-
Դրախտը կը կորսուիԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 2
Դրախտը կը կորսուի
Ըմբոստ հրեշտակ մը կը դրդէ առաջին տղամարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, որ Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեն։ Առ ի հետեւանք, մեղքն ու մահը աշխարհ կը մտնեն։
ՄԱՐԴԻԿԸ ստեղծելէն շա՜տ առաջ, Աստուած բազմաթիւ անտեսանելի էակներ՝ հրեշտակներ ստեղծեց։ Եդեմի պարտէզին մէջ ըմբոստ հրեշտակ մը, որ Բանսարկու Սատանայ կոչուեցաւ, խորամանկութեամբ ջանաց Եւան դրդել, որ Աստուծոյ արգիլած միակ ծառին պտուղէն ուտէ։
Սատանան որպէս խօսնակ օձ մը գործածելով, ակնարկեց թէ Աստուած փափաքելի բանէ մը կը զրկէր կինն ու անոր ամուսինը։ Հրեշտակը Եւային ըսաւ, որ ան ու անոր ամուսինը պիտի չմեռնէին եթէ արգիլուած պտուղէն ուտէին։ Արդ, Սատանան Աստուած ամբաստանեց ըսելով, թէ Եհովան իր մարդկային զաւակներուն սուտ կը խօսի։ Ան Աստուծոյ չհնազանդիլը ներկայացուց որպէս հրապուրիչ ընթացք մը, որ լուսաւորութեան եւ ազատութեան պիտի առաջնորդէր։ Բայց այս ամէնը սուտ էր,– երկրի վրայ արտասանուած առաջին սուտը։ Բուն հարցը կը պարփակէր Աստուծոյ գերիշխանութիւնը,– արդեօք Աստուած իշխելու իրաւունք ունի՞ եւ ան իր իշխանութիւնը արդար կերպով եւ ի նպաստ իր հպատակներուն կը գործադրէ՞։
Եւան հաւատաց Սատանայի սուտին։ Ան սկսաւ պտուղին ցանկալ եւ ի վերջոյ կերաւ անկէ։ Յետոյ, ան իր ամուսինին ալ այդ պտուղէն տուաւ, եւ ա՛ն ալ կերաւ։ Այսպիսով, անոնք մեղաւորներ դարձան։ Երեւութապէս այդ պարզ արարքը, խորքին մէջ, ըմբոստութեան արտայայտութիւն մըն էր։ Ադամն ու Եւան դիտումնաւոր կերպով ընտրեցին Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդիլ։ Այսպիսով, անոնք մերժեցին Ստեղծիչին իշխանութիւնը, որ իրենց ամէն բան տուած էր, ներառեալ՝ կատարեալ կեանք։
Սերունդը «քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց 3։15)։
Աստուած ըմբոստներէն հաշիւ պահանջեց։ Ան նախագուշակեց խոստացեալ Սերունդին կամ Ազատարարին գալը, որ պիտի բնաջնջէր Սատանան, որ օձով ներկայացուած էր։ Աստուած Ադամի ու Եւայի մահապատիժին գործադրութիւնը ուշացուց, այսպէս՝ ողորմութիւն ցուցաբերելով անոնց չծնած զաւակներուն հանդէպ։ Այդ զաւակները յոյսի հիմ մը պիտի ունենային, որովհետեւ այն Անձը զոր Աստուած պիտի ղրկէր, պիտի ջնջէր Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութեան ցաւալի հետեւանքները։ Մինչ Աստուածաշունչի գիրքերը գրուեցան, աստիճանաբար բացայայտուեցաւ, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր Աստուծոյ նպատակը ապագայ Փրկիչ մը հայթայթելու նկատմամբ եւ թէ ո՛վ պիտի ղրկուէր։
Աստուած Ադամն ու Եւան Դրախտէն վռնտեց։ Անոնք Եդեմի պարտէզէն դուրս գտնուող հողը պէտք էր իրենց ճակտի քրտինքով մշակէին, ուտելիք ստանալու համար։ Յետագային, Եւան յղացաւ եւ իրենց առաջին զաւակը՝ Կայէնը ծնաւ։ Զոյգը աղջիկներ եւ ուրիշ տղաներ ալ ունեցաւ, ներառեալ՝ Աբէլը եւ Նոյի նախահայրը՝ Սէթը։
Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 3, 4 եւ 5. Յայտնութիւն 12։9։
-
-
Մարդկութիւնը Ջրհեղեղէն կը վերապրիԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 3
Մարդկութիւնը Ջրհեղեղէն կը վերապրի
Աստուած չար աշխարհը կը կործանէ, բայց Նոյն ու անոր ընտանիքը ողջ կը պահէ։
ՄԻՆՉ մարդկութիւնը կը բազմանար, մեղքն ու չարութիւնը երկրի վրայ արագօրէն կը տարածուէր։ Ենովք անունով մարգարէ մը առանձին ազդարարեց, թէ Աստուած օր մը պիտի բնաջնջէր չարերը։ Այսուհանդերձ, չարութիւնը չդադրեցաւ, հապա աւելի՛ շատցաւ։ Հրեշտակներէն ոմանք Եհովայի դէմ ըմբոստացան՝ երկինքի մէջ իրենց նշանակուած վայրերը լքելով, երկրի վրայ մարդկային մարմիններ հագնելով եւ անյագաբար իրենց կիներ առնելով։ Այդ անբնական միութիւնները յառաջ բերին խառնածին զաւակներ, դաժան հսկաներ, որոնք աշխարհի վրայ բռնութիւնն ու արիւնահեղութիւնը սաստկացուցին։ Աստուած խորապէս նեղուած էր տեսնելով թէ իր երկրային ստեղծագործութիւնը ինչպէ՛ս կ’ապականուէր։
Ենովքի մահէն ետք, այդ չար աշխարհին մէջ առանձնայատուկ մարդ մը կար։ Անոր անունը Նոյ էր։ Նոյ ու իր ընտանիքը փորձեցին ընել ինչ որ ճիշդ էր Աստուծոյ աչքին։ Երբ Աստուած որոշեց այդ աշխարհի չար մարդիկը կործանել, ան ուզեց պաշտպանել Նոյը եւ անասունները։ Ուստի ան Նոյին ըսաւ որ տապան մը շինէր,– հսկայ ուղղանկիւնաձեւ նաւ մը։ Տապանին մէջ, Նոյ ու իր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ բազմազան անասուններ, պիտի վերապրէին գալիք համաշխարհային ջրհեղեղէն։ Նոյ Աստուծոյ հնազանդեցաւ։ Այդ տապանը կառուցանելու ընթացքին, մինչ տասնամեակներ կ’անցնէին, Նոյ նաեւ «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետրոս 2։5)։ Ան ազդարարեց Ջրհեղեղին գալը, բայց մարդիկ անտեսեցին զինք։ Ժամանակը հասաւ որ Նոյ ու իր ընտանիքը, անասուններուն հետ մէկտեղ, տապանը մտնեն։ Ապա, Աստուած տապանին դուռը գոցեց եւ սկսաւ անձրեւել։
40 օր եւ 40 գիշեր տեղատարափ անձրեւ տեղաց, մինչեւ որ ամբողջ երկիրը ջուրով ծածկուեցաւ։ Չարերը ոչնչացան։ Ամիսներ ետք, մինչ ջուրերը կը քաշուէին, տապանը լերան մը վրայ նստաւ։ Լման տարի մը անցաւ, մինչեւ որ տապանին մէջ եղողները կարողացան ապահովութեամբ անկէ դուրս ելլել։ Նոյ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց՝ Եհովային ողջակէզ մը մատուցանելով։ Առ ի պատասխան, Աստուած Նոյն ու անոր ընտանիքը վստահեցուց, թէ ա՛լ ջրհեղեղ պիտի չբերէր երկրի երեսէն ամէն կենդանութիւն բնաջնջելու համար։ Եհովան, որպէս տեսանելի երաշխիք, տուաւ ծիածանը, որ մարդոց պիտի յիշեցնէր իր այս մխիթարական խոստումը։
Ջրհեղեղէն ետք, Աստուած մարդկութեան կարգ մը նոր պատուէրներ ալ տուաւ։ Ան արտօնեց որ մարդիկ անասուններու միս ուտեն, բայց արիւն ուտելը արգիլեց։ Ան նաեւ Նոյի սերունդին պատուիրեց որ երկրի վրայ տարածուի, բայց ոմանք չհնազանդեցան։ Նեբրովթ անունով ղեկավարի մը առաջնորդութեան ներքեւ, մարդիկ մէկտեղ հաւաքուեցան եւ սկսան բարձր աշտարակ մը շինել Բաբելոն քաղաքին մէջ։ Անոնց նպատակն էր՝ երկրի վրայ տարածուելու Աստուծոյ պատուէրին ընդդիմանալ։ Բայց Աստուած ըմբոստներուն ծրագիրը խափանեց, անոնց մէկ լեզուն խառնակելով եւ պատճառելով որ տարբեր լեզուներով խօսին։ Հաղորդակցիլ չկարենալով, անոնք աշտարակին գործը կէս ձգեցին եւ ցիրուցան եղան։
Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 6–էն մինչեւ 11. Յուդա 14, 15։
-