-
Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս վերագտնուեցաւՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 3
Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս վերագտնուեցաւ
Աստուածաշունչի Աշակերտներ, 1870–ական թուականներուն
Դիտարան–ի առաջին թիւը, 1879
Դիտարան–ը ներկայիս
Աստուածաշունչը մարգարէացաւ թէ Քրիստոսի մահէն ետք, սուտ վարդապետներ նախկին քրիստոնեաներուն մէջ պիտի ելլէին եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը աղաւաղէին (Գործք 20։29, 30)։ Ժամանակի ընթացքին, ճիշդ ասիկա է որ պատահեցաւ։ Անոնք Յիսուսի ուսուցումները հեթանոսական կրօնական գաղափարներու հետ խառնեցին, եւ կեղծ քրիստոնէութիւն մը զարգացաւ (Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ ներկայիս ճիշդ կերպով կը հասկնանք, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։
Ժամանակը եկաւ որ Եհովան ճշմարտութիւնը յայտնէ։ Ան կանխագուշակեց, թէ «վերջին ժամանակը. . . [«ճշմարիտ», ՆԱ] գիտութիւնը պիտի շատնայ» (Դանիէլ 12։4)։ 1870–ին, ճշմարտութիւնը փնտռող պզտիկ խումբ մը գիտակցեցաւ, թէ բազմաթիւ եկեղեցական վարդապետութիւններ աստուածաշնչական չէին։ Հետեւաբար, անոնք սկսան ջանալ Աստուածաշունչի բուն ուսուցումները հասկնալ, եւ Եհովան զիրենք օրհնեց՝ հոգեւոր հասկացողութիւն տալով։
Անկեղծ տղամարդիկ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ ուսումնասիրեցին։ Այդ լուրջ Աստուածաշունչի Աշակերտները, մեր նախորդները, դիմեցին ուսումնասիրութեան մեթոտի մը, որ մինչեւ օրս կը գործածենք։ Անոնք Աստուածաշունչը նիւթ առ նիւթ քննարկեցին։ Երբ դժուարահասկնալի հատուածի մը կը հանդիպէին, զայն բացատրող այլ համարներ կը փնտռէին։ Երբ կը հասնէին եզրակացութեան մը, որ Սուրբ Գրութիւններուն մնացեալ մասերուն հետ ներդաշնակ էր, զայն գրի կ’առնէին։ Այսպէս թոյլ տալով որ Աստուածաշունչը ինքզինք մեկնաբանէ, անոնք վերագտան ճշմարտութիւնը Աստուծոյ անուան եւ Թագաւորութեան մասին, մարդկութեան եւ երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին, մեռելներու վիճակին եւ յարութեան յոյսին մասին։ Անոնց որոնումը զիրենք բազմաթիւ սուտ հաւատալիքներէ եւ սովորութիւններէ ազատեց (Յովհաննէս 8։31, 32)։
1879–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները արդէն գիտակցած էին, որ ժամանակը եկած էր ճշմարտութիւնը ընդարձակօրէն յայտարարելու։ Այդ տարին, անոնք սկսան արտադրել այն պարբերաթերթը, որ մինչեւ օրս կը հրատարակենք՝ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Այժմ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը բաժնենք մարդոց հետ 240 երկիրներու մէջ եւ շուրջ 750 լեզուներով։ Արդարեւ, ճշմարիտ գիտելիքները աննախընթաց կերպով առա՛տ են։
Քրիստոսի մահէն ետք, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ի՞նչ պատահեցաւ։
Ի՞նչ բան մեզ կարող դարձուցած է որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը վերագտնենք։
-
-
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը արտադրած ենքՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 4
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը արտադրած ենք
Քոնկօ (Քինշասա)
Ռուանտա
Սիմմակոսի պատառիկը՝ որ աստուածային անունը կը բովանդակէ Սաղմոս 69։31–ի մէջ, Ք.Ե. երրորդ կամ չորրորդ դար
Տասնամեակներ շարունակ, Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններ գործածեցին, տպեցին եւ բաշխեցին։ Սակայն, յետոյ նկատեցինք թէ կարիք կայ արտադրելու նոր թարգմանութիւն մը, որ աւելի լաւ կերպով մարդոց պիտի օգնէր ‘ճշմարտութիւնը ճանչնալու’, ինչ որ Աստուծոյ կամքն է (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Այսպէս, 1950–ին, սկսանք մաս առ մաս հրատարակել արդի լեզուով գրուած Աստուածաշունչը՝ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն։ Այս Աստուածաշունչը ճշգրիտ կերպով թարգմանուած է աւելի քան 130 լեզուներուa։
Դիւրահասկնալի Աստուածաշունչի մը կարիք կար։ Լեզուները ժամանակի ընթացքին կը փոխուին, եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ կը բովանդակեն աղօտ կամ անգործածական արտայայտութիւններ, որոնք դժուարահասկնալի են։ Նաեւ, յայտնաբերուած են հին ձեռագիրներ, որոնք աւելի ճշգրիտ են ե՛ւ սկզբնական ձեռագիրներուն աւելի մօտիկ են, աստուածաշնչական եբրայերէն, արամերէն եւ յունարէն լեզուները աւելի հասկնալի դարձնելով։
Աստուծոյ պատգամին հաւատարիմ եղող թարգմանութեան մը կարիք կար։ Փոխանակ Աստուծմէ ներշնչուած գրութիւններուն հետ իրենց ազատութիւնը առնելու, Աստուածաշունչի թարգմանիչները անոր բնագիրին հաւատարիմ պէտք է մնան։ Սակայն, թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը չի՛ գործածեր աստուածային անունը՝ Եհովա։
Վարկը իր Հեղինակին տուող Աստուածաշունչի մը կարիք կար (Բ. Թագաւորաց 23։2)։ Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, Եհովայի անունը ետ դրուեցաւ ո՛ւր որ ամէնէն հին ձեռագիրներուն մէջ շուրջ 7000 անգամ կը նշուի, ինչպէս որ վարի օրինակը ցոյց կու տայ (Սաղմոս 83։18)։ Տարիներու ժրաջան պրպտումի արդիւնքն է՝ թէ այս Աստուածաշունչը կարդալու հաճելի է, քանի որ յստակ կերպով Աստուծոյ մտածումը կը հաղորդէ։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը քու լեզուովդ ունի՛ս կամ ոչ, քեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի Խօսքը ամէն օր կարդալու լաւ սովորութիւնը ունենաս (Յեսու 1։8. Սաղմոս 1։2, 3)։
Ինչո՞ւ որոշեցինք որ Աստուածաշունչի նոր թարգմանութեան մը կարիք կար։
Առօրեայ ո՞ր սովորութիւնը օգտակար է ամէն անհատի որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքին մասին սորվիլ։
a Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը տակաւին արեւմտահայերէնով լոյս չէ տեսած։ Բայց եւ այնպէս, կրնաս քու գիտցած մէկ լեզուով անկէ օգտուիլ։
-