Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա18 Յունուար էջ 1-9
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1-7
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 8-14
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 15-21
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 22-28
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 29–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 4
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
ժտա18 Յունուար էջ 1-9

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1-7

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 1-3

«Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»

(Մատթէոս 3։1, 2) Այն օրերը Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ ու Հրէաստանի անապատին մէջ կը քարոզէր, 2 ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։

nwtsty սերտելու նոթեր՝ Մատ. 3։1, 2–ի վրայ

կը քարոզէր։ Յունարէն բառը գլխաւորաբար կը նշանակէ «հանրութեան պատգամ ծանուցանել»։ Այս բառը կը շեշտէ ծանուցանելու կերպը. այսինքն հոս ըսել չ’ուզեր քարոզ տալ խումբ մը հետեւորդներու, հապա ըսել կ’ուզէ պատգամը բոլոր մարդոց ծանուցանել։

թագաւորութիւն։ «Թագաւորութիւն» թարգմանուած յունարէն ba·si·lei’a բառը առաջին անգամ կ’երեւնայ այս համարին մէջ։ Անիկա կ’ակնարկէ թագաւորական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ թագաւորի մը իշխանութեան ներքեւ եղող հողամասի եւ ժողովուրդի։ Այս յունարէն բառը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ 162 անգամ կը նշուի։ 162–էն 55–ը կ’երեւնայ Մատթէոս Աւետարանին մէջ եւ շատ անգամ կ’ակնարկէ Աստուծոյ երկնային իշխանութեան։ Մատթէոս այս բառը այնքա՛ն շատ կը գործածէ, որ Մատթէոս Աւետարանը կարելի է կոչել Թագաւորութեան Աւետարան։

երկնքի թագաւորութիւնը։ Այս արտայայտութիւնը անցած է միայն Մատթէոս Աւետարանին մէջ եւ մօտ 30 անգամ։ Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարաններուն մէջ կը գործածուի նման արտայայտութիւն մը՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը», ցոյց տալով որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» երկնքին մէջ հաստատուած է եւ հոնկէ կ’իշխէ (Մատ. 21։43. Մար. 1։15. Ղուկ. 4։44. Դան. 2։44. Բ. Տիմ. 4։18)։

մօտեցած է։ Հոս ըսել կ’ուզէ որ երկնային Թագաւորութեան ապագայ Կառավարիչը յայտնուելու վրայ էր։

(Մատթէոս 3։4) Յովհաննէսին հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր եւ իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։

nwtsty գծագրութիւն

Յովհաննէս Մկրտիչին հագուելակերպը եւ երեւոյթը

Յովհաննէս կը հագնէր ուղտի մազէ պատրաստուած հանդերձ եւ իր մէջքը կը կապէր կաշիէ գօտի, որուն վրայ կարելի էր պզտիկ իրեր դնել։ Եղիա մարգարէն ալ այս տեսակ հանդերձ կը հագնէր (Դ. Թագ. 1։8)։ Ուղտի մազէ պատրաստուած հանդերձը կոշտ կտոր մըն էր, որ ընդհանրապէս աղքատները կը հագուէին։ Փոխարէն, հարուստները կը հագուէին փափուկ կտորով հանդերձներ, որոնք մետաքսէ կամ քթանէ պատրաստուած կ’ըլլային (Մատ. 11։7-9)։ Եւ քանի՛ որ Յովհաննէս ի ծնէ ուխտաւոր էր, հաւանական է որ իր մազը բնա՛ւ չէր կտրուած։ Իր հագուելակերպը եւ երեւոյթը թերեւս ուղղակի յստակ դարձուցին, որ ան պարզ կեանք մը կը վարէր եւ ամբողջովին նուիրուած էր Աստուծոյ կամքը ընելու։

Մարախ

Աստուածաշունչին մէջ, «մարախ» բառը կ’ակնարկէ որեւէ տեսակի մարախներու, որոնք կարճ շօշափուկներ (antennas) ունին. մանաւանդ անոնք՝ որոնք մեծ խումբերով կը գաղթեն։ Երուսաղէմի մէջ եղած վերլուծումի մը համաձայն, անապատի մարախը 75 առ հարիւր փրոթէին կը պարունակէ։ Այսօր, երբ մարդիկ մարախը ճաշի մէջ պիտի գործածեն, անոր գլուխը, ոտքերը եւ փորը կը հանեն։ Իսկ մնացած մասը, այսինքն կուրծքը, կա՛մ հում կ’ուտեն կամ ալ կը խորովեն։ Կ’ըսուի որ այս միջատները կարիտոսի (shrimp) կամ խեցգետինի համ ունին եւ փրոթէինով հարուստ են։

Վայրի մեղր

Հոս կը տեսնենք վայրի մեղուներու կողմէ շինուած փեթակ մը (1) եւ մեղրով լեցուն խորիսխ մը (2)։ Յովհաննէսին կերած մեղրը թերեւս կը պատրաստուէր Apis mellifera syriaca կոչուած վայրի մեղուի մը կողմէ, որ այդ շրջանին մէջ կ’ապրի։ Այս վայրի մեղուն վարժուած է Հրէաստանի անապատին տաք եւ չոր կլիմային, բայց մարդիկ չեն կրնար զայն պահել։ Ք.Ա. 9–րդ դարէն ի վեր, Իսրայէլի մէջ ապրող մարդիկը մեղուները կը պահէին կաւեղէն գլաններու (cylinders) մէջ։ Այս փեթակներէն մնացած մասեր գտնուեցան Յորդանանի հովիտին մէջ գտնուող քաղաքային շրջանի մը կեդրոնը (որ ներկայիս Թէլ Ռէհով կը կոչուի)։ Այս փեթակներուն մէջ շինուած մեղրը կ’արտադրուէր մեղուի մը կողմէ, որ այնպէս կ’երեւի թէ կը ներածուէր այն տարածքէն, որ ներկայիս Թուրքիա կը կոչուի։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 1։3) Յուդա ծնաւ Փարէսը ու Զարան Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 1։3–ի վրայ

Թամար։ Առաջինն է այն հինգ կիներէն, որոնք Մատթէոս կը նշէ Մեսիային ծննդաբանութեան մէջ։ Միւս չորս կիներն են՝ Ռախաբը եւ Հռութը, որոնք իսրայէլացիներ չէին (5–րդ համար), Բերսաբէն՝ ‘Ուրիայի կինը’ (6–րդ համար) եւ Մարիամը (16–րդ համար)։ Այս կիները նշուած են Մեսիային ծննդաբանութեան մէջ,– որ մեծաւ մասամբ տղամարդոց անուններ կը պարփակէ,– հաւանաբար քանի որ անոնցմէ ամէն մէկը արտասովոր կերպով Յիսուսին նախամայրը դարձաւ։

(Մատթէոս 3։11) Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ինձմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 3։11–ի վրայ

ձեզ պիտի մկրտէ։ Կամ «ձեզ պիտի մխրճէ»։ Այս արտայայտութեան յունարէնը՝ ba·pti’zo կը նշանակէ «սուզել»։ Աստուածաշունչէն ուրիշ համարներ ցոյց կու տան, որ մկրտութեան ատեն ամբողջ մարմինը ջուրին մէջ կը մխրճուի։ Օրինակ, առիթով մը Յովհաննէս կը մկրտէր Յորդանան հովիտին մէկ վայրին մէջ՝ Սաղիմի մօտ, «որովհետեւ հոն շատ ջուր կար» (Յովհ. 3։23)։ Իսկ երբ Փիլիպպոս եթովպիացի ներքինին մկրտեց, «երկուքն ալ իջան» ջուրին մէջ (Գործք 8։38)։ Նոյն յունարէն բառը կը գործածուի Եօթանասնից թարգմանութեան Դ. Թագ. 5։14–ին մէջ, ուր կ’ըսուի որ Նէեման «եօթը անգամ Յորդանանի մէջ սուզուեցաւ»։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 8-14

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 4-5

«Յիսուսի լերան քարոզէն քաղուած դասեր»

(Մատթէոս 5։3, ՆԱ) «Ուրախ են անոնք՝ որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն, քանի որ երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 5։3–ի վրայ

Ուրախ։ Այս բառը չ’ակնարկեր պարզապէս մարդու մը ուրախ–զուարթ վիճակին, օրինակ երբ ան հաճելի ժամանակ կ’անցընէ։ Հապա ցոյց կու տայ մարդու մը վիճակը, որ Աստուծոյ կողմէ օրհնուած է եւ անոր հաճութիւնը ունի։ Այս բառը նաեւ կը գործածուի նկարագրելու Աստուած եւ Յիսուս՝ իր երկնային փառքին մէջ (Ա. Տիմ. 1։11. 6։15)։

անոնք՝ որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն։ «Անոնք՝ որոնք գիտակից են» արտայայտութեան յունարէնը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «անոնք՝ որոնք աղքատ են (կարօտեալ, խեղճ, մուրացկան)», այս հատուածին մէջ կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք պէտք մը ունին եւ շատ լաւ տեղեակ են այդ պէտքին։ Այս նոյն բառը կը գործածուի ակնարկելու համար Ղազարոս անունով «մուրացկան»ին, որ նշուած է Ղուկ. 16։20, 22–ին մէջ (ՆԱ)։ Յունարէն արտայայտութիւնը, որ կարգ մը թարգմանութիւններ կը թարգմանեն «հոգիով աղքատներ», գաղափար մը կու տայ այն մարդոց մասին, որոնք շատ լաւ գիտեն թէ հոգեւորապէս աղքատ են եւ թէ Աստուծոյ պէտք ունին։

(Մատթէոս 5։7) «Երանի՜ ողորմածներուն [«Ուրախ են ողորմածները», ՆԱ], վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 5։7–ի վրայ

ողորմածները։ Աստուածաշունչին մէջ «ողորմած» եւ «ողորմութիւն» բառերով միայն չենք հասկնար ներել կամ մեղմութեամբ դատել։ Այս բառերը շատ անգամ կը նկարագրեն կարեկցութեան զգացումը, որ անհատը կը մղէ որ նախաքայլը առնէ օգնելու անոնց՝ որոնք օգնութեան պէտք ունին։

(Մատթէոս 5։9) «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 5։9–ի վրայ

խաղաղութիւն ընողներ։ Անոնք՝ որոնք ո՛չ միայն խաղաղութիւն կը պահեն, հապա խաղաղութիւն կը բերեն ուր որ չկայ։

w07 12/1 էջ 17

Զաւակիդ սորվեցուր որ խաղաղասէր ըլլայ

Քրիստոնեայ ծնողները կ’ուզեն իրենց զաւակները այնպէս մը կրթել, որ ‘խաղաղութիւն փնտռեն եւ անոր ետեւէն երթան’ (Ա. Պետ. 3։11)։ Զաւակը շատ ուրախ պիտի զգայ երբ խաղաղասէր ըլլայ։ Անոր համար կ’արժէ՛ ջանք թափել զաւակին օգնելու որ իր կասկածները փարատէ եւ իր յուսախաբութիւնն ու ատելութիւնը յաղթահարէ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 4։9) Ու ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 4։9–ի վրայ

երկրպագութիւն ընես։ Յունարէն բառը, որ կրնայ «երկրպագել» թարգմանուիլ, հոս ցոյց կու տայ վայրկեանական արարք մը։ «Երկրպագութիւն ընես» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Սատանան Յիսուսէն չխնդրեց որ իրեն միշտ երկրպագէ, հապա ուզեց որ միայն մէկ անգամ իրեն ‘երկրպագութիւն ընէ’։

(Մատթէոս 4։23) «Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 4։23–ի վրայ

կը սորվեցնէր. . . կը քարոզէր։ Սորվեցնելը քարոզելէն տարբեր է, այն առումով որ ուսուցիչը քարոզելէն աւելին կ’ընէ։ Ան ուղղութիւն կու տայ, կը բացատրէ, համոզիչ քննարկութիւններ կ’ընէ եւ փաստեր կը բերէ։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 15-21

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 6-7

«Շարունակեցէք առաջ խնդրել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը»

(Մատթէոս 6։10) Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ էջ 178 պարբ. 12

Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք

12 Մեր աղօթքներուն մէջ ամէնէն կարեւորը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Եհովան եւ իր կամքը։ Օրինակ, մենք պէտք է իրմէ սրտանց շնորհակալ ըլլանք ամէն բանի համար որ ըրած է մեզի համար (Ա. Մնացորդաց 29։10-13)։ Լաւ, ինչո՞ւ պէտք է մասնաւորաբար աղօթենք Եհովային եւ իր կամքին մասին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս աղօթել (կարդա՛ Մատթէոս 6։9-13)։ Ան ըսաւ որ անոնք նախ պէտք է աղօթեն որ Աստուծոյ անունը սուրբ ըլլայ կամ սրբացուի։ Ետքը պէտք է խնդրեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ Եհովային կամքը ըլլայ ամբողջ երկրի վրայ։ Միայն այդ շատ կարեւոր բաներուն մասին աղօթելէ ետքն է որ Յիսուս ըսաւ որ աղօթենք մեր անձնական պէտքերուն մասին։ Երբ Եհովան եւ անոր կամքը մեր աղօթքներուն մէջ առաջին տեղը դնենք, ցոյց կու տանք որ ի՛նչը մեզի համար ամէնէն կարեւորն է։

(Մատթէոս 6։24) «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 6։24–ի վրայ

ծառայութիւն ընել։ Յունարէն բառը կը նշանակէ աշխատիլ որպէս ստրուկ, այսինքն մէկը՝ որ մէկ տէր ունի։ Հոս Յիսուս ըսել կ’ուզէր, որ քրիստոնեան չի կրնար Աստուծոյ տալ բացարձակ նուիրում,– որուն ան արժանի է,– եւ միեւնոյն ատեն նուիրուիլ ստուացածք ամբարելու։

