ՀԱՐՑՈՒՄ 7
Աստուածաշունչը մեր օրերուն մասին ի՞նչ կը մարգարէանայ
«Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ. . . Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։
«Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի»։
«Երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ ‘վերջը’ չէ»։
«Տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան»։
«Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։