Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 24 էջ 27-28
  • Պօղոս ժողովքներուն կը գրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պօղոս ժողովքներուն կը գրէ
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խրատներ՝ հաւատքի, վարքի եւ սիրոյ վերաբերեալ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Տիմոթէոս. ‘Հաւատքի հարազատ որդի մը’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Պօղոս Հռովմի մէջ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 24 էջ 27-28
Տան մէջ արգելափակուած ըլլալով հանդերձ, Պօղոս նամակ մը գրել կու տայ

ՄԱՍ 24

Պօղոս ժողովքներուն կը գրէ

Պօղոսի գրած նամակները կը զօրացնեն առաջին դարու քրիստոնեաները։

ՆՈՐԱԿԱԶՄ քրիստոնէական ժողովքը կարեւոր դեր պիտի ունենար Եհովայի նպատակի կատարման մէջ։ Բայց առաջին դարու քրիստոնեաները շուտով հակառակութիւն դիմագրաւեցին։ Արդեօք անոնք հալածանքի դիմաց Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պիտի պահէի՞ն, հալածանքը ըլլար ժողովքէն դուրս կամ, խորամանկ կերպերով, անկէ ներս։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը բովանդակեն 21 նամակներ, որոնց միջոցով հարկ եղած խրատն ու քաջալերութիւնը տրուեցաւ։

Այդ նամակներէն 14 հատը,– Հռովմայեցիսէն Եբրայեցիս,– Պօղոս առաքեալը գրի առաւ։ Անոնք կը կրեն ա՛յն անհատներուն կամ ժողովքներուն անունները, որոնց ուղարկուեցան։ Նկատի առ Պօղոսի նամակներուն արծարծած կարգ մը նիւթերը։

Յորդոր բարոյականութեան եւ վարքի շուրջ։ Անոնք՝ որոնք պոռնկութիւն, շնութիւն եւ ա՛յլ լուրջ մեղքեր կը գործեն, «Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Գաղատացիս 5։19-21. Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Աստուծոյ երկրպագուները պէտք է միաբանութեան մէջ ըլլան՝ հակառակ ազգային տարբերութիւններու (Հռովմայեցիս 2։11. Եփեսացիս 4։1-6)։ Անոնք ուրախութեամբ պէտք է իրենց անձը տրամադրեն՝ կարիքաւոր հաւատակիցներուն օգնելու համար (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք», ըսաւ Պօղոս։ Արդարեւ, երկրպագուներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ աղօթքով իրենց սիրտը բանան Եհովային (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1. Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Որպէսզի Աստուած լսէ մեր աղօթքները, անոնք պէտք է հաւատքով մատուցուին (Եբրայեցիս 11։6)։

Ի՞նչը ընտանիքներուն պիտի օգնէ որ բարգաւաճին։ Այրերը իրենց կիները պէտք է սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Կիները խորապէս պէտք է յարգեն իրենց այրերը։ Զաւակները պէտք է հնազանդին իրենց ծնողներուն, քանի որ ատիկա Աստուծոյ առջեւ հաճելի է։ Ծնողները իրենց զաւակները սիրալիր կերպով պէտք է ուղղեն եւ կրթեն, աստուածային սկզբունքներ գործածելով (Եփեսացիս 5։22–6։4. Կողոսացիս 3։18-21)։

Քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ թէ Պօղոս իր նամակները ո՛ւր գրեց

Աստուծոյ նպատակին առնչութեամբ լոյս կը սփռուի։ Մովսիսական օրէնքին շատ մը երեսակներուն նպատակն էր՝ իսրայէլացիները պաշտպանել եւ առաջնորդել մինչեւ Քրիստոսին գալը (Գաղատացիս 3։24)։ Սակայն քրիստոնեաները Աստուած պաշտելու համար պէտք չունին այդ Օրէնքը պահելու։ Երբ Պօղոս կը գրէր եբրայեցիներուն,– հրէական ծագում ունեցող քրիստոնեաներուն,– ան լոյս սփռեց Օրէնքին իմաստին եւ Քրիստոսով Աստուծոյ նպատակին կատարման վրայ։ Պօղոս բացատրեց թէ այդ Օրէնքին զանազան երեսակները մարգարէական արժէք ունէին։ Օրինակի համար, անասնական զոհեր մատուցանելը նախապատկերացուց Յիսուսի զոհաբերական մահը, որուն միջոցով մեղքերու իսկական ներում պիտի շնորհուէր (Եբրայեցիս 10։1-4)։ Յիսուսի մահուան միջոցով, Աստուած Օրէնքի ուխտը ջնջեց, քանի որ այլեւս անոր պէտք չկար (Կողոսացիս 2։13-17. Եբրայեցիս 8։13)։

Նախկին քրիստոնէական ժողովք մը մտիկ կ’ընէ, մինչ Պօղոսի մէկ նամակը կը կարդացուի

Ուղղութիւն՝ ժողովքը պատշաճօրէն կազմակերպելու շուրջ։ Այն տղամարդիկը, որոնք յօժար են ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու, պէտք է բարոյական բարձր չափանիշներ ունենան եւ հոգեւոր որակումներու գոհացում տան (Ա. Տիմոթէոս 3։1-10, 12, 13. Տիտոս 1։5-9)։ Եհովա Աստուծոյ երկրպագուները պէտք է կանոնաւորաբար մէկտեղ հաւաքուին՝ մէկզմէկ քաջալերելու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Պաշտամունքի յատկացուած ժողովները պէտք է շինիչ եւ դաստիարակիչ ըլլան (Ա. Կորնթացիս 14։26, 31)։

Երբ Պօղոս Տիմոթէոսին ուղղուած իր երկրորդ նամակը կը գրէր, ան դարձեալ Հռոմի մէջ էր եւ բանտարկուած ըլլալով իր դատաստանին կը սպասէր։ Միայն քանի մը քաջասիրտ անհատներ վտանգը աչքի առնելով իրեն այցելեցին։ Պօղոս գիտէր թէ շուտով պիտի մեռնէր։ Ան ըսաւ. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տիմոթէոս 4։7)։ Հաւանաբար, շատ չանցած՝ ան նահատակուեցաւ։ Սակայն առաքեալին նամակները մինչեւ օրս կ’առաջնորդեն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները։

Աղբիւրը՝ Հռովմայեցիս. Ա. Կորնթացիս. Բ. Կորնթացիս. Գաղատացիս. Եփեսացիս. Փիլիպպեցիս. Կողոսացիս. Ա. Թեսաղոնիկեցիս. Բ. Թեսաղոնիկեցիս. Ա. Տիմոթէոս. Բ. Տիմոթէոս. Տիտոս. Փիլիմոն. Եբրայեցիս։

  • Պօղոսի նամակները ի՞նչ յորդոր կու տան բարոյականութեան եւ վարքի շուրջ։

  • Պօղոս ինչպէ՞ս լոյս սփռեց Քրիստոսով Աստուծոյ նպատակին կատարման վրայ։

  • Պօղոս ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ ժողովքը պատշաճօրէն կազմակերպելու շուրջ։

Ո՞Վ Է ԽՈՍՏԱՑԵԱԼ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, Աստուած օձին այլաբանական խօսքեր ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց 3։15)։ Սուրբ Գրութիւնները Սատանան կը կոչեն «առաջուան օձը» (Յայտնութիւն 12։9)։ Աստուծոյ խոստացած Սերունդին կամ Ազատարարին ինքնութիւնը գաղտնիք մըն էր, որ դարերու ընթացքին Աստուածաշունչին մէջ աստիճանաբար բացայայտուեցաւ։

Ադամն ու Եւան մեղանչելէն գրեթէ 2000 տարի ետք, Եհովան նշեց թէ խոստացեալ Սերունդը Աբրահամի շառաւիղէն պիտի գար (Ծննդոց 22։17, 18)։ Դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ յայտնեց թէ Սերունդին գլխաւոր մասը Մեսիան էր՝ Յիսուս Քրիստոս (Գաղատացիս 3։16)։ Ծննդոց 3։15–ին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յիսուսի «գարշապարը» փոխաբերական առումով խայթուեցաւ, երբ ան սպաննուեցաւ։ Սակայն Աստուած յարուցանեց Յիսուսը, որ «կենդանի [եղաւ] հոգիով» (Ա. Պետրոս 3։18)։

Աստուած նաեւ մտադրեց որ 144,000 մարդիկ սերունդին երկրորդական մասը կազմեն (Գաղատացիս 3։29. Յայտնութիւն 14։1)։ Այս անհատները կը յարուցանուին որպէս հոգեղէն արարածներ, որպէսզի Քրիստոսի հետ իշխեն երկնքի Թագաւորութեան մէջ (Հռովմայեցիս 8։16, 17)։

Յիսուս երկնային հզօր Թագաւոր մը ըլլալով, շուտով պիտի բնաջնջէ Սատանան եւ անոր սերունդը,– Սատանային հետեւող չար մարդիկն ու դեւերը (Յովհաննէս 8։44. Եփեսացիս 6։12)։ Յիսուսի իշխանութիւնը խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն պիտի բերէ ամբողջ հնազանդ մարդկութեան։ Եւ վերջապէս, ան պիտի ջախջախէ օձին ‘գլուխը’, զայն գոյութենէ դադրեցնելով (Եբրայեցիս 2։14)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել