Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահել
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    • Դաս 26

      Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահել

      Եհովայի վկաներ իրենց Թագաւորութեան սրահը կը մաքրեն Էսթոնիոյ մէջ

      Էսթոնիա

      Եհովայի վկաներ իրենց Թագաւորութեան սրահը կը մաքրեն Զիմպապուէի մէջ

      Զիմպապուէ

      Եհովայի վկայ մը Թագաւորութեան սրահին մէջ նորոգութիւն կ’ընէ Մոնկոլիայի մէջ

      Մոնկոլիա

      Եհովայի վկայ մը Թագաւորութեան սրահ մը կը ներկէ Բորթօ Ռիքոյի մէջ

      Բորթօ Ռիքօ

      Եհովայի վկաներու իւրաքանչիւր Թագաւորութեան սրահ Աստուծոյ սուրբ անունը կը կրէ։ Հետեւաբար կը զգանք թէ սրահը մաքուր, ներկայանալի եւ նորոգուած վիճակի մէջ պահելը առանձնաշնորհում մըն է եւ մեր սրբազան պաշտամունքին՝ կարեւոր մէկ մասը։ Բոլո՛րն ալ կրնան բաժին բերել։

      Ժողովէն ետք կամաւորաբար մաքրութեան մասնակցէ։ Իւրաքանչիւր ժողովէ ետք, եղբայրներն ու քոյրերը ուրախութեամբ թեթեւ մաքրութիւն կ’ընեն, Թագաւորութեան սրահը կոկիկ դարձնելու համար։ Շաբաթը անգամ մը, աւելի ընդարձակ մաքրութիւն կը կատարուի։ Երէց մը կամ օգնական ծառայ մը աշխատանքը կը համակարգէ, սովորաբար՝ ընելիք բաներու ստուգացանկի մը հետեւելով։ Կարիքին համաձայն, կամաւորները գետինը կ’աւլեն, կը սրբեն, փոշեծծիչով փոշիները կ’առնեն, աթոռները կը շտկեն, լուացարանները կը մաքրեն ու կը հականեխեն, պատուհաններն ու հայելիները կը սրբեն, աղբերը կը թափեն եւ սրահին մուտքը կը մաքրեն։ Առնուազն տարին անգամ մը, օր մը կը յատկացուի ընդհանուր մաքրութեան համար։ Կարգ մը պարտականութիւններու մէջ մեր զաւակները պարփակելով, անոնց կը սորվեցնենք մեր պաշտամունքի վայրը յարգել (Ժողովող 5։1)։

      Հարկ եղած նորոգութիւնները ընելու համար ձեռք տուր։ Ամէն տարի, Թագաւորութեան սրահը ներսէն ու դուրսէն կը զննուի. արդիւնքին հիման վրայ նորոգութեան աշխատանքներ կը տարուին, սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու եւ անհարկի ծախսերէ խուսափելու համար (Բ. Մնացորդաց 24։13. 34։10)։ Մաքուր եւ լաւ վիճակի մէջ պահուած Թագաւորութեան սրահը, Աստուած պաշտելու պատշաճ վայր է։ Այս աշխատանքին մէջ բաժին բերելով, ցոյց կու տանք թէ որքա՜ն կը սիրենք Եհովան եւ կ’արժեւորենք մեր պաշտամունքի վայրը (Սաղմոս 122։1)։ Ասիկա նաեւ համայնքին մէջ նպաստաւոր տպաւորութիւն կը ստեղծէ (Բ. Կորնթացիս 6։3)։

      • Մեր պաշտամունքի վայրը ինչո՞ւ պէտք չէ անտեսենք։

      • Ի՞նչ կարգադրութիւններ Թագաւորութեան սրահը մաքուր կը պահեն։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    • Դաս 27

      Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ

      Մարդ մը Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն կ’օգտուի

      Իսրայէլ

      Եհովայի վկայ մը կ’օգնէ երիտասարդի մը որ փնտռտուք ընէ

      Չեխիա

      Աղջնակ մը իր անունը կը գրէ իր երգարանին վրայ

      Պենին

      Մարդ մը «Դիտարանի գրադարան»ի փնտռտուքի միջոցէն կ’օգտուի

      Գայմանի Կղզիներ

      Կը փափաքի՞ս փնտռտուքներ ընել, Աստուածաշունչի մասին գիտութիւնդ աւելցնելու համար։ Արդեօք մասնայատուկ համար մը կամ Աստուածաշունչին մէջ նշուած անհատ մը, վայր մը կամ բան մը հետաքրքրութիւնդ շարժա՞ծ է։ Կամ, հարց տուա՞ծ ես թէ արդեօք Աստուծոյ Խօսքը կրնա՛յ քեզի օգնել՝ անձնական մտահոգութեան մը շուրջ ցուցմունքներ տալով։ Ուրեմն, Թագաւորութեան սրահի գրադարանը գործածէ։

      Փնտռտուքի օգտակար միջոցներ կը հայթայթէ։ Հաւանաբար չունիս Եհովայի վկաներու բոլոր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները, որոնք քու լեզուովդ մատչելի են։ Սակայն, Թագաւորութեան սրահի գրադարանը վերջին հրատարակութիւններուն մեծամասնութիւնը կը պարունակէ։ Անիկա նաեւ կրնայ ունենալ Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններ, գործնական բառարան եւ այլ օգտակար աշխատասիրութիւններ։ Ժողովներէն առաջ եւ վերջ, գրադարանը գործածելու ազատ ես։ Եթէ համակարգիչ մը մատչելի է, թերեւս Դիտարանի գրադարան–⁠ը տեղադրուած ըլլայ։ Ատիկա ելեկտրոնային ծրագիր մըն է, որ մեր հրատարակութիւններուն մեծ մասը կը բովանդակէ եւ դիւրաւ գործածուելիք որոնումի միջոց ունի, որով կրնաս նիւթ մը, բառ մը կամ համար մը փնտռել։

      «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի աշակերտներուն համար գործնական է։ Եթէ այս դպրոցին մէջ արձանագրուած ես, կրնաս Թագաւորութեան սրահի գրադարանը օգտագործել, երբ ելոյթներդ կը պատրաստես։ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը գրադարանին պատասխանատուն է։ Ան հոգ կը տանի որ նոր հրատարակութիւնները մատչելի ըլլան եւ ամէն բան լաւ դասաւորուած ըլլայ։ Ան կամ Աստուածաշունչի ուսուցիչդ կրնայ քեզի ցոյց տալ ինչպէ՛ս հարկ եղած տեղեկութիւնները գտնել։ Սակայն, որեւէ գիրք Թագաւորութեան սրահէն դուրս պէտք չէ հանուի։ Եւ անշուշտ, գիրքերը ուշադրութեամբ պէտք է գործածել եւ անոնց մէջ ո՛չ մէկ բան գրել։

      Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնելու համար, պէտք է զայն «ծածուկ գանձերու պէս» փնտռենք (Առակաց 2։​1-5)։ Թագաւորութեան սրահի գրադարանը կրնայ քեզի օգնել որ որոնումդ սկսիս։

      • Թագաւորութեան սրահի գրադարանին մէջ փնտռտուքի ի՞նչ միջոցներ մատչելի են։

      • Որո՞նք կրնան քեզի օգնել որ գրադարանէն լիովին օգտուիս։

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

      Եթէ կը փափաքիս անձնական գրադարան մը ունենալ, տես թէ ի՛նչ բան մատչելի է հրատարակութիւններու սեղանին վրայ։ Աստուածաշունչի ուսուցիչդ կրնայ քեզի յանձնարարել, թէ նախ ո՛ր հրատարակութիւնները ձեռք ձգես։

  • Ի՞նչ կարելի է գտնել մեր կայքին վրայ
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    • Դաս 28

      Ի՞նչ կարելի է գտնել մեր կայքին վրայ

      Կին մը իր համակարգիչով փնտռտուք կ’ընէ

      Ֆրանսա

      Ընտանիք մը համակարգիչ կը գործածէ

      Լեհաստան

      Կին մը նշանային լեզուով վիտէօ մը կը դիտէ առցանց

      Ռուսաստան

      Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատթէոս 5։16)։ Ասիկա իրագործելու համար, կ’օգտագործենք արդի արուեստագիտութիւնը, ներառեալ՝ համացանցը։ Մեր կայքը՝ jw.org, Եհովայի վկաներու հաւատալիքներուն եւ գործունէութիւններուն մասին պաշտօնական աղբիւրն է։ Ատիկա ի՞նչ կ’ընդգրկէ։

      Սովորաբար ուղղուած հարցումներու Աստուածաշունչի պատասխանը։ Մարդոց ուղղած ամէնէն կարեւոր կարգ մը հարցումներուն պատասխանները կրնաս գտնել։ Օրինակ, Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞ եւ Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին թերթիկները առցանց մատչելի են աւելի քան 600 լեզուներով։ Կրնաս նաեւ գտնել Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–⁠ը աւելի քան 130 լեզուներով եւ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւններ, ներառեալ՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը եւ Դիտարան–⁠ի ու Զարթի՛ր–⁠ի ընթացիկ թիւերը։ Այս հրատարակութիւններէն շատերը կրնաս առցանց կարդալ կամ մտիկ ընել, եւ կամ բեռնել տարբեր ձեւաչափերով, ինչպէս՝ MP3, PDF կամ EPUB։ Կրնաս նոյնիսկ հետաքրքրուած անհատի մը լեզուով քանի մը էջ տպել ու տեղեկութիւնները անոր հետ բաժնել։ Նշանային լեզուներով որպէս տեսաերիզ պատրաստուած հրատարակութիւններ մատչելի են։ Կրնաս բեռնել ու ազատ պահերուդ մտիկ ընել Աստուածաշունչի թատերական ընթերցանութիւններ, աստուածաշնչական թատերախաղեր եւ հաճելի երաժշտութիւն։

      Եհովայի վկաներուն մասին ընթացիկ տեղեկութիւններ։ Նաեւ, կայքը կը ներկայացնէ մեր համաշխարհային գործին մասին վերջին լուրեր ու տեսաերիզներ, Եհովայի վկաներուն ազդող միջադէպեր եւ աղէտահարներու օժանդակութիւն հասցնելու մեր աշխատանքները։ Կրնաս գալիք համաժողովներուն մասին տեղեկանալ եւ մեր մասնաճիւղերուն հասցէները տեսնել։

      Այս միջոցներով, ճշմարտութեան լոյսը կը սփռենք մինչեւ երկրագունդին ծայրերը։ Բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, նո՛յնիսկ Անթարքթիքայի մէջ, մարդիկ կ’օգտուին։ Կ’աղօթենք որ «Տէրոջը խօսքը յառաջանայ» մինչեւ երկրին չորս կողմը, ի փառս Աստուծոյ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1)։

      • Ինչպէ՞ս jw.org կայքը բազմաթիւ մարդոց կ’օգնէ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը սորվելու։

      • Մեր կայքին վրայ ի՞նչ բան կը փափաքիս հետազօտել։

      ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ.

      Հակառակորդներ կարգ մը կայքէջեր պատրաստած են, որպէսզի մեր կազմակերպութեան մասին սխալ տեղեկութիւններ տարածեն։ Անոնց միտումն է՝ մարդիկը Եհովայի ծառայութենէն հեռացնել։ Այսպիսի կայքէջեր այցելելէ պէտք է խուսափինք (Սաղմոս 1։1. 26։4. Հռովմայեցիս 16։17)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել