Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ‘Խթանի դէմ կից կը զարնէ՞ք’
    Դիտարան 2003 | Հոկտեմբեր 1
    • ‘Խթանի դէմ կից կը զարնէ՞ք’

      ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ժամանակներուն խթանը,– սովորաբար սրածայր՝ երկար գաւազան մը,– կը գործածուէր բեռնատար անասունները մշտելու եւ ուղղելու համար։ Եթէ անասունը յամառօրէն խթանի հարուածներուն ընդդիմանար, զայն հրելով, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլար։ Փոխանակ հանգստանալու, ինքզինքին ցաւ կը պատճառէր։

      Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս խթաններու մասին խօսեցաւ, երբ Սօղոս անունով մարդու մը երեւցաւ, որ ճամբայ ելած էր Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք ձերբակալելու համար։ Կուրցնող լոյսի մը ընդմէջէն, Սօղոս Յիսուսի ձայնը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել»։ Քրիստոնեաներուն հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունենալով, Սօղոս իրականութեան մէջ Աստուծոյ դէմ կը կռուէր, ընթացքի մը հետեւելով որ միայն իրեն վնաս կը հասցնէր։—Գործք 26։14

      Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ անդիտումնաւոր կերպով ‘խթանի դէմ կից զարնենք’։ Աստուածաշունչը «իմաստուններուն խօսքերը» խթաններու կը նմանցնէ, որոնք մեզ կը խթանեն շիտակ ուղղութեամբ յառաջանալու համար։ (Ժողովողի 12։11) Եթէ թոյլ տանք, Աստուծոյ Խօսքին ներշնչեալ խրատները կրնան մեզ խթանել եւ շիտակ ուղղութեամբ առաջնորդել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Անոր խթանումներուն ընդդիմանալը կրնայ միայն մեզի վնաս հասցնել։

      Սօղոս Յիսուսի խօսքերուն անսաց, իր ընթացքը փոխեց եւ սիրելի Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալը եղաւ։ Եթէ աստուածային խրատներուն անսանք, մենք ալ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելենք։—Առակաց 3։1-6

  • Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞ք
    Դիտարան 2003 | Հոկտեմբեր 1
    • Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞ք

      Նոյնիսկ այս տագնապալից աշխարհին մէջ կրնաք ուրախութիւն գտնել, Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով՝ Աստուծոյ, իր Թագաւորութեան եւ մարդկութեան նկատմամբ իր հոյակապ նպատակին մասին։ Եթէ յաւելեալ տեղեկութիւններ կ’ուզէք ունենալ, կամ եթէ կը փափաքիք որ անհատ մը ձեզի այցելէ, ձեզի հետ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար, հաճեցէք գրել Եհովայի Վկաներու հետեւեալ հասցէին. 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483, կամ՝ 2–րդ էջի վրայ գտնուած ձեզի յարմար հասցէի մը։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել