Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ընդ էջ 2
  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
  • Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
ընդ էջ 2

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Մեր սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն,

Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութիւնը, 1 յունուար 2008–ի իր առաջին իսկ թիւին մէջ, մեզի ծանօթացուց հետաքրքրաշարժ նոր յօդուածաշարքի մը, որուն խորագիրն է՝ «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք»։ Շատ ուրախացանք, երբ անկէ ի վեր, երեք ամիսը անգամ մը նոր յօդուած մը հրատարակուեցաւ այդ յօդուածաշարքէն։

Ընթերցողները ինչպէ՞ս ընդառաջած են այս յօդուածաշարքին։ Կին մը, երբ Մարթայի մասին գրուած յօդուածը կարդաց, գրեց. «Երբ կը կարդայի, խնդացի քանի որ ճիշդ իրեն կը նմանիմ. . . միշտ կ’ուզեմ լաւ հիւրասիրութիւն ընել եւ բոլորը գոհացնել, սակայն երբեմն կը մոռնամ թէ պէտք է պահ մը կանգ առնել եւ բարեկամներուս ընկերակցութիւնը վայելել»։ Պատանուհի մը Եսթերի պատմութեան մասին այս հետաքրքրական եզրակացութեան հասաւ. «Կրնամ ըսել թէ ճիշդ է որ կրնանք հագուստներով եւ նորաձեւութեամբ տարուած ըլլալ, եւ պէտք է լաւ յարդարուինք. բայց չենք ուզեր ծայրայեղութեան երթալ»։ Ան աւելցուց. «Եհովան մեր ներքի՛ն անձնաւորութեամբ կը հետաքրքրուի»։ Իսկ Պետրոս առաքեալի մասին գրուած յօդուած մը պատճառ դարձաւ, որ քրիստոնեայ քոյր մը հետեւեալ խանդավառ հակազդեցութիւնը ունենայ. «Կլանուեցայ, տարուեցայ. . . ուղղակի ապրեցայ այդ պատմութիւնը։ Կարծես թէ հո՛ն ըլլայի։ Իմ զգայարանքներս գործածեցի, որպէսզի վառ երեւակայութեամբ պատկերացնեմ տրուած տեղեկութիւնները»։

Այս ընթերցողները, ինչպէս նաեւ անթիւ ընթերցողներ, որոնք այս յօդուածաշարքին համար իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտած են գրելով, կը հաստատեն ինչ որ Պօղոս առաքեալ ասկէ շա՜տ առաջ գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք» (Հռով. 15։4)։ Այո, Եհովան այս պատմուածքները Աստուածաշունչին մէջ պարփակեց, որպէսզի մեզի արժէքաւոր դասեր սորվեցնէ։ Քանի՛ տարի ալ ճշմարտութեան մէջ ըլլանք, բոլորս ալ կրնանք անոնցմէ սորվիլ։

Ջերմեռանդօրէն կը քաջալերենք քեզ, որ կարելի եղածին չափ շուտ կարդաս այս գիրքը։ Զայն Ընտանեկան պաշտամունքիդ մէկ մասը դարձուր. . . երեխաները պիտի սիրեն այս գիրքը։ Երբ ժողովքը՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան ընթացքին սերտէ զայն, շաբաթ մը իսկ մի՛ փախցներ։ Հապճեպով մի՛ կարդար. . . ժամանակդ առ։ Երեւակայութիւնդ վա՛ռ պահէ. զգայարանքներդ գործածէ։ Փորձէ զգալ՝ ինչ որ Աստուածաշունչի այդ անձնաւորութիւնները զգացին, փորձէ տեսնել՝ ինչ որ անոնք տեսան։ Բաղդատէ անոնց հակազդեցութիւնը տուեալ հարցի մը շուրջ, քու ունենալիք հակազդեցութեանդ հետ։

Մեզի համար մեծ հաճոյք է այս հրատարակութիւնը քեզի ներկայացնել։ Թող որ այս գիրքը օրհնութիւն մը ըլլայ քեզի եւ ընտանիքիդ համար։ Ամենայն սիրով եւ բարի մաղթանքներով,

Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել