Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 43 էջ 234-էջ 235 պարբ. 3
  • Նշանակուած Նիւթի Գործածութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նշանակուած Նիւթի Գործածութիւն
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն Պատրաստութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ Պատրաստել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 43 էջ 234-էջ 235 պարբ. 3

Ուսումնասիրութիւն 43

Նշանակուած Նիւթի Գործածութիւն

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր դասախօսութիւնը կերտեցէք նշանակուած նիւթին շուրջ, եւ եթէ անոր աղբիւրը տրուած է, անկէ քաղեցէք համարներն ու գլխաւոր կէտերը։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Երբ մեր դասախօսութիւնը մշակելու համար մեզի նշանակուած նիւթը կը գործածենք, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին կողմէ կարգադրուած կերակրումի յայտագրին հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ քրիստոնէական ժողովքը կը բաղդատէ մարդկային մարմնին հետ։ Անոր իւրաքանչիւր մասը անհրաժեշտ է, բայց բոլորը «միեւնոյն գործը չունին»։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, մեզի ի՛նչ առանձնաշնորհում որ տրուած է՝ անոր վրայ պէտք է աշխատինք։ Ասիկա կը պահանջէ որ լաւ հասկնանք ու հոգածութեամբ պատրաստենք խօսելիք որեւէ բաժին, փոխանակ կարգ մը նիւթերու կարեւորութիւնը նսեմացնելու, խորհելով որ ուրիշ նիւթեր աւելի հետաքրքրական են։ (Հռովմ. 12։4-8) Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը «ատենին» հոգեւոր կերակուրը տալու պատասխանատուութիւնը ունի։ (Մատթ. 24։45) Երբ մեր անձնական կարողութիւնները գործածենք դասախօսութիւնները մշակելու մեր ստացած հրահանգներուն համաձայն, այդ կարգադրութեան հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տանք։ Ասիկա ամբողջ ժողովքին սահուն կերպով ընթանալուն կը նպաստէ։

Ի՛նչ Պարփակել։ Երբ դպրոցին մէջ ձեզի նիւթ մը նշանակուի, վստահ եղէք որ ա՛յդ նիւթը մշակէք՝ ու ո՛չ թէ ուրիշ մը։ Ընդհանրապէս, ձեզի կը տրուի ուղղակի նիւթին աղբիւրը։ Եթէ ձեզի չէ ըսուած ի՛նչ գրականութիւն գործածել ձեր դասախօսութեան որպէս հիմ, կրնաք տեղեկութիւններ հաւաքել ձեր ընտրած աղբիւրներէն։ Սակայն, մինչ կը պատրաստէք ձեր դասախօսութիւնը, վստահ եղէք որ ամբողջ զեկուցումը նշանակուած նիւթին շուրջ կը դառնայ։ Ձեր նիւթին բովանդակութիւնը որոշելու ատեն, հաշուի պէտք է առնէք նաեւ ձեր ունկնդիրները։

Բծախնդրաբար սերտեցէք աղբիւրին բովանդակած նիւթը, անոր մէջի համարները վերլուծելով։ Ապա նկատի առէք թէ ի՛նչպէս կրնաք ազդու կերպով գործածել զայն, որպէսզի ունկնդիրները օգտուին։ Նշուած գրականութենէն երկու կամ հաւանաբար երեք կէտեր ընտրեցէք որպէս ձեր դասախօսութեան գլխաւոր կէտերը։ Նմանապէս, նշանակուած նիւթին մէջէն համարներ ընտրեցէք, զորս կը ծրագրէք կարդալ ու քննարկել։

Նիւթին ո՞րքան մասը պիտի ծածկէք։ Միայն այնքան որքան կրնաք ազդու կերպով ներկայացնել։ Ուսուցանելու լաւ կերպերը մի՛ զոհէք, շատ տեղեկութիւն թխմելու համար։ Եթէ նիւթին կարգ մը մասերը չեն յարմարիր ձեր դասախօսութեան նպատակին, աւելի կեդրոնացէք այն մասերուն վրայ, որոնք կ’օգնեն ձեզի որ զայն իրագործէք։ Նշանակուած նիւթէն գործածեցէք այն մասերը, որոնք իրապէս տեղեկատու եւ օգտակար են ձեր ունկնդիրներուն համար։ Խօսակցական խրատի այս կէտին համար ձեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ որքան շատ տեղեկութիւն կրնաք ծածկել, այլ՝ ձեզի նշանակուածը գործածել որպէս ձեր դասախօսութեան հիմը։

Ձեր դասախօսութիւնը պարզապէս նշանակուած նիւթին ամփոփումը պէտք չէ ըլլայ։ Պէտք է ծրագրէք կարգ մը կէտեր բացատրել, զանոնք ընդլայնել, զանոնք յստակացնել, եւ հաւանաբար անոնց կիրարկման մասին օրինակ մը տալ։ Յաւելեալ գաղափարները պէտք է գործածուին ձեզի նշանակուած նիւթին մէջի կարեւոր կէտերը մշակելու համար եւ ո՛չ թէ՝ նիւթը փոխելու։

Ուսուցանելու որակումներ ունեցող եղբայրներէն ժամանակի ընթացքին կրնայ խնդրուիլ որ Ծառայութեան Ժողովին մէջ բաժիններ տան։ Անոնք կը հասկնան որ պէտք է նշանակուած նիւթը ազդու կերպով գործածեն եւ ո՛չ թէ զայն փոխարինեն ուրիշով մը։ Նոյնպէս, հանրային դասախօսութիւն տուող եղբայրներուն ուրուագծեր կը հայթայթուին, որոնց պէտք է հետեւին։ Ուրուագծերը որոշ ազատութիւն կու տան, բայց անոնց մէջ յստակօրէն նշուած են զարգացուելիք գլխաւոր կէտերը, գործածուելիք պատճառաբանութիւնները եւ համարները, որոնք դասախօսութեան հիմը կը կազմեն։ Նշանակուած նիւթը որպէս հիմ գործածելով ուսուցանել սորվիլը, դասախօսելու այլ առանձնաշնորհումներու պատրաստուելու համար կարեւոր քայլ մըն է։

Այս մարզումը կրնայ նաեւ օգնել որ յառաջդիմական տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարէք։ Պիտի սորվիք ուսումնասիրութեան նիւթին վրայ կեդրոնացնել ձեր ուշադրութիւնը, փոխանակ ձեր նիւթէն շեղելու, ուրիշ կէտեր ցցուն ընելով, որոնք թերեւս հետաքրքրական են, բայց նիւթը հասկնալու համար անհրաժեշտ չեն։ Սակայն, եթէ այս դասին հոգին հասկնաք, այնքան անթեք պիտի չըլլաք որ զլանաք աշակերտի մը պէտք ունեցած յաւելեալ բացատրութիւնը տալ։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Միայն այն տեղեկութիւնը գործածեցէք, որ ուղղակիօրէն կապ ունի ձեզի նշանակուած նիւթին հետ։

  • Եթէ ձեր նշանակումը կը պարփակէ որոշ տպուած նիւթեր գործածել որպէս հիմ ձեր դասախօսութեան, անոնցմէ ընտրեցէք ձեր գլխաւոր կէտերը եւ բանալի համարները, քան թէ ուրիշ աղբիւրներէ։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Երեք տարբեր օրեր, երբ օրուան համարը կը կարդաք, շրջանակի մէջ առէք այն բառը կամ խօսքը, որ քննարկուած նիւթը կը բնորոշէ։ Մէկ կամ երկու հակիրճ մեկնաբանութիւններ ընդգծեցէք, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերին այդ նիւթին։ Յետոյ ձեր բառերով նիւթին մասին խօսեցէք՝ համարը եւ ձեր ընդգծած կէտերը գործածելով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել