Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 12/1 էջ 3
  • Պատշա՞ճ է Աստուծոյ հարցնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատշա՞ճ է Աստուծոյ հարցնել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամբարիշտը տակաւին ո՞րքան ժամանակ ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Եհովային վստահէ եւ յաւիտեան ապրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Մեր փրկութեան Աստուծմով ուրախանանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 12/1 էջ 3

Պատշա՞ճ է Աստուծոյ հարցնել

ՈՄԱՆՔ կ’ըսեն թէ Աստուծոյ հարցումներ ուղղելը սխալ է։ Անոնք թերեւս խորհին թէ անյարգալից է Աստուծոյ հարցնել, թէ ինչո՛ւ որոշ բաներ կը թոյլատրէ կամ չի թոյլատրեր։

Եթէ համաձայն ես անոնց հետ, թերեւս զարմանաս գիտնալով որ շատ մը բարեպաշտ մարդիկ Աստուծոյ հարցումներ ուղղեցին։ Նկատի առ կարգ մը հարցումները։

Հաւատարիմ Յոբ. «Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին, կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան» (Յոբ 21։7)։

Հաւատարիմ Ամբակում մարգարէն. «Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս, երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես» (Ամբակում 1։13)։

Յիսուս Քրիստոս. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր» (Մատթէոս 27։46)։

Եթէ այս մէջբերումներուն բովանդակութեան նայիս, պիտի չնշմարես տեղ մը, ուր կ’ըսէ թէ Եհովա Աստուած այս անկեղծ հարցումներէն բարկացաւ։ Իրապէս, զարմանալի չէ իր հանդուրժողական ըլլալը։ Օրինակ, Աստուած անարգուած չի զգար, երբ իրմէ ֆիզիքական, հիմնական պէտքեր կը խնդրենք՝ առողջ մարմին ունենալու համար։ Ան ամենայն ուրախութեամբ կը շնորհէ այդպիսի խնդրանքներ (Մատթէոս 6։11, 33)։ Նմանապէս, ան յօժարակամօրէն տեղեկութիւններ կու տայ, որոնց միջոցով կրնանք մտային եւ զգացական առողջութիւն պահպանել (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք» (Մատթէոս 7։7)։ Յիսուսի խոստումին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան ոչ միայն նիւթական բաներ ձեռք ձգելու մասին կը խօսէր, հապա՝ կարեւոր հարցումներու պատասխանները առնելու մասին ալ։

Եթէ առիթը ունենայիր, սա հարցումներէն ո՞ր մէկը կ’ուզէիր հարցնել Աստուծոյ։

● Կեանքս նպատակ մը ունի՞։

● Ինծի ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ մեռնիմ։

● Ինչո՞ւ թոյլ կու տաս որ տառապիմ։

Որո՛վհետեւ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է», այս հարցումներուն պատասխանները պիտի գտնես իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Նկատի առնենք երկու բաներ. թէ ի՛նչը ոմանց մղած է վերոնշեալ հարցումները ուղղելու, եւ թէ Աստուածաշո՛ւնչը ինչ կը պատասխանէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել