Երգ 143
Լոյս՝ խաւար աշխարհին մէջ
Նկար
Այս խաւար ու չար օրերուն,
Կայ վառ լոյս մը՝ շողուն։
Կը տեսնենք ապագան՝ ուրախ,
Լուսաւոր եւ փայլուն։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Այս մութ աշխարհին մէջ,
Լուրը ճրագ է՝ անմար։
Եւ կու տայ լոյս ու յոյս։
Վերջը մութին՝ մօտ է
Եւ ապագան մեր՝ պայծառ։
Այս ի՜նչ վառ յոյս. . .
Կան յոգնած, քնացած մարդիկ,
Որոնց պէտք է օգնենք։
Զօրացնենք եւ տանք ոյժ իրենց,
Որ ելլեն խաւարէն։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Այս մութ աշխարհին մէջ,
Լուրը ճրագ է՝ անմար։
Եւ կու տայ լոյս ու յոյս։
Վերջը մութին՝ մօտ է
Եւ ապագան մեր՝ պայծառ։
Այս ի՜նչ վառ յոյս. . .
(Տե՛ս նաեւ Յովհ. 3։19. 8։12. Հռով. 13։11, 12. Ա. Պետ. 2։9)