Ուսումնասիրութիւն 32
Համոզումով Արտայայտուիլ
ԵՐԲ անհատ մը համոզումով խօսի, դիմացինները կը տեսնեն որ ինք իրապէս կը հաւատայ իր ըսածներուն։ Պօղոս առաքեալի ծառայութեան մէջ այս համոզումը բացայայտ էր։ Թեսաղոնիկէի մէջ հաւատացեալ եղողներուն ան գրեց. «Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա՝ . . . ստուգութեամբ [«զօրաւոր համոզումով», ՆԱ]»։ (Ա. Թես. 1։5) Այդ համոզումը բացորոշ էր թէ՛ իր խօսելակերպին եւ թէ իր ապրելակերպին մէջ։ Զօրաւոր համոզումը պէտք է նկատուի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններու մեր ներկայացման մէջ ալ։
Համոզում արտայայտելը չի նշանակեր յամառ, իր խօսքին վրայ պնդող կամ ամբարտաւան ըլլալ։ Հապա, երբ համոզում ունեցող անհատ մը Աստուծոյ Խօսքէն խօսի, ա՛յնպէս կը խօսի որ զօրաւոր հաւատք ցոյց կու տայ։—Եբր. 11։1
Համոզում Արտայայտելու Առիթներ։ Դաշտի ծառայութեան մէջ կարեւոր է համոզումով խօսիլ։ Յաճախ մարդիկ նոյնքան ուշադրութիւն կ’ընեն ձեր պատգամին, որքան՝ ձեր կերպին։ Անոնք կը զգան թէ ձեր ըսածին հանդէպ ի՛նչ է ձեր զգացումը։ Ձեր համոզումը՝ խօսքերէն աւելի զօրաւոր կերպով կը հաղորդէ, թէ դուք շատ արժէքաւոր բան մը կ’ուզէք բաժնել։
Երբ ձեր ունկնդիրները հաւատակիցներ են, դարձեալ պէտք է համոզումով արտայայտուիք։ Պետրոս առաքեալ իր ներշնչեալ առաջին նամակը գրեց, ‘յորդորելու ու վկայելու թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը’։ Անոր մէջ, ան եղբայրները քաջալերեց որ ‘հաստատ կենան’։ (Ա. Պետ. 5։12) Երբ Հռովմի ժողովքին կը գրէր, Պօղոս առաքեալ համոզում արտայայտեց, որ անոնց օգտակար եղաւ։ Ան գրեց. «Ես հաստատ գիտեմ [«համոզուած եմ», Անթիլիաս] թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է»։ (Հռովմ. 8։38, 39) Պօղոս ուրիշներուն քարոզելու անհրաժեշտութեան մասին ալ համոզումով գրեց, եւ այդ գործունէութեան մէջ իր նախանձախնդրութիւնը յստակօրէն կ’ապացուցանէր որ ինք անձնապէս համոզուած էր թէ անիկա կարեւոր էր։ (Գործք 20։18-21. Հռովմ. 10։9, 13-15) Ներկայիս, Քրիստոնեայ երէցներն ալ նոյնանման համոզում մը պէտք է յայտնաբերեն, երբ Աստուծոյ Խօսքէն կ’ուսուցանեն։
Ուսումնասիրութեանց ընթացքին եւ ուրիշ ժամանակներ, ծնողներ համոզումով պէտք է արտայայտուին, երբ հոգեւոր բաներու մասին կը խօսին իրենց զաւակներուն հետ։ Ասիկա կը պահանջէ որ ծնողներ Աստուծոյ ու իր ճամբաներուն հանդէպ սէր մշակեն իրենց սրտին մէջ։ Այն ատեն է որ անոնք կրնան անկեղծ համոզումով խօսիլ իրենց զաւակներուն հետ, «վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկ. 6։45. Բ. Օր. 6։5-7) Այսպիսի համոզում ունենալը ծնողները պիտի դրդէ որ «անկեղծ հաւատք»ի օրինակ ալ հանդիսանան։—Բ. Տիմ. 1։5
Համոզումով խօսիլը մասնաւորաբար կարեւոր է, երբ ձեր հաւատքը հարցականի տակ կը դրուի։ Դասընկեր մը, ուսուցիչ մը կամ գործընկեր մը թերեւս զարմանք յայտնէ որ որոշ տօնակատարութեան մը չէք մասնակցիր։ Հաստատ, տրամաբանութեամբ լեցուն պատասխան մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ձեր դիրքը յարգէ։ Իսկ ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ անհատ մը փորձէ ձեզ հրապուրել որ սխալ վարք մը ունենաք՝ անպարկեշտութիւն, թմրեցուցիչի գործածութիւն կամ սեռային անբարոյութիւն։ Կարեւոր է յստակօրէն պարզել որ դուք բնա՛ւ այսպիսի վարքի մը միջամուխ պիտի չըլլաք, եւ թէ համոզելու ո՛չ մէկ ջանք կրնայ ձեր միտքը փոխել։ Ասիկա կը պահանջէ որ համոզումով խօսիք, երբ առաջարկը կը մերժէք։ Երբ Պետափրէսի կնոջ անբարոյ առաջարկին ընդդիմացաւ, Յովսէփ հաստատօրէն նշեց. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ Երբ կինը յարատեւեց, Յովսէփ տունէն փախաւ։—Ծննդ. 39։9, 12
Համոզումը Ի՛նչպէս կը Ցուցաբերուի։ Ձեր գործածած բառերը մեծ դեր կը խաղան ձեր համոզումը հաղորդելու մէջ։ Շատ առիթներով, Յիսուս կարեւոր ըսելիքները կանխեց, ըսելով՝ «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի»։ (Յովհ. 3։3, 5, 11. 5։19, 24, 25) Պօղոսի համոզումը կ’արտացոլար հետեւեալ արտայայտութիւններով. «Համոզուած եմ», «գիտեմ ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով», եւ՝ «ճշմարիտ կ’ըսեմ . . . եւ սուտ չեմ խօսիր»։ (Հռովմ. 8։38, Անթիլիաս. 14։14. Ա. Տիմ. 2։7) Իր խօսքին կատարման նկատմամբ, Եհովա երբեմն կը ներշնչէր իր մարգարէները, որպէսզի հետեւեալին նման զօրաւոր արտայայտութիւններ ընէին՝ «անշուշտ պիտի իրականանայ»։ (Ամբ. 2։3, ՆԱ) Երբ այս մարգարէութիւններուն ակնարկութիւն կ’ընէք, նոյնանման լեզու մը կրնաք գործածել։ Եթէ ձեր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնէք, փոխանակ ձեր անձին վրայ դնելու, եւ եթէ ուրիշներուն հետ յարգալից կերպով խօսիք, նոյնանման համոզում արտացոլացնող արտայայտութիւններ պիտի ապացուցանեն որ դուք զօրաւոր հաւատք ունիք։
Համոզումը կրնայ տեսնուիլ նաեւ ձեր արտայայտութիւններուն անկեղծութենէն եւ ուժգնութենէն։ Ձեր դէմքի արտայայտութիւնները, շարժուձեւերը եւ ձեր մարմնին կեցուածքը, բոլորն ալ կը նպաստեն ասոր, թէեւ անձէ անձ ասիկա կրնայ տարբերիլ։ Նոյնիսկ երբ բնաւորութեամբ ամչկոտ կամ մեղմ խօսող մըն էք, երբ լիովին համոզուած ըլլաք թէ ինչ որ կ’ըսէք ճշմարտութիւն է եւ թէ ուրիշները պէտք է լսեն զայն, ձեր համոզումը բացայայտ կ’ըլլայ։
Անշուշտ, համոզումի որեւէ արտայայտութիւն որ կ’ընենք, անկեղծ պէտք է ըլլայ։ Եթէ մարդիկ զգան որ կը ձեւացնենք սրտանց խօսիլ, անոնք հաւանաբար եզրակացնեն որ մեր պատգամը շատ գործնական արժէք մը չունի։ Ուստի ամէն բանէ առաջ, բնական եղէք։ Ձեր ունկնդիրներուն չափէն կախեալ ըլլալով, թերեւս հարկը տեսնէք աւելի բարձր ձայնածաւալով եւ աւելի ուժգին խօսիլ։ Բայց ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ անկեղծօրէն եւ բնականօրէն արտայայտուիլ։
Համոզում Արտայայտելու Օժանդակող Բաներ։ Քանի որ ձեր համոզումը նիւթին նկատմամբ ձեր զգացումներուն հետ կապ ունի, լաւ պատրաստութիւնը յաջողութեան բանալին է։ Գրականութենէ մը նիւթ մը պարզապէս ընդօրինակելն ու զայն կրկնելը բաւարար չեն։ Պէտք է նիւթը յստակօրէն հասկնաք եւ կարող ըլլաք ձեր բառերով արտայայտուիլ։ Լիովին համոզուած պէտք է ըլլաք որ անիկա ճիշդ է եւ ինչ որ կ’ըսէք մեծ արժէք ունի ձեր ունկնդիրներուն համար։ Ասիկա կը նշանակէ թէ երբ ձեր ներկայացումը կը պատրաստէք, հաշուի կ’առնէք անոնց պարագաները, ինչպէս նաեւ նիւթին մասին անոնց արդէն ունեցած տեղեկութիւնը, կամ անոր հանդէպ իրենց զգացումը։
Դիմացինները աւելի հեշտութեամբ կը զգան մեր համոզումը, երբ սահուն կերպով կը խօսինք։ Ուստի, լաւ նիւթ պատրաստելէ զատ, զայն ներկայացնելու կերպին վրայ ալ ծանր աշխատեցէք։ Մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեցէք ձեր նիւթին այն մասերուն, որոնք աւելի մեծ անկեղծութիւն կը պահանջեն, որպէսզի կարենաք առանց ձեր նոթերուն կապուելու անոնց մասին խօսիլ։ Մի՛ մոռնաք նաեւ ձեր ջանքերուն վրայ Եհովայի օրհնութիւնը խնդրել։ Այս կերպով ‘համարձակութիւն պիտի ունենաք Աստուծմով’ այնպիսի կերպով խօսելու, որ ձեր պատգամին ճշգրտութեան ու կարեւորութեան հանդէպ ձեր համոզումը կ’արտացոլացնէ։—Ա. Թես. 2։2