Ուսումնասիրութիւն 50
Սրտին Հասնելու Ջանք
ՄԱՐԴՈՑ վկայութիւն տալէ զատ, պէտք է ջանաք անոնց սրտին հասնիլ։ Աստուածաշունչին մէջ, սիրտը յաճախ հակադրուած է անհատի մը դրսերեւոյթին հետ։ Այլաբանական սիրտը կը ներկայացնէ անհատի մը ներքինը՝ իր զգացումները, իր բոլոր մտածումները, ինչո՛ւ որոշ կերպով մտածելը եւ այս խորհուրդները ի՛նչպէս իր արարքներուն ազդելը։ Այս այլաբանական սրտին մէջն է որ ճշմարտութեան սերմը կը ցանուի։ (Մատթ. 13։19) Իսկ սրտէն է որ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւն պէտք է բխի։—Առ. 3։1. Հռովմ. 6։17
Ձեր տուած ուսուցումը այսքան խորը հասնելու համար, հետեւեալ նպատակներուն վրայ սեւեռեցէք ձեր ուշադրութիւնը. (1) Տեղեակ եղէք թէ ի՛նչ բան արդէն ազդած է ձեր ունկնդրին սրտին։ (2) Սիրոյ ու աստուածավախութեան նման դրական յատկութիւններու վրայ շեշտ դրէք։ (3) Ձեր ունկնդիրը քաջալերեցէք որ իր ներքին շարժառիթները վերլուծէ, որպէսզի իրապէս հաճելի ըլլայ Եհովայի։
Խորատեսութիւն Գործածեցէք։ Մարդիկ տարբեր պատճառներով ճշմարտութիւնը տակաւին ընդունած չեն։ Երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, թերեւս հարկ տեսնէք կանխադատութիւնը վանելու եւ իրողութիւններ ներկայացնելու՝ աշակերտին ունեցած սխալ գաղափարները չէզոքացնելու համար, կամ թերեւս պէտք ունիք միայն փաստեր բերելու։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս անհատը կը գիտակցի՞ թէ որպէս մարդ արարած ինք հոգեւոր կարիքներ ունի։ Ո՞րքանով արդէն կը հաւատայ։ Ի՞նչ բանի չի հաւատար։ Ինչո՞ւ այս եզրակացութիւններուն յանգած է։ Օգնութեան պէտք ունի՞ յաղթահարելու համար ցանկութիւններ, որոնք կրնան զինք ետ պահել այն պատասխանատուութիւնները ստանձնելէ, որոնք ճշմարտութիւնը ընդունելով կու գան’։
Միշտ դիւրին չէ գիտնալ թէ մարդիկ ինչո՛ւ որոշ բաներու կը հաւատան։ «Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է», կ’ըսէ Առակաց 20։5–ը, «բայց խելացի [«խորատես», ՆԱ] մարդը զանիկա դուրս կը հանէ»։ Խորատեսութիւնը՝ բացայայտ չեղող բաները տեսնելու կարողութիւնն է։ Ասիկա սուր նկատողութիւն եւ ուրիշներով հետաքրքրուիլ կը պահանջէ։
Հաղորդակցութիւնը միայն բերանացի չ’ըլլար։ Որոշ նիւթ մը կրնայ աշակերտին դէմքի արտայայտութիւնը կամ ձայնի թոնը փոխել։ Եթէ ծնող մըն էք, անկասկած կ’անդրադառնաք որ ձեր երախային վերաբերմունքին մէջ փոփոխութիւն մը կրնայ նշել որ ան կեանքի մէջ նոր բանի մը հանդիպած է։ Այս նշանները մի՛ անտեսէք։ Անոնք ներքին մարդուն արտացոլացումն են։
