-
Առաքեալները անվախօրէն կը քարոզենԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 22
Առաքեալները անվախօրէն կը քարոզեն
Քրիստոնէական ժողովքը արագօրէն կ’աճի, հակառակ հալածանքի։
ՅԻՍՈՒՍԻ երկինք համբառնալէն տասը օր անցած էր, Ք.Ե. 33–ի հրէական Պէնտէկոստէի տօնն էր։ Այդ ժամանակ, իր աշակերտներէն շուրջ 120 հոգի Երուսաղէմի մէկ տան մէջ հաւաքուեցան։ Յանկարծ, սաստկաշունչ հովի ձայնին պէս ձայն մը լեցուց տունը։ Աշակերտները սկսան հրաշալիօրէն իրենց անծանօթ եղող լեզուներով խօսիլ։ Այս արտասովոր դէպքերուն իմաստը ի՞նչ էր։ Աստուած աշակերտներուն սուրբ հոգին տուած էր։
Դուրսը շատ ժողովուրդ կար, քանի որ զանազան երկիրներէ այցելուներ եկած էին տօնակատարութեան համար։ Անոնք ապշած էին, թէ Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՛ս սահուն կերպով իրենց լեզուներով կը խօսէին։ Պետրոս բացատրեց եղելութիւնը, ակնարկելով Յովէլի մարգարէութեան, թէ Աստուած իր հոգին ‘պիտի թափէր’, զայն ընդունողներուն հրաշալի պարգեւներ շնորհելով (Յովէլ 2։28, 29)։ Սուրբ հոգիին այս զօրաւոր ապացոյցը յստակացուց, թէ կարեւոր փոփոխութիւն մը եղած էր. Աստուծոյ հաճութիւնը ա՛լ իսրայէլի վրայ չէր, հապա՝ նորակազմ քրիստոնէական ժողովքին վրայ։ Անոնք, որոնք կ’ուզէին ընդունելի կերպով Աստուծոյ ծառայել, այժմ պէտք էր որ Քրիստոսի հետեւորդները դառնային։
Մինչ այդ, հակառակութիւնը շատցաւ եւ թշնամիներ աշակերտները բանտ նետեցին։ Բայց գիշերով, Եհովայի հրեշտակը բանտին դռները բացաւ եւ աշակերտներուն պատուիրեց որ շարունակեն քարոզել։ Արշալոյսին, անոնք ճիշդ այդպէս ըրին,– տաճարը մտան եւ սկսան Յիսուսի մասին քարոզել։ Իրենց կրօնական հակառակորդները զայրացան եւ հրամայեցին, որ դադրին քարոզելէ։ Բայց առաքեալները անվախօրէն պատասխանեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։28, 29)։
Հալածանքը սաստկացաւ։ Կարգ մը հրեաներ Ստեփանոս աշակերտը հայհոյութեան յանցանքով ամբաստանեցին եւ մինչեւ մահ քարկոծեցին զինք։ Տարսոնցի Սօղոս անունով երիտասարդ մը մարդասպանութեան ականատես եղաւ եւ իր հաւանութիւնը տուաւ։ Յետոյ, ան դէպի Դամասկոս գնաց, որպէսզի ձերբակալէր ամէն ով որ Քրիստոսի կը հետեւէր։ Սակայն ճամբուն վրայ, երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջը, եւ ան ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ Լոյսէն կուրցած՝ Սօղոս հարցուց. «Ո՞վ ես դուն»։ Ձայնը պատասխանեց. «Ես եմ Յիսուսը» (Գործք 9։3-5)։
Երեք օր ետք, Յիսուս Անանիա աշակերտը ղրկեց որ Սօղոսի տեսողութիւնը վերադարձնէր։ Այս դէպքէն ետք, Սօղոս մկրտուեցաւ եւ սկսաւ համարձակօրէն Յիսուսի մասին քարոզել։ Սօղոս ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ, եւ քրիստոնէական ժողովքին մէկ նախանձախնդիր անդամը դարձաւ։
Յիսուսի աշակերտները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը միայն հրեաներուն եւ սամարացիներուն կը քարոզէին։ Բայց այժմ հրեշտակ մը երեւցաւ Կոռնելիոսի, որ աստուածավախ հռոմայեցի հարիւրապետ մըն էր, եւ անոր ըսաւ որ Պետրոս առաքեալը կանչէր։ Ուրիշներու ընկերակցութեամբ, Պետրոս գնաց եւ Կոռնելիոսին ու անոր տան անդամներուն քարոզեց։ Մինչ ան կը խօսէր, սուրբ հոգին իջաւ այդ ոչ–հրեայ հաւատացեալներուն վրայ, եւ առաքեալը պատուիրեց որ Յիսուսի անունով մկրտուին։ Այս կերպով, յաւիտենական կեանքի ճամբան բոլո՛ր ազգերուն առջեւ բաց էր։ Ժողովքը պատրաստ էր բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը տարածելու։
Աղբիւրը՝ Գործք 1։1–11։21։
-
-
Բարի լուրը կը տարածուիԱստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
-
-
ՄԱՍ 23
Բարի լուրը կը տարածուի
Պօղոս ցամաքի ու ծովու ճամբով քարոզչական շրջապտոյտներ կը կատարէ։
ՊՕՂՈՍ քրիստոնեայ դառնալէն ետք, ժրաջանօրէն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց։ Ատեն մը հալածող անհատը, այժմ ի՛նք յաճախ դառն հակառակութիւն կը դիմագրաւէր։ Այս անխոնջ առաքեալը երկար ճամբաներ կտրելով քարոզչական շրջապտոյտներ կատարեց, որպէսզի բարի լուրը տարածէր այն Թագաւորութեան մասին, որ պիտի իրականացնէ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը մարդկութեան համար։
Պօղոս իր առաջին քարոզչական շրջապտոյտի ընթացքին, Լիւստրայի մէջ, ի ծնէ կաղ մարդ մը բժշկեց։ Ամբոխը սկսաւ աղաղակել, թէ Պօղոս եւ իր ճամբորդակիցը՝ Բառնաբաս, աստուածներ էին։ Երկու տղամարդիկը հազիւ կրցան զանոնք զսպել, որ իրենց զոհեր չմատուցանէին։ Սակայն սոյն ամբոխը Պօղոսի թշնամիներէն ազդուելով, քիչ ետք Պօղոսը քարկոծեց եւ զայն թողուց՝ կարծելով թէ մեռած է։ Բայց Պօղոս այդ յարձակումէն վերապրեցաւ եւ ժամանակ մը ետք այդ քաղաքը վերադարձաւ, որ քաջալերական խօսքերով աշակերտները զօրացնէր։
Հրեայ քրիստոնեաներէն ոմանք առարկեցին, ըսելով թէ ոչ–հրեայ հաւատացեալները պէտք էր Մովսէսի Օրէնքին կարգ մը հատուածներուն ենթարկուէին։ Պօղոս Երուսաղէմ գնաց եւ այդ հարցը այդտեղի առաքեալներուն ու ծերերուն ներկայացուց։ Այդ տղամարդիկը Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ նկատի առնելէ ետք, Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ, ժողովքներուն գրեցին յորդորելով, որ ետ կենան կռապաշտութենէ, արիւնէ եւ արիւնը չթափուած միս ուտելէ եւ պոռնկութենէ։ Այս պատուէրները «հարկաւոր բաներ» էին, բայց զանոնք կիրարկելու համար պահանջուած չէր Մովսիսական օրէնքին հետեւիլ (Գործք 15։28, 29)։
Պօղոս, իր երկրորդ քարոզչական շրջապտոյտի ընթացքին այցելեց Բերիա, որ ներկայիս Յունաստանի մէջ կը գտնուի։ Հոն ապրող հրեաները խօսքը խանդավառութեամբ ընդունեցին, ամէն օր գրքերը քննելով, տեսնելու համար որ Պօղոսի սորվեցուցածները ճի՞շդ են թէ ոչ։ Հալածանքը անգամ մը եւս Պօղոսը ստիպեց, որ ուրիշ տեղ մը ճամբորդէ, այս անգամ՝ դէպի Աթէնք։ Աթենացիներու ուսեալ խումբի մը առջեւ, ան տուաւ ազդու դասախօսութիւն մը, որ ընտիր օրինակ մըն է՝ փափկանկատութեան, զատորոշումի եւ պերճախօսութեան։
Պօղոս, իր երրորդ քարոզչական շրջապտոյտէն ետք, Երուսաղէմ գնաց։ Երբ ան տաճարը կ’այցելէր, կարգ մը հրեաներ խռովութիւն ձգեցին՝ զայն սպաննել ուզելով։ Հռոմայեցի զինուորները միջամտեցին եւ հարցաքննեցին Պօղոսը։ Յետագային, որպէս հռոմէական քաղաքացի, ան ինքզինք պաշտպանեց հռոմայեցի կառավարիչ՝ Փելիքսին առջեւ։ Հրեաները չկրցան Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնները փաստել։ Եւ որպէսզի Փեստոս՝ մէկ ա՛յլ հռոմայեցի կառավարիչ մը, զինք հրեաներուն ձեռքը չմատնէր, Պօղոս ըսաւ. «Կայսրին կը բողոքեմ»։ Փեստոս պատասխանեց. «Կայսրին պիտի երթաս» (Գործք 25։11, 12)։
Անկէ ետք, Պօղոս նաւով Իտալիա տարուեցաւ դատուելու համար։ Սակայն ճամբորդութեան ընթացքին նաւը խորտակուեցաւ եւ ան ստիպուեցաւ ձմեռը անցընել Մելիտէ կղզիին մէջ։ Երբ վերջապէս ան Հռոմ հասաւ, երկու տարի վարձու տան մը մէջ կեցաւ։ Զինուորներու հսկողութեան տակ ըլլալով հանդերձ, այս նախանձախնդիր առաքեալը շարունակեց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզել բոլոր անոնց, որոնք իրեն կ’այցելէին։
Աղբիւրը՝ Գործք 11։22–28։32։
-