Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 46 էջ 244-էջ 245 պարբ. 4
  • Ծանօթ Վիճակներէ Օրինակներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանօթ Վիճակներէ Օրինակներ
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օժանդակ Պիտոյքներու Ազդու Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուրիշներու Հանդէպ Յարգանք Ցոյց Տալ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • «Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Օրինակներ գործածել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 46 էջ 244-էջ 245 պարբ. 4

Ուսումնասիրութիւն 46

Ծանօթ Վիճակներէ Օրինակներ

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Գործածեցէք այնպիսի օրինակներ, որոնք կը պարփակեն գործունէութիւններ, որոնցմով կը զբաղին ձեր ունկնդիրները, կամ բաներ՝ որոնց քաջածանօթ են։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Ծանօթ վիճակներէ առնուած օրինակները ունկնդիրներուն սրտին պիտի դպչին։

ԿԱՐԵՒՈՐ է անշուշտ, որ ի՛նչ օրինակ ալ գործածէք, նկատի առնուած նիւթին յարմար ըլլայ։ Բայց ազդու ըլլալու համար, նոյնքան կարեւոր է որ անիկա ունկնդիրներուն յարմար ըլլայ։

Խումբի մը խօսելու համար, ունկնդիրներուն տեսակը ի՞նչպէս կրնայ ազդել օրինակներու ձեր ընտրութեան։ Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ըրաւ։ Երբ կը խօսէր ամբոխի մը, թէ իր աշակերտներուն, Յիսուս իր օրինակները Իսրայէլէն դուրս գտնուող երկիրներու յատուկ եղող բաներէն չառաւ։ Այսպիսի օրինակներ անծանօթ պիտի ըլլային իր ունկնդիրներուն։ Յիսուս, զոր օրինակ, Եգիպտոսի պալատական կեանքէն կամ Հնդկաստանի կրօնական սովորութիւններէն որեւէ բան չյիշեց։ Այսուհանդերձ, իր օրինակները բոլոր երկիրներու մարդոց սովորական եղող գործունէութիւններէն առաւ։ Ան խօսեցաւ հագուստ կարկտնելու, առեւտուր ընելու, թանկագին բան մը կորսնցնելու եւ հարսանեկան խնճոյքի ներկայ գտնուելու մասին։ Ան կը հասկնար թէ մարդիկ ի՛նչպէս կը հակազդէին որոշ պարագաներու ներքեւ եւ այս տեղեկութիւնը օգտագործեց։ (Մար. 2։21. Ղուկ. 14։7-11. 15։8, 9. 19։15-23) Քանի որ իր հանրային քարոզչութիւնը մասնաւորաբար ուղղուած էր Իսրայէլի ժողովուրդին, Յիսուսի օրինակները շատ յաճախ ակնարկում կ’ընէին իրերու եւ գործունէութիւններու, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէին։ Անոր համար ակնարկութիւն ըրաւ հողագործութեան, ոչխարներուն ի՛նչպէս ընդառաջելուն իրենց հովիւին, եւ գինի պահելու համար անասնական մորթ գործածելու նման բաներու։ (Մար. 2։22. 4։2-9. Յովհ. 10։1-5) Ան պատմական ծանօթ դէպքեր ալ նշեց. մարդկային առաջին զոյգին ստեղծագործութիւնը, Նոյի օրուան Ջրհեղեղը, Սոդոմի ու Գոմորի կործանումը, Ղովտի կնկան մահը, եւայլն։ (Մատթ. 10։15. 19։4-6. 24։37-39. Ղուկ. 17։32) Դուք ալ երբ օրինակներ կ’ընտրէք, ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ՞ք ձեր ունկնդիրներուն սովորական գործունէութիւնները եւ անոնց մշակութային ենթահողը։

Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ փոխանակ մեծ խումբի մը, կը խօսիք միայն մէկ կամ քանի մը հոգիի։ Ջանացէք օրինակ մը ընտրել որ մասնաւորաբար կը յարմարի այդ փոքր խումբին։ Երբ Յիսուս Սուքարի մօտ գտն ուող ջրհորի մը քով Սամարացի կնկայ մը վկայեց, ան խօսեցաւ «կենդանի ջուր»ի, ‘նորէն չծարաւելու’ եւ ‘յաւիտենական կեանքի համար բղխող ջուրի աղբիւրի մը’ մասին. բոլորն ալ պատկերաւոր արտայայտութիւններ էին, որոնք առնչութիւն ունէին այդ կնկան գործին հետ։ (Յովհ. 4։7-15) Իսկ երբ խօսեցաւ տղամարդոց, որոնք իրենց ուռկանները կը լուային, ան ձկնորսութեան վերաբերեալ պատկերաւոր արտայայտութիւն գործածեց։ (Ղուկ. 5։2-11) Երկու պարագաներուն ալ, ան կրնար երկրագործութեան մասին խօսիլ, քանի որ անոնք կ’ապրէին հողագործական շրջանի մը մէջ, բայց որքա՜ն աւելի ազդու էր ակնարկութիւն ընել ուղղակի իրենց անձնական գործունէութեան, երբ մտային պատկեր մը կը գծէր։ Դուք ալ կը ջանա՞ք նոյնը ընել։

Յիսուս ուշադրութիւն դարձուց «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» վրայ, բայց Պօղոս առաքեալ ո՛չ միայն Իսրայէլի ղրկուեցաւ, հապա հեթանոսներու ալ։ (Մատթ. 15։24. Գործք 9։15) Արդեօք ասիկա Պօղոսի խօսած կերպին ազդե՞ց։ Այո՛։ Երբ Կորնթոսի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն կը գրէր, ան ակնարկութիւն ըրաւ մրցավազքի, կուռքերու տաճարներուն մէջ միս ուտելու եւ յաղթական շքերթներու մասին. բաներ՝ որոնք ծանօթ էին հեթանոսութենէ դարձած այդ անհատներուն։—Ա. Կորն. 8։1-10. 9։24, 25. Բ. Կորն. 2։14-16

Երբ լուսաբանութիւններ եւ օրինակներ կ’ընտրէք ձեր ուսուցումին մէջ գործածելու համար, Յիսուսին եւ Պօղոսին նման բծախնդի՞ր էք։ Ձեր ունկնդիրներուն ենթահողը եւ առօրեայ գործունէութիւնը նկատի կ’առնէ՞ք։ Անշուշտ, առաջին դարէն ի վեր աշխարհ փոխուած է։ Շատեր աշխարհի լուրերը կրնան ստանալ հեռատեսիլէն։ Անոնք օտար երկիրներու կացութենէն յաճախ տեղեակ են։ Երբ պարագան այս է, սխալ չէ այդ լուրերէն նիւթեր գործածել որպէս օրինակ։ Բայց եւ այնպէս, իրենց անձնական կեանքին՝ իրենց տան, ընտանիքին, գործին, կերած կերակուրին, իրենց շրջանին մէջ եղող օդին վերաբերեալ բաները, աւելի խոր կերպով կ’ազդեն մարդոց։

Եթէ ձեր գործածած օրինակը շատ բացատրութեան կը կարօտի, հաւանաբար կը խօսիք բանի մը մասին որ շատ ծանօթ չէ ձեր ունկնդիրներուն։ Այսպիսի օրինակ մը դիւրաւ կրնայ շուքի մէջ ձգել ձեր ուսուցանած կէտը։ Որպէս արդիւնք, ունկնդիրները ձեր օրինակը կրնան յիշել, բայց ձեր հաղորդել փորձած սուրբ գրային ճշմարտութիւնը չեն յիշեր։

Փոխանակ բարդ բաղդատութիւններ ընելու, Յիսուս կը գործածէր պարզ, առօրեայ նիւթեր։ Ան պզտիկ բաներ կը գործածէր, մեծ բաներ բացատրելու համար, եւ դիւրին բաներ՝ դժուար բաներ յստակացնելու համար։ Առօրեայ դէպքերուն ու հոգեւոր ճշմարտութիւններու միջեւ կապեր հաստատելով, Յիսուս մարդոց օգնեց որ աւելի հեշտութեամբ հասկնան իր սորվեցուցած հոգեւոր ճշմարտութիւնները ու զանոնք յիշեն։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ՄՇԱԿԵԼ ԱՅՍ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

  • Սորվեցէք ո՛չ միայն ձեր ըսելիքին մասին մտածել, այլ նաեւ՝ ձեր ունկնդիրներուն մասին։

  • Ձեր շուրջի անցուդարձերը նկատող եղէք։

  • Նպատակակէտ դրէք ամէն շաբաթ առնուազն մէկ յարմար օրինակ գործածել, որ նախապէս չէք գործածած։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Մատթէոս 12։10-12–ի մէջ գործածուած օրինակը վերլուծեցէք։ Ինչո՞ւ ազդեցիկ էր։

Օրինակներ՝ զորս կրնամ գործածել բարոյական չափանիշներու մասին պատանիի մը հետ խօսելու համար

․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

Օրինակներ՝ զորս կրնամ գործածել, Աստուածաշունչի հիմնական մէկ ճշմարտութեան մասին չափահասի մը հետ խօսելու համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել