Ձախին՝ հրատարակութիւններ բաշխող քոյր մը կը քարոզէ Քորէայի մէջ, 1931. Աջին՝ ներկայիս Քորէայի մէջ երկու Վկաներ կը քարոզեն նշանային լեզուով
ՄԱՍ 2
Թագաւորութեան քարոզչութիւնը. Բարի լուրը ամէն տեղ տարածել
ՀԱՆԳԻՍՏԻ օրդ է։ Առտուն կանուխ կը ծրագրես ծառայութեան ելլել։ Սկիզբը կը վարանիս, քանի որ յոգնած կը զգաս։ Ամբողջ կէսօրէ առաջ հանգիստ ընելը հրապուրիչ կը թուի։ Բայց այս հարցին շուրջ կ’աղօթես եւ կը վճռես ծառայութեան ելլել։ Այդ օր կը ծառայես տարեց հաւատարիմ քրոջ մը հետ, որուն համբերատարութիւնն ու ազնուութիւնը սրտիդ կը դպչին։ Տունէ տուն ծառայած ատեն, միտքդ կու գայ թէ աշխարհի տարածքին եղբայրներն ու քոյրերը նո՛յն պատգամը կը քարոզեն, գործածելով նո՛յն հրատարակութիւնները եւ ստանալով նո՛յն մարզումը։ Երբ տուն կը վերադառնաս, խանդավառ ես եւ շա՛տ ուրախ՝ որ տունը չմնացիր։
Ներկայիս, քարոզչութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան գլխաւոր գործն է։ Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն քարոզչութիւնը ընդարձակ տարողութեամբ պիտի կատարուի (Մատ. 24։14)։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։ Այս մասին մէջ, պիտի քննարկենք թէ որո՛նք այդ գործը կը կատարեն եւ ինչպիսի՛ մեթոտներ ու գործիքներ կը գործածեն։ Վերջ ի վերջոյ քարոզչութիւնը միլիոնաւորներու կ’օգնէ տեսնելու, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն է։