-
Յիսուս Քրիստոս կը սպաննուիԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 20
Յիսուս Քրիստոս կը սպաննուի
Յիսուս նոր տօնակատարութիւն մը կը հաստատէ։ Ան կը դաւաճանուի եւ կը ցցահարուի։
ԵՐԵՔՈՒԿԷՍ տարի քարոզելէ եւ սորվեցնելէ ետք, Յիսուս գիտցաւ որ իր երկրային կեանքի աւարտին կը մօտենար։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը ծրագրէին զինք սպաննել, բայց կը վախնային որ ժողովուրդին մէջ իրարանցում ըլլար, որովհետեւ Յիսուսը կը դիտուէր որպէս մարգարէ։ Մինչ այդ, Սատանան Յիսուսի 12 առաքեալներէն մին՝ Իսկարիովտացի Յուդան դրդեց, որ Յիսուսը դաւաճանէ։ Կրօնական առաջնորդները Յուդային 30 կտոր արծաթ առաջարկեցին, որպէսզի Յիսուսը մատնէր։
Յիսուս իր վերջին գիշերը, առաքեալները մէկտեղ հաւաքեց, որպէսզի միասնաբար Պասեքը տօնակատարեն։ Յուդան արձակելէ ետք, ան նոր տօնակատարութիւն մը հաստատեց. Տէրոջ ընթրիքը։ Ան հաց առաւ, աղօթեց, ապա զայն 11 առաքեալներէն անցուց եւ ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Գաւաթ մը գինի առնելով, նոյն բանը ըրաւ եւ ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս» (Ղուկաս 22։19, 20)։
Այդ գիշեր, Յիսուս շատ բան ունէր ըսելիք իր առաքեալներուն։ Ան անոնց նոր պատուիրան մը տուաւ, որ իրարու հանդէպ անձնուրաց սէր ցուցաբերէին, ըսելով. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Ան զիրենք յորդորեց որ իրենց սիրտը չխռովէր մօտալուտ, ողբալի դէպքերուն պատճառով։ Յիսուս իրենց համար ջերմեռանդօրէն աղօթեց։ Անոնք միասնաբար գովերգեցին եւ գիշեր ատեն Գեթսեմանիի պարտէզը գացին։
Հո՛ն, Յիսուս ծունկի եկաւ եւ ամբողջ սրտով աղօթեց։ Շատ չանցած, զինեալ ամբոխ մը, որ բաղկացած էր զինուորներէ, քահանաներէ եւ ա՛յլ մարդոցմէ, եկաւ զինք ձերբակալելու։ Յուդան Յիսուսի մօտեցաւ եւ համբոյրով մը զինք մատնանշեց։ Մինչ զինուորները Յիսուսի ձեռքերը կը կապէին, աշակերտները փախան։
Յիսուս հրէական բարձրագոյն ատեանին առջեւ կենալով ըսաւ, թէ ինք Աստուծոյ Որդին է։ Ատեանը զինք հայհոյութեան յանցանքով մեղաւոր նկատեց եւ մեռնելու արժանի սեպեց։ Ապա, Յիսուս հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին քով տարուեցաւ։ Զինք ամբողջովին անմեղ գտնելով հանդերձ, Պիղատոս Յիսուսը յանձնեց ամբոխին ձեռքը, որոնք անոր սպաննուիլը կ’ուզէին։
Յիսուս Գողգոթա տարուեցաւ, ուր հռոմայեցի զինուորները զինք փայտի մը վրայ գամեցին։ Ցերեկուան լոյսը հրաշքով մը խաւարեցաւ։ Ապա, յետմիջօրէին, Յիսուս մահացաւ եւ մեծ երկրաշարժ մը եղաւ։ Անոր մարմինը քարի մէջ փորուած դամբարանի մը մէջ դրուեցաւ։ Յաջորդ օրը, քահանաները դամբարանը գոցեցին եւ անոր մուտքին պահակ մը դրին։ Արդեօք Յիսուս այդ դամբարանին մէջ պիտի մնա՞ր։ Ո՛չ։ Շուտով, մեծագոյն հրաշքը պիտի կատարուէր։
Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 26 եւ 27. Մարկոս, գլուխ 14 եւ 15. Ղուկաս, գլուխ 22 եւ 23. Յովհաննէս, գլուխ 12–էն 19։
