թէ՛ անոր հոմանիշները (բառեր որոնք իմաստով իրարու նման են, բայց ո՛չ ճիշդ նոյնը) եւ թէ հականիշները (բառեր որոնք հակառակ նշանակութիւն ունին)։ Այս կերպով ո՛չ միայն նոյն գաղափարին համար այլազան արտայայտութիւններ կրնաք գտնել, այլ նաեւ՝ իմաստի տարբեր նրբերանգներ։ Ասիկա շատ օգտակար է երբ մասնայատուկ պարագայի մը համար շիտակ բառը կը փնտռէք։ Ձեր բառամթերքին վրայ նոր բառ մը աւելցնելէ առաջ, վստահ եղէք որ գիտէք անոր իմաստը, արտասանութիւնը եւ ե՛րբ զայն գործածելը։
Մասնայատուկ արտայայտութիւնները աւելի յստակ պատկեր մը կը հաղորդեն, քան անոնք որ ընդհանրական են։ Դասախօս մը կրնայ ըսել. «Այդ ժամանակ, շատեր հիւանդացան»։ Կամ՝ կրնայ ըսել. «Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, քանի մը ամսուան մէջ շուրջ 21,000,000 անհատներ մեռան սպանական ինֆլուէնզայէն»։ Շատ մեծ է տարբերութիւնը, երբ դասախօսը յստակօրէն նշէ թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ «այդ ժամանակ», «շատեր» եւ «հիւանդացան» արտայայտութիւններով։ Այս կերպով արտայայտուիլը կը պահանջէ որ ձեր նիւթին հետ առնչուած իրողութիւններուն ծանօթ ըլլաք, ինչպէս նաեւ շիտակ բառեր ընտրէք։
Շիտակ բառը գործածելը կրնայ նաեւ օգնել որ ուղղակի կէտին գաք ամփոփ կերպով։ Շատախօսութիւնը կրնայ գաղափարները մութի մէջ ձգել։ Պարզութիւնը կ’օգնէ որ դիմացինները կարեւոր իրողութիւններ ըմբռնեն եւ իրենց միտքը պահեն։ Անիկա ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցելու կը նպաստէ։ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումը ուշագրաւ էր իր լեզուական պարզութեամբ։ Իրմէ սորվեցէ՛ք։ (Տես օրինակները, որոնք արձանագրուած են Մատթէոս 5։3-12 եւ Մարկոս 10։17-21–ի մէջ։) Ամփոփ ու լաւ ընտրուած բառերով արտայայտուիլը վարժութիւն դարձուցէք։
Ուժգնութիւն, Զգացում եւ Երանգ Հաղորդող Բառեր։ Մինչ ձեր բառամթերքը կ’ընդարձակէք, ոչ միայն նոր բառերու մասին մտածեցէք, այլ նաեւ՝ բառերու մասին, որոնք մասնայատուկ յատկանիշներ ունին։ Նկատի առէք զոր օրինակ, բայեր որոնք ուժգնութիւն կ’արտայայտեն. ածականներ՝ որոնք երանգ կը յայտնեն, եւ արտայայտութիւններ՝ որոնք ջերմութիւն ցոյց կու տան, որոշ քաղցրութիւն կը պարունակեն, կամ լրջութիւն կը հաղորդեն։
Աստուածաշունչը լեցուն է այսպիսի իմաստալից լեզուի օրինակներով։ Ամովս մարգարէին միջոցով, Եհովա հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Բարութիւն փնտռեցէ՛ք, ո՛չ թէ՝ չարութիւն . . . ։ Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք»։ (Ամովս. 5։14, 15) Սամուէլ մարգարէն Սաւուղ Թագաւորին ըսաւ. «Տէրը այսօր քու վրայէդ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պատռեց»։ (Ա. Թագ. 15։28) Երբ Եզեկիէլին կը խօսէր, Եհովա այնպիսի լեզու մը գործածեց որ դիւրաւ չի մոռցուիր։ Ան ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է»։ (Եզեկ. 3։7) Իսրայէլի յանցագործութեան լրջութիւնը շեշտելով, Եհովա հարցուց. «Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, որ դուք զիս կը կողոպտէք»։ (Մաղ. 3։8) Բաբելոնի մէջ հաւատքի փորձութիւն մը նկարագրելով, Դանիէլ վառ կերպով տեղեկագրեց թէ «Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ», քանի որ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով իր կանգնած արձանին երկրպագութիւն չըրին, ուստի ան հրամայեց որ զանոնք կապեն ու նետեն «բորբոքած կրակի հնոցին մէջ»։ Տաքութեան սաստկութեան անդրադարձնել տալու համար, Դանիէլ տեղեկագրեց թէ թագաւորը իր մարդոցը հրամայեց որ «հնոցը սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն». անիկա ա՛յնքան տաք էր որ երբ հնոցին մօտեցան, թագաւորին մարդիկը սպաննուեցան։ (Դան. 3։19-22) Իր մահուընէ քանի մը օր առաջ Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսելով, Յիսուս խոր զգացումով ըսաւ. «Քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։—Մատթ. 23։37, 38
Լաւ ընտրուած բառերը կրնան մտային վառ տպաւորութիւն ձգել ձեր ունկնդիրներուն վրայ։ Եթէ բառեր գործածէք, որոնք իրենց զգայարանքներուն կոչ կ’ընեն, ձեր ունկնդիրները պիտի «տեսնեն» եւ «շօշափեն» այն բաները, որոնց մասին կը խօսիք, պիտի «համտեսեն» ու «հոտոտան» այն կերակուրները, որոնց ակնարկութիւն կ’ընէք, եւ պիտի «լսեն» ձեր նկարագրած ձայները ու ձեր մէջբերած մարդոց։ Ձեր ունկնդիրները կլանուած պիտի ըլլան ձեր ըսած բանով, քանի որ իրենց կ’օգնէք որ զայն ձեզի հետ ապրին։
Վառ կերպով գաղափարներ հաղորդող բառերը կրնան պատճառ ըլլալ որ մարդիկ խնդան կամ լան։ Անոնք կրնան յոյս ներշնչել, վհատած անհատին մէջ ապրելու փափաք եւ իր Ստեղծիչին հանդէպ սէր յառաջացնելով։ Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ խորապէս ազդուած են այն յոյսէն, զոր Աստուածաշունչի կարգ մը համարներ կը հրամցնեն, ինչպէս՝ Սաղմոս 37։10, 11, 34. Յովհաննու 3։16. եւ Յայտնութիւն 21։4, 5–ը։
Մինչ Աստուածաշունչը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւնները կը կարդաք, բառերու ու խօսքերու ընդարձակ այլազանութիւն մը պիտի նկատէք։ (Մատթ. 24։45) Զանոնք տպագրուած էջերուն վրայ մի՛ ձգէք։ Ձեզի հաճելի եղողները ընտրեցէք եւ զանոնք ձեր առօրեայ բառամթերքին մէկ մասը դարձուցէք։
Քերականական Կանոններուն Համաձայն Եղող Խօսակցութիւն։ Ոմանք կ’անդրադառնան որ իրենց խօսակցութիւնը միշտ քերականական կանոններուն համապատասխան չէ։ Ի՞նչ կրնան ընել այս մասին։
Եթէ տակաւին դպրոցական էք, առիթէն օգտուելով լաւ քերականութիւն եւ բառերու լաւ ընտրութիւն սորվեցէք։ Եթէ քերականական որոշ կանոն մը լաւ չէք գիտեր, ձեր ուսուցիչին հարցուցէք։ Դուք ձեզ ազատելու չափ քերականութիւն սորվելով մի՛ գոհանաք։ Դուք միւս աշակերտներէն տարբեր շարժառիթ մը ունիք. բարի լուրի ազդեցիկ քարոզիչ մը կ’ուզէք ըլլալ։
Իսկ ի՞նչ կրնաք ընել եթէ հիմա աւելի մեծ էք եւ նախապէս կը խօսէիք լեզու մը որ հիմա ձեր գործածածէն տարբեր է։ Կամ՝ ձեր լեզուով դպրոցական կրթութիւն ունենալու առիթ չէք ունեցած։ Մի՛ յուսահատիք։ Ընդհակառակը, անկեղծօրէն ջանք թափեցէք բարելաւուելու համար, եւ ասիկա՝ բարի լուրի սիրոյն ըրէք։ Քերականութեան մասին շատ բան կը սորվինք ուրիշներուն խօսակցութիւնը մտիկ ընելով։ Ուստի, երբ փորձառու դասախօսներ կը խօսին՝ ուշադիր կերպով մտիկ ըրէք։ Երբ Աստուածաշունչ եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կը կարդաք, ուշադիր եղէք նախադասութեան կառոյցին, իրարու հետ գործածուած բառերուն եւ անոնց ի՛նչ պարագայի մէջ գործածուած ըլլալուն։ Այս լաւ օրինակներուն վրայ հիմնուելով կաղապարեցէք ձեր խօսակցութիւնը։
Ժողովրդական հաղորդավարներ եւ երգիչներ կրնան այնպիսի արտայայտութիւններ եւ խօսելակերպեր գործածել, որոնք քերականական կանոններու հակառակ են։ Մարդիկ յաճախ այսպիսի անհատներ ընդօրինակելու հակում ունին։ Թմրեցուցիչի վաճառականներ, եւ իրենց ամբողջ կեանքը ոճիրի կամ անբարոյութեան շուրջ դարձող ուրիշներ, յաճախ իրենց անձնական բառամթերքը ունին, բառերու տալով սահմանումներ, որոնք անոնց սովորական գործածութենէն շատ տարբեր են։ Իմաստութիւն չէ որ Քրիստոնեաներ այս անհատներէն ոեւէ մէկը ընդօրինակեն։ Ասիկա ընելը մեզ պիտի կցէ աշխարհի այդ տարրերուն եւ անոնց ապրելակերպին հետ։—Յովհ. 17։16
Ամէն օր լաւ կերպով խօսիլը վարժութիւն դարձուցէք։ Եթէ թոյլ տաք որ ձեր առօրեայ խօսակցութիւնը անփոյթ ըլլայ, մի՛ ակնկալէք որ կարենաք լաւ խօսիլ մասնաւոր առիթներով։ Բայց եթէ կեանքի սովորական պարագաներուն մէջ խօսակցական լաւ որակ մը գործածէք, ձեզի համար դիւրին ու բնական պիտի ըլլայ այդպէս խօսիլ բեմէն, կամ երբ ուրիշներու կը վկայէք ճշմարտութեան մասին։