Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յոբ իր ուղղամտութիւնը կը պահէ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Յոբը պալարներով զարնուած

      ՄԱՍ 6

      Յոբ իր ուղղամտութիւնը կը պահէ

      Սատանան Աստուծոյ առջեւ հարցականի տակ կը դնէ Յոբի ուղղամտութիւնը, բայց Յոբ Եհովային հաւատարիմ կը մնայ։

      ԱՐԴԵՕՔ կա՞յ մարդ մը որ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնայ, եթէ ծայր աստիճան փորձութեան ենթարկուի, եւ այնպէս մը թուի թէ հնազանդութիւնը որեւէ նիւթական օգուտ չի բերեր։ Այս հարցումը ծագեցաւ եւ ապա պատասխանուեցաւ, Յոբ անունով մարդու մը պատմութեան միջոցով։

      Երբ իսրայէլացիները տակաւին Եգիպտոսի մէջ էին, Աբրահամի մէկ ազգականը՝ Յոբ, կ’ապրէր երկրի մը մէջ, որ այժմ Արաբիա կը կոչուի։ Այդ ժամանակ, երկնքի մէջ, հրեշտակները Աստուծոյ առջեւ հաւաքուեցան. ըմբոստ Սատանան ալ անոնց հետ էր։ Այդ երկնային բազմութեան առջեւ, Եհովան իր հաւատարիմ Յոբ ծառային նկատմամբ իր վստահութիւնը յայտնեց։ Եհովան ըսաւ որ Յոբին պէս ուղղամիտ մարդ չկար։ Բայց Սատանան դաւանեցաւ թէ Յոբ Աստուծոյ կը ծառայէր միայն, քանի որ Աստուած օրհնած եւ պաշտպանած էր զինք։ Սատանան ըսաւ որ եթէ Յոբին բոլոր ունեցածը իր ձեռքէն առնուէր, ան Աստուծոյ պիտի հայհոյէր։

      Երկինքի մէջ հրեշտակները Աստուծոյ առջեւ հաւաքուած են եւ Սատանան ալ իրենց մէջ է

      Աստուած թոյլ տուաւ, որ Սատանան նախ խլէր Յոբին հարստութիւնն ու զաւակները եւ ապա՝ անոր առողջութիւնը։ Յոբ, չգիտնալով թէ այս ամբողջ անցուդարձին մէջ Սատանան դեր ունէր, չէր կրնար հասկնալ թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէր որ այս փորձանքները իրեն պատահէին։ Այսուհանդերձ, ան բնաւ Աստուծոյ դէմ չելաւ։

      Երեք կեղծ բարեկամներ Յոբին քով եկան։ Իրենց շարք մը խօսքերով, որոնք Յոբ գրքին մէջ գրուած են, այս մարդիկը փորձեցին սխալ կերպով համոզել Յոբը, թէ Աստուած զինք կը պատժէր իր գործած գաղտնի մեղքերուն համար։ Անոնք նոյնիսկ դաւանեցան, թէ Աստուած իր ծառաներուն ո՛չ կը հաճի, ոչ ալ կը վստահի։ Բայց Յոբ մերժեց այդ սխալ պատճառաբանութիւնը։ Ամենայն վստահութեամբ ան ըսաւ թէ իր ուղղամտութիւնը պիտի պահէր մինչեւ մահ։

      Սակայն Յոբ ալ սխալեցաւ. ան չափէ դուրս ինքզինք արդարացուց։ Եղիուս, որ տարիքով աւելի փոքր էր, ամբողջ բանավէճը մտիկ ընելէ ետք սկսաւ խօսիլ։ Ան յանդիմանեց Յոբը, քանի որ Յոբ չէր գիտակցեր թէ Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը շա՜տ աւելի կարեւոր է քան ոեւէ մարդու ջատագովումը։ Եղիուս նաեւ խստիւ յանդիմանեց Յոբին կեղծ բարեկամները։

      Ապա, Եհովա Աստուա՛ծ խօսեցաւ Յոբի հետ, անոր մտածելակերպը սրբագրելով։ Ստեղծագործութեան շատ մը հրաշալիքները մատնանշելով, Եհովան Յոբին սորվեցուց, թէ մարդը որքա՜ն աննշան է Աստուծոյ մեծութեան հետ բաղդատած։ Յոբ խոնարհաբար ընդունեց Աստուծոյ սրբագրումը։ Եհովան «բազմագութ ու ողորմած» ըլլալով, առողջացուց Յոբը, անոր նախկին հարստութեան կրկնապատիկը տուաւ եւ տասը զաւակներով օրհնեց զինք (Յակոբոս 5։11)։ Խիստ փորձութեան ներքեւ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահելով, Յոբ պատասխան մը տուաւ Սատանայի ամբաստանութեան՝ թէ մարդիկ փորձութեան ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնան։

      Աղբիւրը՝ Յոբ գիրքը։

      • Յոբի առնչութեամբ, Սատանան ի՞նչ բան հարցականի տակ դրաւ։

      • Ի՞նչ բան իրագործուեցաւ, երբ Յոբ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց։

      ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԸ

      Դաւանելով թէ Յոբ,– այդ ատենուան ամէնէն անարատ եւ աստուածավախ մարդը,– միայն անձնասէր շահերով էր որ Եհովա Աստուծոյ կը ծառայէր, Սատանան ըսել ուզեց թէ բոլոր մտացի արարածներուն պարագան ալ նոյնն է։ Այսպիսով, Սատանան Եհովայի հանդէպ մարդուն ուղղամտութիւնը հարցականի տակ դրաւ։ Ասիկա Եդեմի մէջ Սատանայի յարուցած գլխաւոր հարցին մէկ մասն է,– Եհովայի գերիշխանութիւնը իրաւացի եւ արդա՞ր է թէ ոչ։ Յոբ գիրքը ցոյց կու տայ, որ թէ՛ հրեշտակները եւ թէ մարդկութիւնը կրնան Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման նպաստել՝ Իրեն հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահելով։

  • Աստուած կ’ազատագրէ իսրայէլացիները
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Մովսէս Տասը պատուիրանները բովանդակող երկու քարէ տախտակները կը կրէ

      ՄԱՍ 7

      Աստուած կ’ազատագրէ իսրայէլացիները

      Եհովան պատուհասներ կը բերէ Եգիպտոսի վրայ եւ Մովսէս իսրայէլացիները այդ երկրէն դուրս կը հանէ։ Մովսէսի միջոցով, Աստուած իսրայէլացիներուն Օրէնքը կու տայ։

      ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ երկար տարիներ Եգիպտոսի մէջ ապրեցան. անոնք հոն բարգաւաճեցան եւ բազմացան։ Սակայն Եգիպտոսի վրայ նոր փարաւոն մը սկսաւ իշխել։ Այս կառավարիչը Յովսէփը չէր ճանչնար։ Այս դաժան բռնակալը իսրայէլացիներուն աճող թիւէն վախնալով, զանոնք ստրկացուց եւ հրամայեց որ անոնց բոլոր նորածին արուները Նեղոս գետը նետեն։ Բայց քաջասիրտ մայր մը իր մանկիկը պաշտպանեց, զայն կողովի մը մէջ դնելով եւ եղէգներու մէջ պահելով։ Փարաւոնին աղջիկը գտաւ մանկիկը, զայն Մովսէս անուանեց եւ եգիպտական արքունիքին մէջ մեծցուց։

      Երբ Մովսէս 40 տարեկան էր, իսրայէլացի ստրուկ մը եգիպտացի գործավարէ մը պաշտպանելով, խնդրի մը առջեւ գտնուեցաւ։ Ուստի ան հեռաւոր երկիր մը փախաւ եւ հոն որպէս օտարական ապրեցաւ։ Երբ Մովսէս 80 տարեկան էր, Եհովան զինք դարձեալ Եգիպտոս ղրկեց, որպէսզի փարաւոնին ներկայանար եւ անկէ պահանջէր որ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատ արձակէր։

      Փարաւոնը հաստատօրէն մերժեց պահանջը։ Ուստի Աստուած Եգիպտոսի վրայ տասը պատուհասներ բերաւ։ Ամէն անգամ որ Մովսէս փարաւոնին կ’երեւնար եւ պատեհութիւնը կու տար յաջորդ պատուհասէն խնայուելու, փարաւոնը արհամարհական կեցուածք մը որդեգրելով, Մովսէսն ու անոր Աստուածը՝ Եհովան, կ’անարգէր։ Ի վերջոյ, տասներորդ պատուհասը սպաննեց երկրին բոլոր անդրանիկները, բացի այն անդրանիկները, որոնց ընտանիքները հնազանդած էին Եհովային՝ իրենց դրանդիքներուն վրայ զոհաբերուած գառի մը արիւնը քսելով։ Անդրանիկներու մահապատիժը գործադրող հրեշտակը այդ ընտանիքներուն տուներէն անցաւ, բայց անոնց անդրանիկները չսպաննեց։ Անկէ ետք, իսրայէլացիները այս հրաշալի փրկութիւնը սկսան յիշատակել տարեկան տօնակատարութեամբ մը, որ Պասեք կոչուեցաւ։

      Փարաւոնն ալ իր անդրանիկը կորսնցուց։ Ուստի ան Մովսէսին եւ բոլոր իսրայէլացիներուն հրամայեց որ Եգիպտոսէ մեկնին։ Անոնք անմիջապէս կազմակերպեցին իրենց ելքը։ Բայց փարաւոնը իր միտքը փոխեց եւ բազմաթիւ ռազմիկներով ու կառքերով անոնց ետեւէն ինկաւ։ Երբ իսրայէլացիները Կարմիր ծովու ափը հասան, այնպէս թուեցաւ թէ ծուղակի մէջ էին։ Բայց Եհովան Կարմիր ծովը ճեղքեց, առիթ տալով որ իսրայէլացիները ծովուն ցամքած հունէն եւ ջուրերու բարձր պարիսպներուն ընդմէջէն անցնէին։ Մինչ եգիպտացիները սրընթաց անոնց ետեւէն կ’ընթանային, Աստուած պատճառեց որ ջուրերը շառաչիւնով իջնեն, խեղդելով փարաւոնն ու անոր զօրքը։

      Յետագային, երբ իսրայէլացիները Սինա լերան քով կը բանակէին, Եհովան անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ։ Որպէս միջնորդ Մովսէսը գործածելով, Աստուած իսրայէլին օրէնքներ տուաւ, կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակներուն մէջ առաջնորդութիւն եւ պաշտպանութիւն հայթայթելու համար։ Այնքան ատեն որ իսրայէլացիները հաւատարմօրէն ընդունէին Աստուծոյ իշխանութիւնը, Եհովան իրենց հետ պիտի ըլլար եւ իրենց ազգը օրհնութեան աղբիւր մը պիտի ընէր ուրիշներու համար։

      Սակայն իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը, թերահաւատութեան պատճառով Աստուած յուսախաբ ըրաւ։ Հետեւաբար, Եհովան պատճառեց որ այդ սերունդը 40 տարի անապատին մէջ թափառի։ Այնուհետեւ, Մովսէս արդար Յեսուն յանձնարարեց որ իրեն յաջորդէր։ Վերջապէս, իսրայէլ ազգը պատրաստ էր մտնելու այն երկիրը, զոր Աստուած խոստացած էր Աբրահամին։

      Աղբիւրը՝ Ելից. Ղեւտացւոց. Թուոց. Բ. Օրինաց. Սաղմոս 136։10-15. Գործք 7։17-36։

      • Ի՞նչ պատահեցաւ որ Աստուած Մովսէսը գործածեց իսրայէլացիները ազատագրելու համար։

      • Իսրայէլացիները ի՞նչ բանի հիման վրայ սկսան Պասեքը տօնակատարել։

      • Եհովան ինչպէ՞ս ազատագրեց իսրայէլացիները Եգիպտոսի գերութենէն։

      ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՕՐԷՆՔԸ

      Ելից 20։1-17–ի մէջ արձանագրուած Տասը պատուիրանները ամէնէն հանրածանօթն են գրեթէ այն 600 օրէնքներէն, որոնք իսրայէլացիները ստացան Մովսէսի միջոցով։ Սակայն, երբ Յիսուս Քրիստոսի հարցուեցաւ թէ Աստուծոյ ո՞ր օրէնքը մեծագոյնն էր, ան հետեւեալը ընտրեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մարկոս 12։28-30. Բ. Օրինաց 6։5)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել