Ուսումնասիրութիւն 45
Ուսուցանող Լուսաբանութիւններ/Օրինակներ
ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ եւ օրինակները ուսուցանելու զօրաւոր գործիքներ են։ Անոնք յաճախ ուշագրաւ ազդեցութեամբ ուշադրութիւնը իրենց կը դարձնեն ու զայն վառ կը պահեն։ Անոնք միտքը կը խթանեն։ Յոյզեր կը գրգռեն եւ այս կերպով կրնան խղճին ու սրտին հասնիլ։ Երբեմն լուսաբանութիւնները կրնան գործածուիլ կանխադատութիւն մը յաղթահարելու համար։ Անոնք յիշողութեան ալ կը նպաստեն։ Ձեր ուսուցումին մէջ կը գործածէ՞ք զանոնք։
Պատկերաւոր արտայայտութիւնները սովորաբար քանի մը բառերով ըսուած լուսաբանութիւններ են, բայց կրնան մտային վառ պատկերներ գծել։ Երբ անոնք բծախնդրութեամբ ընտրուին, արդէն ինքզինքնին կը բացատրեն։ Բայց ուսուցիչ մը կրնայ անոնց արժէքը ցցուն ընել, հակիրճ բացատրութիւն մը աւելցնելով։ Աստուածաշունչը լեցուն է օրինակներով, որոնցմէ կրնաք սորվիլ։
Նմանութիւններով եւ Փոխաբերութիւններով Սկսեցէք։ Նմանութիւնները պատկերաւոր արտայայտութեան ամենապարզ ձեւն են։ Եթէ տակաւին նոր կը սորվիք լուսաբանութիւններ գործածել, նմանութիւններով սկսիլը օգտաւէտ պիտի գտնէք։ Անոնց համար սովորաբար կը գործածուին «նման» կամ «պէս» բառերը։ Երբ կը բաղդատէք երկու բաներ, որոնք իրարմէ բաւական տարբեր են, նմանութիւնները ցցուն կ’ընեն անոնց ունեցած հասարակաց եզրը։ Աստուածաշունչը լեցուն է պատկերաւոր արտայայտութիւններով, որոնց մէջ գործածուած են ստեղծուած բաներ՝ բոյսեր, անասուններ եւ երկնային մարմիններ՝ ինչպէս նաեւ մարդկային փորձառութիւն։ Սաղմոս 1։3–ի մէջ, ըսուած է որ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը կարդացող անհատ մը «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս» է, ծառ մը որ պտղաբեր է եւ չի չորնար։ Ըսուած է որ ամբարիշտը «առիւծ»ի մը կը նմանի, որ որսը բռնելու համար դարանակալ կը սպասէ։ (Սաղմ. 10։9) Եհովա խոստացաւ Աբրահամի որ իր սերունդը «երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս» բազմաթիւ պիտի ըլլար։ (Ծննդ. 22։17) Իր եւ Իսրայէլ ազգին միջեւ կարելի դարձուցած սերտ յարաբերութեան մասին, Եհովա ըսաւ. «Ինչպէս մարդը գօտին իր մէջքը կը կապէ», այնպէս Ինք պատճառ եղաւ որ Իսրայէլն ու Յուդան իրեն կառչին։—Երեմ. 13։11
Փոխաբերութիւնները երկու շատ տարբեր բաներու միջեւ նմանութիւ նը ցցուն կ’ընեն։ Բայց փոխաբերութիւնը աւելի ուժեղ է։ Անիկա այնպէս կը խօսի որպէս թէ բան մը՝ ուրիշ բան մըն է, եւ այս կերպով բանէ մը կարգ մը յատկութիւններ առնելով ուրիշի մը կու տայ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը»։ (Մատթ. 5։14) Անզուսպ խօսակցութեան վնասները նկարագրելու համար, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Լեզուն ալ կրակ մըն է»։ (Յակ. 3։6) Դաւիթ երգեց Եհովայի. «Իմ Վէմս ու բերդս դուն ես»։ (Սաղմ. 31։3) Լաւ ընտրուած փոխաբերութիւն մը սովորաբար բնաւ՝ կամ շատ քիչ բացատրութիւն կ’ուզէ։ Անոր ազդեցութիւնը իր համառօտութեան մէջ է։ Փոխաբերութիւնը կրնայ օգնել ձեր ունկնդիրներուն որ կէտ մը յիշեն այնպիսի կերպով մը, որ պարզապէս իրողութիւնը ներկայացնելը չի կրնար ասիկա իրագործել։
Բացայայտ չափազանցութիւնը խոհեմութեամբ պէտք է գործածել, ապա թէ ոչ կրնայ սխալ հասկցուիլ։ Յիսուս այս պատկերաւոր արտայայտութիւնը գործածեց անմոռանալի պատկեր մը գծելու համար, երբ հարցուց. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր»։ (Մատթ. 7։3) Այս կամ այլ կերպի պատկերաւոր արտայայտութիւն մը գործածելէ առաջ, սորվեցէք նմանութիւնը եւ փոխաբերութիւնը ազդու կերպով գործածել։
Օրինակներ Գործածեցէք։ Փոխանակ պատկերաւոր արտայայտութիւն մը գործածելու, որպէս ուսուցումի օգնական կրնաք օրինակներ գործածել, ըլլան հնարովի պատմութիւններ, թէ իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ։ Ասոնք սովորաբար կրնան չափազանցուիլ, ուստի պէտք է խոհեմութեամբ գործածուին։ Այսպիսի օրինակներ պէտք է գործածուին միայն թիկունք կանգնելու այն կէտերուն, որոնք իրապէս կարեւոր են, եւ պէտք է այնպիսի կերպով ներկայացուին, որ անոնցմէ քաղուած դասը յիշուի ու ո՛չ թէ պատմութիւնը։
Թէեւ պայման չէ որ բոլոր օրինակները իրական իրադարձութիւններ ըլլան, բայց անոնք իրական կեանքէ առնուած կացութիւններ կամ վիճակներ պէտք է արտացոլացնեն։ Ուստի, երբ կը սորվեցնէր թէ զղջացող մեղաւորները ի՛նչպէս պէտք էր նկատուէին, Յիսուս իր կէտը լուսաբանեց, խօսելով իր կորսուած ոչխարը գտած մարդու մը ուրախութեան մասին։ (Ղուկ. 15։1-7) Պատասխանելով մարդու մը, որ Օրէնքին ըսած դրացիդ սիրէ պատուէրը լիովին չէր ըմբռնած, Յիսուս պատմութիւն մը պատմեց Սամարացիի մը մասին, որ օգնեց վիրաւոր մարդու մը, որուն անտեսած էին քահանայ մը ու Ղեւտացի մը։ (Ղուկ. 10։30-37) Եթէ մարդոց կեցուածքներն ու արարքները մօտէն դիտող մը ըլլաք, դուք ալ կրնաք ուսուցումի այս կերպը ազդու կերպով գործածել։
Նաթան մարգարէն Դաւիթը յանդիմանելու համար երեւակայական պատմութիւն մը հիւսեց։ Պատմութիւնը ազդու էր, քանի որ անիկա առաջքը առաւ կացութեան մը, որ կրնար Դաւիթը ինքնարդարացումի մղել։ Պատմութիւնը՝ շատ ոչխարներ ունեցող հարուստ մարդու մը եւ շատ խնամքով մեծցուցած միայն մէկ էգ գառնուկ ունեցող աղքատ մարդու մը մասին էր։ Դաւիթ հովիւ մը եղած էր, ուստի կը հասկնար այդ գառնուկին տիրոջ զգացումը։ Այդ աղքատ մարդուն սիրելի եղող գառնուկը առնող հարուստ մարդուն դէմ Դաւիթ արդարացի բարկութեամբ հակազդեց։ Այն ատեն Նաթան առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ Դաւիթին. «Այդ մարդը դո՛ւն ես»։ Դաւիթ զգացուեցաւ եւ անկեղծօրէն զղջաց։ (Բ. Թագ. 12։1-14) Վարժութեամբ՝ դուք ալ կրնաք սորվիլ զգացական հարցեր գրաւիչ կերպով ձեռք առնել։
Ուսուցանելու համար արժէք ներկայացնող բազմաթիւ օրինակներ կրնաք քաղել Սուրբ Գրքին մէջ արձանագրուած դէպքերէն։ Յիսուս ասիկա ըրաւ քանի մը բառերով, երբ ըսաւ. «Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը»։ (Ղուկ. 17։32) Երբ իր ներկայութեան նշանը կը մանրամասնէր, Յիսուս «Նոյի օրեր»ուն ակնարկութիւն ըրաւ։ (Մատթ. 24։37-39) Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ 16 այրեր ու կիներ իրենց անուններով յիշեց, որպէս հաւատքի տիպարներ։ Երբ աւելի մօտէն ծանօթանաք Աստուածաշունչին, դուք ալ կրնաք ազդեցիկ օրինակներ քաղել Սուրբ Գրքի էջերուն մէջ յիշուած դէպքերէն եւ մարդոցմէ։—Հռովմ. 15։4. Ա. Կորն. 10։11
Երբեմն թերեւս օգտակար գտնէք ուսուցումի կէտ մը աւելի ազդու դարձնել իրական կեանքէ առնուած արդի փորձառութեամբ մը։ Բայց երբ ասիկա կ’ընէք, ուշադիր եղէք որ գործածէք միայն այնպիսի փորձառութիւններ, որոնք ստուգուած են եւ զգուշանաք անոնցմէ, որոնք անտեղիօրէն կրնան ունկնդիրներէն մէկը նեղ կացութեան մատնել, կամ ուշադրութիւնը դարձնել ձեր բնաբանին հետ կապ չունեցող հակաճառելի նիւթի մը վրայ։ Նաեւ, մի՛ մոռնաք որ փորձառութիւնը պէտք է նպատակի մը ծառայէ։ Մի՛ պատմէք անհարկի մանրամասնութիւններ, որոնք ձեր ներկայացման նպատակէն կը շեղեցնեն ուշադրութիւնը։
Հասկնալի Պիտի Ըլլա՞յ։ Ի՛նչ լուսաբանութիւն կամ օրինակ որ գործածէք, անիկա որոշ նպատակի մը պէտք է ծառայէ։ Ասիկա իրագործած կ’ըլլա՞ք եթէ նկատի առնուած նիւթին հետ անոր կիրարկումը չընէք։
Իր աշակերտներուն ակնարկելէ ետք որպէս «աշխարհի լոյսը», Յիսուս քանի մը ակնարկութիւն ըրաւ ճրագին գործածութեան կերպին եւ ասոր իրենց վրայ դրած պատասխանատուութեան մասին։ (Մատթ. 5։15, 16) Կորսուած ոչխարի մասին իր օրինակէն ետք խօսեցաւ զղջացող մեղաւորի մը համար երկնքի մէջ եղած ուրախութեան մասին։ (Ղուկ. 15։7) Իսկ բարի Սամարացիին մասին իր պատմութիւնը տալէ ետք, Յիսուս իրեն մտիկ ընողին շեշտակի հարցում մը հարցուց, ապա ուղղակի խրատ մը տուաւ։ (Ղուկ. 10։36, 37) Միւս կողմէ, Յիսուս տարբեր հողերու եւ արտին մէջ ցանուած որոմի մասին իր առակները բացատրեց ո՛չ թէ ամբոխին, հապա միայն անոնց, որոնք բաւարար հեզութիւն ունէին բացատրութիւն խնդրելու։ (Մատթ. 13։1-30, 36-43) Իր մահուընէ երեք օր առաջ, Յիսուս առակ մը տուաւ այգիի ատելավառ մշակներու մասին։ Ան ասոր կիրարկումը չըրաւ. հարկ չտեսաւ ընելու։ «Քահանայապետները եւ փարիսեցիները . . . իմացան որ իրենց համար կ’ըսէր»։ (Մատթ. 21։33-45) Ուստի, գործածուած լուսաբանութեան բնոյթը, ունկնդիրներուն կեցուածքը եւ ձեր նպատակը պիտի որոշեն թէ կիրարկումը պէ՞տք է ընէք թէ ոչ, եւ եթէ այո՝ ո՛րքանով։
Ազդու լուսաբանութիւններ ու օրինակներ գործածելու կարողութիւն մշակելը ժամանակ կը պահանջէ, բայց թափուած ջանքը իրապէս կ’արժէ։ Լաւ ընտրուած օրինակներ միտքն ու սիրտը գործի կը լծեն։ Որպէս արդիւնք, պատգամը ազդու կերպով կը փոխանցուի, ինչ որ յաճախ կարելի չէ իրողութիւնը պարզապէս ներկայացնելով։