-
Մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս կը գրուին ու կը թարգմանուինՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 23
Մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս կը գրուին ու կը թարգմանուին
Գրական բաժանմունք, ԱՄՆ
Հարաւային Քորէա
Հայաստան
Պուրունտի
Սրի Լանքա
Որպէսզի մեր ամէն կարելին ընենք «աւետիսը» յայտարարելու «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն», շուրջ 750 լեզուներով հրատարակութիւններ կ’արտադրենք (Յայտնութիւն 14։6)։ Այս խրթին աշխատանքը ինչպէ՞ս կը կատարենք։ Միջազգային գրական անձնակազմի եւ խումբ մը նախանձախնդիր թարգմանիչներու օգնութեամբ,– բոլո՛րը Եհովայի վկաներ։
Բնագիրը անգլերէն լեզուով կը պատրաստուի։ Գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, Կառավարիչ մարմինը կը վերահսկէ Գրական բաժանմունքին գործունէութեան վրայ։ Այս բաժանմունքը կը համակարգէ գրողներուն նշանակումները, որոնք կեդրոնատեղիին եւ որոշ մասնաճիւղերու մէջ կը ծառայեն։ Այլազան գրողներ ունենալը թոյլ կու տայ, որ բազմաթիւ մշակոյթներ հետաքրքրող նիւթեր պատրաստենք, ինչ որ մեր հրատարակութիւնները միջազգային գետնի վրայ հրապուրիչ կը դարձնէ։
Բնագիրը կը ղրկուի թարգմանիչներուն։ Գրուած նիւթը մշակուելէ եւ հաւանութիւն ստանալէ ետք, ելեկտրոնային ձեւով կ’ուղարկուի աշխարհի տարածքին գտնուող թարգմանչական խումբերուն, որոնք բնագիրը կը թարգմանեն եւ իրենց թարգմանութիւնը կը ստուգեն ու կը սրբագրեն։ Անոնք կը ջանան ընտրել ճշգրիտ բառեր, որոնք անգլերէնին լման իմաստը կը հաղորդեն (Ժողովող 12։10)։
Համակարգիչները գործընթացը կ’արագացնեն։ Համակարգիչը չի կրնար գրողներն ու թարգմանիչները փոխարինել։ Սակայն, անոնց աշխատանքը կրնայ աւելի արագ ըլլալ, գործածելով համակարգչային բառարաններ, լեզուական ծրագիրներ եւ հետազօտութեան միջոցներ։ Եհովայի վկաները ծրագրեցին «Բազմալեզու ելեկտրոնային հրատարակութեան դրութիւն»ը (MEPS), որուն միջոցաւ համակարգիչին մէջ տեղեկութիւնները հարիւրաւոր լեզուներով կը մտցուին, ընկերակցող պատկերները կը կցուին եւ էջադրումը կը կատարուի, առ ի պատրաստութիւն տպագրութեան։
Ինչո՞ւ այսքան ջանք կը թափենք, նոյնիսկ քանի մը հազար մարդոց կողմէ խօսուած լեզուներու համար։ Քանի որ Եհովայի կա՛մքն է, որ «ամէն տեսակ մարդիկ ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտելիքներ ստանան եւ փրկուին» (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4, ՆԱ)։
Մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս կը գրուին։
Ինչո՞ւ մեր հրատարակութիւնները բազմաթիւ լեզուներու կը թարգմանենք։
-
-
Մեր համաշխարհային գործը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուիՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 24
Մեր համաշխարհային գործը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի
Նեփալ
Թօկօ
Բրիտանիա
Ամէն տարի, մեր կազմակերպութիւնը կը հրատարակէ եւ անվճար կը բաշխէ հարիւր միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր եւ այլ հրատարակութիւններ։ Թագաւորութեան սրահներ եւ մասնաճիւղեր կը կառուցանենք ու կը նորոգենք։ Հազարաւոր բեթէլականներու եւ միսիոնարներու նիւթապէս կ’օգնենք, եւ աղէտներու ժամանակ օժանդակութիւն կը հայթայթենք։ Ուստի, թերեւս հարց տաս. ‘Այս ամէնը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի’։
Մենք տասանորդ կամ տուրք չենք պահանջեր, ոչ ալ հանգանակութիւն կը կատարենք։ Թէեւ մեր աւետարանչական աշխատանքին թիկունք կանգնելու ծախսերը շատ են, սակայն գումարներ չենք հաւաքեր։ Աւելի քան մէկ դար առաջ, Դիտարան–ի երկրորդ թիւը նշեց, թէ մենք կը հաւատանք որ մեզի զօրավիգ կանգնողը Եհովան է եւ «բնա՛ւ մարդոցմէ նիւթական օգնութիւն պիտի չխնդրենք կամ չաղաչենք»,– եւ պարագան միշտ այդպէս եղած է (Մատթէոս 10։8)։
Մեր գործունէութիւնները յօժարակամ նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուին։ Բազմաթիւ մարդիկ Աստուածաշունչի մեր կրթական գործունէութիւնը կը գնահատեն եւ անոր ի նպաստ նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ Վկաները ուրախութեամբ իրենց ժամանակը, կորովը, դրամը եւ ուրիշ միջոցներ կը տրամադրեն, ամբողջ երկրագունդի տարածքին Աստուծոյ կամքը կատարելու համար (Ա. Մնացորդաց 29։9)։ Թագաւորութեան սրահին եւ մեր համաժողովներուն մէջ նուիրատուութեան տուփեր կան, որոնց մէջ նուիրատուութիւններ կը դնեն անոնք՝ որոնք կը փափաքին։ Անոնք նաեւ կրնան նուիատուութիւններ ընել jw.org կայքին միջոցաւ։ Մեծաւ մասամբ, նուիրատուութիւններ ընողները համեստ ապրուստ ունին, Յիսուսի գոված տնանկ այրիին նման, որ տաճարի գանձանակը երկու լումայ ձգեց (Ղուկաս 21։1-4)։ Արդ, ոեւէ անձ կրնայ կանոնաւորաբար բան մը ‘իր քով դիզել’, որպէսզի տայ «ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի» (Ա. Կորնթացիս 16։2. Բ. Կորնթացիս 9։7)։
Համոզուած ենք թէ Եհովան պիտի շարունակէ այն անհատներուն սրտերը մղել, որոնք Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնելով կ’ուզեն ‘զինք պատուել իրենց ստացուածքներով’, որպէսզի Իր կամքը կատարուի (Առակաց 3։9)։
Ի՞նչ բան մեր կազմակերպութիւնը ուրիշ կրօնքներէ տարբեր կը դարձնէ։
Կամաւոր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուին։
-
-
Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը կառուցանուինՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 25
Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը կառուցանուին
Պոլիվիա
Նիկերիա, առաջ եւ վերջ
Թահիթի
Ինչպէս որ «Թագաւորութեան սրահ» անուանումը ցոյց կու տայ, հոն քննարկուող գլխաւոր աստուածաշնչական ուսուցումը կը կեդրոնանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ,– Յիսուսի ծառայութեան բնաբանը (Ղուկաս 8։1)։
Ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոններ են։ Այդ վայրէն Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը կը կազմակերպուի (Մատթէոս 24։14)։ Թագաւորութեան սրահները զանազան չափեր եւ կառուցուածքներ ունին, բայց բոլորն ալ համեստ են, եւ շատերը կը գործածուին մէկէ աւելի ժողովքներու կողմէ։ Վերջերս, տասնեակ հազարաւոր Թագաւորութեան սրահներ կառուցանած ենք (միջին հաշուով՝ ամէն օր հինգ սրահ), որպէսզի հրատարակիչներու եւ ժողովքներու յաւելման հետ քայլ պահենք։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է (Մատթէոս 19։26)։
Կեդրոնական հիմնադրամի մը համար եղած նուիրատուութիւններով կը կառուցանուին։ Այս նուիրատուութիւնները կ’ուղարկուին մասնաճիւղ, որպէսզի գումարը մատչելի դառնայ այն ժողովքներուն, որոնք Թագաւորութեան սրահ մը պիտի կառուցանեն կամ նորոգեն։
Ամէն ենթահողէ եկող եւ առանց վարձքի աշխատող կամաւորներու կողմէ կը կառուցանուին։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Թագաւորութեան սրահի շինարարութեան խումբեր կազմակերպուած են։ Շինարարութեան ծառաներու եւ կամաւորներու խումբեր մէկ ժողովքէ միւսը կը փոխադրուին նոյն երկրին մէջ,– նոյնիսկ ամայի շրջաններ,– որպէսզի օգնեն անոնց սրահները կառուցանելու։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, որակեալ Վկաներ նշանակուած են, որպէսզի որոշ շրջանի մը մէջ Թագաւորութեան սրահներ կառուցանելու եւ նորոգելու աշխատանքին վրայ վերահսկեն։ Թէեւ տեղացի հմուտ արհեստաւորներ կամաւորաբար շինարարութեան աշխատանքին մէջ բաժին կը բերեն, սակայն իւրաքանչիւր շինարարութեան վայրի մէջ, ժողովքի անդամները կամաւորներուն մեծամասնութիւնը կը կազմեն։ Եհովայի հոգին եւ իր ժողովուրդին բոլորանուէր ջանքերը այս ամէնը կարելի կը դարձնեն (Սաղմոս 127։1. Կողոսացիս 3։23)։
Մեր պաշտամունքի վայրը ինչո՞ւ «Թագաւորութեան սրահ» կը կոչուի։
Ինչպէ՞ս կարելի է աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան սրահներ կառուցանել։
-