-
Խոհե՞մ էքԴիտարան 2000 | Հոկտեմբեր 1
-
-
Խոհե՞մ էք
ԵՐԲ Իսրայէլի վրայ դատաւորներ կը կարգէր, Մովսէս ջանաց «իմաստուն ու խոհեմ եւ փորձառու մարդիկ» գտնել։ (Բ. Օրինաց 1։13, ՆԱ) Տարիներու ընթացքին ձեռք ձգուած փորձառութիւնը միակ դատանիշը չէր։ Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնն ալ կարեւոր էին։
Խոհեմ անհատ մը, խօսքով ու վարքով առողջ դատողութիւն ցոյց կու տայ։ Ըստ Ուէպսթըրի Իններորդ Քոլէճական Նոր Բառարան–ին, խոհեմ անհատը նաեւ «զգուշաւոր կերպով լռութիւն պահելու կարող է»։ Այո, «խօսելու ժամանակ» կայ եւ «լռելու ժամանակ» կայ, եւ խոհեմ անհատը կը գնահատէ ասոնց տարբերութիւնը։ (Ժողովողի 3։7) Յաճախ, լուռ կենալու լաւ պատճառ կայ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի [«խոհեմ», ՆԱ] է»։—Առակաց 10։19
Քրիստոնեաները կը ջանան իրարու հետ իրենց գործառնութեանց մէջ խոհեմութեամբ վարուիլ։ Ամենէն յաճախակի խօսողը կամ ամենէն ուժգին խօսողը, միշտ ալ ամենակարեւոր կամ ամենէն էական անձնաւորութիւնը չէ։ Մի՛ մոռնաք, որ Մովսէս «զօրաւոր էր իր խօսքերովը», սակայն, չկրցաւ Իսրայէլ ազգը ազդու կերպով առաջնորդել, մինչեւ որ համբերութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն մշակէր։ (Գործք 7։22) Հետեւաբար, անոնց որ ուրիշներու վրայ հեղինակութիւն ունենալու պատասխանատուութիւն յանձնուած է, յատկապէս պէտք է ջանան համեստ ըլլալ եւ ենթարկուելու հոգի մը ցուցաբերեն։—Առակաց 11։2
Անոնք որոնք Յիսուս Քրիստոս «իր բոլոր ունեցածին վրայ» կեցուցած է, Աստուծոյ Խօսքին մէջ նկարագրուած են որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն [«խոհեմ», ՆԱ] ծառայ»։ (Մատթէոս 24։45-47) Անոնք քմահաճոյքէ մղուած անհամեստօրէն Եհովայէ առաջ չեն անցնիր. ոչ ալ կը տնտնան՝ երբ հարցի մը մէջ Աստուծոյ ուղղութիւնը բացայայտ ըլլայ։ Անոնք գիտեն թէ ե՛րբ է խօսելու ժամանակը եւ ե՛րբ է յաւելեալ լուսաբանութեան համար լռութեամբ սպասելու ժամանակը։ Լաւ է որ բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ո՛չ միայն անոնց հաւատքը ընդօրինակեն, այլ նաեւ՝ ծառայ դասակարգին նման խոհեմ ըլլան։—Եբրայեցիս 13։7
-
-
Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞քԴիտարան 2000 | Հոկտեմբեր 1
-
-
Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞ք
Նոյնիսկ այս տագնապալից աշխարհին մէջ կրնաք ուրախութիւն գտնել, Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով՝ Աստուծոյ, իր Թագաւորութեան եւ մարդկութեան նկատմամբ իր հոյակապ նպատակին մասին։ Եթէ յաւելեալ տեղեկութիւններ կ’ուզէք ունենալ, կամ եթէ կը փափաքիք որ անհատ մը ձեզի այցելէ, ձեր հետ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար, հաճեցէք գրել հետեւեալ հասցէին. Watchtower, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483, կամ՝ 2–րդ էջի վրայ գտնուած ձեզի յարմար հասցէի մը։
-