Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կս դաս 1 էջ 4
  • Հետաքրքրական բացում պատրաստել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հետաքրքրական բացում պատրաստել
  • Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
կս դաս 1 էջ 4

ԴԱՍ 1

Հետաքրքրական բացում պատրաստել

Նշուած համար

Գործք 17։22

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Պատրաստել բացում մը՝ որ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ, կը յստակացնէ թէ ինչի մասին պիտի խօսիս եւ ցոյց կու տայ, որ քեզի մտիկ ընողը ինչո՛ւ պէտք է այդ նիւթով հետաքրքրուած ըլլայ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Հետաքրքրութիւն արթնցուր։ Ընտրէ հարցում մը, ժողովրդական խօսք մը, փորձառութիւն մը կամ լուր մը, որ քեզի մտիկ ընողներուն հետաքրքրութիւնը պիտի արթնցնէ։

    Գործնական առաջարկ

    Սկիզբէն մտածէ, թէ քեզի մտիկ ընողները ինչո՛վ հետաքրքրուած են կամ մտահոգուած են եւ անոր հիման վրայ բացումդ յարմարցուր։

  • Յստակացուր թէ ինչի մասին պիտի խօսիս։ Վստահ եղիր որ բացումդ յստակ կը դարձնէ նիւթդ եւ անոր նպատակը։

  • Ցոյց տուր որ նիւթը ինչո՛ւ կարեւոր է։ Այն ինչ որ պիտի ըսես, քեզի մտիկ ընողներուն կարիքներուն համաձայն թող ըլլայ։ Անոնք պէտք է յստակ կերպով հասկնան, որ ինչպէ՛ս կրնան օգտուիլ նիւթէն։

    Գործնական առաջարկ

    Նիւթը պատրաստած ատեն դուն քեզի հարցուր. ‘Ժողովքի եղբայրներս եւ քոյրերս ի՞նչ պարագաներէ կ’անցնին’։ Ատոնց հիման վրայ բացումդ պատրաստէ։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Անհատին հետաքրքրութիւնները գիտնալու համար, նկատէ անոր շրջապատը։ Խօսակցութիւնը սկսէ նկատածիդ մասին խօսելով կամ անոր մասին հարցում մը հարցնելով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել