-
Աստուած Աբրահամի հետ ուխտ կ’ընէԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 4
Աստուած Աբրահամի հետ ուխտ կ’ընէ
Աբրահամ հաւատքով Աստուծոյ կը հնազանդի։ Եհովան կը խոստանայ օրհնել զինք եւ բազմացնել անոր սերունդը։
ՆՈՅԻ օրուան Ջրհեղեղէն շուրջ 350 տարի անցած էր։ Աբրահամ նահապետը կ’ապրէր բարգաւաճ Ուր քաղաքին մէջ, որ կը գտնուէր այժմ Իրաք կոչուող երկրին մէջ։ Ան ուշագրաւ հաւատք ունէր։ Բայց անոր հաւատքը փորձի պիտի ենթարկուէր։
Եհովան Աբրահամին ըսաւ, որ ան իր ծննդավայրը լքէր եւ երթար օտար երկիր մը, որ յետագային գիտցուեցաւ որ Քանանն էր։ Աբրահամ առանց երկմտելու հնազանդեցաւ։ Ան իրեն հետ առաւ իր տան անդամները, որոնց մէջ կային իր կինը՝ Սառան եւ եղբօրորդին՝ Ղովտը։ Երկար ճամբորդութենէ ետք, ան Քանանի մէջ վրանաբնակ մը դարձաւ։ Աբրահամի հետ ըրած ուխտով մը, Եհովան խոստացաւ որ զինք մեծ ազգ մը պիտի ընէր, երկրի բոլոր ազգերը իրմով պիտի օրհնուէին եւ իր սերունդը Քանանի երկիրը պիտի ժառանգէր։
Աբրահամ եւ Ղովտ բարգաւաճեցան. անոնց հօտերն ու արջառները հետզհետէ աւելցան։ Աբրահամ անձնուրացօրէն թոյլ տուաւ, որ Ղո՛վտը ընտրէր իր ուզած տարածքը։ Ղովտ Յորդանան գետի պտղաբեր շրջանը ընտրեց եւ Սոդոմ քաղաքին մօտակայքը հաստատուեցաւ։ Սակայն Սոդոմի մարդիկը անբարոյ էին,– Եհովայի դէմ գարշելի մեղքեր կը գործէին։
Յետագային, Եհովա Աստուած Աբրահամը վստահեցուց, թէ անոր սերունդը երկնքի աստղերուն չափ շատ պիտի ըլլար։ Աբրահամ այդ խոստումին հաւատաց, հակառակ որ իր սիրելի կինը՝ Սառան, դեռ անզաւակ էր։ Բայց երբ ան 99 տարեկան էր, իսկ Սառան՝ 90–ի մօտ, Աստուած Աբրահամին ըսաւ որ իրենք որդի մը պիտի ունենային։ Ինչպէս Աստուած ըսած էր, Սառան Իսահակին ծնունդ տուաւ։ Ճիշդ է որ Աբրահամ ուրիշ զաւակներ ալ ունեցաւ, սակայն Եդեմի մէջ խոստացուած Ազատարարը Իսահակէն պիտի գար։
Մինչ այդ, Ղովտն ու իր ընտանիքը Սոդոմի մէջ կ’ապրէին, սակայն արդար Ղովտը քաղաքին անբարոյ բնակիչներուն չնմանեցաւ։ Երբ Եհովան որոշեց իր դատաստանը բերել Սոդոմի վրայ, կանխաւ հրեշտակներ ղրկեց գալիք կործանումէն Ղովտը զգուշացնելու համար։ Հրեշտակները յորդորեցին Ղովտն ու անոր ընտանիքը, որ Սոդոմէն փախչին՝ առանց ետեւ նայելու։ Ապա, Աստուած կրակ ու ծծումբ տեղացուց Սոդոմի եւ մօտակայ չար Գոմոր քաղաքին վրայ, անոնց բոլոր բնակիչները բնաջնջելով։ Ղովտն ու իր երկու աղջիկները փախան. բայց իր կինը ետեւ նայեցաւ, թերեւս իր ետին ձգած բաներուն ցանկալով։ Իր այս անհնազանդութեան համար, կինը իր կեանքը կորսնցուց։
Աղբիւրը՝ Ծննդոց 11։10–19։38։
-
-
Աստուած կ’օրհնէ Աբրահամն ու անոր ընտանիքըԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 5
Աստուած կ’օրհնէ Աբրահամն ու անոր ընտանիքը
Աբրահամի սերունդը կը բարգաւաճի։ Աստուած Յովսէփը կը պաշտպանէ Եգիպտոսի մէջ։
ԵՀՈՎԱՆ գիտէր թէ իր ամենասիրելի Որդին օր մը պիտի տառապէր եւ մահանար։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ նշուած մարգարէութիւնը ակնարկեց այդ ճշմարտութեան։ Աստուած կրնա՞ր մարդկութեան ցոյց տալ, թէ որքան սուղ գին վճարած պիտի ըլլար այդ զոհողութիւնը հայթայթելով։ Աստուածաշունչը շօշափելի օրինակ մը կու տայ մեզի։ Աստուած Աբրահամէն խնդրեց որ Իսահակը՝ իր սիրելի որդին, զոհաբերէ։
Աբրահամ մեծ հաւատք ունէր։ Յիշենք որ Աստուած իրեն խոստացած էր, որ նախագուշակուած Ազատարարը կամ Սերունդը Իսահակի շառաւիղէն պիտի գար։ Աբրահամ հնազանդօրէն պիտի զոհէր իր իսկ որդին՝ Իսահակը, վստահ ըլլալով որ, եթէ հարկ ըլլար, Աստուած պիտի յարուցանէր զայն։ Բայց Աստուծոյ հրեշտակը ճիշդ ժամանակին կասեցուց Աբրահամը։ Աստուած գովեց Աբրահամը, որ պատրաստ էր իր ամենաթանկագինը զոհելու, եւ Իր խոստումները հաւատարիմ նահապետին կրկնեց։
Յետագային, Իսահակ ունեցաւ երկու որդի՝ Եսաւը եւ Յակոբը։ Ի տարբերութիւն Եսաւի, Յակոբ հոգեւոր բաները գնահատեց եւ անոր համար վարձատրուեցաւ։ Աստուած Յակոբին անունը փոխեց եւ դրաւ Իսրայէլ, որուն 12 որդիները իսրայէլի ցեղերուն գլուխները եղան։ Բայց այդ ընտանիքը ինչպէ՞ս մեծ ազգ մը դարձաւ։
Այդ որդիներուն մեծ մասը սկսաւ նախանձիլ իրենց պզտիկ եղբօր՝ Յովսէփին, պատճառ դառնալով որ իրարայաջորդ դէպքեր տեղի ունենան։ Յովսէփը որպէս ստրուկ ծախեցին եւ ան Եգիպտոս տարուեցաւ, բայց Աստուած օրհնեց այդ հաւատարիմ եւ քաջ երիտասարդը։ Մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւելով հանդերձ, Յովսէփ ի վերջոյ փարաւոնին՝ Եգիպտոսի կառավարիչին կողմէ ընտրուեցաւ եւ մեծ հեղինակութիւն ստացաւ։ Ասիկա ժամանակայարմար էր, որովհետեւ Յակոբ սովին պատճառով իր որդիներէն մաս մը Եգիպտոս ղրկած էր ուտելիք գնելու համար. իսկ Յովսէփ այժմ ամբողջ ուտեստեղէնի պատասխանատուն էր։ Իր զղջացող եղբայրներուն հետ յուզիչ վերամիացումէ մը ետք, Յովսէփ ներեց անոնց եւ կարգադրեց որ ամբողջ ընտանիքը Եգիպտոս տեղափոխուի։ Անոնց տրուեցաւ ընտիր հողամաս մը, ուր կրնային բազմանալ եւ բարգաւաճիլ։ Յովսէփ հասկցաւ թէ Աստուած հարցերը այդպէս կ’ուղղէր, որպէսզի Իր խոստումները իրագործէր։
Տարիքը առած Յակոբ իր մնացեալ օրերը Եգիպտոսի մէջ անցուց, հետզհետէ աճող իր ընտանիքին հետ միասին։ Ան իր մահուան մահիճին մէջ նախագուշակեց, թէ խոստացեալ Սերունդը կամ Ազատարարը հզօր Կառավարիչ մը պիտի ըլլար, որ Յակոբի որդւոյն՝ Յուդայի շառաւիղէն պիտի ծնէր։ Իսկ Յովսէփ, տարիներ ետք, իր մահէն առաջ մարգարէացաւ, որ Աստուած օր մը Յակոբի գերդաստանը Եգիպտոսէն դուրս պիտի հանէր։
Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 20–էն մինչեւ 50. Եբրայեցիս 11։17-22։
-