Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասպ դաս 15 էջ 154-163
  • Ո՞ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է
  • Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Կարդալ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՇՏԵԼՈՒ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊԸ
  • ԴՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ
  • Աստուած որո՛ւ պաշտամունքը կ’ընդունի
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել ճշմարիտ պաշտամունքը
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Սուտ պաշտամունքէն հեռո՛ւ կեցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
ասպ դաս 15 էջ 154-163

ԴԱՍ 15

Ո՞ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է

1. Ո՞վ կրնայ մեզի ըսել որ Աստուած ինչպէ՛ս պէտք է պաշտենք։

ԿՐՕՆՔՆԵՐՈՒՆ մեծ մասը կ’ըսէ որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ։ Բայց ասիկա անկարելի է, քանի որ անոնք տարբեր–տարբեր բաներ կը սորվեցնեն Աստուծոյ ո՛վ ըլլալուն եւ զինք ինչպէ՛ս պաշտելուն մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ Աստուած պաշտելու ճիշդ կերպը։ Միայն Եհովա Աստուած կրնայ ըսել որ զինք ինչպէ՛ս պէտք է պաշտենք։

2. Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուած պաշտելու ճիշդ կերպը գիտնալ։

2 Եհովան Աստուածաշունչը տուած է մեզի, որ կարենանք զինք պաշտելու ճիշդ կերպը գիտնալ։ Ուրեմն Աստուածաշունչը սերտէ, եւ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ զայն հասկնաս եւ անոր խօսքերը գործադրես, քանի որ ան քեզմով շատ հետաքրքրուած է (Եսայի 48։17)։

3. Աստուած ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։

3 Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ Աստուած բոլոր կրօնքները կ’ընդունի. բայց Յիսուս այդպէս չսորվեցուց։ Ան ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ»։ Ուրեմն կարեւոր է որ գիտնանք թէ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է եւ յետոյ անոր կամքը ընենք։ Ասիկա լուրջ հարց է, քանի որ Յիսուս Աստուծոյ չհնազանդող մարդիկը նմանցուց ոճրագործներու. այսինքն՝ ‘անօրէնութիւն գործող’ մարդոց (Մատթէոս 7։21-23)։

4. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ Աստուծոյ կամքը ընելուն մասին։

4 Յիսուս ըսաւ որ Աստուծոյ կամքը ընելը միշտ դիւրին պիտի չըլլայ։ Ան ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։13, 14)։ Նեղ ճամբան, կամ Աստուած պաշտելու ճիշդ կերպը, յաւիտենական կեանքի կը տանի։ Իսկ լայն ճամբան, կամ Աստուած պաշտելու սխալ կերպը, մահուան կը տանի։ Բայց Եհովան չ’ուզեր որ մէ՛կը մեռնի։ Ան ամէն մարդու առիթ կու տայ որ իր մասին սորվի (Բ. Պետրոս 3։9)։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՇՏԵԼՈՒ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊԸ

5. Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ որոնք ճիշդ կերպով Աստուած կը պաշտեն։

5 Յիսուս ըսաւ որ կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է։ Ասիկա կ’ընենք, երբ քննենք Աստուած պաշտողներուն հաւատալիքները եւ գործերը։ Յիսուս ըսաւ. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ Ան ճշմարիտ կրօնքը նմանցուց բարի ծառի եւ ըսաւ. «Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ» (Մատթէոս 7։16, 17)։ Ասիկա ըսել չէ որ անոնք՝ որոնք Աստուած կը պաշտեն կատարեալ են։ Բայց Աստուծոյ ծառաները մի՛շտ կը փորձեն ճիշդը ընել։ Հիմա պիտի տեսնենք որ ի՛նչը մեզի պիտի օգնէ, որ գիտնանք թէ որո՛նք ճիշդ կերպով Աստուած կը պաշտեն։

6, 7. Ինչո՞ւ ճշմարիտ պաշտամունքը հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ։ Յիսուսին օրինակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

6 Անոնց սորվեցուցածը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն գրեց. «Մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Ճշմարիտ պաշտամունքը հիմնուած է միայն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ։ Անիկա մարդկային գաղափարներու, սովորութիւններու կամ ուրիշ որեւէ բանի վրայ չէ հիմնուած։

7 Այն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց Աստուծոյ Խօսքէն էր (կարդա՛ Յովհաննէս 17։17)։ Ան շատ անգամ Սուրբ Գիրքէն մէջբերեց (Մատթէոս 4։4, 7, 10)։ Աստուծոյ իսկական ծառաները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին եւ իրենց ամէն սորվեցուցածը Սուրբ Գիրքէն է։

8. Յիսուս մեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովան պաշտելուն մասին։

8 Անոնք միայն Եհովա Աստուած կը պաշտեն։ Սաղմոս 83։18–ը կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Յիսուս ուզեց որ մարդիկ գիտնան թէ ո՛վ է ճշմարիտ Աստուածը, եւ մարդոց Աստուծոյ անունը սորվեցուց (կարդա՛ Յովհաննէս 17։6)։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Մատթէոս 4։10)։ Ուրեմն ճշմարիտ քրիստոնեաները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք միայն Եհովան կը պաշտեն եւ իր անունը կը գործածեն, օրինակ՝ երբ իր մասին կը խօսին եւ կ’աղօթեն։ Ասկէ զատ, անոնք ուրիշներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ անուան մասին եւ կը պատմեն որ Աստուած մարդոց համար ինչեր պիտի ընէ։

9, 10. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս իրար հանդէպ սէր ցոյց կու տան։

9 Անոնք իրար անկեղծօրէն կը սիրեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ իրար սիրեն (կարդա՛ Յովհաննէս 13։35)։ Ուրեմն Աստուծոյ ծառաները իրար կը սիրեն եւ համերաշխ ընտանիք են՝ ո՛ր երկրէն ալ ըլլան, ո՛ր մշակոյթին ալ պատկանին, ըլլան հարուստ թէ աղքատ (Կողոսացիս 3։14)։ Անոր համար անոնք պատերազմի չեն երթար եւ մարդ չեն մեռցներ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր»։ Եւ յետոյ կ’աւելցնէ. «Մէկզմէկ սիրենք։ Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց» (Ա. Յովհաննէս 3։10-12. 4։20, 21)։

10 Ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց ժամանակը, ուժը, դրամը եւ ունեցուածքը կը գործածեն իրարու օգնելու եւ իրար քաջալերելու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Անոնք ‘բարիք կ’ընեն ամէնուն’ (Գաղատացիս 6։10)։

11. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ Յիսուսին կը հնազանդին։

11 Անոնք կը հաւատան որ միայն Յիսուս Քրիստոսով կրնան փրկուիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12)։ Այս գիրքին 5–րդ դասին մէջ սորվեցանք, որ Եհովան Յիսուսը ղրկեց որ հնազանդ մարդոց համար իր կեանքը զոհէ (Մատթէոս 20։28)։ Եհովան Յիսուսը ընտրած է որ երկրի վրայ որպէս Թագաւոր իշխէ։ Ասոր համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ եթէ կ’ուզենք յաւիտեան ապրիլ՝ պէտք է Յիսուսին հնազանդինք (կարդա՛ Յովհաննէս 3։36)։

12. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ քաղաքականութեան չեն մասնակցիր։

12 Անոնք քաղաքականութեան չեն մասնակցիր։ Յիսուս քաղաքականութեան չմասնակցեցաւ։ Երբ կը դատուէր, ան հռոմայեցի կառավարիչ Պիղատոսին ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (կարդա՛ Յովհաննէս 18։36)։ Յիսուսին պէս, ճշմարիտ քրիստոնեաներն ալ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան հաւատարիմ են. անոր համար, անոնք ո՛ւր որ ալ ապրին՝ քաղաքականութեան չեն մասնակցիր։ Բայց քանի որ Աստուածաշունչը կը պատուիրէ վերին «իշխանութիւններուն», այսինքն՝ կառավարութիւններուն հնազանդիլ, ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց երկրի օրէնքներուն կը հնազանդին (Հռովմայեցիս 13։1)։ Անշուշտ, երբ օրէնք մը Աստուծոյ օրէնքներուն կը հակասէ, անոնք կ’ընդօրինակեն առաքեալները, որոնք ըսին. «Առաւել [կամ աւելի] Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29. Մարկոս 12։17)։

13. Ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կը քարոզեն։

13 Անոնք կը քարոզեն, որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ աշխարհի խնդիրները լուծել։ Յիսուս ըսաւ որ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կամ Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի (կարդա՛ Մատթէոս 24։14)։ Չկա՛յ կառավարութիւն մը որ կրնայ ընել այն ինչ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ընէ մեզի համար (Սաղմոս 146։3)։ Յիսուս սորվեցուց աղօթել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, երբ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր կառավարութիւնները պիտի կործանէ եւ թէ «ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։

14. Որո՞նք Աստուած ճիշդ կերպով կը պաշտեն։

14 Այս կէտերը նկատի առնելէ ետք, դուն քեզի հարցուր. ‘Որո՞նք իրենց սորվեցուցածները Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնեն։ Որո՞նք ուրիշներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ անուան մասին։ Որո՞նք իրարու հանդէպ անկեղծ սէր ունին եւ կը հաւատան որ Աստուած Յիսուսը ղրկեց որ մեզ փրկէ։ Որո՞նք քաղաքականութեան չեն մասնակցիր։ Որո՞նք կը քարոզեն, որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մեր խնդիրները լուծել’։ Այս բոլորը միայն Եհովայի վկանե՛րը կ’ընեն (Եսայի 43։10-12)։

ԴՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ

15. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր պաշտամունքը ընդունի։

15 Չի բաւեր միայն հաւատալ որ Աստուած կայ։ Դեւերն ալ կը հաւատան որ ան գոյութիւն ունի, բայց իրեն չեն հնազանդիր (Յակոբոս 2։19)։ Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր պաշտամունքը ընդունի, ո՛չ թէ միայն պէտք է հաւատանք որ ան գոյութիւն ունի, հապա նաեւ իր ըսածները ընենք։

16. Ինչո՞ւ սուտ կրօնքին հետ որեւէ կապ պէտք չէ ունենանք։

16 Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր պաշտամունքը ընդունի, սուտ կրօնքին հետ որեւէ կապ պէտք չէ ունենանք։ Եսայի մարգարէն գրեց. «Անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք» (Եսայի 52։11. Բ. Կորնթացիս 6։17)։ Անոր համար, պէտք է մերժենք որեւէ բան, որ կապ ունի սուտ պաշտամունքին հետ։

17, 18. Ի՞նչ է «Մեծ Բաբելոն»ը, եւ ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ անկէ դուրս ելլես։

17 Այն կրօնքները, որոնք կը սորվեցնեն Աստուած պաշտել այնպիսի կերպով մը, որ Աստուածաշունչին հակառակ է, սուտ կրօնքին մաս կը կազմեն։ Աստուածաշունչը սուտ կրօնքը կը կոչէ «Մեծ Բաբելոն» (Յայտնութիւն 17։5)։ Ինչո՞ւ։ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, շատ մը կրօնական սուտեր Բաբելոն քաղաքէն սկսան եւ յետոյ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուեցան։ Օրինակ, Բաբելոնի մէջ ապրող մարդիկը երեք անձերէ բաղկացած աստուածներ կը պաշտէին։ Այսօր ալ շատ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն որ Աստուած Երրորդութիւն է, բայց Աստուածաշունչը յստակօրէն կը սորվեցնէ որ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ՝ Եհովան, եւ թէ Յիսուս իր Որդին է (Յովհաննէս 17։3)։ Ասկէ զատ, Բաբելոնի մէջ ապրող մարդիկը կը հաւատային, թէ մեռնելէ ետք անհատի մը հոգին կը շարունակէ տեղ մը ապրիլ եւ թէ անիկա կրնայ դժոխքին մէջ չարչարուիլ։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ (տե՛ս Բացատրութիւն 14, 17 եւ 18)։

18 Աստուած մարգարէացած է որ մօտ ատենէն սուտ կրօնքը պիտի բնաջնջուի (Յայտնութիւն 18։8)։ Ուրեմն կը տեսնե՞ս թէ ինչո՛ւ շատ կարեւոր է որ սուտ կրօնքէն դուրս ելլես։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ անկէ դուրս ելլես, առաջ որ շատ ուշ ըլլայ (Յայտնութիւն 18։4)։

Տղամարդ մը լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ Եհովայի վկաներուն կողմէ, որոնք համաշխարհային ուրախ ընտանիքի մաս կը կազմեն

Երբ Եհովային ծառայես իր ժողովուրդին հետ, համաշխարհային ընտանիքի մը մաս պիտի կազմես

19. Երբ որոշես Եհովային ծառայել, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

19 Երբ որոշես սուտ կրօնքէն դուրս ելլել եւ Եհովային ծառայել, կարգ մը ընկերներ կամ ընտանիքի անդամներ թերեւս ըրածդ չհասկնան եւ նոյնիսկ քեզի հակառակին, նեղի մատնեն կամ չուզեն հետդ ընկերակցիլ։ Բայց Եհովան քեզ պիտի չձգէ։ Դուն մաս պիտի կազմես միլիոնաւոր մարդոցմէ բաղկացած համաշխարհային ընտանիքի մը, որուն անդամները անկեղծօրէն իրար կը սիրեն, ինչպէս նաեւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը պիտի ունենաս (Մարկոս 10։28-30)։ Իսկ անոնք, որոնք հիմա դէմ կը կենան Եհովային ծառայելու որոշումիդ, թերեւս ապագային որոշեն Աստուածաշունչը սերտել։

20. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ճիշդ կերպով Աստուած պաշտես։

20 Շատ մօտ ատենէն Աստուած չարութեան վերջ պիտի դնէ եւ երկրի վրայ իր Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ (Բ. Պետրոս 3։9, 13)։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ կեանքը ի՜նչ գեղեցիկ պիտի ըլլայ։ Ամէն մարդ Եհովան պիտի պաշտէ անոր ուզած կերպով։ Ուրեմն կարեւոր է որ հիմա՛ պէտք եղած քայլերը առնես եւ ճիշդ կերպով զինք պաշտես։

ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՇՏՈՂՆԵՐԸ

Շատ ազգերէ, տարբեր պարագաներ ունեցող եւ տարբեր տարիքի մարդիկ ճշմարիտ պաշտամունքին կը հետեւին
  • իրենց սորվեցուցածը Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնեն

  • միայն Եհովա Աստուած կը պաշտեն եւ ուրիշներուն կը սորվեցնեն անոր անուան մասին

  • իրար անկեղծօրէն կը սիրեն

  • կը հաւատան որ միայն Յիսուս Քրիստոսով կրնան փրկուիլ

  • քաղաքականութեան չեն մասնակցիր

  • կը քարոզեն, որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ աշխարհի խնդիրները լուծել

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ո՞Ր ԿՐՕՆՔԸ ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՐՕՆՔՆ Է

«Նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։14)։

Ուրկէ՞ գիտենք թէ Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք չ’ընդունիր։

  • Մատթէոս 7։21-23

    Աստուած բոլոր կրօնքները չ’ընդունիր։ Բոլոր կրօնքները Աստուծոյ կամքը չեն ըներ։

  • Մատթէոս 7։13, 14

    Ճշմարիտ պաշտամունքը յաւիտենական կեանքի կը տանի, իսկ սուտ կրօնքը՝ յաւիտենական կործանումի։

  • Մատթէոս 7։16, 17

    Ճշմարիտ պաշտամունքը կրնաս գիտնալ անոր հետեւողներուն գործերէն։ Պայման չէ որ բոլոր կրօնքները սերտես. սերտէ միայն Աստուածաշունչը։

2. ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՇՏԵԼՈՒ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊԸ

  • Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

    Հաւատալիքներդ եւ սորվեցուցածներդ հիմնէ միայն Սուրբ Գիրքին վրայ։

  • Մատթէոս 4։10. Յովհաննէս 17։6

    Եհովան պաշտէ եւ իր անունը գործածէ։

  • Յովհաննէս 13։35

    Ուրիշները անկեղծօրէն սիրէ։

  • Յովհաննէս 3։36. Գործք 4։12

    Յիսուսին հնազանդէ։ Աստուած Յիսուսին միջոցաւ մեզ կը փրկէ։

  • Յովհաննէս 18։36. Գործք 5։29

    Քաղաքականութեան մի՛ մասնակցիր։

  • Մատթէոս 24։14. 6։10

    Ուրիշներուն սորվեցուր որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր խնդիրներուն միակ լուծումն է։

3. ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏՔԴ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ՑՈՅՑ ՏԱՍ

Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կ’ուզես որ Աստուած պաշտամունքդ ընդունի։

  • Յակոբոս 2։19

    Չի բաւեր միայն հաւատալ որ Աստուած կայ։ Պէտք է նաեւ անոր ըսածները ընես։

  • Եսայի 52։11. Յայտնութիւն 17։5

    Սուտ կրօնքը կամ «Մեծ Բաբելոն»ը մարդոց կը սորվեցնէ Աստուած պաշտել այնպիսի կերպով մը, որ ան չ’ընդունիր։ Կրօնական սուտեր են՝ Երրորդութիւնը, դժոխքին մէջ այրիլը եւ այն գաղափարը թէ հոգին չի մեռնիր։

  • Յայտնութիւն 18։4, 8

    Եհովան մօտ ատենէն սուտ կրօնքը պիտի բնաջնջէ։ Պէտք է մերժես որեւէ բան, որ կապ ունի սուտ պաշտամունքին հետ։

  • Մարկոս 10։28-30

    Թերեւս քեզի հակառակողներ ըլլան, բայց Եհովան քեզ պիտի չձգէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել