Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչո՞ւ քննարկել Աստուածաշունչը
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Մարդ մը Աստուածաշունչին կը նայի

      Ինչո՞ւ քննարկել Աստուածաշունչը

      Աստուածաշունչին քաջածանօ՞թ ես։ Անիկա մինչեւ օրս, պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տարածուած իւրայատուկ գիրքն է։ Բոլոր ազգերէն մարդիկ նկատած են, որ անոր պատգամը մխիթարութեան ու յոյսի աղբիւր է, եւ անոր խրատները գործնական են մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Սակայն ներկայիս շատեր Աստուածաշունչին մասին քիչ գաղափար ունին։ Ըլլաս կրօնասէր կամ ոչ, կրնաս հետաքրքրուած ըլլալ Աստուածաշունչով։ Այս գրքոյկը պատրաստուած է Աստուածաշունչին մասին ամփոփ տեղեկութիւն տալու քեզի։

      ԱՌԱՋ որ սկսիս Աստուածաշունչը կարդալ, լաւ կ’ըլլայ որ որոշ բաներ գիտնաս անոր մասին։ Աստուածաշունչը, որ նաեւ «Սուրբ Գիրք» կը կոչուի, 66 գիրքերու հաւաքածոյ մըն է. կը սկսի Ծննդոց գիրքով եւ կը վերջանայ Յայտնութիւնով։

      Ո՞վ է Աստուածաշունչին հեղինակը։ Ասիկա հետաքրքրական հարցում մըն է։ Իրականութիւնն այն է, որ Աստուածաշունչին բոլոր գիրքերը գրի առնուեցան մօտ 40 տղամարդոց կողմէ՝ գրեթէ 1600 տարիներու ընթացքին։ Յատկանշական է, թէ այդ մարդիկը չդաւանեցան որ իրենք են անոր հեղինակը։ Անոնցմէ մէկը, գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ուրիշ մը, ըսաւ. «Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] Հոգին ինձմով խօսեցաւ ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր» (Բ. Թագաւորաց 23։2)։ Այսպիսով, գրի առնողները դաւանեցան թէ Աստուածաշունչին հեղինակը Եհովաa Աստուա՛ծն է՝ տիեզերքի Գերիշխանը։ Անոնք կը յայտնեն, թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն մօտենան։

      Աստուածաշունչը հասկնալու համար ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կայ։ Ամբողջ գիրքը մէկ բնաբան ունի,– ջատագովել մարդոց վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքը իր երկնային Թագաւորութեան միջոցով։ Յաջորդ էջերուն մէջ, պիտի տեսնես թէ այս բնաբանը ինչպէ՛ս կ’երեւնայ Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերուն մէջ, Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն։

      Այս բոլոր տեղեկութիւնները ի մտի ունենալով, այժմ նկատի առ այն պատգամը, որ կը գտնուի աշխարհի ամենահռչակաւոր գիրքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։

      ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ. . .

      • Աստուածաշունչը գրի առնուեցաւ 1610 տարիներու ընթացքին՝ Ք.Ա. 1513–էն մինչեւ Ք.Ե. 98 թուական։

      • Առաջին 39 գիրքերը կը կոչուին Եբրայերէն Գրութիւններ կամ «Հին Կտակարան». անոնց մեծ մասը գրուած է եբրայերէնով, որոշ մաս մըն ալ՝ արամերէնով։

      • Վերջին 27 գիրքերը կը կոչուին Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ կամ «Նոր Կտակարան». անոնք գրուած են յունարէնով։

      • Աստուածաշունչը բաժնուած է գլուխներու եւ համարներու։ Օրինակի համար, Մատթէոս 6։9, 10 կը նշանակէ՝ Մատթէոս գիրքին 6–րդ գլուխը եւ անոր 9–րդ եւ 10–րդ համարները։

      a Տե՛ս էջ 4–ի շրջանակը՝ «Աստուծոյ անձնական անունը»։

  • Ստեղծիչը մարդուն դրախտ մը կը պարգեւէ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզին մէջ, անասուններով շրջապատուած

      ՄԱՍ 1

      Ստեղծիչը մարդուն դրախտ մը կը պարգեւէ

      Աստուած կը ստեղծէ տիեզերքը եւ երկրի վրայ կեանքը։ Ան կը ստեղծէ կատարեալ տղամարդ մը եւ կին մը, զանոնք կը դնէ գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ եւ պատուէրներ կու տայ որ անոնց հնազանդին։

      Առիւծներ, թռչուններ, եւ եղնիկներ Եդեմի պարտէզին մէջ

      «ՍԿԻԶԲԷՆ Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Կ’ըսուի թէ այս խօսքերը մինչեւ օրս գրուած ամէնէն նշանաւոր բացման խօսքերն են։ Այս պարզ ու հիանալի նախադասութեամբ, Աստուածաշունչը մեզի կը ծանօթացնէ իր գրութիւններուն մէջ նշուած կարեւորագոյն Անձը,– ամենակալ Աստուածը՝ Եհովան։ Այս համարը կը բացայայտէ, թէ Աստուա՛ծ ստեղծեց անհուն տիեզերքը, ներառեալ՝ մեր մոլորակը։ Յաջորդ համարները կը բացատրեն, թէ շարք մը երկար ժամանակամիջոցներու մէջ, որոնք այլաբանօրէն օրեր կը կոչուին, Աստուած մեր երկրագունդը պատրաստեց բնակութեան համար, բնութեան բոլոր հրաշալիքները ստեղծելով։

      Երկրի վրայ Աստուծոյ մեծագոյն ստեղծագործութիւնը մարդն էր։ Ահաւասիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած արարած մը, որ կարող էր Եհովայի յատկութիւնները արտացոլել, ինչպէս՝ սէր եւ իմաստութիւն։ Աստուած մարդը երկրի հողէն շինեց եւ կոչեց Ադամ, ապա զինք դրաւ դրախտի մը մէջ, որ Եդեմի պարտէզ կը կոչուի։ Աստուած անձնապէս մշակեց այդ պարտէզը եւ անոր մէջ գեղեցիկ ու պտղատու ծառեր տնկեց։

      Աստուած կարիքը տեսաւ որ մարդը ընկերակից մը ունենար։ Ուստի Ադամի կողի ոսկորներէն մէկը գործածելով, Ան կին մը շինեց եւ զայն բերաւ Ադամի որպէս անոր կողակիցը. կինը Եւա կոչուեցաւ։ Ոգեւորուելով՝ Ադամ ոտանաւոր մը յօրինեց, որ կ’ըսէ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է»։ Աստուած լուսաբանեց. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծննդոց 2։22-24. 3։20)։

      Աստուած Ադամին ու Եւային երկու պատուէր տուաւ։ Առաջին, ան անոնց ըսաւ, որ իրենց երկրային տունը մշակեն, հոգ տանին եւ ի վերջոյ զայն իրենց սերունդով լեցնեն։ Երկրորդ, ան անոնց պատուիրեց, որ այդ ընդարձակ պարտէզին բոլո՜ր ծառերուն մէջէն միայն մէկին՝ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ»ին պտուղէն չուտեն (Ծննդոց 2։17)։ Եթէ չհնազանդէին, պիտի մեռնէին։ Այս պատուէրներով, Աստուած մարդկային առաջին զոյգին առիթ մը տուաւ, որ ցոյց տար թէ կ’ընդունէր իր իշխանութիւնը։ Անոնց հնազանդութիւնը նաեւ ցոյց պիտի տար անոնց սէրն ու երախտագիտութիւնը։ Անոնք ամէն պատճառ ունէին իր սիրալիր իշխանութիւնը ընդունելու։ Այդ կատարեալ մարդիկը թերութիւն մը չունէին։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։31)։

      Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 1 եւ 2։

      • Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ մարդոց եւ անոնց երկրային բնակավայրին ստեղծագործութիւնը։

      • Աստուած ինչպիսի՞ կեանք մը պարգեւեց Ադամին ու Եւային։

      • Աստուած ի՞նչ պատուէրներ տուաւ մարդկային առաջին զոյգին։

      ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ

      Աստուածաշունչը Աստուծոյ վերաբերեալ զանազան տիտղոսներ կը գործածէ, ինչպէս՝ Ստեղծիչ եւ Ամենակարող Աստուած։ Այս տիտղոսներէն ոմանք կը շեշտեն Աստուծոյ յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր սրբութիւնը, զօրութիւնը, արդարութիւնը, իմաստութիւնն ու սէրը։ Սակայն Աստուած ինքն իրեն համար իւրայատուկ անուն մը տուած է, որ է՝ Եհովա։ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ, Աստուծոյ անունը շուրջ 7000 անգամ կ’երեւնայ. առաջինը Ծննդոց 2։4–ին մէջ։ Եհովա անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Ասիկա գիտնալը մխիթարական է, որովհետեւ, ըստ իր անուան նշանակութեան, Աստուած կրնայ իր բոլոր նպատակները իրագործել եւ իր բոլոր խոստումները կատարել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել