Ուսումնասիրութիւն 18
Աստուածաշունչով Պատասխանել
ԵՐԲ մեզի հարցուի մեր հաւատալիքներուն, մեր ապրելակերպին, ընթացիկ դէպքերու շուրջ մեր տեսակէտին, ապագայի նկատմամբ մեր յոյսին մասին, կը ջանանք Աստուածաշունչը գործածել պատասխանելու համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա Աստուծոյ Խօսքն է։ Մենք մեր հաւատալիքները Աստուածաշունչէն կը քաղենք։ Մեր ապրելակերպը Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնենք։ Անիկա աշխարհի անցուդարձերուն մասին մեր տեսակէտին ուղղութիւն կու տայ։ Ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը զօրաւոր կերպով հաստատուած է Աստուածաշունչի ներշնչեալ խոստումներուն վրայ։—Բ. Տիմ. 3։16, 17
Մենք իսկապէս գիտակից ենք մեր անուան ընկերակցող պատասխանատուութեան։ Մենք Եհովայի Վկաներն ենք։ (Եսայ. 43։12) Ուստի, հարցումներու կը պատասխանենք ո՛չ թէ մարդկային փիլիսոփայութեան հիման վրայ, այլ՝ իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ Եհովայի ըսածներուն հիման վրայ։ Ճիշդ է որ որպէս անհատներ մենք մեր կարծիքը ունինք հարցերու շուրջ, բայց թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ Խօսքը ուղղութիւն տայ մեր տեսակէտներուն, քանի որ հաստատօրէն համոզուած ենք որ անիկա ճշմարտութիւն է։ Անշուշտ, Աստուածաշունչը մեզի շատ հարցերու շուրջ անձնական նախընտրութեան ազատութիւն կու տայ։ Փոխանակ մեր նախընտրութիւնները ուրիշներուն պարտադրելու, կը փափաքինք Սուրբ Գրքին մէջի սկզբունքները սորվեցնել, այս կերպով թոյլ տալով որ մեզի մտիկ ընողները ընտրութեան նոյն ազատութիւնը ունենան։ Պօղոս առաքեալի նման, կը ջանանք «հաւատքի հնազանդելու» մղել։—Հռովմ. 16։26
Յայտնութիւն 3։14–ի մէջ Յիսուս Քրիստոս նկարագրուած է որպէս «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան»։ Ան ի՞նչպէս պատասխանեց հարցումներու եւ ի՞նչպէս վարուեցաւ իր գտնուած կարգ մը պարագաներուն մէջ։ Երբեմն օրինակներ գործածելով, թոյլ տալով որ մարդիկ մտածեն։ Ուրիշ անգամներ, հարցումը ուղղողին հարցնելով թէ ինք ի՛նչպէս հասկցած էր Սուրբ Գրութիւններու համար մը։ Իսկ շատ յաճախ՝ համարներ մէջբերելով, զանոնք յարասելով, կամ անոնց ակնարկութիւն ընելով։ (Մատթ. 4։3-10. 12։1-8. Ղուկ. 10։25-28. 17։32) Առաջին դարուն, սուրբ գրային գալարները սովորաբար ժողովարաններուն մէջ կը պահուէին։ Ապացոյց մը չկայ թէ Յիսուս այդ գալարներէն անձնական հաւաքածոյ մը ունէր, բայց ան Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէր ու յաճախ անոնց կ’ակնարկէր, երբ ուրիշներու կը սորվեցնէր։ (Ղուկ. 24։27, 44-47) Ան իրապէս կրնար ըսել թէ ինչ որ կը սորվեցնէր՝ իրմէ եկած չէր։ Ան կը խօսէր ինչ որ սորված էր իր Հօրմէն։—Յովհ. 8։26
Մեր ցանկութիւնն է Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Մենք անձնապէս Աստուծոյ խօսածը չենք լսած, ինչպէս Յիսուս լսած էր։ Բայց Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Երբ մեր պատասխանները անոր վրայ կը հիմնենք, ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելէ կը խուսափինք։ Ցոյց կու տանք որ փոխանակ անկատար մարդու մը կարծիքը յայտնելու, մենք որոշած ենք ձգել որ Աստուա՛ծ ըսէ թէ ինչ է ճշմարտութիւնը։—Յովհ. 7։18. Հռովմ. 3։4
Անշուշտ մեր փափաքը պարզապէս Աստուածաշունչը գործածել չէ, այլ զայն գործածել այնպիսի կերպով մը, որ մեզի լսողը լաւագոյնս օգտուի։ Կ’ուզենք որ ան բաց մտքով մեզի մտիկ ընէ։ Անհատին կեցուածքին համաձայն, կրնաք սուրբ գրային մտքեր ներկայացնել, ըսելով. «Չէ՞ք համաձայնիր որ կարեւորագոյն բանը այն է թէ Աստուա՛ծ ինչ կ’ըսէ»։ Կամ կրնաք ըսել. «Գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչը ճիշդ այս հարցումին մասին կը խօսի»։ Եթէ կը խօսիք անհատի մը որ յարգանք չունի Աստուածաշունչին հանդէպ, թերեւս քիչ մը տարբեր բացում մը պէտք է գործածէք։ Կրնաք ըսել. «Կ’ուզեմ այս հին մարգարէութիւնը ձեզի բացատրել»։ Կամ կրնաք ըսել. «Պատմութեան մէջ ամենէն շատ շրջաբերութիւն ունեցող գիրքը հետեւեալը կ’ըսէ . . . »։
Կարգ մը պարագաներու, կրնաք պարզապէս համարի մը միտքը ըսել։ Բայց երբ կարելի է, նախընտրելի է Աստուածաշունչը բանալ եւ կարդալ ինչ որ հոն ըսուած է։ Եթէ յարմար է, անհատին Աստուածաշունչէն համարը ցոյց տուէք իրեն։ Աստուածաշունչին այս ուղղակի գործածութիւնը մարդոց վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունի։—Եբր. 4։12
Քրիստոնեայ երէցները իրենց հարցուած հարցումներուն Աստուածաշունչէն պատասխանելու մասնայատուկ պատասխանատուութիւնը ունին։ Որպէս երէց ծառայելու որակումներէն մէկն է որ ան ‘ամուր կապուած ըլլայ վարդապետութեան հաւաստի խօսքին’։ (Տիտ. 1։9, Երուսաղէմ) Ժողովքի անդամ մը կրնայ երէցի մը տուած խրատին վրայ լուրջ որոշում մը կայացնել։ Որքա՜ն անհրաժեշտ է որ այս խրատը զօրաւոր կերպով հաստատուած ըլլայ Սուրբ Գրքին վրայ։ Երբ երէց մը այսպէս վարուի, շատ ուրիշներ ալ իրենց ուսուցանելու կերպին մէջ անոր օրինակին կրնան հետեւիլ։