Լաւ ընտրուած հարցումներ անհատի մը սրտին մէջինը դուրս հանելու կը նպաստեն։ Կրնաք հարցնել. «Ի՞նչ կը խորհիս . . . »։ «Ի՞նչ բանը քեզ համոզեց որ . . . »։ «Ի՞նչ պիտի ըլլար հակազդեցութիւնդ, եթէ . . . »։ Բայց ուշադիր եղէք որ մարդիկը հարցումներով չողողէք։ Հարցնելէ առաջ, կրնաք փափկանկատօրէն ըսել՝ «Կ’ուզէի քեզի հարցնել . . . »։ Մէկու մը սրտին մէջ եղածը երեւան հանելը շատ ջանքի կը կարօտի եւ շտապելու չի գար։ Ընդհանրապէս անհատ մը իր ներքին զգացումներուն մասին խօսելէ առաջ, որոշ ժամանակ մը վստահութիւն պէտք է կերտուի։ Նոյնիսկ այն ատեն, ուշադիր պէտք է ըլլաք որ անհատը չխորհի թէ ձեզի չվերաբերող բաներու կը խառնուիք։—Ա. Պետ. 4։15
Ձեր լսած բանին հանդէպ ձեր հակազդեցութիւնն ալ խորատեսութիւն կը պահանջէ։ Մի՛ մոռնաք որ ձեր նպատակն է մարդիկը հասկնալ, որպէսզի կարենաք որոշել թէ սուրբ գրային ո՛ր տեղեկութիւնը հաւանաբար գործի լծէ զիրենք։ Անոնց տեսակէտներուն սխալ ըլլալը յայտնելու ձեր ցանկութիւնը անմիջապէս սանձեցէք։ Ընդհակառակը, այդ խօսքերուն ետին եղող զգացումները նկատելու մէջ արթուն եղէք։ Անկէ ետք կրնաք գիտնալ ինչպէս ընդառաջել. իսկ ձեր աշակերտը հասկցուած ըլլալու զգացումը ունենալով, աւելի հակամէտ պիտի ըլլայ ձեր ըսած բաներուն մասին լրջօրէն խորհելու։—Առ. 16։23
Նոյնիսկ երբ մեծ խումբի մը կը խօսիք, որոշ չափով կրնաք անհատներ ոգեւորել։ Եթէ ունկնդիրներու հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունենաք, դիմագծի արտայայտութիւններուն ուշադիր ըլլաք, եւ միտք գրգռող հռետորական հարցումներ ուղղէք, հաւանաբար գաղափար մը պիտի ունենաք թէ ձեր ունկնդիրները ի՛նչ կը խորհին ձեր ըսածներուն մասին։ Եթէ ձեր ունկնդիրները լաւ կը ճանչնաք, անոնց պարագաներուն հանդէպ նկատառու եղէք։ Ժողովքին ընդհանուր կեցուածքը հաշուի առէք, երբ անոնց հետ կը պատճառաբանէք Աստուծոյ Խօսքով։—Գաղ. 6։18
Օգտակար Զգացումներ Գրգռեցէք։ Անհատի մը հաւատացած ու չհաւատացած բաներուն ու ասոնց պատճառներուն մասին որոշ տեղեկութիւն ձեռք ձգելէ ետք, կարող կ’ըլլաք անոր վրայ կերտել։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն սրտին խօսեցաւ, վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն լոյսին տակ ‘գրքերը մեկնելով’ անոնց։ (Ղուկ. 24։32) Դուք ալ պէտք է ջանաք անհատին ունեցած փորձառութեան, իր տենչացած բաներուն եւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ իր տեսած բաներուն միջեւ կապը ցոյց տալ։ Աշակերտին սիրտը օգտակար կերպով պիտի ազդուի, երբ իրապէս գիտակցի՝ «Ասիկա՛ է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ»։
Երբ Եհովայի բարութեան, անարժան ողորմութեան եւ իր ճամբաներուն շիտակ ըլլալուն վրայ շեշտ կը դնէք, ձեր ուսուցանած անհատներուն կ’օգնէք որ Աստուծոյ հանդէպ սէր կերտեն։ Երբ ժամանակ կը տրամադրէք ձեր ունկնդիրներուն ցոյց տալու թէ Աստուած անհատապէս իրենց մէջի գեղեցիկ յատկութիւնները կը տեսնէ, անոնց պատճառ կու տաք հաւատալու թէ իրեն հետ անձնական յարաբերութիւն մը հաստատելը կարելի է։ Ասիկա կրնայ իրագործուիլ Սաղմոս 139։1-3, Ղուկաս 21։1-4 եւ Յովհաննու 6։44–ի նման համարներու վրայ մտածելով եւ ձեր ունկնդիրներուն օգնելով որ գնահատեն իր հաւատարիմ ծառաներուն նկատմամբ Եհովայի սիրալիր կապուածութեան խորութիւնը։ (Հռովմ. 8։38, 39) Բացատրեցէք թէ Եհովա միայն մեր սխալներուն չի նայիր, այլ նկատի կ’առնէ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքը, մաքուր պաշտամունքին համար մեր նախանձախնդրութիւնը եւ իր անուան համար մեր սէրը։ (Բ. Մնաց. 19։2, 3. Եբր. 6։10) Ան մեր կազմուածքին ամենադոյզն մանրամասնութիւնն անգամ կը յիշէ, եւ ան հոյակապ կերպով ետ կեանքի պիտի բերէ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները»։ (Յովհ. 5։28, 29. Ղուկ. 12։6, 7) Քանի որ մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ շինուած են, իր յատկութիւններուն մասին խօսիլը յաճախ անհատին սրտին լարերուն պիտի դպչի։—Ծննդ. 1։27
Դարձեալ կարելի է սրտին հասնիլ, երբ անհատը սորվի ուրիշները նկատել ա՛յնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ զանոնք։ Եթէ մեր Աստուածը գուրգուրանք ցոյց կու տայ անհատապէս մեզի հանդէպ, տրամաբանական է որ նոյն հետաքրքրութիւնը ունի նաեւ ուրիշներուն հանդէպ, առանց նկատի առնելու անոնց ենթահողը, ազգութիւնը կամ ցեղը։ (Գործք 10։34, 35) Անգամ մը որ անհատ մը այս հասկացողութիւնը ձեռք ձգէ, սուրբ գրային զօրաւոր հիմ մը պիտի ունենայ իր սրտէն ատելութիւնն ու կանխադատութիւնը վանելու։ Ասիկա պիտի օգնէ որ ուրիշներու հետ խաղաղ յարաբերութիւն ունենայ, մինչ կը սորվի աստուածային կամքը կատարել։
Աստուածավախութիւնը ուրիշ զգացում մըն է, որ ուրիշներուն պէտք է օգնէք որ մշակեն զայն։ (Սաղմ. 111։10. Յայտ. 14։6, 7) Այսպիսի խոր երկիւղ մը, կամ Աստուծոյ վախը, անհատը կրնայ մղել որ ընէ այն ինչ որ կարելի չէ ընել իր անձնական ուժով։ Եհովայի ահաւոր գործերուն եւ իր արտակարգ հաւատարիմ սիրոյ մասին խօսելով, կրնաք ուրիշներուն օգնել որ զինք տհաճեցնելու առողջ վախ մը մշակեն։—Սաղմ. 66։5. Երեմ. 32։40
Վստահ եղէք որ ձեր ունկնդիրները կը հասկնան թէ իրենց վարքը կարեւորութիւն ունի Եհովայի համար։ Ան զգացումներ ունի եւ իր ուղղութեան հանդէպ մեր ընդառաջումի կերպով, կա՛մ վիշտ կը պատճառենք իրեն, կա՛մ՝ ուրախութիւն։ (Սաղմ. 78։40-42) Մարդոց ցոյց տուէք թէ իրենց անձնական վարքը ինչո՛ւ ազդեցութիւն ունի Աստուած անարգող Սատանային տրուելիք պատասխանին վրայ։—Առ. 27։11
Ձեր ունկնդիրներուն օգնեցէք որ տեսնեն թէ Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալը օգտակար է իրենց համար։ (Եսայ. 48։17) Աստուծոյ իմաստութիւնը նոյնիսկ պահ մը մերժելուն ֆիզիքական եւ զգացական հետեւանքները նշելը, ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է։ Բացատրեցէք թէ մեղքը ի՛նչպէս մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ, ուրիշները կը զրկէ ճշմարտութիւնը մեզմէ սորվելու առիթէն, եւ հետեւաբար անոնց իրաւունքը ոտնակոխ կ’ընէ։ (Ա. Թես. 4։6) Ձեր ունկնդիրներուն օգնեցէք որ Աստուծոյ օրէնքները պահելուն որպէս արդիւնք իրենց վայելած օրհնութիւնները արժեւորեն։ Անոնց գնահատութիւնը աւելցուցէք այն իրողութեան հանդէպ որ Եհովայի արդար ճամբաներուն մէջ քալելը մեզ շատ չարիքներէ ետ կը պահէ։ Անհատ մը Աստուծոյ ճամբաներուն իմաստուն ըլլալուն վրայ հաւատք ունենալէն ետք, ան պիտի մերժէ անոնց հակառակ եղող որեւէ ընթացք։ (Սաղմ. 119։104) Ան հնազանդութիւնը ո՛չ թէ բեռ պիտի նկատէ, այլ՝ Եհովայի հանդէպ իր սիրալիր նուիրումը արտայայտելու կերպ մը։
Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Քննութիւն մը Կատարեն։ Հոգեւորապէս աճելու մէջ յարատեւելու համար, մարդիկ պէտք ունին ընդառաջելու իրենց սրտին մէջ եղածին։ Բացատրեցէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ օգնել իրենց որ ասիկա ընեն։
Ձեր ունկնդիրներուն օգնեցէք գիտակցելու որ Աստուածաշունչը պատուիրաններու, խրատներու, պատմական իրադարձութիւններու եւ մարգարէութիւններու արձանագրութիւն մը ըլլալէն աւելի է։ Անիկա Աստուծոյ խորհուրդներն ալ կը յայտնէ։ Յակոբու 1։22-25–ի մէջ, Աստուծոյ Խօսքը հայելիի մը նմանցուած է։ Աստուածաշունչի խօսքերուն եւ Իր նպատակը իրագործելու Եհովայի կերպին հանդէպ մեր ընդառաջումով, Աստուածաշունչի պատգամը մեր սրտին մէջինը երեւան կը հանէ։ Այսպիսով անիկա կը յայտնէ թէ «սրտերը քննող» Աստուած մեզ ի՛նչպէս կը նկատէ։ (Առ. 17։3, Արարատ) Ձեր ունկնդիրները քաջալերեցէք որ ասիկա իրենց միտքը պահեն։ Յորդորեցէք որ մտածեն Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ Աստուծոյ պահպանել տուած բաներուն մասին եւ թէ՝ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընեն իրենց կեանքին մէջ, աւելի հաճելի ըլլալու համար Իրեն։ Անոնց օգնեցէք որ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը նկատեն «սրտին խորհուրդները ու մտածումները» արժեւորելու Եհովայի միջոցը, որպէսզի կարենան Աստուծոյ հետ համագործակցիլ, հարկ եղած որեւէ ճշդում ընելով։—Եբր. 4։12. Հռովմ. 15։4
Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք կ’ուզեն իրենց սորվածին համաձայն վարուիլ, բայց թերեւս կը մտածեն թէ ուրիշներ ի՛նչ պիտի խորհին։ Թերեւս անոնք մարմնի կարգ մը զօրաւոր ցանկութիւններու դէմ կը պայքարին։ Կամ՝ թերեւս կը փորձեն կերպ մը գտնել որ աշխարհի սովորութիւններուն կառչած մնալով հանդերձ Աստուծոյ ծառայեն։ Այսպիսի անվճռականութեան վտանգները ցոյց տուէք։ (Գ. Թագ. 18։21) Զանոնք քաջալերեցէք որ Աստուծմէ խնդրեն որ իրենց սիրտը քննէ ու մաքրէ։—Սաղմ. 26։2. 139։23, 24
Անոնց ցոյց տուէք որ Եհովա կը հասկնայ իրենց պայքարը եւ թէ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ (Հռովմ. 7։22, 23) Անոնց օգնեցէք որ զգոյշ ըլլան, որպէսզի անկատար սրտին հակումները չտիրեն իրենց վրայ։—Առ. 3։5, 6. 28։26. Երեմ. 17։9, 10
Քաջալերեցէք որ իւրաքանչիւր անհատ իր արարքներուն ետին գտնուող շարժառիթները քննէ։ Անոր սորվեցուցէք որ ինքնիրեն հարց տայ. ‘Ինչո՞ւ կ’ուզեմ ասիկա ընել։ Ասիկա Եհովայի ցոյց պիտի տա՞յ թէ կը գնահատեմ ինծի համար իր ըրած բոլոր բաները’։ Փորձեցէք անոնց մէջ համոզում կերտել թէ Եհովայի հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը ունենալը մեծագոյն հարստութիւնն է։
Ձեր ունկնդիրներուն օգնեցէք որ իրենց «բոլոր սրտով» Եհովայի ծառայելու իմաստը ըմբռնեն։ (Ղուկ. 10։27) Ասիկա կը նշանակէ թէ անոնց բոլոր զգացումները, ցանկութիւններն ու շարժառիթները Եհովայի ճամբաներուն հետ համապատասխան պէտք է ըլլան։ Ուստի, ձեր ունկնդիրներուն սորվեցուցէք որ վերլուծեն ո՛չ միայն ինչ որ կ’ընեն, այլ նաեւ Աստուծոյ պահանջներուն նկատմամբ ի՛նչ կը զգան եւ իրեն ծառայելու մէջ ի՛նչ են իրենց մղումները։ (Սաղմ. 37։4) Մինչ ձեր աշակերտները կը տեսնեն թէ ո՛ր մարզերու մէջ բարեփոխութիւններ պէտք է ընեն, զանոնք քաջալերեցէք որ Եհովայի աղօթեն՝ «միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։—Սաղմ. 86։11
Երբ աշակերտ մը անձնական յարաբերութիւն մշակէ Եհովայի հետ, ան հաւատքով մղուած Աստուծոյ պիտի հնազանդի եւ ոչ թէ ձեր յորդորներէն։ Այն ատեն ինքնիրմէ պիտի ‘քննէ թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին’։ (Եփ. 5։10. Փիլ. 2։12) Այսպիսի սրտաբուխ հնազանդութիւն Եհովայի հաճելի է։—Առ. 23։15
Միշտ ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ Եհովան ինքն է որ սրտերը կը քննէ եւ մարդիկը իրեն հետ յարաբերութեան մէջ կը բերէ։ (Առ. 21։2. Յովհ. 6։44) Մեր դերը՝ համագործակցիլ է։ (Ա. Կորն. 3։9) «Որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ»։ (Բ. Կորն. 5։20. Գործք 16։14) Եհովա չի ստիպեր որ անհատ մը ճշմարտութիւնը ընդունի, բայց երբ Սուրբ Գիրքը կը գործածենք, ինք մեր ունկնդիրներուն անդրադարձնել կու տայ թէ ինչ որ կը լսեն, իրենց հարցումներուն՝ կամ աղօթքներուն՝ պատասխանն է։ Ուսուցումի ամէն պատեհութեան այս գիտակցութեամբ մօտեցէք, եւ ամբողջ սրտով Եհովայի առաջնորդութիւնն ու օգնութիւնը խնդրեցէք։—Ա. Մնաց. 29։18, 19. Եփ. 1։16-18