Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 1 էջ 4
  • Ստեղծիչը մարդուն դրախտ մը կը պարգեւէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ստեղծիչը մարդուն դրախտ մը կը պարգեւէ
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞վ ստեղծեց ձեզ
    Երկրի վրայ կեանքը յաւիտեան վայելեցէ՛ք
  • Մարդկային առաջին զոյգէն կրնանք սորվիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Դրախտը կը կորսուի
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 1 էջ 4
Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզին մէջ, անասուններով շրջապատուած

ՄԱՍ 1

Ստեղծիչը մարդուն դրախտ մը կը պարգեւէ

Աստուած կը ստեղծէ տիեզերքը եւ երկրի վրայ կեանքը։ Ան կը ստեղծէ կատարեալ տղամարդ մը եւ կին մը, զանոնք կը դնէ գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ եւ պատուէրներ կու տայ որ անոնց հնազանդին։

Առիւծներ, թռչուններ, եւ եղնիկներ Եդեմի պարտէզին մէջ

«ՍԿԻԶԲԷՆ Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Կ’ըսուի թէ այս խօսքերը մինչեւ օրս գրուած ամէնէն նշանաւոր բացման խօսքերն են։ Այս պարզ ու հիանալի նախադասութեամբ, Աստուածաշունչը մեզի կը ծանօթացնէ իր գրութիւններուն մէջ նշուած կարեւորագոյն Անձը,– ամենակալ Աստուածը՝ Եհովան։ Այս համարը կը բացայայտէ, թէ Աստուա՛ծ ստեղծեց անհուն տիեզերքը, ներառեալ՝ մեր մոլորակը։ Յաջորդ համարները կը բացատրեն, թէ շարք մը երկար ժամանակամիջոցներու մէջ, որոնք այլաբանօրէն օրեր կը կոչուին, Աստուած մեր երկրագունդը պատրաստեց բնակութեան համար, բնութեան բոլոր հրաշալիքները ստեղծելով։

Երկրի վրայ Աստուծոյ մեծագոյն ստեղծագործութիւնը մարդն էր։ Ահաւասիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած արարած մը, որ կարող էր Եհովայի յատկութիւնները արտացոլել, ինչպէս՝ սէր եւ իմաստութիւն։ Աստուած մարդը երկրի հողէն շինեց եւ կոչեց Ադամ, ապա զինք դրաւ դրախտի մը մէջ, որ Եդեմի պարտէզ կը կոչուի։ Աստուած անձնապէս մշակեց այդ պարտէզը եւ անոր մէջ գեղեցիկ ու պտղատու ծառեր տնկեց։

Աստուած կարիքը տեսաւ որ մարդը ընկերակից մը ունենար։ Ուստի Ադամի կողի ոսկորներէն մէկը գործածելով, Ան կին մը շինեց եւ զայն բերաւ Ադամի որպէս անոր կողակիցը. կինը Եւա կոչուեցաւ։ Ոգեւորուելով՝ Ադամ ոտանաւոր մը յօրինեց, որ կ’ըսէ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է»։ Աստուած լուսաբանեց. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծննդոց 2։22-24. 3։20)։

Աստուած Ադամին ու Եւային երկու պատուէր տուաւ։ Առաջին, ան անոնց ըսաւ, որ իրենց երկրային տունը մշակեն, հոգ տանին եւ ի վերջոյ զայն իրենց սերունդով լեցնեն։ Երկրորդ, ան անոնց պատուիրեց, որ այդ ընդարձակ պարտէզին բոլո՜ր ծառերուն մէջէն միայն մէկին՝ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ»ին պտուղէն չուտեն (Ծննդոց 2։17)։ Եթէ չհնազանդէին, պիտի մեռնէին։ Այս պատուէրներով, Աստուած մարդկային առաջին զոյգին առիթ մը տուաւ, որ ցոյց տար թէ կ’ընդունէր իր իշխանութիւնը։ Անոնց հնազանդութիւնը նաեւ ցոյց պիտի տար անոնց սէրն ու երախտագիտութիւնը։ Անոնք ամէն պատճառ ունէին իր սիրալիր իշխանութիւնը ընդունելու։ Այդ կատարեալ մարդիկը թերութիւն մը չունէին։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։31)։

Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 1 եւ 2։

  • Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ մարդոց եւ անոնց երկրային բնակավայրին ստեղծագործութիւնը։

  • Աստուած ինչպիսի՞ կեանք մը պարգեւեց Ադամին ու Եւային։

  • Աստուած ի՞նչ պատուէրներ տուաւ մարդկային առաջին զոյգին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ վերաբերեալ զանազան տիտղոսներ կը գործածէ, ինչպէս՝ Ստեղծիչ եւ Ամենակարող Աստուած։ Այս տիտղոսներէն ոմանք կը շեշտեն Աստուծոյ յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր սրբութիւնը, զօրութիւնը, արդարութիւնը, իմաստութիւնն ու սէրը։ Սակայն Աստուած ինքն իրեն համար իւրայատուկ անուն մը տուած է, որ է՝ Եհովա։ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ, Աստուծոյ անունը շուրջ 7000 անգամ կ’երեւնայ. առաջինը Ծննդոց 2։4–ին մէջ։ Եհովա անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Ասիկա գիտնալը մխիթարական է, որովհետեւ, ըստ իր անուան նշանակութեան, Աստուած կրնայ իր բոլոր նպատակները իրագործել եւ իր բոլոր խոստումները կատարել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել