Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սողոմոն իմաստութեամբ կ’իշխէ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորի գահին կը մօտենայ

      ՄԱՍ 10

      Սողոմոն իմաստութեամբ կ’իշխէ

      Եհովան Սողոմոն թագաւորին իմաստուն սիրտ մը կը շնորհէ։ Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, իսրայէլացիները աննախընթաց խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն կը վայելեն։

      ԿԵԱՆՔԸ ինչպէ՞ս պիտի ըլլար, եթէ ամբողջ ազգ մը իր կառավարիչով միասին հետեւէր Եհովային որպէս իր Գերիշխանը եւ հնազանդէր Անոր օրէնքներուն։ Այս հարցումին պատասխանը կարելի է տեսնել Սողոմոն թագաւորի 40 ամեայ իշխանութեան մէջ։

      Դաւիթ իր մահէն առաջ, իր որդին՝ Սողոմոնը, նշանակեց որ իրեն յաջորդէր։ Երազի մը մէջ, Աստուած Սողոմոնին ըսաւ որ բան մը խնդրէր։ Սողոմոն իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեց, որպէսզի կարենար ժողովուրդը արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ դատել։ Եհովան Սողոմոնին հաճեցաւ եւ իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը տուաւ անոր։ Եհովան նաեւ խոստացաւ անոր տալ հարստութիւն, փառք եւ երկար կեանք, եթէ ան հնազանդ մնար։

      Սողոմոն հռչակաւոր դարձաւ իր իմաստուն դատերուն պատճառով։ Օրինակ՝ առիթով մը, երկու կիներ վիճաբանեցան նորածին տղու մը համար, իւրաքանչիւրը դաւանելով թէ ինքն է մանուկին մայրը։ Սողոմոն հրամայեց որ մանուկը երկու մասի բաժնուի եւ երկու կիներուն տրուի։ Առաջին կինը համաձայնեցաւ, բայց իսկական մայրը անմի՛ջապէս աղաչեց որ զաւակը միւս կնոջ տրուի։ Սողոմոն յստակօրէն տեսաւ թէ կարեկից կինն էր իսկական մայրը, ուստի մանուկը անոր տուաւ։ Շուտով, ամբողջ իսրայէլը լսեց այս դատական որոշումին մասին եւ ժողովուրդը գիտակցեցաւ թէ Սողոմոնին վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կար։

      Սողոմոնի մեծագոյն իրագործումներէն մէկն էր՝ Եհովայի տաճարին կառուցումը,– Երուսաղէմի մէջ հսկայ կառոյց մը, որ Իսրայէլի մէջ պաշտամունքի կեդրոն պիտի ըլլար։ Տաճարի նաւակատիքին, Սողոմոն աղօթեց. «Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս» (Գ. Թագաւորաց 8։27)։

      Սողոմոնի համբաւը տարածուեցաւ ուրիշ երկիրներու մէջ, հասնելով մինչեւ հեռաւոր Արաբիոյ Սաբա շրջանը։ Սաբայի թագուհին Երուսաղէմ եկած էր, որպէսզի Սողոմոնին փառքն ու հարստութիւնը տեսնէր եւ անոր իմաստութեան խորունկութիւնը գիտնար։ Թագուհին այնքա՛ն տպաւորուեցաւ Սողոմոնի իմաստութեամբ եւ Իսրայէլի բարգաւաճութեամբ, որ Եհովային փառք տուաւ, որ այսպիսի իմաստուն թագաւոր մը դրած էր գահին վրայ։ Արդարեւ, Եհովայի օրհնութեամբ, Սողոմոնի իշխանութիւնը վաղեմի Իսրայէլի պատմութեան մէջ ամէնէն բարգաւաճ եւ խաղաղ իշխանութիւնը եղաւ։

      Ցաւօք սրտի, Սողոմոն չշարունակեց Եհովայի իմաստութեան համաձայն գործել։ Աստուծոյ պատուէրը անտեսելով, ան ամուսնացաւ հարիւրաւոր կիներու հետ, որոնցմէ շատերը օտար աստուածներ կը պաշտէին։ Իր կիները աստիճանաբար իր սիրտը Եհովայէն հեռացուցին. ուստի ան սկսաւ կուռքեր պաշտել։ Այս պատճառով Եհովան Սողոմոնին ըսաւ, որ անոր թագաւորութենէն մաս մը իրմէ պիտի առնուէր, եւ միայն մէկ բաժին պիտի մնար իր ընտանիքին, այն ալ իր հօր՝ Դաւիթի սիրոյն։ Հակառակ Սողոմոնի թերութեան, Եհովան հաւատարիմ մնաց՝ Դաւիթի հետ ըրած իր Թագաւորութեան ուխտին։

      Աղբիւրը՝ Գ. Թագաւորաց, գլուխ 1–էն մինչեւ 11. Բ. Մնացորդաց, գլուխ 1–էն մինչեւ 9. Բ. Օրինաց 17։17։

      • Աստուած ի՞նչ ըրաւ, առ ի հակազդեցութիւն Սողոմոնի խնդրանքին։

      • Սողոմոն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ իր իմաստութիւնը։

      • Սողոմոն ինչպէ՞ս մոլորեցաւ Եհովայի ճամբաներէն եւ ի՞նչ հետեւանքով։

  • Ներշնչուած երգեր, որոնք կը մխիթարեն եւ կը սորվեցնեն
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Դաւիթ թէ՛ կ’երգէ եւ թէ տաւիղ կը նուագէ

      ՄԱՍ 11

      Ներշնչուած երգեր, որոնք կը մխիթարեն եւ կը սորվեցնեն

      Դաւիթ եւ ուրիշներ երգեր յօրինեցին պաշտամունքի համար։ Այս երգերէն 150 հատը պահպանուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ։

      ՍԱՂՄՈՍՆԵՐՈՒ գիրքը՝ որ Աստուածաշունչի մեծագոյն գիրքն է, սուրբ երգերու հաւաքածոյ մըն է, որ գրուեցաւ գրեթէ 1000 տարիներու ընթացքին։ Այս գիրքը կը պարունակէ, հաւատքի առնչութեամբ ցարդ գրուած կարգ մը ամէնէն խորին եւ յուզիչ արտայայտութիւններ։ Սաղմոսները մարդկային տարբեր զգացումներ կ’արտայայտեն, ինչպէս՝ ուրախութիւն, փառաբանութիւն, երախտագիտութիւն, եւ կամ՝ տխրութիւն, վիշտ եւ զղջահարութիւն։ Յստակ է որ սաղմոսերգուները Աստուծոյ հետ անկեղծ եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունէին։ Նկատի առ այս երգերուն կարգ մը նիւթերը։

      Եհովան իրաւացի Գերիշխանն է, որ արժանի է պաշտուելու եւ փառաբանուելու։ Սաղմոս 83։18–ի մէջ կը կարդանք. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Շատ մը սաղմոսներ Եհովան կը գովաբանեն իր ստեղծագործութեան համար, ինչպէս՝ աստղազարդ երկինքը, երկրային կեանքի սքանչելիքները եւ մարդկային մարմնին հրաշալի կազմուածքը (Սաղմոս 8, 19, 139, 148)։ Ա՛յլ սաղմոսներ կը փառաբանեն Եհովան որպէս այն Աստուածը, որ գործի կը լծուի՝ իրեն հաւատարիմ եղողները փրկելու եւ պաշտպանելու համար (Սաղմոս 18, 97, 138)։ Իսկ ուրիշ սաղմոսներ կը մեծարեն զինք որպէս արդարութեան Աստուածը, որ կ’ազատէ հարստահարուածները եւ կը պատժէ չարերը (Սաղմոս 11, 68, 146)։

      Եհովան զինք սիրողներուն կ’օգնէ եւ զանոնք կը մխիթարէ։ Թերեւս 23–րդ սաղմոսը ամէնէն հռչակաւոր սաղմոսն է, ուր Դաւիթ Եհովան կը նմանցնէ սիրալիր Հովիւի մը, որ կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ եւ կը հոգայ իր ոչխարները։ Սաղմոս 65։2–ը Աստուծոյ երկրպագուներուն կը յիշեցնէ, թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է։ Իսկ շատեր, որոնք լուրջ մեղքեր գործած են, մեծապէս մխիթարուած են կարդալով 39–րդ եւ 51–րդ սաղմոսները, ուր Դաւիթ անկեղծ խօսքերով նկարագրած է իր զղջումը լուրջ մեղքերու համար, ինչպէս նաեւ արտայայտած է իր հաւատքը Եհովայի ներողամտութեան նկատմամբ։ Սաղմոս 55։22–ը կը յորդորէ, որ Եհովային վստահինք եւ մեր բոլոր հոգերը իր վրայ ձգենք։

      Եհովան աշխարհը պիտի փոխէ՝ Մեսիայի Թագաւորութեան միջոցով։ Սաղմոսներու գրքին մէջ, շատ մը հատուածներ յստակօրէն կը կիրարկուին Մեսիային՝ նախագուշակուած Թագաւորին։ 2–րդ սաղմոսը կը մարգարէանայ, թէ այս Կառավարիչը պիտի բնաջնջէ իր դէմ ելլող բոլոր չար ժողովուրդները։ 72–րդ սաղմոսը կը յայտնէ, թէ այս Թագաւորը վերջ պիտի դնէ անօթութեան, անարդարութեան եւ հարստահարութեան։ Ըստ Սաղմոս 46։9–ին, Մեսիայի Թագաւորութեան միջոցով, Աստուած պատերազմին վերջ պիտի դնէ եւ նոյնիսկ բոլոր զէնքերը պիտի կործանէ։ Իսկ 37–րդ սաղմոսին մէջ կը կարդանք, թէ չարերը պիտի կորսուին, մինչ արդարները երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին, աշխարհածաւալ խաղաղութիւն եւ միութիւն վայելելով։

      Աղբիւրը՝ Սաղմոսներու գիրքը։

      • Սաղմոսներու գիրքը Եհովայի իշխանութեան իրաւացի ըլլալուն ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի։

      • Ո՞ր սաղմոսները ցոյց կու տան, թէ Աստուած զինք սիրողներուն կ’օգնէ եւ զանոնք կը մխիթարէ։

      • Ըստ Սաղմոսներու գրքին, Եհովան աշխարհը ինչպէ՞ս պիտի փոխէ։

      ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ

      Երգ երգոցի մէջ, Սողոմոն թագաւոր ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ իր ունեցած հսկայ հարստութիւնը չերաշխաւորեց, թէ ինք միշտ կրնար իր ուզածին հասնիլ սիրոյ առնչութեամբ։ Ան կը տեղեկագրէ, թէ ինք ջանաց գեղեցիկ եւ կոյս երիտասարդուհիի մը սիրտը շահիլ, որ արդէն իսկ հովիւի մը սիրահարուած էր։ Այս ներշնչուած երգը ցոյց կու տայ, թէ երբ անհատներ իրարու հանդէպ ֆիզիքական ուժգին գրաւչութիւն կը զգան, կրնա՛ն դիմադրել անվայել կերպով վարուելու փորձութեան։ Երիտասարդ զոյգը հիանալի կերպով ցոյց տուաւ ժուժկալութիւն, անարատութիւն եւ հաւատարմութիւն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել