Ուսումնասիրութիւն 41
Ուրիշներուն Կողմէ Հասկնալի
ԵՐԲ կը խօսիք, տեղեկութիւն տալէն աւելին ըրէք։ Ջանացէք որ ձեր ըսածները հասկնալի ըլլան լսողներուն։ Ասիկա կրնայ օգնել որ աւելի ազդու կերպով հաղորդակցիք, երբ ժողովքին կը խօսիք, թէ՝ ոչ–Վկաներու։
Հասկնալի խօսակցութեան երեսակները շատ են։ Անոնցմէ ոմանք նկատի առնուած են Ուսումնասիրութիւն 26–ին մէջ՝ «Նիւթին Տրամաբանական Զարգացումը» խորագրով։ Ուրիշներ նկատի առնուած են Ուսումնասիրութիւն 30–ին մէջ՝ «Դիմացի Անհատին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն» խորագրով։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ, մի քանի յաւելեալ կէտեր պիտի քննարկենք։
Պարզ Բառեր, Ոճի Պարզութիւն։ Պարզ բառերն ու կարճ նախադասութիւնները հաղորդակցութեան համար զօրաւոր գործիքներ են։ Յիսուսի Լերան Քարոզը սքանչելի տիպար դասախօսութիւն մըն է, որ հասկնալի է բոլորին կողմէ, անոնք ո՛վ որ ալ ըլլան, ո՛ւր որ ալ ապրին։ Գաղափարները կրնան նոր ըլլալ անոնց համար։ Սակայն անոնք կրնան հասկնալ Յիսուսի ըսածը, քանի որ ան բոլորս հետաքրքրող հարցեր շօշափեց. ի՛նչպէս ուրախ ըլլալ, ի՛նչպէս ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութիւնը բարելաւել, ի՛նչպէս գլուխ ելլել մտահոգութեան հետ եւ ի՛նչպէս կեանքի մէջ իմաստ մը գտնել։ Իսկ ան իր մտքերը պարզ լեզուով արտայայտեց։ (Մատթ., գլ. 5-7) Անշուշտ, նախադասութեան երկարութեան ու կառոյցին կապակցաբար Աստուածաշունչին մէջ շատ այլազանութիւն կայ։ Ձեր գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ մտքերը յստակ եւ հասկնալի կերպով արտայայտել։
Նոյնիսկ երբ խորունկ նիւթ մը կը քննարկէք, ոճի պարզութիւնը կրնայ օգնել որ անիկա աւելի դիւրըմբռնելի ըլլայ։ Ի՞նչպէս կարելի է պարզութեան տիրանալ։ Ձեր ունկնդիրները անհարկի մանրամասնութիւններով մի՛ ծանրաբեռնէք։ Ձեր նիւթը այնպէս մը դասաւորեցէք որ ձեր գլխաւոր կէտերը ցցուն ըլլան։ Ձեր բանալի համարները հոգածութեամբ ընտրեցէք։ Փոխանակ մէկ համարէն միւսին ցատկելու, զանոնք կարդացէք ու բացատրեցէք։ Լաւ միտք մը՝ բառերու շատութեան մէջ մի՛ խեղդէք։
Երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, այս նոյն սկզբունքները կիրարկեցէք։ Մի՛ փորձէք բոլոր մանրամասնութիւնները բացատրել։ Աշակերտին օգնեցէք որ գլխաւոր գաղափարները յստակօրէն հասկնայ։ Հետագային, անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներուն մէջ, ան կրնայ սորվիլ այդ մանրամասնութիւնները։
Նիւթը պարզութեամբ ներկայացնելու համար, լաւ պատրաստութիւն պէտք է։ Եթէ կ’ուզէք ձեր նիւթը ուրիշներուն հասկցնել, նախ դո՛ւք զայն լաւ հասկցած պէտք է ըլլաք։ Երբ իրապէս կը հասկնաք բան մը, կրնաք պատճառներ ներկայացնել «ինչո՛ւ»ներու մասին։ Նաեւ կրնաք ձեր անձնական բառերով արտայայտուիլ։
Անծանօթ Արտայայտութիւնները Բացատրեցէք։ Երբեմն բան մը հասկնալի դարձնելը կը պահանջէ որ ձեր ունկնդիրներուն անծանօթ եղող արտայայտութիւնները բացատրէք։ Ձեր ունկնդիրները ո՛չ շատ գիտունի տեղ դրէք, ո՛չ ալ անոնց հասկացողութիւնը թերագնահատեցէք։ Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութեան որպէս արդիւնք, կրնաք կարգ մը արտայայտութիւններ գործածել, որոնք օտար կը հնչեն ուրիշներուն։ Եթէ կարգ մը տեղեկութիւններ չտաք, Եհովայի Վկաներուն հետ չընկերակցողները պիտի չհասկնան որ «մնացորդ», «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», «ուրիշ ոչխարներ» եւ «մեծ բազմութիւն» արտայայտութիւնները մարդոց մասնայատուկ խումբերու կ’ակնարկեն։ (Հռովմ. 11։5. Մատթ. 24։45. Յովհ. 10։16. Յայտ. 7։9) Նոյնպէս, երբ անհատ մը Եհովայի Վկաներու կազմակերպութեան ծանօթ չէ, հաւանաբար պիտի չհասկնայ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «հրատարակիչ», «ռահվիրայ», «շրջանային տեսուչ», «Յիշատակատօն» եւ նման արտայայտութիւններ։
Սուրբ գրային կարգ մը արտայայտութիւններ, որոնք ազատօրէն կը գործածուին նոյնիսկ Վկայ չեղողներու կողմէ, որոշ բացատրութիւններու կը կարօտին։ Շատերուն համար «Արմագեդոն» կը նշանակէ կորիզային ողջակիզութիւն։ Անոնք կրնան «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» կապել անհատի մը սրտին մէջ եղած վիճակի մը հետ, կամ երկնքի հետ, բայց ո՛չ՝ կառավարութեան մը հետ։ «Հոգի»ին ակնարկելը կրնայ մարմնին մեռնելէն ետք մարդոց մէջէն հոգեղէն բանի մը վերապրումին գաղափարը արթնցնել։ Միլիոնաւոր մարդիկ սորված են որ «սուրբ հոգին» անձնաւորութիւն մըն է՝ Երրորդութեան մէկ մասը։ Քանի որ շատեր Աստուածաշունչի բարոյագիտութիւնը լքած են, անոնք թերեւս օգնութեան պէտք ունին հասկնալու համար թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզուի, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «պոռնկութենէն փախէք»։—Ա. Կորն. 6։18
Եթէ մարդիկ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչ կարդացող չըլլան, անոնք կրնան սխալ հասկնալ եթէ պարզապէս ըսէք՝ «Պօղոս գրեց . . . », կամ՝ «Ղուկաս ըսաւ . . . »։ Թերեւս անոնք բարեկամներ կամ դրացիներ ունին այդ անուններով։ Կրնաք կարգ մը բացատրութիւններ տալ, անհատը բնորոշելով որպէս Քրիստոնեայ առաքեալ մը, կամ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը։
Ներկայիս ունկնդիրներ յաճախ օգնութեան պէտք ունին, որպէսզի հասկնան այն համարները, որոնք հին չափերու կամ սովորութիւններու մասին կը խօսին։ Օրինակ, երբ ըսէք որ Նոյի տապանին երկայնութիւնը 300 կանգուն, լայնութիւնը 50 կանգուն եւ բարձրութիւնը 30 կանգուն էր, անոնց համար ասիկա իմաստ մը չի ներկայացներ։ (Ծննդ. 6։15) Բայց եթէ այս նոյն չափերը իրենց ծանօթ եղող չափումի միաւորով մը տաք, ձեր ունկնդիրները անմիջապէս պիտի պատկերացնեն տապանին մեծութիւնը։
Հարկ Եղած Բացատրութիւնը Տուէք։ Նիւթ մը յստակ դարձնելու համար ձեր ունկնդիրներուն, որոշ արտայայտութեան մը շիտակ սահմանումը տալէն աւելին պէտք է ընէք։ Եզրասի օրերուն, Երուսաղէմի մէջ Օրէնքին ընթերցանութեան կ’ընկերանար բացատրութիւնը։ Մարդիկ անոր իմաստը ըմբռնելու կարող ըլլալու համար, Ղեւտացիները Օրէնքը կը մեկնէին, ինչպէս նաեւ անոր կիրարկումը կ’ընէին այդ ժամանակ մարդոց դիմագրաւած պարագաներուն համաձայն։ (Նէեմ. 8։8, 12) Նոյն կերպով, ձեր կարդացած համարները բացատրելու եւ կիրարկելու համար ժամանակ յատկացուցէք։
Իր մահուընէ ու յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն բացատրեց թէ ինչ որ տեղի ունեցած էր, Սուրբ Գրութիւններու կատարումն էր։ Ան նաեւ շեշտեց որ անոնք պատասխանատուութիւն ունէին որպէս այդ բաներուն ականատեսները։ (Ղուկ. 24։44-48) Երբ մարդոց օգնէք տեսնելու թէ իրենց սորված բաները պէտք է ազդեցութիւն ունենան իրենց կեանքին վրայ, անոնք աւելի դիւրաւ պիտի հասկնան անոնց նշանակութիւնը։
Սիրտը Ի՛նչպէս Պարփակուած Է։ Անշուշտ, նոյնիսկ երբ ձեր բացատրութիւնները յստակ ըլլան, ուրիշ ազդակներ կրնան ազդել թէ դիմացինը որքանով կը հասկնայ։ Երբ անհատի մը սիրտը ընդունակ չէ, անիկա ըսուածին իմաստը հասկնալու արգելք պիտի ըլլայ։ (Մատթ. 13։13-15) Անոնք որոնք որոշած են հարցերը միմիայն ֆիզիքական տեսանկիւնէ դիտել, իրենց համար հոգեւոր բաները յիմարութիւն են։ (Ա. Կորն. 2։14) Երբ անհատ մը այսպիսի հոգի մը ցոյց տայ, իմաստութիւն է պարզապէս վերջ դնել խօսակցութեան՝ առնուազն առայժմ։
Սակայն, երբեմն սիրտը չ’ընդառաջեր՝ կեանքի դժուար պարագաներու պատճառաւ։ Հետագային, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կրկին անգամ լսելու պատեհութիւն տալով, այսպիսի անհատի մը սիրտը կրնայ ընդունակ դառնալ։ Երբ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ որ ինք պիտի ծեծուէր ու մահուան մատնուէր, անոնք չհասկցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք ասիկա չէին ակնկալեր եւ վստահաբար չէին ալ ուզեր։ (Ղուկ. 18։31-34) Բայց ժամանակ մը ետք, այդ առաքեալներէն 11–ը հասկցան, եւ ասիկա ցոյց տուին վարուելով ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս իրենց սորվեցուցած էր։
Լաւ Օրինակին Ազդեցութիւնը։ Մարդիկ կրնան հասկնալ ո՛չ միայն մեր խօսքերով, այլ նաեւ՝ մեր գործերով։ Թագաւորութեան Սրահ իրենց առաջին այցելութեան մասին շատեր կ’ըսեն թէ կը յիշեն հոն իրենց տեսած սէրը, բայց չեն յիշեր ըսուածը։ Նոյն կերպով, մեր յայտնաբերած ուրախութիւնը օգնած է շատ տանտէրներու որ իրենց միտքը բանան Աստուածաշունչի ճշմարտութեան։ Իրարու հանդէպ Եհովայի ծառաներուն ցուցաբերած հաւատարիմ սէրը, եւ թշուառութիւններու հանդիպած ուրիշներու հանդէպ անոնց կարեկցութիւնը տեսնելը պատճառ եղած է, որ ոմանք եզրակացնեն թէ Վկաները ճշմարիտ կրօնքը ունին։ Ուստի, մինչ կը ջանաք մարդոց օգնել որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը հասկնան, ձեր բացատրութեան կերպին եւ ձեր ձգած օրինակին ուշադրութիւն ըրէք։