Ապաստանի քաղաքները. Աստուծոյ բարեգութ կարգադրութիւնը
«Այս վեց քաղաքները ... ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի»։—ԹՈՒՈՑ 35։15
1. Կեանքի ու արիւնապարտութեան նկատմամբ ի՞նչ է Աստուծոյ տեսակէտը։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդուն կեանքը սրբազան կը նկատէ։ Իսկ կեանքը՝ արեան մէջ է։ (Ղեւտացւոց 17։11, 14) Հետեւաբար Կայէն, երկրի վրայ ծնած առաջին մարդը, արիւնապարտ եղաւ, իր եղբայրը՝ Աբէլը՝ սպաննելով։ Այսուհետեւ, Աստուած ըսաւ Կայէնի. «Քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ»։ Այդ մարդասպանութեան ընթացքին հողը արատաւորող արիւնը լռելեայն՝ բայց որոշապէս՝ կը վկայէր որ կեանք մը վայրագօրէն խլուած էր։ Աբէլի արիւնը, վրէժխնդրութեան համար Աստուծոյ կը բողոքէր։—Ծննդոց 4։4–11
2. Եհովա կեանքի հանդէպ իր յարգանքը ինչպէ՞ս շեշտեց Ջրհեղեղէն ետք։
2 Արդար Նոյ եւ իր ընտանիքը համերկրային ջրհեղեղէն վերապրելով տապանէն դուրս ելլելէ ետք, Աստուած շեշտեց թէ մարդկային կեանքի հանդէպ յարգանք ունէր։ Այդ ժամանակ, Եհովա մարդոց սննդառութեան մէջ անասնական միս աւելցուց, բայց ոչ՝ արիւնը։ Ան նաեւ ըսաւ. «Անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն ու ամէն մարդու ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն։ Մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի պահանջեմ։ Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը»։ (Ծննդոց 9։5, 6) Այս պարագային, Եհովա իրաւունք կու տար սպաննուողին ամենամօտ ազգականին, որ մարդասպանը մեռցնէր՝ եթէ անոր հանդիպէր։—Թուոց 35։19
3. Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչ շեշտ դրաւ կեանքի սրբութեան վրայ։
3 Մովսէս մարգարէին միջոցով Իսրայէլի տրուած Օրէնքին մէջ, կեանքին սրբազան ըլլալը կրկնակիօրէն շեշտուած էր։ Օրինակ, Աստուած պատուիրեց. «Սպաննութիւն մի՛ ըներ»։ (Ելից (20։13) Կեանքի հանդէպ յարգանքը կը տեսնուէր նաեւ ինչ որ Մովսիսական Օրէնքը կ’ըսէր յղի կնոջ մը պատահած մահացու արկածի մասին։ Օրէնքը կը նշէր որ եթէ երկու հոգիի միջեւ տեղի ունեցող կռիւի մը ընթացքին, կինը կամ անոր անծին զաւակը մահացու արկածի զոհ երթար, դատաւորները պէտք էր կշռէին պարագաները եւ ո՛ր աստիճան կամայական ըլլալը, իսկ պատիժը կրնար՝ «անձի տեղ անձ», կամ կեանքի տեղ՝ կեանք, ըլլալ։ (Ելից 21։22–25) Բայց, Իսրայելացի մարդասպան մը, իր վայրագ արարքին համար պատժուելէ կրնա՞ր խուսափիլ։
Մարդասպաննե՞րու Համար Ապաստանարան
4. Անցեալին, Իսրայելէ դուրս, ապաստանի ի՞նչ վայրեր գոյութիւն ունէին։
4 Ի բացառեալ Իսրայելէ, ուրիշ ազգերու մէջ մարդասպաններու եւ ուրիշ ոճրագործներու ապաստանարան կը շնորհուէր։ Անոնցմէ մէկն էր հին Եփեսոսի մէջ Արտեմիս չաստուածուհիին տաճարը։ Այսպիսի վայրերու մասին ըսուած է. «Կարգ մը սրբավայրեր, ոճրագործներու բոյն էր. յաճախ ապաստանարաններուն թիւը սահմանափակելու հարկը կը տեսնուէր։ Միայն Աթէնքի մէջ կարգ մը սրբավայրեր օրինաւորապէս ընդունուեցաւ որպէս ապաստանարաններ (ինչպէս Թէսէոսի տաճարը՝ գերիներուն համար)։ Տիփերիոսի ժամանակ, սրբավայրերու մէջ ոճրագործներու ժողովքները ա՛յնքան վտանգաւոր դարձան, որ Ապաստանարանի իրաւունք տրուեցաւ միայն քանի մը քաղաքներու (22 թուականին)»։ (The Jewish Encyclopedia, 1909, Հատոր Բ. էջ 256) Հետագային, Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները որպէս ապաստանարաններ ծառայեցին, բայց ասիկա քաղաքացիական հեղինակութիւններէն լիազօրութիւնը առնելով՝ քահանայութեան տուաւ, ինչ որ արդարադատութեան կիրարկման դէմ գործեց։ Այս ապաստանարաններուն եղծանումը պատճառ եղաւ որ անոնց վերջ դրուի։
5. Ի՞նչ ապացոյց կայ որ Օրէնքը անուշադրութեան չքմեղանքը չէր ընդուներ ողորմութիւն ձեռք ձգելու համար, երբ մարդասպանութիւն մը կատարուած էր։
5 Իսրայելացիներուն մէջ, կամայական մարդասպաններուն ապաստանարան չէր տրուեր։ Նոյնիսկ Աստուծոյ խորանին ծառայող Ղեւտացի մը կը տարուէր եւ կը մեռցուէր, եթէ սպաննութիւն մը դաւադրած ըլլար։ (Ելից 21։12–14) Ասկէ զատ, եթէ անհատ մը սպաննուած էր, Օրէնքը թոյլ չէր տար որ անուշադրութիւնը որպէս չքմեղանք գործածուէր ողորմութիւն ձեռք ձգելու համար։ Օրինակի համար, մարդ մը իր նոր տան տանիքին չորս կողմը շրջապատ պէտք էր շինէր։ Ապա թէ ոչ, եթէ մէկը տանիքէն իյնար ու մեռնէր, այդ տունը արիւնապարտ կ’ըլլար։ (Բ. Օրինաց 22։8) Ուրիշ պարագայ մը. եթէ եզ մը սովորութիւն ունէր կոտոշներով զարնելու ու տէրը կանխազգուշացուած էր, բայց անասունը կապուած չէր պահած, երբ անիկա մէկը սպաննէր, եզին տէրը արիւնապարտ ըլլալով՝ կը մեռցուէր։ (Ելից 21։28–32) Կեանքի հանդէպ Աստուծոյ բարձր չափանիշը տակաւին կը տեսնուէր անով, որ անհատ մը մարդասպան կը համարուէր, եթէ մահացու հարուած մը տար ցորեկ ատեն գողութիւն ընողի մը, որու կրնար տեսնել ու ճանչնալ։ (Ելից 22։2, 3) Բացայայտ էր, ուրեմն, որ Աստուծոյ կատարելապէս հաւասարակշռուած կանոնները, թոյլ չէին տար որ կամաւոր մարդասպան մը մահապատիժէ խուսափէր։
6. Վաղեմի Իսրայէլի մէջ «կեանքի տեղ կեանք» օրէնքը ինչպէ՞ս կը գործադրուէր։
6 Եթէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ մարդասպանութիւն մը գործուէր, զոհին արեան վրէժը պէտք էր առնուէր։ ‘Կեանքի տեղ կեանք’ օրէնքը գոհացում կը ստանար, երբ մարդասպանը «արեան վրէժխնդր»ին կողմէ սպաննուէր։ (Թուոց 35։19) Վրէժխնդիրը՝ սպանուողին ամենամօտիկ արու ազգականը կ’ըլլար։ Բայց սխալմամբ մարդ մեռցնողին համար ի՞նչ էր պարագան։
Եհովայի Բարեգութ Կարգադրութիւնը
7. Աստուած ի՞նչ կարգադրութիւն ըրած էր սխալմամբ մարդ սպաննողներուն համար։
7 Աստուած սիրալիր կերպով ապաստանի քաղաքներ կարգադրած էր անոնց համար, որոնք արկածով կամ սխալմամբ անհատ մը սպաննած էին։ Անոնց մասին Մովսէսի ըսուեցաւ. «Իսրայէլի որդիներուն խօսի՛ր ու անոնց ըսէ՛. Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցնիք, ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէսզի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։ Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէսզի սպաննողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։ Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։ Քաղաքներէն երեքը Յորդանանի ասդիի կողմը եւ միւս երեքը Քանանի երկրին մէջ թող ըլլան, որպէս ապաստանի քաղաքներ։ Այս վեց քաղաքները ... ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի»։—Թուոց 35։9–15
8. Ապաստանի քաղաքները ո՞ւր կը գտնուէին եւ սխալմամբ մարդ սպաննողներուն ի՞նչ օգնութիւն կը տրուէր հոն հասնելու համար։
8 Երբ Իսրայելացիները Աւետեաց Երկիրը մտան, անոնք հնազանդելով ապաստանի վեց քաղաքներ որոշեցին։ Այդ քաղաքներէն երեքը՝ Կադէսը, Սիւքէմը եւ Քեբրոնը՝ Յորդանան Գետին արեւմտեան կողմը կը գտնուէին։ Իսկ Գովղանը, Ռամովթը եւ Բոսորը՝ Յորդանանի արեւելեան կողմը կը գտնուէին։ Ապաստանի վեց քաղաքները յարմարութեամբ տեղաւորուած էին, լաւ վիճակի մէջ պահուած ճամբաներով։ Այդ ճամբաներուն եզերքը, յարմար տեղեր, «ապաստան» բառը կրող նշանակներ կային։ Այս նշանակները ապաստանի քաղաքներուն ուղղութիւնը կը նշէին, որպէսզի սխալմամբ մարդ սպաննողը, իր կեանքը ազատելու համար ամենէն մօտիկ քաղաքը փախչէր։ Հոն արեան վրիժառուէն պաշտպանութիւն կրնար գտնել։—Յեսուայ 20։2–9
9. Եհովա ինչո՞ւ ապաստանի քաղաքներ հայթայթեց եւ անոնք որոնց օգտին համար էին։
9 Աստուած ինչո՞ւ ապաստանի քաղաքներ հայթայթած էր։ Որպէսզի երկիրը անմեղ արիւնով չպղծուէր եւ ժողովուրդը արիւնապարտ չըլլար։ (Բ. Օրինաց 19։10) Ապաստանի քաղաքներէն որո՞նք կ’օգտուէին։ Օրէնքը կ’ըսէր. «Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցէ՝ հոն պիտի փախչի»։ (Թուոց 35։15) Ուստի, ողորմած գտնուելով հանդերձ, տեղին ըլլալով եւ արդարութեան ծառայելու նպատակաւ, Եհովա Իսրայելացիներուն պատուիրեց որ քաղաքներ զատեն սխալմամբ մարդ սպաննողին համար, անիկա ըլլայ (1) ծագումով Իսրայելացի, (2) Իսրայէլի մէջ բնակող օտարական կամ (3) ուրիշ երկրէ եկած պանդուխտ։
10. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ ապաստանի քաղաքները Աստուծոյ կողմէ բարեգութ կարգադրութիւն մըն էին։
10 Նկատողութեան արժանի է այն իրողութիւնը, որ նոյնիսկ սխալմամբ մարդ սպաննողը մահուան արժանի էր, ըստ աստուածային հետեւեալ պատուէրին. «Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի»։ Հետեւաբար, միմիայն Եհովա Աստուծոյ բարեգութ կարգադրութեան միջոցաւ է որ սխալմամբ մարդ սպաննողը կրնար ապաստանի քաղաքները փախչիլ։ Ըստ երեւոյթին, ընդհանրապէս մարդիկ կարեկցութիւն ցոյց կու տային արեան վրէժխնդիրէն փախչողին հանդէպ, քանի որ բոլորն ալ կը գիտակցէին որ իրենք ալ կրնան անդիտումնաւոր կերպով նոյնանման մեղք մը գործել եւ ապաստանի ու ողորմութեան կարիքը ունենալ։
Ապաստանի Համար Փախչիլ
11. Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, անհատ մը ի՞նչ կրնար ընել, եթէ արկածով իր գործակիցը սպաննէր։
11 Օրինակ մը տանք, որ հաւանաբար ձեր գնահատութիւնը աւելցնէ, ապաստանի համար Աստուծոյ բարեգութ կարգադրութեան հանդէպ։ Երեւակայեցէք որ դուք վաղեմի Իսրայէլի մէջ փայտ կը կտրէիք։ Ենթադրենք որ կացինը իր կոթէն փրթելով ձեր գործակիցին մահացու հարուած մը տուաւ։ Ի՞նչ պիտի ընէիք։ Օրէնքը ճիշդ այս պարագային համար կարգադրութիւն մը ըրած էր։ Անկասկած, աստուածատուր այս կարգադրութենէն պիտի օգտուէիք. «Մարդասպանին [ապաստանի քաղաքները] փախչելու կանոնը այս է։ Մարդ մը եթէ նախապէս թշնամութիւն չունենալով, անգիտակցաբար դրացին մեռցնէ՝ զոր օրինակ՝ եթէ մէկը իր դրացիին հետ անտառը երթայ փայտ կտրելու համար ու տապարը վերցուցած ատեն երկաթը կոթէն դուրս ցատկելով դրացիին հանդիպի եւ զանիկա մեռցնէ, անիկա պէտք է այս քաղաքներէն մէկը փախչի, որպէսզի ապրի»։ (Բ. Օրինաց 19։4, 5) Սակայն, նոյնիսկ երբ ապաստանի քաղաք մը հասնէիք, պատահածին հանդէպ բոլորովին անպատասխանատու չէիք համարուէր։
12. Սխալմամբ մարդ սպաննող մը ապաստանի քաղաք մը հասնելէ ետք, ի՞նչ քայլեր կ’առնուէին։
12 Նոյնիսկ երբ ձեզի հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տրուէր, ձեր պարագան պէտք էր բացատրէիք ապաստանի քաղաքին դուռը գտնուող երէցներուն։ Քաղաք մտնելէ ետք, ձեզ ետ կը ղրկէին սպաննութիւնը կատարուած քաղաքի շրջանին մէջ օրինական իշխանութիւն ունեցող երէցներուն առջեւ, որոնք քաղաքին դուռը Իսրայէլի ժողովքը կը ներկայացնէին։ Հոն, ձեր անմեղութիւնը փաստելու պատեհութիւն կը տրուէր ձեզի։
Մարդասպաններուն Դատը
13, 14. Մարդասպանի մը դատը տեսնելու ընթացքին, երէցները ո՞ր բաներէն կ’ուզէին վստահ ըլլալ։
13 Օրինական իշխանութիւն ունեցող քաղաքին դուռը գտնուող երէցներուն առջեւ դատուելու ընթացքին, անկասկած երախտագիտութեամբ պիտի նկատէիք որ շատ կարեւորութիւն կը տրուի ձեր նախկին վարքին։ Երէցները ուշադիր կերպով կը կշռեն զոհին հետ ձեր ունեցած յարաբերութիւնը։ Արդեօք այդ մարդուն հանդէպ ատելութիւն ունէի՞ք, դարանակալ կը սպասէի՞ք անոր, դիտումնաւոր կերպով մահացու հարուած մը տուի՞ք։ Եթէ այո, երէցները ձեզի կը յանձնէին արեան վրէժխնդրին ու կը սպաննուէիք։ Այդ պատասխանատու մարդիկը գիտէին որ Օրէնքը կը պահանջէր ‘Իսրայէլի մէջէն անմեղ արիւնը վերցնել’։ (Բ. Օրինաց 19։11–13) Նոյն կերպով, ներկայիս դատական արարքներով զբաղող Քրիստոնեայ երէցները պէտք է լաւ գիտնան Սուրբ Գրութիւնները, անոնց համաձայն վարուին, յանցագործին նախկին վարքն ու բարքը հաշուի առնելով։
14 Քաղաքին երէցները ազնւօրէն զննելով, պիտի փորձէին գիտնալ թէ արդեօք ձեր զոհը դարանամուտ կը սպասէի՞ք։ (Ելից 21։12, 13) Տեղ մը պահուըտելով, անոր վրայ յարձակեցա՞ք։ (Բ. Օրինաց 27։24) Արդեօք այդ անհատին հանդէպ այդքան զայրացած էիք որ խորամանկ կերպե՞րու դիմեցիք զինք սպաննելու համար։ Եթէ պարագան այս էր, ուրեմն մահուան արժանի էիք։ (Ելից 21։14) Երէցները մասնաւորաբար պէտք ունէին գիտնալու որ ձեր ու զոհին միջեւ թշնամութիւն կամ ատելութիւն կար թէ ոչ։ (Բ. Օրինաց 19։4, 6, 7. Յեսուայ 20։5) Ըսենք որ երէցները ձեզ անմեղ գտան եւ վերադարձուցին ապաստանի քաղաքը։ Որքա՜ն երախտապարտ պիտի ըլլայիք ցոյց տրուած ողորմութեան հանդէպ։
Կեանքը՝ Ապաստանի Քաղաքին մէջ
15. Սխալմամբ մարդ սպաննողէն ի՞նչ բաներ պահանջուած էին։
15 Սխալմամբ մարդ սպաննողը ապաստանի քաղաքին մէջ, կամ անոր պարիսպէն մինչեւ հազար կանգուն շրջանի մը մէջ պէտք էր մնար։ (Թուոց 35։2–4) Եթէ այդ կէտէն անդին անցնէր, ան կրնար արեան վրէժխնդրին հանդիպիլ։ Այդ պարագային, վրէժխնդիրը կրնար այդ մարդասպանը սպաննել ու անպատիժ մնալ։ Սակայն մարդասպանը շղթայուած կամ բանտարկուած չէր։ Որպէս ապաստանի քաղաքի բնակիչ, ան արհեստ մը պէտք էր սորվէր, աշխատէր եւ ընկերութեան մէջ պիտանի մէկը ըլլար։
16. (ա) Սխալմամբ մարդ սպաննողը որքա՞ն ժամանակ պէտք էր մնար ապաստանի քաղաքին մէջ։ (բ) Քահանայապետին մահը ինչո՞ւ կարելի կը դարձնէր որ մարդասպանը ապաստանի քաղաքը ձգէր։
16 Սխալմամբ մարդ սպաննողը որքա՞ն ժամանակ պիտի մնար ապաստանի քաղաքին մէջ։ Հաւանաբար մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Ամենայնդէպս, Օրէնքը կը նշէր. «Սպաննողը իր ապաստան քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր, բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը միայն իր սեփական երկիրը կրնայ դառնալ»։ (Թուոց 35։26–28) Քահանայապետին մահը ինչո՞ւ թոյլ պիտի տար որ սխալմամբ մարդ սպաննողը ապաստանի քաղաքը ձգէր։ Քանի որ քահանայապետը ազգին ամենէն կարկառուն անձնաւորութիւններէն մէկն էր։ Անոր մահը ա՛յնքան կարեւոր դէպք մըն էր որ Իսրայէլի բոլոր ցեղերը զայն կ’իմանային։ Այդ ատեն, ապաստանի քաղաքներուն մէջ գտնուած բոլոր ապաստանեալները կրնային վերադառնալ իրենց տուները, առանց արեան վրէժխնդիրէն վախնալու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ Օրէնքը կը պատուիրէր որ մարդասպանը սպաննելու վրէժխնդրին պատեհութիւնը վերջ կը գտնէր քահանայապետին մահով, եւ ամէն մարդ գիտէր ասիկա։ Եթէ անկէ ետք մօտիկ ազգականը մահուան վրէժ առնէր, այդ պարագային ինք մարդասպան կը նկատուէր եւ անոր պատիժը կը կրէր։
Մնայուն Ազդեցութիւններ
17. Սխալմամբ մարդ սպաննողին վրայ դրուած հաւանական զրկումները ի՞նչ էին։
17 Սխալմամբ մարդ սպաննողին վրայ դրուած կարգ մը զրկումներուն հաւանական ազդեցութիւնները ի՞նչ էին։ Անոնք իրեն կը յիշեցնէին որ մէկու մը մահուան պատճառ եղած էր։ Հաւանաբար, անկէ ետք ան մարդկային կեանքը սրբազան պիտի նկատէր։ Բայց մանաւանդ, ան բնաւ պիտի չմոռնար որ իրեն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տրուեցաւ։ Իրեն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տրուելով, վստահաբար ինքն ալ պիտի ուզէր ուրիշներուն հետ նոյնպէս վարուիլ։ Ապաստանի քաղաքներու կարգադրութիւնը եւ անոր մէջի զրկումները, ընդհանուր մարդոց ալ օգտակար էին։ Ինչպէ՞ս։ Անիկա վստահաբար մարդկային կեանքի հանդէպ անհոգ կամ անտարբեր չըլլալու կարեւորութիւնը ցոյց կու տար անոնց։ Հետեւաբար, Քրիստոնեաներն ալ պէտք է զգուշանան անհոգութենէ, որ կրնայ արկածով մահ պատճառել։ Դարձեալ, ապաստանի քաղաքներու Աստուծոյ բարեգութ կարգադրութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ մենք ալ ողորմած ըլլանք, երբ ասիկա ընելու արդարացի պատճառ ունինք։—Յակոբու 2։13
18. Ապաստանի քաղաքներու Աստուծոյ կարգադրութիւնը ի՞նչ կերպերով օգտաշատ էր։
18 Ապաստանի քաղաքներու Եհովա Աստուծոյ կարգադրութիւնը, ուրիշ կերպերով ալ օգտաշատ էր։ Մարդիկ, դատը ըլլալէն առաջ, կարծեցեալ յանցաւոր մարդասպանը չէին հետապնդեր։ Զայն դիտումնաւոր մարդասպան մը չնկատելով, նոյնիսկ անոր ապահովութեան կ’օգնէին։ Ասկէ զատ, ապաստանի քաղաքներու կարգադրութիւնը, մարդասպանները բանտարկելու ներկայ կարգադրութիւններուն ճիշդ հակառակն էին, ուր հանրութեան կողմէ նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան, եւ յաճախ ուրիշ յանցագործներու հետ սերտ շփում ունենալով, աւելի վատ ոճրագործներ կը դառնան։ Ապաստանի քաղաքներու դրութեամբ, հարկ չկար թանկօրէն պատուած եւ երկաթէ ձողեր ունեցող բանտերու կառուցման, ուրկէ բանտարկեալները յաճախ կը փորձեն փախչիլ։ Իրականութեան մէջ, մարդասպանը ի՛նք «բանտը» կը փնտռէր եւ որոշ ատեն հոն կը մնար։ Ան նաեւ պէտք էր աշխատէր, իր ընկեր արարածներուն համար օգտակար բան մը ընելով։
19. Ապաստանի քաղաքներու առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
19 Ա՛րդարեւ, Եհովայի կողմէ բարեգութ կարգադրութիւն մըն էր, Իսրայէլի մէջ սխալմամբ մարդ սպաննողերը պաշտպանող ապաստանի քաղաքները։ Այս կարգադրութիւնը վստահաբար կեանքի հանդէպ յարգանք կը քաջալերէր։ Սակայն, վաղեմի ապաստանի քաղաքները իմաստ մը ունի՞ն Ի. դարուն ապրող ահատներուն համար։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովա Աստուծոյ առջեւ արիւնապարտ ենք եւ չենք գիտակցիր որ իր բարեգթութեան կարիքը ունինք։ Իսրայէլի ապաստանի քաղաքները որեւէ արդի նշանակութիւն մը ունի՞ն։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք
◻ Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ մարդկային կեանքը։
◻ Աստուած ի՞նչ բարեգութ կարգադրութիւն ըրաւ սխալմամբ մարդ սպաննողներուն համար։
◻ Մարդասպան մը ինչպէ՞ս կրնար ապաստանի քաղաք մը մտնել եւ ո՞րքան ժամանակ հոն կը մնար։
◻ Սխալմամբ մարդ սպաննողին վրայ դրուած զրկումները հաւանական ի՞նչ ազդեցութիւն կրնային ունենալ։
[Քարտէս՝ էջ 23]
Իսրայէլի ապաստանի քաղաքները պատշաճօրէն ցրուած էին
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
ԿԱԴԷՍ
ԳՈՎՂԱ
ՍԻՒՔԷՄ
ՌԱՄՈՎԹ
ՔԵԲՐՈՆ
ԲՈՍՈՐ
Յորդանան Գետը