(Մատթէոս 6։33) «Բայց առաջ խնդրեցէք [«շարունակեցէք առաջ խնդրել», ՆԱ] Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 6։33–ի վրայ

շարունակեցէք խնդրել։ Յունարէն բառը ցոյց կու տայ շարունակական արարք եւ կրնայ թարգմանուիլ «շարունակ խնդրեցէք»։ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները Թագաւորութիւնը միայն որոշ ժամանակ մը չեն խնդրեր եւ ետքը կը սկսին ուրիշ բաներու ետեւէ ըլլալ։ Հապա, Թագաւորութիւնը միշտ անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է։

անոր։ Անիկա կ’ակնարկէ Աստուծոյ՝ ‘երկնաւոր Հօր’, որ կը նշուի Մատ. 6։32–ի մէջ։

արդարութիւնը։ Անոնք՝ որոնք Աստուծոյ արդարութիւնը կը խնդրեն, յօժարաբար իր կամքը կ’ընեն եւ ճիշդի ու սխալի իր չափանիշներուն կ’ենթարկուին։ Այս ուսուցումը շա՜տ տարբեր էր փարիսեցիներուն ուսուցումէն, որոնք իրենց անձնական արդարութիւնը կը փնտռէին (Մատ. 5։20)։

դ16.07 էջ 12 պարբ. 18

Թագաւորութեան ետեւէ եղիր, եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու

18 Կարդա՛ Մատթէոս 6։33։ Եթէ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, Եհովան մեր բոլոր պէտքերը պիտի հոգայ։ Յիսուս մէկ համար առաջ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ կրնանք այս վստահութիւնը ունենալ, ըսելով. «Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են», այսինքն՝ մեր բոլոր պէտքերը։ Եհովան մեզմէ առաջ գիտէ թէ ինչի՛ պէտք ունինք (Փլպ. 4։19)։ Ան գիտէ թէ մեր ո՛ր հագուստը պիտի հիննայ։ Ան նաեւ գիտէ թէ ի՛նչ ուտելիքի պէտք պիտի ունենանք եւ ո՛ր տունը յարմար է մեր ընտանիքին։ Եհովան անպայման պիտի տայ մեզի ի՛նչ որ իսկապէս պէտք ունինք։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 7։12) «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։

դ14 5/15 էջ 14-15 պարբ. 14-16

Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ

14 Մտապատկերենք թէ օր մը մէկը մեզի կը հեռաձայնէ, բայց անոր ձայնը չենք ճանչնար։ Օտար ըլլալով հանդերձ, ան կը հարցնէ թէ ի՛նչ են մեր նախասիրած ճաշերը։ Հարց կու տանք թէ ո՛վ է հեռաձայնողը եւ իրապէս ի՛նչ կ’ուզէ։ Քաղաքավար ըլլալով, թերեւս իրեն հետ հակիրճ կերպով զրուցենք, բայց ետքը հաւանաբար հասկցնենք թէ կը նախընտրենք խօսակցութիւնը կեցնել։ Միւս կողմէ, մտապատկերէ թէ հեռաձայնող անհատը ինքզինք կը ծանօթացնէ, մեզի կը գիտցնէ թէ սննդառութեան մարզին մէջ կ’աշխատի եւ ազնուութեամբ կ’ըսէ թէ օգտակար տեղեկութիւններ ունի։ Այս պարագային, հաւանաբար աւելի յօժար պիտի ըլլանք իրեն մտիկ ընելու։ Իրականութեան մէջ, կը գնահատենք երբ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը չեն պահեր, մինչ մեզի հետ կը խօսին։ Ինչպէ՞ս կրնանք նոյնանման քաղաքավարութիւն ցոյց տալ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց։

15 Շատ մը թաղամասերու մէջ, տանտիրոջ պէտք է յստակ դարձնենք թէ ի՛նչ նպատակաւ իրեն կ’այցելենք։ Ճիշդ է որ արժէքաւոր տեղեկութիւններ պիտի հաղորդենք, բայց սեպէ թէ առանց մենք մեզ ծանօթացնելու, անմիջապէս մեր բացումը կը սկսինք՝ հարցնելով. «Եթէ կարող ըլլայիք երկրի վրայ որեւէ խնդիր լուծել, ո՞ր խնդիրը պիտի լուծէիք»։ Գիտենք թէ այս հարցումին նպատակն է գիտնալ դիմացի անհատին մտածումը եւ ապա խօսակցութիւնը ուղղել Աստուածաշունչին։ Սակայն, տանտէրը թերեւս հարց տայ. «Այս օտարը ո՞վ է, եւ ինչո՞ւ ինծի այս հարցումը կ’ուղղէ։ Ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ»։ Ուստի պէտք է ջանանք տանտէրը հանգստացնել (Փլպ. 2։3, 4)։ Ինչպէ՞ս։