a Քննարկելու համար թէ ի՛նչ արժէք ունի Յիսուսի զոհաբերական մահը, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը։
-
-
Յիսուս ողջ էԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 21
Յիսուս ողջ է
Յիսուս իր հետեւորդներուն կ’երեւնայ՝ իրենց ուղղութիւն տալու եւ քաջալերելու համար։
ՅԻՍՈՒՍԻ մահուան երրորդ օրը, իր աշակերտներէն կարգ մը կիներ, տեսան թէ գերեզմանին մուտքը գոցող քարը մէկ կողմ գլորուած էր։ Գերեզմանը դատա՛րկ էր։
Երկու հրեշտակներ երեւցան, որոնցմէ մէկը ըսաւ. «Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք. . . Անիկա յարութիւն առաւ» (Մարկոս 16։6)։ Կիները անմիջապէս վազեցին այս մասին առաքեալներուն տեղեկացնելու։ Ճամբուն վրայ, անոնք Յիսուսի հանդիպեցան, որ իրենց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 28։10)։
Նոյն օրը, մինչ երկու աշակերտներ հետիոտն Երուսաղէմէն Էմմաւուս գիւղը կ’երթային, անծանօթ մը իրենց միացաւ եւ հարցուց թէ ինչի՛ մասին կը խօսէին։ Այդ անծանօթը, իրականութեան մէջ, յարուցանուած Յիսուսն էր, որ այնպէս մը երեւցաւ որ սկիզբը չկրցան զինք ճանչնալ։ Աշակերտները տխուր դէմքով պատասխանեցին թէ Յիսուսի մասին կը խօսէին։ Անծանօթը սկսաւ բացատրել Մեսիային վերաբերեալ Սուրբ Գրութիւններուն բոլոր ըսածները։ Արդարեւ, Յիսուս ամենայն մանրամասնութեամբ կատարած էր Մեսիական մարգարէութիւններըa։ Աշակերտները հազիւ անդրադարձան թէ անծանօթը Յիսուսն էր, որ որպէս հոգեղէն անձ յարութիւն առած էր, ան անհետացաւ։
Երկու աշակերտները անմիջապէս Երուսաղէմ վերադարձան։ Հո՛ն, անոնք առաքեալները մէկտեղ հաւաքուած գտան։ Մինչ երկու աշակերտները կը պատմէին թէ իրենց հետ ի՛նչ պատահեցաւ, Յիսուս երեւցաւ, հակառակ անոր որ դռները կղպուած էին։ Իր հետեւորդները այնքան ապշեցան, որ իրենց աչքերուն չհաւատացին։ Յիսուս հարցուց. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն. . . Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր» (Ղուկաս 24։38, 46)։
Իր յարութենէն ետք, Յիսուս 40 օրերու ընթացքին իր աշակերտներուն երեւցաւ տարբեր առիթներով։ Անգամ մը, ան աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ եւ հաւանաբար այդ ատեն, ան անոնց այս ծանրակշիռ նշանակումը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատթէոս 28։19, 20)։
Իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ իր վերջին հանդիպման ընթացքին, Յիսուս խոստացաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ապա Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ ամպ մը ծածկեց զինք աշակերտներուն աչքերէն։
Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 28. Մարկոս, գլուխ 16. Ղուկաս, գլուխ 24. Յովհաննէս, գլուխ 20 եւ 21. Ա. Կորնթացիս 15։5, 6։
a Յիսուսի վրայ կատարուած Մեսիական մարգարէութիւններէն օրինակներ կարդալու համար, տե՛ս այս գրքոյկին 14–րդ, 15–րդ եւ 16–րդ մասերը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին «Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան» յաւելուածը։
-