Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՅՈՒՆԻՍ 4-10
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 15-16
«Յիսուս մարգարէութիւններ կատարեց»
(Մարկոս 15։3-5) Եւ քահանայապետները շատ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայով։ 4 Պիղատոս նորէն հարցուց անոր՝ ըսելով. «Պատասխան մը չե՞ս տար. նայէ ո՞րչափ քեզի դէմ կը վկայեն»։ 5 Յիսուս տակաւին պատասխան մը չտուաւ, այնպէս որ Պիղատոս զարմացաւ։
(Մարկոս 15։24) Ու խաչը հանեցին զանիկա եւ անոր հանդերձները [«վերնազգեստները», ՆԱ] բաժնեցին՝ անոնց վրայ վիճակ ձգելով թէ՝ ո՞վ ի՛նչ պիտի առնէ։
(Մարկոս 15։29, 30) Եւ անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին ու կ’ըսէին. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։ 30 Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մար. 15։24, 29
անոր վերնազգեստները բաժնեցին։ Յովհաննէս 19։23, 24–ի արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ մանրամասնութիւններ, որոնք չեն նշուած Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարաններուն մէջ. հռոմայեցի զինուորները վիճակ ձգեցին թէ՛ վերնազգեստներուն եւ թէ պատմուճանին [«զգեստ»ին, ՆԱ] վրայ։ Անոնք Յիսուսին վերնազգեստները առին եւ «չորս բաժին ըրին, ամէն մէկ զինուորին բաժին մը», իսկ զգեստը չուզեցին բաժնել, հապա միայն անոր վրայ վիճակ ձգեցին։ Այսպիսով կատարուեցաւ Սաղմոս 22։18–ի մարգարէութիւնը, ուր կ’ըսուի որ Մեսիային հագուստներուն վրայ վիճակ պիտի ձգուէր։ Այնպէս կ’երեւի որ մահավճիռ գործադրող անհատներուն համար սովորութիւն դարձած էր ոճրագործին հագուստները առնել։ Անոր համար մահապատիժի ենթարկուելէ առաջ ոճրագործներուն հագուստները կը հանուէին եւ անոնցմէ կ’առնուէր ինչ որ ունէին. այսպէս անոնց մահապատիժը ա՛լ աւելի ամօթալի կ’ըլլար։
գլուխնին կը շարժէին։ Այս շարժուձեւին հետ ընդհանրապէս խօսքեր ալ կ’ըսուէին։ Գլուխ շարժելը արհամարհանքի կամ ծաղրանքի նշան էր։ Անցորդները անգիտակցաբար կատարեցին Սաղմոս 22։7–ի մարգարէութիւնը։
(Մարկոս 15։43) Յովսէփ Արիմաթացի, երեւելի խորհրդական մը, որ ինքն ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր, եկաւ ու համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց։
(Մարկոս 15։46) Յովսէփ կտաւ գնեց ու զանիկա վար իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու դրաւ գերեզմանի մը մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ քար մը գլորեց գերեզմանին դուռը։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 15։43
Յովսէփ։ Աւետարանագիրներուն անձնաւորութիւնը յստակ կը դառնայ Յովսէփին մասին իրենց տուած մանրամասնութիւններէն։ Մաքսաւոր Մատթէոսը կ’ըսէ, որ Յովսէփ «հարուստ մարդ» էր։ Մարկոսը,– որ իր գիրքը գրեց գլխաւորաբար հռոմայեցիներուն,– կ’ըսէ որ Յովսէփ «Ատեանին անդամ» էր (ՆԹ), որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կը սպասէր։ Ղուկասը,– որ կարեկից բժիշկ էր,– կ’ըսէ որ ան «բարի ու արդար մարդ» էր, որ հաւանութիւն չէր տուած Յիսուսին դէմ եղած Ատեանին ծրագրին։ Միայն Յովհաննէս կ’ըսէ որ Յովսէփ «Յիսուսի աշակերտը եղած [էր]՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն» (Մատ. 27։57-60. Մար. 15։43-46. Ղուկ. 23։50-53. Յովհ. 19։38-42)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 15։25) Ժամը երեքն էր ու խաչը հանեցին զանիկա։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 15։25
Ժամը երեքն էր։ Կամ երրորդ ժամն էր. այսինքն՝ կ.ա. մօտ ժամը 9։00–ին։ Կարգ մը մարդիկ հակասութիւն կը տեսնեն այս համարին եւ Յովհաննէս 19։14-16–ին միջեւ, ուր կ’ըսուի որ «ժամը վեցին ատեններն էր» երբ Պիղատոս Յիսուսը յանձնեց որ ցիցին վրայ մահուան դատապարտուի։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գրութիւնները ժամի այս տարբերութեան համար յստակ բացատրութիւն մը չեն տար, բայց նկատի առնենք կարգ մը կէտեր. երբ չորս Աւետարանները կը խօսին Յիսուսի կեանքին վերջին օրուան դէպքերուն մասին, ընդհանրապէս նոյն ժամանակաւորումը կը գործածեն։ Օրինակ, չորս Աւետարաններն ալ կ’ըսեն, որ քահանաները եւ ծերերը ժողվուեցան արշալոյսէն ետք եւ յետոյ Յիսուսը տարին հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին քով (Մատ. 27։1, 2. Մար. 15։1. Ղուկ. 22։66–23։1. Յովհ. 18։28)։ Ուրիշ օրինակ մը. Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանագիրները կը նշեն, թէ երբ Յիսուս արդէն ցիցին վրայ էր, երկրին վրայ խաւար եղաւ «վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը» (Մատ. 27։45, 46. Մար. 15։33, 34. Ղուկ. 23։44)։ Նկատի առնենք ազդակ մը, որ թերեւս կապ ունէր այն կէտին հետ թէ Յիսուս ո՛ր ժամուն մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Կարգ մը մարդիկ մտրակումը մահապատիժին մէկ մասը կը սեպէին։ Երբեմն զինուորները այնքա՛ն խիստ կերպով կը մտրակէին մահապարտը, որ անոնց ձեռքին տակ կը մեռնէր։ Յիսուսին պարագային, ան այնքա՛ն մտրակուեցաւ, որ տանջանքի ցիցը առանձին վերցնելէ քիչ ետք պէտք եղաւ որ մէկը իր տեղը ատիկա վերցնէր (Ղուկ. 23։26. Յովհ. 19։17)։ Եթէ մտրակումը մահապատիժին առաջին քայլը կը սեպուէր, ուրեմն ժամանակ անցած ըլլալու էր մինչեւ որ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ գամուի։ Մատթէոս 27։26–ը եւ Մարկոս 15։15–ը թիկունք կը կանգնին այն գաղափարին, որ մտրակումը մահապատիժին մէկ մասն էր, երբ միասին կը նշեն Յիսուսին մտրակումն ու ցիցին վրայ գամուիլը։ Ուրեմն, տարբեր անհատներ կրնան տարբեր ժամեր տալ մահապատիժին նկատմամբ, քանի որ ատիկա կախեալ է այն բանէն որ անոնք ե՛րբ ի մտի ունին թէ մահապատիժը սկսաւ։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ Պիղատոսի կարծիքով մահապատիժը դեռ նոր սկսած էր երբ Յիսուսը ցիցին վրայ գամեցին։ Ասկէ կրնանք հասկնալ թէ ան ինչո՛ւ զարմացաւ, երբ տեղեկացաւ որ Յիսուս ցիցին վրայ գամուելէն քիչ ետք մեռաւ (Մար. 15։44)։ Ասկէ զատ, օգտակար է նկատի առնել թէ մարդիկ այդ ատեն ժամանակը ինչպէ՛ս կը հաշուէին։ Առաջին դարուն, հրեաները ցերեկը կը բաժնէին 12 ժամի եւ կը հաշուէին արեւածագէն, այսինքն կ.ա. մօտ 6։00–էն։ Ուրեմն երրորդ ժամը կը տեւէր առտուան ժամը 8։00–էն մինչեւ 9։00–ն եւ վեցերորդ ժամը կ’աւարտէր մօտ կէսօրուան ժամը 12։00–ին։ Անշուշտ տարուան ընթացքին արեւը տարբեր ժամերու կը ծագէր եւ մարը կը մտնէր։ Հետեւաբար ցերեկուան երկարութիւնը կը փոխուէր տարուան եղանակին համաձայն։ Ուրեմն երբ մարդիկ իրարու պիտի ըսէին թէ ժամը քանի՛ է, մօտաւոր ժամ կու տային։ Աստուածաշունչի գրողները շատ անգամ ցոյց կու տան, թէ մարդիկ սովորութիւնը ունէին ցերեկը չորս ժամանակամիջոցի բաժնելու (ամէն մէկ ժամանակամիջոց երեք ժամ), ինչպէս որ գիշերը չորս ժամանակամիջոցի կը բաժնէին։ Ցերեկը այդ կերպով բաժնելը կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ ինչո՛ւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները շատ անգամ երրորդ, վեցերորդ եւ իններորդ ժամերը կը նշեն,– ըսել ուզելով մօտաւորապէս այդ ատեն (Մատ. 20։1-5. Յովհ. 4։6. Գործք 2։15. 3։1. 10։3, 9, 30)։ Ասոր համար եւ քանի՛ որ մարդիկ ժամանակը գիտնալու գործիքներ չունէին, երբ ժամի մասին պիտի խօսէին, ժամին հետ «ատենները» կամ «գրեթէ» բառը կը նշէին, ինչպէս որ Յովհաննէս 19։14–ին մէջ կը գտնենք (Մատ. 27։46. Ղուկ. 23։44. Յովհ. 4։6. Գործք 10։3, 9)։ Ամփոփենք. թերեւս Մարկոս այս համարին մէջ ի մտի ունէր թէ՛ Յիսուսին մտրակումը եւ թէ ցիցին վրայ գամուիլը, իսկ Յովհաննէս միայն ի մտի ունէր Յիսուսին ցիցին վրայ գամուիլը։ Թերեւս երկու գրողներն ալ ժամանակը կլորցուցին. Մարկոս նշեց ցերեկուան առաջին ժամանակամիջոցին վերջին ժամը (այսինքն՝ կ.ա. մօտ 9։00), իսկ Յովհաննէս նշեց ցերեկուան երկրորդ ժամանակամիջոցին վերջին ժամը (այսինքն՝ կ.ե. մօտ 12։00)։ Եւ Յովհաննէս «ատեններ» բառը գործածեց երբ վեցերորդ ժամին կ’ակնարկէր։ Ասկէ կրնանք որոշ չափով հասկնալ, թէ ինչու Մարկոսի եւ Յովհաննէսի արձանագրութիւններուն մէջ ժամի տարբերութիւն կայ։ Ասկէ զատ, քանի՛ որ Յովհաննէս իր անունը կրող Աւետարանը գրեց տարիներ ետք եւ նշեց ժամ մը, որ Մարկոսին նշած ժամէն կը տարբերի, ասիկա ցոյց կու տայ որ ան Մարկոսի արձանագրութիւնը պարզապէս չընդօրինակեց։
(Մարկոս 16։8) Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 16։8
քանզի կը վախնային։ Մարկոս Աւետարանին վերջին բաժինին ամենահին ձեռագիրները ցոյց կու տան, որ Աւետարանը կ’աւարտի 8–րդ համարով։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ Աւետարանը այնքա՛ն անակնկալ աւարտ մը ունի, որ կարելի չէ որ բնագրին մէջ այդպէս աւարտած ըլլար։ Բայց երբ նկատի առնենք Մարկոսին ընդհանուր ոճը, կը տեսնենք որ շատ կարճ–կտրուկ կերպով կը խօսի, անոր համար չենք զարմանար որ ան իր Աւետարանը անակնկալ կերպով կ’աւարտէ։ Ասկէ զատ, չորրորդ դարու ուսումնականներ՝ Յերոնիմոս ու Եւսեբիոս, ցոյց կու տան, որ Մարկոս Աւետարանին իսկական արձանագրութիւնը վերջ կը գտնէ «քանզի կը վախնային» խօսքով։
Կարգ մը յունարէն ձեռագիրներ եւ թարգմանութիւններ 8–րդ համարէն ետք աւելցուցած են կա՛մ երկար եզրափակում եւ կամ կարճ եզրափակում։ Երկար եզրափակումը (որ կը բաղկանայ 12 համարէ) կարելի է գտնել Աղեքսանդրեան ձեռագիր մատեանին, Եփրեմեան կրկնագիր ձեռագիր մատեանին եւ Պեզայի ձեռագիր մատեանին մէջ,– որոնք բոլորն ալ Ք.Ե. հինգերորդ դարէն են։ Այս եզրափակումը նաեւ կ’երեւնայ լատիներէն Վուլկաթա–ին, Գուրթոնի ասորերէն ձեռագիրին եւ ասորերէն Փէշիթա թարգմանութեան մէջ։ Բայց անիկա չ’երեւնար չորրորդ դարէն մնացած երկու յունարէն ձեռագիրներուն մէջ, այսինքն՝ Սինայական ձեռագիր մատեանին եւ Վատիկանեան ձեռագիր մատեանին մէջ, ոչ ալ կ’երեւնայ Ասորական Սինայական ձեռագիր մատեանին մէջ, որ չորրորդ կամ հինգերորդ դարէն է եւ Սահիտեան Ղպտի ձեռագիրին մէջ, որ հինգերորդ դարէն է։ Նոյնպէս, Մարկոս Աւետարանին հայերէն եւ վրացերէն ամէնէն հին ձեռագիրները կ’աւարտին 8–րդ համարով։
Կարգ մը յունարէն ձեռագիրներ կամ թարգմանութիւններ կը պարփակեն կարճ եզրափակում մը (որ կը բաղկանայ քանի մը նախադասութենէ)։ Ութերորդ դարէն մնացած Ռեճիըս ձեռագիր մատեանը կը պարփակէ երկու եզրափակումները. անիկա նախ կը նշէ կարճ եզրափակումը։ Եւ ամէն մէկ եզրափակումին սկիզբը կը գտնենք նշմար մը, որ կ’ըսէ թէ այդ հատուածը ընդունուած է կարգ մը աղբիւրներու կողմէ։ Բայց Ռեճիըս ձեռագիր մատեանը երկու եզրափակումներն ալ վաւերական չի սեպեր։
ԿԱՐՃ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ
Մարկոս 16։8–էն ետք նշուած կարճ եզրափակումը ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն մաս չի կազմեր։ Անիկա այսպէս եկած է.
Իսկ այն բոլոր բաները, որ պատուիրած էր, անոնք հակիրճ կերպով պատմեցին Պետրոսին շուրջը եղողներուն։ Այս բոլորէն ետք Յիսուս ինք անոնց միջոցով արեւելքէն արեւմուտք ուղարկեց յաւիտենական փրկութեան սուրբ եւ անապականելի պատգամը։
ԵՐԿԱՐ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ
Մարկոս 16։8–էն ետք նշուած երկար եզրափակումը ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն մաս չի կազմեր։ Անիկա այսպէս եկած է.
9 Յիսուս մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։ 10 Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։ 11 Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։
12 Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։ 13 Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։
14 Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։
15 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։ 16 Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ 17 Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին. 18 Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։
19 Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։ 20 Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։
ՅՈՒՆԻՍ 11-17
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 1
«Մարիամին խոնարհութիւնը ընդօրինակէ»
(Ղուկաս 1։38) Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։
«Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
12 Մինչեւ օրս, շատեր գիտեն թէ Մարիամ որքա՜ն խոնարհ եւ հնազանդ պատասխան մը տուաւ Գաբրիէլին, ըսելով. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ. 1։38)։ Աղախին մը տան ամենացած ծառան կ’ըլլար. անոր կեանքը ամբողջովին իր տիրոջ ձեռքը կ’ըլլար։ Մարիամ ճիշդ այդպիսի զգացում ունէր իր Տէրոջ՝ Եհովայի հանդէպ։ Ան ինքզինք ապահով կը զգար Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, եւ գիտէր թէ Աստուած հաւատարիմ է բոլոր անոնց, որոնք իրեն հաւատարիմ են, եւ թէ ան պիտի օրհնէր զինք, եթէ այս դժուար նշանակումը կատարելու մէջ իր լաւագոյնը ընէր (Սաղ. 18։25, ՆԱ)։
(Ղուկաս 1։46-55) Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ 47 Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։ 48 Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։ 49 Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է։ 50 Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ։ 51 Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։ 52 Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։ 53 Անօթիները բարիքներով լեցուց եւ հարուստները պարապ ճամբեց։ 54 Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով, 55 ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։
Ընդօրինակենք էջ 150-151 պարբ. 15-16
«Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
15 Իր կարգին խօսեցաւ Մարիամ, որուն խօսքերը ուշադրութեամբ պահուած են Աստուածաշունչին մէջ (կարդա՛ Ղուկաս 1։46-55)։ Ասոնք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Մարիամի ամէնէն երկար խօսքերն են, որոնք շատ բան կը բացայայտեն իր մասին։ Այս խօսքերը ցցուն կ’ընեն իր երախտագիտութեան ու գնահատութեան հոգին,– ան փառաբանեց Եհովան, որ օրհնած էր զինք Մեսիային մայրը դառնալու առանձնաշնորհումով։ Իր խօսքերը նաեւ ցոյց կու տան իր հաւատքին խորունկութիւնը, երբ ինք ըսաւ որ Եհովան կը տկարացնէ ամբարտաւաններն ու զօրաւորները եւ կ’օգնէ տկարներուն ու աղքատներուն, որոնք կ’ուզեն իրեն ծառայել։ Այս համարներէն նաեւ կը տեսնենք Մարիամի գիտութեան տարողութիւնը։ Տեղեկագրութեան մը համաձայն, ան աւելի քան 20 մէջբերումներ ըրած է Եբրայերէն Գրութիւններէն։
16 Յստակ է որ Մարիամ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկար։ Այսուհանդերձ, ան իր գաղափարները չնշեց, հապա խոնարհաբար նախընտրեց որ Սուրբ Գրութիւննե՛րը խօսէին իր մասին։ Իր արգանդին մէջ աճող զաւակը, յետագային միեւնոյն հոգին պիտի դրսեւորէր, ըսելով. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է» (Յովհ. 7։16)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. «Ես ալ նոյնանման յարգանք եւ ակնածանք կը ցուցաբերե՞մ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ, թէ ոչ ի՛մ գաղափարներս եւ ուսուցումներս կը նախընտրեմ»։ Մարիամին կեցուածքը յստակ է։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 1։69) Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 1։69
փրկութեան եղջիւր։ Կամ «զօրաւոր փրկիչ»։ Աստուածաշունչին մէջ, անասուններու եղջիւրները շատ անգամ կը ներկայացնեն ոյժ, նուաճում եւ յաղթանակ (Ա. Թագ. 2։1. Սաղ. 75։4, 5, 10. 148։14)։ Նաեւ կառավարիչները եւ թագաւորող ընտանիքները,– ըլլան բարի կամ չար,– կը ներկայացուին եղջիւրներով. իսկ իրենց յաղթանակները կը նմանցուէին եղջիւրներով զարնելուն (Բ. Օր. 33։17. Դան. 7։24. 8։2-10, 20-24)։ Այս հատուածին մէջ, «փրկութեան եղջիւր» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Մեսիային՝ զօրաւոր փրկիչին,– մէկը որ զօրութիւն ունի փրկելու։
(Ղուկաս 1։76) Եւ «Դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու»։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 1։76
Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս։ Յովհաննէս Մկրտիչ «Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթա[ր]» կամ Եհովային առջեւէն պիտի երթար այն առումով որ ան նախակարապետը պիտի ըլլար Յիսուսին, որ իր Հայրը պիտի ներկայացնէր եւ իր Հօր անունով պիտի գար (Յովհ. 5։43. 8։29)։
ՅՈՒՆԻՍ 18-24
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 2-3
«Պզտիկնե՛ր, հոգեւորապէս կ’աճի՞ք»
(Ղուկաս 2։41, 42) Անոր ծնողքը ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային [«սովորութիւն ունէին ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ երթալու», ՆԱ]։ 42 Ու երբ անիկա տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս անոնք Երուսաղէմ գացին։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 2։41
Անոր ծնողքը սովորութիւն ունէին։ Օրէնքը կիներէն չէր պահանջեր որ Պասեքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուէին։ Բայց Մարիամ սովորութիւն ունէր Յովսէփին հետ ամէն տարի Երուսաղէմ ճամբորդելու տօնին համար (Ել. 23։17. 34։23)։ Անոնք ամէն տարի Երուսաղէմ կ’երթային–կու գային, մօտ 300 քիլոմեթր կտրելով, երթալէն աճող իրենց ընտանիքին հետ։
(Ղուկաս 2։46, 47) Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։ 47 Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ։
nwtsty սերտելու նոթեր. Ղուկ. 2։46, 47
անոնց բան կը հարցնէր։ Յիսուսին մտիկ ընողներուն հակազդեցութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսին հարցումները այնպիսի հարցումներ չէին որ պզտիկ տղեկ մը կը հարցնէ պարզապէս հետաքրքրութենէ մղուած (Ղուկ. 2։47)։ «Բան կը հարցնէր» թարգմանուած յունարէն բառը կարգ մը հատուածներու մէջ կրնայ ակնարկել այն հարցուփորձին, որ դատական հարցաքննութեան ատեն կ’ըլլայ (Մատ. 27։11. Մար. 14։60, 61. 15։2, 4. Գործք 5։27)։ Պատմաբանները կ’ըսեն, որ յայտնի կրօնական առաջնորդներէն ոմանք սովորաբար տօնէն ետք տաճարը կը մնային եւ ընդարձակ գաւիթներէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէին։ Մարդիկ կրնային անոնց ոտքերուն քով նստիլ, մտիկ ընել եւ հարցումներ հարցնել։
կը զարմանային։ Հոս «զարմանալ» բային յունարէնը կրնայ ակնարկել շարունակական կամ կրկնակի զարմանքի։
(Ղուկաս 2։51, 52) Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր [«շարունակեց անոնց հնազանդիլ», ՆԱ]. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր։ 52 Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 2։51
շարունակեց անոնց հնազանդիլ։ Կամ «հպատակ մնաց. հնազանդ մնաց»։ Յունարէն բային շարունակական ձեւը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս տաճարին մէջ իր գիտութիւնով ուսուցիչները տպաւորելէ ետք, տուն գնաց եւ խոնարհաբար իր ծնողքին հնազանդեցաւ։ Ծնողքին հանդէպ Յիսուսին հնազանդութիւնը շատ յատուկ էր, քանի որ ան պէտք էր Մովսիսական օրէնքը ամենայն մանրամասնութեամբ կատարէր (Ել. 20։12. Գաղ. 4։4)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 2։14) Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն։
nwtsty սերտելու նոթեր. Ղուկ. 2։14
երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն։ Կարգ մը ձեռագիրներու մէջ այս խօսքը եկած է՝ «երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց հանդէպ հաճութիւն», անոր համար կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ այս խօսքը այդպէս թարգմանուած է։ Բայց Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ գործածուած արտայայտութիւնը հիմնուած է աւելի հին եւ վստահելի ձեռագիրներու վրայ։ Անիկա կը թարգմանուի՝ «երկրի վրայ խաղաղութիւն՝ [Աստուծոյ] բարեհաճութիւնը ունեցող մարդոց մէջ»։ Հրեշտակներուն այս յայտարարութիւնը չի նշանակեր որ բոլոր մարդիկ Աստուծոյ հաճութիւնը ունին, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց կեցուածքները եւ գործերը. հապա ատիկա կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ունին, քանի որ իրեն հանդէպ իսկական հաւատք կը ցուցաբերեն եւ իր Որդիին հետեւորդները կը դառնան (տե՛ս այս համարին մարդոց մէջ հաճութիւն արտայայտութեան սերտելու նոթը)։
մարդոց մէջ հաճութիւն։ Այնպէս կ’երեւի որ հոս նշուած «հաճութիւն» բառը կ’ակնարկէ Աստուծո՛յ ցուցաբերած հաճութեան եւ ոչ թէ մարդոց։ Յունարէն eu·do·kiʹa բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ «բարեհաճութիւն, բարեացակամութիւն, հաւանութիւն»։ Այս բառին հետ կապ ունեցող eu·do·keʹo բայը կը գործածուի Մատթէոս 3։17–ին, Մարկոս 1։11–ին եւ Ղուկաս 3։22–ին մէջ (տե՛ս Մար. 1։11–ի սերտելու նոթը), ուր Աստուած իր խօսքը կ’ուղղէ իր Որդիին, անոր մկրտութենէն անմիջապէս ետք։ Այս բառը կը նշանակէ «հաճիլ, հաւնիլ, հրճուիլ, ուրախանալ»։ Այս գործածութեան համաձայն, «մարդոց մէջ հաճութիւն» (an·throʹpois eu·do·kiʹas) արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ունին եւ անիկա կրնայ նաեւ թարգմանուիլ «մարդիկ՝ որոնց ան կը հաճի, մարդիկ՝ որոնց ան կը հաւնի»։ Ուրեմն հրեշտակներուն այս յայտարարութիւնը կ’ակնարկէր Աստուծոյ հաճութեան, ո՛չ թէ բոլոր մարդոց հանդէպ, հապա անոնց հանդէպ, որոնք զինք կը հաճեցնեն՝ իրեն հանդէպ իսկական հաւատք ցուցաբերելով եւ իր Որդիին հետեւորդները դառնալով։ Ճիշդ է որ յունարէն eu·do·kiʹa բառը կարգ մը համարներու մէջ կ’ակնարկէ մարդոց ցուցաբերած հաճութեան (Հռով. 10։1. Փլպ. 1։15), բայց անիկա ընդհանրապէս կը գործածուի ակնարկելու համար Աստուծոյ հաճութեան կամ հաւանութեան կամ անոր հաճած կերպին (Մատ. 11։26. Ղուկ. 10։21. Եփ. 1։5, 9. Փլպ. 2։13)։ Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ Սաղմոս 51։18–ին մէջ գործածուած բառը կ’ակնարկէ Աստուծոյ հաճութեան։
(Ղուկաս 3։23) Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ (Ինչպէս կը կարծուէր) Ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,
Գիտէի՞ր
Ո՞վ էր Յովսէփին հայրը։
Նազարէթի մէջ ապրող ատաղձագործ՝ Յովսէփ, Յիսուսի հայրագիրն էր։ Բայց անոր հայրը ո՞վ էր։ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ գտնուող Յիսուսի ազգաբանութիւնը կ’ըսէ Յակոբ, իսկ Ղուկասի արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ Յովսէփ ‘Հեղիի որդին’ էր։ Ինչո՞ւ այս կարծեցեալ հակասութիւնը (Ղուկաս 3։23. Մատթէոս 1։16)։
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Յակոբ ծնաւ Յովսէփը»։ «Ծնաւ» թարգմանուած յունարէն բառը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Յակոբ Յովսէփին հարազատ հայրն էր։ Ուստի Մատթէոսի գրածը Դաւիթի թագաւորական շառաւիղն էր,– Յովսէփի բնական ազգաբանութիւնը, ուրկէ իր որդեգրած որդին՝ Յիսուս, պիտի ստանար թագաւորելու օրինական իրաւունքը։
Միւս կողմէ, Ղուկաս գրեց որ Յովսէփ ‘Հեղիի որդին էր’։ «Որդին» բառը կրնայ «փեսան» հասկցուիլ։ Նոյնանման պարագայ մը կայ Ղուկաս 3։27–ի մէջ, ուր Սաղաթիէլ, որուն իսկական հայրը Յեքոնիան էր, ‘Ներիի որդի’ կոչուած է (Ա. Մնացորդաց 3։17, ՆԱ. Մատթէոս 1։12)։ Սաղաթիէլ շատ հաւանաբար ամուսնացած էր Ներիի մէկ աղջկան հետ, եւ այսպիսով՝ Ներիին փեսան եղած էր։ Յովսէփ նոյն առումով Հեղիի «որդի» կոչուած էր, քանի որ ամուսնացած էր Հեղիի աղջկան՝ Մարիամին հետ։ Ուստի Ղուկաս «մարմնի կողմանէ» գրեց Յիսուսի բնական ազգաբանութիւնը, Յիսուսի հարազատ մօր՝ Մարիամին կողմէն (Հռովմայեցիս 1։3)։ Արդ, Աստուածաշունչը Յիսուսի նկատմամբ երկու տարբեր եւ օգտակար ազգաբանութիւններ կը նշէ։
ՅՈՒՆԻՍ 25–ՅՈՒԼԻՍ 1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 4-5
«Յիսուսին պէս փորձութիւններուն դէմ դիր»
(Ղուկաս 4։1-4) Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ, 2 ուր քառասուն օր Սատանայէն փորձուեցաւ։ Այն օրերը բան մը չկերաւ։ Այն օրերը լմննալէն յետոյ անօթեցաւ։ 3 Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ»։ 4 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’»։
Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս
8 Անապատին մէջ Սատանան նոյն ռազմավարութեամբ Յիսուսը փորձեց։ 40 օր ծոմ բռնելէ ետք, Յիսուս անօթի էր, եւ Սատանան այս վիճակը շահագործեց։ «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ», ըսաւ ան (Ղուկ. 4։1-3)։ Յիսուս երկու ընտրութիւն ունէր. կա՛մ իր հրաշալի զօրութիւնը գործածել՝ ուտելիքի իր կարիքը գոհացնելու համար, կա՛մ այդ գաղափարը մերժել։ Ան գիտէր թէ այսպիսի զօրութիւն մը պէտք չէր գործածեր անձնասէր նպատակներու համար։ Անօթի ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութիւնը մնաց աւելի՛ կարեւոր, քան ուտելիքը։ Ան պատասխանեց. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’» (Ղուկ. 4։4)։
(Ղուկաս 4։5-8) Սատանան բարձր լեռ մը հանելով զանիկա, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ 6 եւ ըսաւ անոր. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա, 7 ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան»։ 8 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։
Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս
10 Սատանան ինչպէ՞ս «աչքերու ցանկութիւնը» գործածեց Յիսուսը փորձելու։ Սատանան «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ եւ ըսաւ անոր. ‘Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ’» (Ղուկ. 4։5, 6)։ Այն ինչ որ Յիսուս տեսաւ, բառացիօրէն աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները չէին, այլ՝ անոնց փառքին տեսիլքը։ Սատանան խորհեցաւ թէ Յիսուս իր տեսածով պիտի հրապուրուէր։ Անոր համար, ան ըսաւ. «Եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան» (Ղուկ. 4։7)։ Յիսուս բոլորովին մերժեց Սատանային ուզած անձը դառնալ։ Ան անմիջապէս պատասխանեց. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’» (Ղուկ. 4։8)։
(Ղուկաս 4։9-12) Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ. 10 վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քեզ պահեն. 11 ու ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’»։ 12 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։
nwtsty վիտէօ
Տաճարին աշտարակը
Սատանան թերեւս Յիսուսը բառացիօրէն «տաճարին աշտարակը [կամ «ամէնէն բարձր տեղը»]» տարաւ եւ իրեն ըսաւ որ ինքզինք վար նետէ, բայց չենք գիտեր որ Յիսուս թերեւս ճիշդ ո՛ւր կայնած էր։ Քանի՛ որ «տաճար» բառը հոս կրնայ ակնարկել տաճարի ամբողջ կառոյցին, Յիսուս թերեւս կեցաւ (1) տաճարին հարաւ–արեւելեան անկիւնը կամ տաճարի կառոյցին ուրիշ մէկ անկիւնը։ Եթէ Յիսուս այս վայրերէն որեւէ մէկէն վար իյնար, անշուշտ պիտի մեռնէր, բացի եթէ Եհովան միջամտէր։
Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս
12 Եւային հակապատկերը ըլլալով, Յիսուս խոնարհութեան ի՜նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ։ Սատանան ջանաց զինք մղել բան մը ընելու, որ ուրիշները կը տպաւորէ եւ Աստուած կը փորձէ. բայց Յիսուս մերժեց այդպէս գործել, քանի որ ատիկա հպարտ արարք մը պիտի ըլլար։ Փոխարէն, ան ուղղակի պատասխանեց. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես» (կարդա՛ Ղուկաս 4։9-12)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 4։17) Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր.
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 4։17
Եսայի մարգարէին գիրքը։ Եսայիի Մեռեալ ծովու մագաղաթը կազմուած է 17 իրարու միացուած մագաղաթներէ։ Մագաղաթին երկարութիւնը 7,3 մեթր է եւ ունի 54 սիւնակներ։ Նազարէթի ժողովարանին մէջ գործածուած մագաղաթը թերեւս նոյն երկարութիւնը ունէր։ Առաջին դարուն, մագաղաթներուն մէջ գլուխներ եւ համարներ չկային, անոր համար Յիսուս կարդալէ առաջ պէտք էր իր ուզած հատուածը գտնէր։ Եւ այն իրողութիւնը որ Յիսուս գտա՛ւ այն տեղը ուր մարգարէական խօսքերը նշուած էին ցոյց կու տայ որ ան Աստուծոյ Խօսքը շատ լաւ գիտէր։
(Ղուկաս 4։25) Արդարեւ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ շատ որբեւայրիներ կային Եղիային օրերը Իսրայէլի մէջ, երբ երեք տարի ու վեց ամիս երկինք գոցուեցաւ, այնպէս որ մեծ սով եղաւ բոլոր երկրին մէջ.
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 4։25
երեք տարի ու վեց ամիս։ Գ. Թագաւորաց 18։1–ի համաձայն, Եղիան երաշտին աւարտը յայտարարեց «երրորդ տարուան մէջ»։ Անոր համար շատեր կ’ըսեն, որ Յիսուս Գ. Թագաւորաց 18։1–ի արձանագրութեան կը հակասէ։ Բայց Եբրայերէն Գրութիւններուն արձանագրութիւնը չ’ըսեր որ երաշտը երեք տարիէն նուազ տեւեց։ Այնպէս կ’երեւի որ «երրորդ տարուան մէջ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Եղիան առաջին անգամ ըլլալով Աքաաբին յայտարարեց որ երաշտ պիտի ըլլայ (Գ. Թագ. 17։1)։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ հաւանաբար երբ չոր եղանակը արդէն սկսած էր։ Անցեալին Իսրայէլի մէջ չոր եղանակը առաւելագոյնը վեց ամիս կը տեւէր, բայց այս պարագային սովորականէն աւելի երկար տեւած էր։ Ասկէ զատ, երաշտը չդադրեցաւ անմիջապէս երբ Եղիան նորէն Աքաաբին երեւցաւ «երրորդ տարուան մէջ», հապա դադրեցաւ Կարմեղոս լերան վրայ տեղի ունեցած կրակի փորձէն ետք (Գ. Թագ. 18։18-45)։ Ուրեմն, հոս նշուած Յիսուսի խօսքը, ինչպէս նաեւ անոր խորթ եղբօր նոյնանման խօսքը,– որ արձանագրուած է Յակոբոս 5։17–ին մէջ,– ներդաշնակ են Գ. Թագաւորաց 18։1–ի ժամանակագրութեան հետ։