16 Շրջագայող տեսուչ մը հետեւեալ մօտեցումը ազդու գտած է։ Բարեւ տալէ ետք, ան տանտիրոջ կու տայ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը, եւ կ’ըսէ. «Այսօր շրջանին մէջ բոլորին կը բաժնենք այս թերթիկը։ Անիկա կը քննարկէ 6 հարցումներ, որոնք շատերու մտքէն կ’անցնին»։ Եղբայրը կը տեղեկագրէ թէ մարդոց մեծամասնութիւնը կը հանգստանայ, անգամ մը որ գիտնայ թէ ի՛նչ է մեր այցելութեան նպատակը։ Այն ատեն, յաճախ աւելի դիւրին կ’ըլլայ խօսակցութիւն մը սկսիլ։ Շրջագայող տեսուչին յաջորդ քայլը կ’ըլլայ՝ անհատին հարցնել. «Երբեք այս հարցումներէն մէկուն մասին մտածա՞ծ էք»։ Եթէ տանտէրը հարցում մը ընտրէ, եղբայրը թերթիկին մէջէն կը քննարկէ Աստուածաշունչին պատասխանը։ Այլապէս, ինք հարցում մը կը զատէ եւ քննարկութիւնը կը շարունակէ, առանց տանտէրը նեղ կացութեան մատնելու։ Անշուշտ, զրոյց մը սկսելու շատ կերպեր կան։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, նախքան մեր այցելութեան նպատակը գիտցնելը, բարեւ տալու կարգ մը սովորութիւններու պէտք է հետեւինք։ Բանալին է՝ մեր ներկայացումը յարմարցնել շրջանի մարդոց մօտենալու կերպին։

(Մատթէոս 7։28, 29) Ու երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը [«սորվեցնելու կերպին», ՆԱ] վրայ։ 29 Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ [«իրենց», ՆԱ] դպիրներուն պէս։

nwtsty սերտելու նոթեր՝ Մատ. 7։28, 29–ի վրայ

կը զարմանար։ Յունարէն բառը հոս կը նշանակէ «հիացմունքով լեցուած՝ ապշելու աստիճան»։ Բառին շարունակական եղանակը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսի խօսքերը մնայուն ազդեցութիւն ունեցան բազմութիւններուն վրայ։

անոր սորվեցնելու կերպին։ Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս ինչպէ՛ս սորվեցուց, իր սորվեցնելու մեթոտները, մէջը ըլլալով այն ինչ որ սորվեցուց եւ Լերան քարոզին մէջ տուած իր ամբողջ ուղղութիւնները։

ոչ թէ իրենց դպիրներուն պէս։ Փոխանակ յարգուած ռաբբիները մէջբերելու,– ինչպէս որ դպիրները սովորաբար կ’ընէին,– Յիսուս կը խօսի որպէս Եհովային ներկայացուցիչը, այսինքն որպէս իշխանութիւն ունեցող մէկը, իր ուսուցումները հիմնելով Աստուծոյ Խօսքին վրայ (Յովհ. 7։16)։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 22-28

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 8-9

«Յիսուս մարդիկը սիրեց»

(Մատթէոս 8։1-3) Երբ լեռնէն վար իջաւ, շատեր գացին անոր ետեւէն։ 2 Ահա բորոտ մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ 3 Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 8։3–ի վրայ

դպաւ անոր։ Մովսիսական օրէնքը բորոտներէն կը պահանջէր որ մարդոցմէ հեռու մնային կամ մինակ նստէին, որ ուրիշներն ալ չվարակէին (Ղեւ. 13։45, 46. Թւ. 5։1-4)։ Բայց հրեայ կրօնական առաջնորդները յաւելեալ օրէնքներ դրին։ Օրինակ, ո՛չ մէկը պէտք էր չորս կանգունէ,– այսինքն 1,8 մեթրէ,– աւելի մօտենար բորոտին, իսկ եթէ հով ըլլար այդ հեռաւորութիւնը կ’ըլլար 100 կանգուն,– այսինքն 45 մեթր։ Այս օրէնքներուն պատճառով մարդիկ սկսան բորոտներուն հետ անխիղճ կերպով վարուիլ։ Աւանդական պատմութիւններու մէջ դրականօրէն կը խօսուի ռաբբիի մը մասին, որ բորոտներէն պահուըտեցաւ եւ ուրիշի մը մասին, որ քարեր նետեց բորոտներուն վրայ, զանոնք հեռու պահելու համար։ Միւս կողմէ, Յիսուս այնքա՛ն ազդուեցաւ բորոտին դժուար վիճակէն, որ ըրաւ բան մը, որ միւս հրեաներուն միտքէն իսկ պիտի չանցնէր. ան բորոտին դպաւ։ Ան ասիկա ըրաւ, հակառակ անոր որ կրնար պարզապէս խօսքով զինք բուժել (Մատ. 8։5-12)։

Կ’ուզե՛մ։ Յիսուս բորոտին խնդրանքին ընդառաջելէն աւելին ըրաւ։ Ան շատ զօրաւոր փափաք յայտնեց զինք բժշկելու։ Այսպէս, ան ցոյց տուաւ որ ո՛չ թէ միայն առ ի պարտականութիւն պիտի բժշկէր զինք, հապա՝ սրտանց։

(Մատթէոս 9։9-13) Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ մարդ մը տեսաւ Մատթէոս անունով, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ 10 Տունը սեղան նստած [«ընթրած», ՆԱ] ատենը՝ ահա ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։ 11 Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ 12 Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ 13 Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 9։10–ի վրայ

ընթրած։ Կամ «սեղանին վրայ յենուած»։ Մէկու մը հետ սեղանին վրայ յենուիլը ցոյց կու տար, որ անոր հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կայ։ Յիսուսի օրերուն հրեաները ընդհանրապէս սեղանին վրայ բնա՛ւ չէին յենուեր կամ ճաշեր ոչ–հրեաներու հետ։

մաքսաւորներ։ Շատ մը հրեաներ հռոմէական իշխանութիւններուն համար տուրք կը հաւաքէին։ Մարդիկ այդ հրեաները կ’ատէին, քանի որ անոնք ոչ միայն օտար զայրացած ուժի մը հետ կը համագործակցէին, հապա նաեւ պահանջուած տուրքէն աւելին կը շորթէին մարդոցմէ։ Հրեաները ընդհանրապէս մաքսաւորներէն հեռու կը մնային եւ զանոնք մեղաւորներու եւ պոռնիկներու շարքին կը դասէին (Մատ. 11։19. 21։32)։

(Մատթէոս 9։35-38) Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։ 36 Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ 37 Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, 38 ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 9։36–ի վրայ

խղճաց։ Յունարէն բառը՝ splag·khni’zo·mai, կապ ունի «աղիքներ» (splag’khna) բառին հետ, եւ ցոյց կու տայ շատ զօրաւոր զգացում մը, որ կու գայ մարմնին խորերէն։ Այս բառը յունարէն լեզուին ամէնէն զօրաւոր բառերէն մէկն է, որ կ’արտայայտէ կարեկցութեան զգացում։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 8։8-10) Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ 9 Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’, ու կ’ընէ»։ 10 Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։

դ02 9/1 էջ 9 պարբ. 16

«Ձեզի օրինակ մը տուի»

16 Նմանապէս, երբ հարիւրապետ մը՝ հաւանաբար հեթանոս Հռովմէացի մը՝ Յիսուսի մօտենալով խնդրեց որ իր հիւանդ ծառան բժշկէ, Յիսուս գիտէր որ այս զինուորականը թերութիւններ ունէր։ Այդ ատենուան հարիւրապետ մը հաւանաբար բռնարարքներով, արիւնահեղութեամբ եւ սուտ պաշտամունքով լեցուն անցեալ մը ունենալու էր։ Այսուհանդերձ, Յիսուս լաւ բանի մը վրայ կեդրոնացաւ. այս մարդուն ուշագրաւ հաւատքը (Մատթէոս 8։5-13)։ Հետագային, երբ Յիսուս իր քովի տանջանքի ցիցին վրայ կախուած չարագործին հետ կը խօսէր, զինք չյանդիմանեց իր ոճրային անցեալին համար, այլ՝ զինք քաջալերեց, ապագայի նկատմամբ յոյս մը տալով (Ղուկաս 23։43)։ Յիսուս լաւ գիտէր որ ուրիշներու հանդէպ բացասական ու քննադատական կեցուածք մը առնելը, միայն զանոնք վհատեցնելու պիտի ծառայէր։ Անկասկած, ուրիշներուն մէջ լաւ բաներ գտնելու իր ջանքերը շատերը քաջալերեցին որ աւելի լաւը ընեն։

(Մատթէոս 9։16, 17) «Մէկը չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, քանզի այն որ անոր լրութեանը համար դրուած է, կ’առնէ հանդերձէն ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ. 17 ո՛չ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնեն. քանի որ տիկերը կը պատռին ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն ու երկուքն ալ կը պահուին»։

jy էջ 70 պարբ. 6

Յիսուսին աշակերտները ինչո՞ւ ծոմ չէին պահեր

Յիսուս Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտներուն կ’օգնէ, որ հասկնան, թէ իր աշակերտներէն չի պահանջուիր հրէականութեան հին սովորութիւնները պահել, ինչպէս՝ ծիսական ծոմապահութիւն։ Յիսուս չեկաւ հին պաշտամունքի ձեւ մը շտկելու եւ երկարաձգելու, քանի որ այդ պաշտամունքը արդէն շատ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէր։ Յիսուս չի քաջալերեր պաշտամունք մը, որ այդ օրուան հրէականութեան եւ անոր մարդկային սովորութիւններուն համաձայն է։ Ան չի փորձեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ դնել կամ նոր գինին հին տիկերու մէջ դնել։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 29–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 10-11

«Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի թարմացնէ»

(Մատթէոս 10։29, 30) Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի [«չնչին արժէք ունեցող մետաղադրամի», ՆԱ] կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։

nwtsty սերտելու նոթեր՝ Մատ. 10։29, 30–ի վրայ

ճնճղուկ։ Յունարէն բառը՝ strou·thi’on նուազական բառ է, որ կը նշանակէ պզտիկ թռչուն, բայց այս բառը շատ անգամ կ’ակնարկէ ճնճղուկներուն, որոնք ճաշի համար ծախուող ամէնէն աժան թռչուններն էին։

չնչին արժէք ունեցող մետաղադրամ։ Բառացիօրէն կը նշանակէ «դանկ», որ մէկը կը շահէր 45 վայրկեան աշխատանքի փոխարէն։ (Տե՛ս ուղ մաս 18)։ Այս առիթով, Գալիլիոյ մէջ իր երրորդ շրջապտոյտին, Յիսուս կ’ըսէ, որ երկու ճնճղուկներ մէկ դանկ կ’արժեն։ Իսկ ուրիշ առիթով մը, բացայայտօրէն Հրէաստանի մէջ ծառայելէ տարի մը ետք, ան կ’ըսէ, որ հինգ ճնճղուկներ կարելի է երկու դանկի գնել (Ղուկ. 12։6)։ Այս երկու արձանագրութիւնները բաղդատելով կը գիտնանք, որ ճնճղուկները այնքան չնչին արժէք ունէին վաճառականներուն համար, որ անոնք հինգերորդ ճնճղուկը ձրի կու տային։

ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Մարդ արարածը իր գլխուն վրայ միջին հաշուով 100,000–էն աւելի մազ ունի։ Եհովան մեզ մանրամասնօրէն ճանչնալը ցոյց կու տայ, որ ան Քրիստոսի ամէն մէկ հետեւորդով խորապէս հետաքրքրուած է։

nwtsty պատկեր

Ճնճղուկ

Ճնճղուկները ճաշի համար ծախուող ամէնէն աժան թռչուններն էին։ Անոնցմէ երկուքը կարելի էր գնել մարդու մը 45 վայրկեանուան աշխատանքի վարձքով։ Յունարէն բառը կը պարփակէ զանազան թռչունի տեսակներ, մէջը ըլլալով՝ տնային ճնճղուկը (Passer domesticus biblicus) եւ սպանական ճնճղուկը (Passer hispaniolensis), որոնք երկուքն ալ դեռ Իսրայէլի մէջ մեծ քանակով կան։

(Մատթէոս 11։28) Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ [«թարմացնեմ», ՆԱ]։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 11։28–ի վրայ

բեռնաւորուածներ։ Անոնք՝ որոնց Յիսուս կոչ կ’ընէ, որ իրեն գան, «բեռնաւորուած» էին մտահոգութեամբ եւ ծանր աշխատանքով։ Եհովային պաշտամունք մատուցանելը անոնց համար բեռ դարձած էր, քանի որ Մովսիսական օրէնքին վրայ սովորութիւններ աւելցուած էին (Մատ. 23։4)։ Նոյնիսկ Շաբաթը, որուն նպատակն էր թարմացումի աղբիւր ըլլալ, բեռ դարձած էր (Ել. 23։12. Մար. 2։23-28. Ղուկ. 6։1-11)։

ես ձեզ պիտի թարմացնեմ։ «Թարմացնեմ» բառին յունարէնը կրնայ նշանակել թէ՛ հանգստութիւն գտնել (Մատ. 26։45. Մար. 6։31) եւ թէ ծանր աշխատանքէ հանգստանալ՝ առողջանալու եւ ոյժ վերագտնելու համար (Բ. Կոր. 7։13. Փլմ. 7)։ Հատուածը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուսին «լուծ»ը առնելը (Մատ. 11։29) կը նշանակէր աշխատանք եւ ոչ թէ հանգստութիւն։ Յունարէն ներգործական բայը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս յոգնածները պիտի թարմացնէ եւ անոնց ոյժ պիտի տայ, ինչ որ պիտի ձգէ որ անոնք ուզեն իր թեթեւ ու քաղցր լուծը իրենց վրայ առնել։

(Մատթէոս 11։29, 30) «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. 30 վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։

nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 11։29–ի վրայ

Իմ լուծս ձեր վրայ առէք։ Յիսուս «լուծ» բառը այլաբանօրէն գործածեց՝ ըսել ուզելով իշխանութեան եւ ուղղութեան ենթարկուիլ։ Եթէ իր մտքին մէջ երկու լուծ կար,– լուծ մը որ Աստուած Յիսուսին վրայ դրաւ,– այն ատեն ան կարծես իր աշակերտներուն կ’ըսէր, որ իրեն հետ լուծը շալկեն եւ ինք անոնց պիտի օգնէր։ Այդ պարագային, այս արտայայտութիւնը թերեւս թարգմանուէր՝ «Իմ հետս իմ լուծիս տակ եկէք»։ Բայց եթէ Յիսուս ի՛նք ուրիշներուն վրայ լուծ կը դնէ, ուրեմն հոս ըսել կ’ուզէ որպէս Քրիստոսի աշակերտը իր իշխանութեան եւ ուղղութեան ենթարկուիլ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 11։2, 3) Յովհաննէս բանտին մէջ երբ լսեց Քրիստոսի գործերը, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ հարցուց անոր. 3 «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։

jy էջ 96 պարբ. 2-3

Յովհաննէս կ’ուզէ Յիսուսէ՛ն լսել

Արդեօք ատիկա տարօրինա՞կ հարցում էր։ Յովհաննէս Աստուծոյ նուիրուած անհատ մըն է, որ երբ երկու տարի առաջ Յիսուսը կը մկրտէր, տեսաւ որ Աստուծոյ հոգին Յիսուսին վրայ կ’իջնէ եւ լսեց Աստուծոյ հաճութեան խօսքերը։ Պատճառ մը չունինք մտածելու, որ Յովհաննէսին հաւատքը տկարացած էր։ Այլապէս, Յիսուս իրեն մասին գովասանքով չէր խօսեր, ինչպէս որ այս առիթով կը խօսի։ Բայց եթէ Յովհաննէս կասկածներ չունի, լաւ ինչո՞ւ Յիսուսին այս հարցումը կը հարցնէ։

Յովհաննէս թերեւս պարզապէս կ’ուզէ Յիսուսէ՛ն վստահ ըլլալ որ ինքն է Մեսիան։ Ասիկա գիտնալը Յովհաննէսը պիտի զօրացնէ, մինչ բանտարկուած է։ Ասկէ զատ, այնպէս կ’երեւի որ Յովհաննէսին հարցումը ուրիշ իմաստ մըն ալ կը կրէ։ Ան ծանօթ է Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն, որոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ Օծեալը թագաւոր եւ փրկիչ պիտի ըլլայ։ Բայց Յիսուսին մկրտութենէն ի վեր ամիսներ անցած են մինչդեռ Յովհաննէս տակաւին բանտն է։ Անոր համար, Յովհաննէս կը հարցնէ որ արդեօք ուրի՛շ մը պիտի գայ, որ Յիսուսին պիտի յաջորդէ եւ պիտի կատարէ այն ինչ որ մարգարէացուած էր որ Մեսիան պիտի ընէր։

(Մատթէոս 11։16-19) «Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, 17 ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։ 18 Վասն զի Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ 19 Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։

jy էջ 98 էջ 1-2

Վա՛յ անտարբեր ազգին

Յիսուս Յովհաննէսը խորապէս կը յարգէ, բայց մարդիկ Յովհաննէսին մասին ի՞նչ կը մտածեն։ «Այս ազգը», Յիսուս կ’ըսէ, «կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’ (Մատթէոս 11։16, 17)։

Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Ան իր խօսքը կը յստակացնէ, ըսելով. «Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’» (Մատթէոս 11։18, 19)։ Մէկ կողմէ, Յովհաննէս պարզ կեանք մը կը վարէր՝ որպէս ուխտաւոր. նոյնիսկ գինի չէր խմեր, եւ այս ազգը կ’ըսէր որ իր մէջը դեւ կայ (Թուոց 6։2, 3. Ղուկաս 1։15)։ Միւս կողմէ, Յիսուս ամէն մարդու պէս կ’ապրի։ Ան հաւասարակշռուած կերպով կ’ուտէ եւ կը խմէ, բայց զինք կ’ամբաստանեն որպէս գինեմոլ եւ շատակեր։ Այնպէս կ’երեւի որ անկարելի է մարդիկը հաճեցնել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել