Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5-11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 12-13
«Որոմին առակը»
(Մատթէոս 13։24-26) Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ 25 Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ 26 Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ»։
«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»
2 Հողագործին արտին մէջ տեղի ունեցող դէպքերը կը լուսաբանեն, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ մարդոց մէջէն պիտի ժողվէր ամբողջ ցորեն դասակարգը,– օծեալ քրիստոնեաները, որոնք իրեն հետ իր Թագաւորութեան մէջ պիտի իշխեն։ Սերմանելը սկսաւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Իսկ ժողվելը պիտի ամբողջանայ երբ օծեալները, որոնք այս աշխարհի վախճանին ատեն ողջ են, ստանան իրենց վերջնական կնքումը եւ ապա երկինք առնուին (Մատ. 24։31. Յայտ. 7։1-4)։ Ճիշդ ինչպէս որ լերան մը վրայ կենալով մեզ շրջապատող ամբողջ տեսարանը մէկ ակնարկով կը տեսնենք, նմանապէս այս առակը մեզի կու տայ մանրամասն ակնարկ մը այն զարգացումներուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային շուրջ 2000 տարուան ընթացքին։ Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող ի՞նչ զարգացումներ կը զատորոշենք։ Առակը կը նկարագրէ սերմանելու, աճելու եւ հնձելու ժամանակաշրջան մը։ Այս յօդուածը գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանայ հունձքի ատենին վրայ։
ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՉԱԼՈՒՐՋ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
3 Ք.Ե. երկրորդ դարուն սկիզբը, ‘որոմը երեւցաւ’, երբ կեղծ քրիստոնեաները աշխարհի արտին մէջ տեսանելի դարձան (Մատ. 13։26)։ Չորրորդ դարուն, որոմանման քրիստոնեաները արդէն աւելի շատ էին քան՝ օծեալ քրիստոնեաները։ Յիշէ թէ առակին մէջ, ծառաները իրենց տիրոջմէն արտօնութիւն խնդրեցին որոմները քաղելու (Մատ. 13։28)։ Տէրը ի՞նչ պատասխանեց։
(Մատթէոս 13։27-29) Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. «Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է»։ 28 Անիկա ըսաւ անոնց. «Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա»։ Ծառաները իրեն ըսին. «Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք»։ 29 Ան ալ ըսաւ. «Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք»։
«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»
4 Ցորենին եւ որոմին մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը»։ Ասիկա կը յայտնէ, թէ առաջին դարէն մինչեւ օրս, երկրի վրայ միշտ եղած են օծեալ ցորենանման քրիստոնեաներ։ Յիսուսին սա խօսքը այդ եզրակացութիւնը կը հաստատէ. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Ուստի, Յիսուս բոլո՛ր օրերը իր օծեալները պիտի պաշտպանէր մինչեւ վախճանին ատենը։ Բայց, քանի որ անոնք ծածկուած էին որոմանման քրիստոնեաներով, ստուգապէս չենք գիտեր թէ այդ երկար ժամանակաշրջանին որո՛նք ցորեն դասակարգին կը պատկանէին։ Բայց եւ այնպէս, հունձքի եղանակը սկսելէն տասնամեակներ առաջ, ցորեն դասակարգը զատորոշելի դարձաւ։ Ինչպէ՞ս։
(Մատթէոս 13։30) «Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։
«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»
10 Առաջին՝ որոմները քաղել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք’»։ 1914–էն ետք, հրեշտակները սկսան որոմանման քրիստոնեաները ‘քաղել’, զանոնք զատելով «թագաւորութեանը [օծեալ] որդիներ»էն (Մատ. 13։30, 38, 41)։
11 Մինչ քաղելու աշխատանքը յառաջդիմեց, երկու խումբերու տարբերութիւնը աւելի յստակ դարձաւ (Յայտ. 18։1, 4)։ 1919–ին, բացայայտ դարձաւ թէ Մեծ Բաբելոնը ինկած էր։ Մանաւանդ քարոզչութիւնը ճշմարիտ քրիստոնեաները զատորոշեց կեղծ քրիստոնեաներէն։ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մէջ առաջնորդութիւն առնողները սկսան շեշտ դնել Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ անհատապէս բաժին բերելու կարեւորութեան վրայ։ Օրինակ, Գործը որո՛նց վստահուած է գրքոյկը, որ 1919–ին հրատարակուեցաւ, յորդորեց բոլոր օծեալ քրիստոնեաները որ տունէ տուն քարոզեն։ Ատիկա նշեց. «Աշխատանքը ապշեցուցիչ կը թուի, բայց ատիկա Տէրոջ գործն է եւ իր զօրութեամբ զայն պիտի կատարենք։ Դուք առանձնաշնորհում ունիք ատոր մէջ բաժին բերելու»։ Հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ 1922–ի Դիտարան մը ըսաւ, թէ այդ ժամանակէն սկսեալ Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց քարոզչական գործունէութիւններուն թափ տուին։ Շատ չանցած, տունէ տուն քարոզելը այդ հաւատարիմ քրիստոնեաներուն առանձնայատկութիւնը դարձաւ,– եւ տակաւին այդպէս է մինչեւ օրս։
12 Երկրորդ՝ ցորենը ժողվել։ Յիսուս իր հրեշտակներուն կը պատուիրէ. «Ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք» (Մատ. 13։30)։ 1919–էն ի վեր, օծեալները կը ժողվուին վերահաստատուած քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Այն օծեալ քրիստոնեաներուն համար, որոնք երկրի վրայ ողջ են երբ աշխարհի վերջը գայ, վերջնական ժողվուիլը տեղի պիտի ունենայ, երբ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան (Դան. 7։18, 22, 27)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մատթէոս 12։20) Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 12։20
Պլպլած պատրոյգ։ Տան մէջ սովորաբար գործածուած ճրագը ձէթով լեցուած կաւեղէն պզտիկ աման մըն էր։ Պատրոյգն ալ, որ վուշի (բոյսի տեսակ) թելէ հիւսուած ժապաւէն մըն էր, ձէթ կը հայթայթէր կրակին. այսինքն պատրոյգին մէկ ծայրը կը դրուէր դիւրին վարուող ձէթին մէջ, իսկ միւս ծայրը կը վարուէր։ «Պլպլած պատրոյգ»ին յունարէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ պատրոյգ մը, որ տկար լոյս կ’արձակէ եւ մարելու վրայ է։ Եսայի 42։3–ին մէջ մարգարէացուած էր, որ Յիսուս մարդոց պիտի կարեկցէր. ան բնա՛ւ պիտի չմարէր խոնարհ եւ ճնշուած մարդոց յոյսի վերջին նշոյլը, որ պլպլած պատրոյգի պէս էր։
(Մատթէոս 13։25) Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։
Գիտէի՞ր
Կարելի՞ էր որ անցեալին մէկը ուրիշին արտին մէջ իրապէս որոմ ցանէր։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13։24-26–ին մէջ Յիսուս կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ»։ Կարգ մը գրողներ կը կասկածին որ կարելի է այս օրինակը սեպել իրական կեանքէ առնուած։ Բայց ըստ հռոմէական օրինական գրութիւններու, ասիկա կարելի է։
Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ. «Հռոմէական օրէնքին մէջ ոճիր կը սեպուէր. . . վրէժ առնելու նպատակով արտի մը մէջ որոմ ցանելը։ Այս նիւթին շուրջ օրէնք ըլլալը կը ցուցնէ, թէ ատիկա շատ անգամներ կը պատահէր»։ Օրինագէտ Էլըսդըր Քէր կը բացատրէ, թէ Ք.Ե. 533–ին՝ հռոմայեցի Յուստինիանոս կայսրը հրատարակեց իր Օրինագիրք–ը, որ կը բովանդակէր հռոմէական օրէնքին ամփոփումը եւ մէջբերումներ իրաւագէտներէ, օրէնքին դասական ժամանակներէն (շուրջ Ք.Ե. 100-250)։ Ըստ այս աշխատասիրութեան (Օրինագիրք, 9.2.27.14), իրաւագէտ Ըլբիան նշեց երկրորդ դարու հռոմայեցի դիւանագէտ Սեղիոսի յանձն առած մէկ պարագան։ Անհատ մը որոմ ցանած էր ուրիշի մը արտին մէջ, եւ այս պատճառով հունձքը աւրուեցաւ։ Օրինագիրք–ը նկատի կ’առնէ թէ արտին տէրը, կամ վարձակալ հողագործը, ի՛նչ օրինական կերպերով կրնար հասած վնասին հատուցումը ստանալ չարագործէն։
Ուրեմն, այսպիսի չարիքներ կը պատահէին Հռոմէական կայսրութեան մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուսին նշած պարագան, իրական կեանքէ առնուած էր։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 12-18
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 14-15
«Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել»
(Մատթէոս 14։16, 17) Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ 17 Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։
Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել
2 Խղճալով անոնց վրայ, Յիսուս հիւանդները կը բժշկէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շատ բաներ կը սորվեցնէ։ Երբ ժամանակը ուշ կ’ըլլայ, աշակերտները Յիսուսէն կը խնդրեն որ ժողովուրդը արձակէ, որպէսզի երթան մօտակայ գիւղերը եւ ճաշ գնեն։ Բայց Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ Անոր խօսքերը տարօրինակ թուած ըլլալու էին աշակերտներուն, քանի որ միայն հինգ նկանակ եւ երկու ձուկ ունէին։
(Մատթէոս 14։18, 19) Ըսաւ անոնց. «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։ 19 Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։
Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել
3 Կարեկցութեամբ մղուած՝ Յիսուս հրաշք մը կ’ընէ։ Անիկա միակ հրաշքն է որ չորս աւետարանագիրները արձանագրած են (Մար. 6։35-44. Ղուկ. 9։10-17. Յովհ. 6։1-13)։ Յիսուս իր աշակերտներէն կը խնդրէ որ ժողովուրդին ըսեն, որ կանանչ խոտին վրայ խումբ–խումբ նստին՝ յիսունական եւ հարիւրական շարքերով։ Աղօթելէ ետք, ան կը սկսի հացը կտրել եւ ձուկը բաժնել։ Փոխանակ ուտելիքը ուղղակի ժողովուրդին տալու, Յիսուս ‘աշակերտներուն կու տայ, որպէսզի անոնց առջեւ դնեն’։ Հրաշալիօրէն, հարկ եղածէն աւելի՛ ուտելիք կ’ըլլայ։ Պահ մը մտածէ. Յիսուս քիչերու՝ իր աշակերտներուն՝ միջոցաւ հազարաւորներ կերակրեց։
(Մատթէոս 14։20, 21) Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ 21 Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն [«երեխաներէն», ՆԱ] զատ։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 14։21
կիներէն եւ երեխաներէն զատ։ Միայն Մատթէոս կը նշէ որ կիներ ու երեխաներ ալ կային, երբ Յիսուս այս հրաշքը ըրաւ։ Կրնայ ըլլալ որ հրաշալիօրէն կերակրուողներուն թիւը 15,000–էն աւելի էր։
Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՆՔ տեսարանը (կարդա՛ Մատթէոս 14։14-21)։ Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Գալիլիոյ ծովուն հիւսիսային ափը գտնուող Բեթսայիդա գիւղին մօտ, ամայի շրջանի մը մէջ, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն կ’ընկերակցին շուրջ 5000 տղամարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մատթէոս 15։7-9) «Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. 8 ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. 9 ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 15։7
Կե՛ղծաւորներ։ Յունարէն բառը՝ hy·po·kri·tes’, սկիզբը կ’ակնարկէր յոյն (եւ ետքը հռոմայեցի) դերասաններու, որոնք բեմին վրայ մեծ դիմակներ կը դնէին՝ իրենց ձայնը բարձրացնելու համար։ Այս բառը սկսաւ փոխաբերական իմաստով գործածուիլ ակնարկելու համար անոնց՝ որոնք իրենց իսկական մտադրութիւնը կամ անձնաւորութիւնը կը պահեն՝ խաբելով կամ ձեւացնելով։ Հոս Յիսուս հրեայ կրօնական առաջնորդները «կե՛ղծաւորներ» կը կոչէ (Մատ. 6։5, 16)։
(Մատթէոս 15։26) Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց [«երեխաներուն», ՆԱ] հացը առնել ու շուներուն [«շնիկներուն», ՆԱ] ձգել»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 15։26
«երեխաներուն. . . շնիկներուն»։ Քանի՛ որ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, շուները անմաքուր էին, Սուրբ Գիրքը շատ անգամ այս բառը նուաստացուցիչ կերպով կը գործածէ (Ղեւ. 11։27. Մատ. 7։6. Փլպ. 3։2. Յայտ. 22։15)։ Բայց թէ՛ Մարկոս (7։27) եւ թէ Մատթէոս աւետարանագիրները Յիսուսի այս խօսակցութեան մէջ, կը գործածեն բառին նուազական ձեւը, որ կը նշանակէ «շնիկ» կամ «տունի շուն». եւ այսպէս բաղդատութիւնը կը մեղմացնեն։ Թերեւս ասիկա ցոյց կու տայ, որ Յիսուս սիրալիր արտայայտութիւն մը գործածեց, ակնարկելու համար ոչ–հրեայ տուներու մէջ պահուող ընտանի կենդանիներուն։ Այնպէս կ’երեւի, որ իսրայէլացիները նմանցնելով «երեխաներու», իսկ ոչ–հրեաները՝ «շնիկներու», Յիսուս կ’ուզէր ցցուն դարձնել նախապատուութեան կարգը։ Օրինակ, տան մը մէջ, ուր թէ՛ երեխաներ եւ թէ շուներ կ’ապրէին, նախ պէտք էր երեխաները կերակրուէին։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 19-25
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 16-17
«Որո՞ւն մտածումները ունիս»
(Մատ. 16։21, 22) Անկէ յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։ 22 Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։
Ամուսիննե՛ր, Քրիստոսի գլխաւորութիւնը ճանչցէք
17 Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս առաքեալներուն բացատրեց թէ Երուսաղէմ պէտք է երթայ, «շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։ Պետրոս մէկդի առաւ Յիսուսը եւ սկսաւ յանդիմանել զինք՝ ըսելով. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Բացորոշ է որ Պետրոսի զգացումները իր հայեցակէտը աղօտած էին։ Սրբագրութիւնը տեղին էր։ Ուստի Յիսուս անոր ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատթէոս 16։21-23)։
(Մատթէոս 16։23) Ինք դառնալով՝ Պետրոսին ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
Արթո՛ւն եղիր. Սատանան կ’ուզէ քեզ կլլել
16 Սատանան կրնայ նոյնիսկ Եհովայի նախանձախնդիր ծառաները խաբել։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ սպաննուելու վրայ էր։ Պետրոս առաքեալ, անկասկած լաւ շարժառիթով, մէկդի առաւ զինք ու ըսաւ. «Քաւ լիցի [«Բարի՛ եղիր անձիդ հանդէպ», ՆԱ], Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յիսուս խստօրէն պատասխանեց. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ» (Մատ. 16։22, 23)։ Ան ինչո՞ւ Պետրոսը կոչեց «Սատանայ»։ Յիսուս ըմբռնած էր թէ ինչ բաներ պիտի պատահէին։ Ժամանակը հասած էր, որ իր կեանքը իբրեւ փրկանքի զոհ տար ու փաստէր թէ Բանսարկուն ստախօս է։ Մարդկութեան պատմութեան այդ զգայուն հանգրուանին, ժամանակը չէր որ Յիսուս իր անձին հանդէպ ‘բարի ըլլար’ կամ քաղցր գտնուէր։ Իր արթնութեան մէջ թերանալը Սատանային ճիշդ ուզածն էր։
17 Մինչ այս չար աշխարհի վերջը կը մօտենայ, մենք ալ ճգնաժամային օրերու մէջ կ’ապրինք։ Սատանան կ’ուզէ որ մեր անձին հանդէպ ‘բարի ըլլանք’, ջանալով այս աշխարհին մէջ մեր անձնական շահերը յառաջ մղել, եւ այսպէս մեր հրատապութեան զգացումը կորսնցնենք։ Թոյլ մի՛ տար որ այս մէկը քեզի պատահի։ Փոխարէն, շարունակէ ‘արթուն մնալ’ (Մատ. 24։42)։ Խուլ ականջ դարձուր Սատանայի խաբեբայ փրոփականտին, որ կ’ըսէ թէ վերջը հեռո՜ւ ապագային է կամ թէ երբեք պիտի չգայ։
(Մատթէոս 16։24) Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ [«շարունակ հետեւի ինծի», ՆԱ]»։
‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք ու մկրտեցէ՛ք զանոնք’
9 Աստուծոյ կամքը ընելու նկատմամբ Յիսուսի օրինակին հետեւիլը ի՞նչ կը պարփակէ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինք, վերցնէ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ], ու [«շարունակ», ՆԱ] հետեւի ինծի»։ (Մատթէոս 16։24, ԱԾ) Ան հոս երեք բան նշեց, որ պէտք է ընենք։ Առաջին՝ մենք մեզ ‘կ’ուրանանք’։ Ուրիշ խօսքով, մեր եսասիրական ու անկատար հակումները կը մերժենք, իսկ Աստուծոյ խրատներուն ու հրահանգներուն կը հնազանդինք։ Երկրորդ՝ ‘մեր տանջանքի ցիցը կը վերցնենք’։ Յիսուսի օրերուն, տանջանքի ցիցը ամօթ ու տառապանք կը խորհրդանշէր։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, բարի լուրին համար նեղութիւն կրելու մեր բաժինը կ’ընդունինք։ (Բ. Տիմոթէոս 1։8) Թէեւ աշխարհը կրնայ մեզ ծաղրել կամ նախատել, սակայն Քրիստոսի նման՝ ‘ամօթը կ’արհամարհենք’, ուրախ ըլլալով որ Աստուած կը հաճեցնենք (Եբրայեցիս 12։2)։ Երրորդ՝ «շարունակ» Յիսուսի կը հետեւինք (Սաղմոս 73։26. 119։44. 145։2)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մատթէոս 16։18) Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս [«ժողովքս», ՆԱ] եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 16։18
դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ։ Յունարէն բառը՝ pe’tros, կը նշանակէ «Ժայռի կտոր, քար»։ Այս բառը հոս կը գործածուի որպէս անուն (Պետրոս),– Յիսուսին կողմէ Սիմոնին տրուած անուան յունարէնը (Յովհ. 1։42)։ Միւս կողմէ, pe’tra բառը, որ նոյնանման բառ մըն է, կը թարգմանուի «ժայռ», եւ կրնայ ակնարկել հիմնաժայռի կամ քարափի (cliff)։ Այս յունարէն բառը նաեւ կ’երեւի այս համարներուն մէջ. Մատ. 7։24, 25. 27։60. Ղուկ. 6։48. 8։6. Հռով. 9։33. Ա. Կոր. 10։4. Ա. Պետ. 2։8։ Այնպէս կ’երեւի, որ Պետրոս չէր կարծեր որ ինք այն վէմն էր, որուն վրայ Յիսուս իր ժողովքը պիտի հիմնէր։ Քանի որ ան Ա. Պետ. 2։4-8–ին մէջ գրեց, որ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ընտրուած «անկիւնի վէմ»ն էր, որուն մասին հինէն ի վեր մարգարէացուած էր։ Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ Յիսուսին մասին ըսաւ, որ «հիմ»ը եւ «հոգեւոր վէմ»ն է (Ա. Կոր. 3։11. 10։4)։ Ուրեմն յստակ է, որ հոս Յիսուս բառախաղ կը գործածէր։ Ան կարծես թէ կ’ըսէր. ‘Դուն, որուն կոչեցի Պետրոս,– Ժայռի կտոր,– կրցած ես գիտնալ թէ ով է Քրիստոս,– «այս վէմը»,– որ քրիստոնէական ժողովքին վէմը պիտի ըլլայ’։
ժողովքս։ Հոս է որ առաջին անգամ ըլլալով կ’երեւնայ յունարէն ek·kle·si’a բառը։ Անիկա կազմուած է երկու յունարէն բառերէ. ek, որ կը նշանակէ «դուրս» եւ ka·le’o, որ կը նշանակէ «կանչել»։ Այս բառը կ’ակնարկէ խումբ մը մարդոց, որոնք կը կանչուին կամ կը հաւաքուին յատուկ նպատակի կամ գործունէութեան համար։ Այս հատուածին մէջ, Յիսուս կը մարգարէանայ քրիստոնէական ժողովքին հիմնուելուն մասին։ Այս ժողովքը կը բաղկանայ օծեալ քրիստոնեաներէ, որոնք «կենդանի քարերու» պէս ‘կը շինուին որպէս հոգեւոր տաճար’ կամ տուն (Ա. Պետ. 2։4, 5)։ Այս յունարէն բառը շատ անգամ կը գործածուի Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ եւ հոմանիշ է «ժողով» կամ «ժողովք» թարգմանուած եբրայերէն բառին, որ յաճախ կ’ակնարկէ Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին (Բ. Օր. 23։3. 31։30)։ Գործք 7։38–ին մէջ, Եգիպտոսէն կանչուած իսրայէլացիները «ժողով» կը կոչուին։ Նոյնպէս ալ այն քրիստոնեաները, որոնք ‘խաւարէն կանչուեցան’ եւ ‘աշխարհէն ընտրուեցան’, կը կոչուին «Աստուծոյ եկեղեցին»,– այսինքն՝ Աստուծոյ ժողովքը (Ա. Պետ. 2։9. Յովհ. 15։19. Ա. Կոր. 1։2)։
(Մատթէոս 16։19) «Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 16։19
Երկնքի թագաւորութեան բանալիները։ Սուրբ Գիրքին մէջ, այն մարդիկը՝ որոնց որոշ բանալիներ կը տրուէին,– ըլլան ատոնք իսկական կամ այլաբանական,– որոշ հեղինակութիւն կը ստանային (Ա. Մն. 9։26, 27. Եսա. 22։20-22)։ Ուրեմն, «բանալի» բառը կը խորհրդանշէ հեղինակութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Պետրոս իրեն վստահուած այս «բանալիները» գործածեց որ հրեաներուն (Գործք 2։22-41), սամարացիներուն (Գործք 8։14-17) եւ հեթանոսներուն (Գործք 10։34-38) առջեւ առիթը բանայ որ Աստուծոյ հոգին ստանան եւ երկնային Թագաւորութիւնը մտնելու յոյսը ունենան։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 26–ՄԱՐՏ 4
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 18-19
«Ուշադիր եղիր որ դուն քեզ եւ ուրիշները չգայթակղեցնես»
(Մատթէոս 18։6, 7) «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու [«իշու կողմէ դարձուած», ՆԱ] աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի։ 7 Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններուն պատճառաւ, վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ»։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մատ. 18։6, 7
իշու կողմէ դարձուած աղացքի քար։ Կամ «մեծ աղացքի քար»։ Բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «իշու աղացքի քար»։ Այս տեսակ քար մը, որուն տրամագիծը (diameter) հաւանաբար 1,2-1,5 մեթր էր, այնքա՛ն ծանր էր, որ պէտք էր որ անասունի մը կողմէ դարձուէր։
գայթակղութիւններ։ Կ’ըսուի որ «գայթակղութեան քար» թարգմանուող յունարէն skan’da·lon բառը կ’ակնարկէր ծուղակի մը. կարգ մը մարդիկ կ’ենթադրեն, որ անիկա ծուղակի մը մէջի ձողն էր, որուն վրայ խայծը կապուած էր։ Ընդհանուր առումով, գայթակղութեան քարը կրնայ ըլլալ որեւէ արգելք, որուն պատճառով մէկը կրնայ սահիլ–իյնալ։ Այլաբանական իմաստով, անիկա կ’ակնարկէ որոշ վարքի մը կամ պարագայի մը, որուն պատճառաւ անհատը անվայել ընթացք կը բռնէ, բարոյապէս կը սահի կամ կ’իյնայ կամ ալ մեղքի մէջ կը մտնէ։ Մատ. 18։8, 9–ին մէջ, այս բառին հետ կապ ունեցող ուրիշ բառ մը՝ skan·da·li’z կը գործածուի։ Անիկա «գայթակղեցնել» կը թարգմանուի եւ կրնայ նաեւ թարգմանուիլ «որոգայթ ըլլալ. մեղանչել տալ»։
nwtsty գծագրութիւն եւ պատկեր
Աղացքի քար
Աղացքի քարերը կը գործածուէին ցորեն աղալու եւ ձիթապտուղէն ձէթ հանելու համար։ Կարգ մը աղացքի քարեր այնքա՛ն պզտիկ էին, որ կարելի էր ձեռքով դարձնել, իսկ ուրիշ աղացքի քարեր այնքա՛ն մեծ էին, որ պէտք էր որ դարձուէին անասունի մը կողմէ։ Թերեւս Սամփսոն ստիպուեցաւ այս տեսակ մեծ աղացքի կամ աղօրիքի քար մը դարձնել՝ փղշտացիներուն համար (Դատ. 16։21)։ Անասունի կողմէ դարձուած աղացքի քարը սովորաբար կը գործածուէր ոչ միայն Իսրայէլի մէջ, հապա նաեւ գրեթէ ամբողջ Հռոմէական կայսրութեան մէջ։
Վրայի եւ տակի աղացքի քարեր
Այս տեսակ աղացքի քար մը կը դարձուէր ընտանի անասունի մը կողմէ,– ինչպէս՝ էշ,– եւ կը գործածուէր ցորեն աղալու կամ ձիթապտուղ ճզմելու համար։ Վրայի քարին տրամագիծը կրնար մինչեւ 1,5 մեթր հասնիլ եւ կը դարձուէր իրմէ աւելի մեծ քարի մը վրայ։
(Մատթէոս 18։8, 9) Արդ՝ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ։ 9 Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 18։9
գեհեան։ Այս բառը եկած է եբրայերէն geh hin·nom’ բառերէն, եւ կը նշանակէ՝ «Ենովմի ձոր», որ անցեալի Երուսաղէմին արեւմուտքն ու հարաւը կը գտնուէր (տե՛ս ուղ 16, «Երուսաղէմ եւ անոր շրջակայքը» քարտէս)։ Յիսուսի օրերուն, այս ձորը աղբ այրելու համար վայր մը դարձած էր, անոր համար «գեհեան» բառը յարմարօրէն կը խորհրդանշէր ամբողջական կործանում։
nwtstg Բառարան
Գեհեան (գեհեն)
Անիկա յունարէն անունն է Ենովմի ձորին, որ անցեալի Երուսաղէմին հարաւ–արեւմուտքը կը գտնուէր (Եր. 7։31)։ Անոր մասին մարգարէացուած էր, որ հոն մեռած մարմիններ պիտի նետուէին (Եր. 7։32. 19։6)։ Փաստ մը չկայ, որ անասուններ կամ մարդիկ Ենովմի ձորը կը նետուէին, ողջ–ողջ այրուելու կամ չարչարուելու համար։ Ուրեմն այս վայրը չի խորհրդանշեր աներեւոյթ տեղ մը, ուր մարդոց հոգիները յաւիտեան կը չարչարուին բառացի կրակի մէջ։ Փոխարէն, Յիսուս եւ իր աշակերտները «գեհեան» բառը գործածեցին խորհրդանշելու համար ‘երկրորդ մահուան’ յաւիտենական պատիժը, այսինքն՝ յաւիտենական կործանում կամ բնաջնջում (Յայտ. 20։14. Մատ. 5։22. 10։28)։
(Մատթէոս 18։10) Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ 18։10
կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը։ Կամ «իմ Հօրս առջեւ կը ներկայանան»։ Քանի՛ որ հոգեղէն արարածները կրնան Աստուծոյ առջեւ ներկայանալ, միայն իրենք կրնան Աստուծոյ երեսը տեսնել (Ել. 33։20)։
w10 11/1 էջ 16
Հոգեղէն արարածները ինչպէ՛ս կ’ազդեն մեզի
Յիսուս ըսաւ որ հրեշտակներուն տրուած է Աստուծոյ ծառաներուն հոգեւոր բարօրութիւնը հոգալու պատասխանատուութիւնը։ Անոր համար, երբ Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց, որ չըլլայ թէ ուրիշները գայթակղեցնեն, ան ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է» (Մատթէոս 18։10)։ Այս խօսքով Յիսուս ըսել չուզեց, որ իր ամէն մէկ հետեւորդին համար նշանակուած է պահապան հրեշտակ մը։ Բայց Յիսուս ցոյց տուաւ, որ հրեշտակները, որոնք Աստուծոյ հետ մօտէն կը գործեն, շատ հետաքրքրուած են քրիստոնէական ժողովքի անդամներով։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մատթէոս 18։21, 22) Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [«եօթանասունեօթը անգամ», ՆԱ]»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 18։22
եօթանասունեօթը անգամ։ Բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «եօթանասուն անգամ եօթը»։ Յունարէն արտայայտութիւնը կրնայ հասկցուիլ կա՛մ «70 եւ 7» (77 անգամ) եւ կամ «70 անգամ 7» (490 անգամ)։ Նոյն բառը, որ Եօթանասնից թարգմանութեան Ծն. 4։24–ին մէջ կ’անցնի, եբրայերէն «77 անգամ» արտայայտութիւնն է։ Ո՛ր կերպով որ ալ հասկցուի, 7 թիւը կրկնելը կը նշանակէր «յաւիտեան» կամ «անսահմանօրէն»։ Յիսուս Պետրոսին 7–ն 77 ընելով, իր հետեւորդներուն ըսել կ’ուզէր, որ ներելու չափ ու սահման չդնեն։ Ասոր հակառակը, բաբելոնական Թալմուտը (Yoma 86b) կ’ըսէ. «Եթէ մէկը առաջին, երկրորդ եւ երրորդ անգամ մեղք գործէ, կը ներուի, բայց չորրորդին չի ներուիր»։
(Մատթէոս 19։7) Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 19։7
արձակման թուղթ։ Կամ՝ «ամուսնալուծման թուղթ»։ Ամուսնալուծում ուզող տղամարդէ մը պահանջելով որ օրինական թուղթ պատրաստէ եւ հաւանաբար երէցներուն հետ խօսի, Օրէնքը տղամարդուն ժամանակ կու տար, որ այս տեսակ լուրջ որոշում մը ետ աչքէ անցընէ։ Յստակ է որ Օրէնքին նպատակն էր անխոհեմօրէն եղած ամուսնալուծումներու արգելք կենալ եւ կիներուն որոշ չափով օրինական պաշտպանութիւն տալ (Բ. Օր. 24։1)։ Բայց Յիսուսի օրերուն, կրօնական առաջնորդները շատ դիւրացուցած էին ամուսնալուծումը։ Առաջին դարու պատմաբան՝ Յովսեպոս, որ ամուսնալուծուած փարիսեցի էր, ըսաւ որ ամուսնալուծում կը տրուէր «որեւէ պատճառի համար» (եւ ասիկա շատ յաճախ կը պատահէր տղամարդոց հետ)։
nwtsty պատկեր
Ամուսնալուծման թուղթ
Ք.Ե. 71 կամ 72–ին գրուած այս ամուսնալուծման թուղթը արամերէնով գրուած էր։ Անիկա գտնուեցաւ Ուատի Մուրապպաաթի հիւսիսային կողմը, որ Հրէաստանի անապատին մէջ չորցած գետի մը հունն է։ Անիկա կը նշէ, թէ հրէական ըմբոստութեան վեցերորդ տարին, Նաքսանի որդին՝ Յովսէփ, որ Մասատայի մէջ կը բնակէր, ամուսնալուծուեցաւ Յովնաթանի աղջիկէն՝ Մարիամէն։