Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • 19, 20. ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ համար ինչպէ՞ս կրնաս գնահատութիւն ցուցաբերել։

      19 Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ յատկապէս քեզի համար պատրաստուած նուէր մը ստանայիր։ Գնահատութիւնդ պիտի յայտնէի՞ր՝ զայն գործածելով։ Եհովան Յիսուս Քրիստոսի միջոցով ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ հայթայթած է քեզի համար։ Այս պարգեւներուն հանդէպ երախտագիտութիւնդ ցոյց տալու մէկ կերպն է՝ երէցներուն կողմէ տրուած դասախօսութիւնները ուշադրութեամբ ունկնդրել եւ ջանալ անոնց նշած կէտերը կիրարկել։ Կրնաս երախտագիտութիւնդ ցոյց տալ նաեւ՝ ժողովներուն մէջ իմաստալից մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով։ Թիկունք կանգնէ այն գործին, որուն մէջ երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն, զոր օրինակ՝ դաշտի ծառայութիւնը։ Եթէ որոշ երէցի մը խրատէն օգտուած ես, ինչո՞ւ իրեն չիմացնես։ Ասկէ զատ, ինչո՞ւ երէցներուն ընտանիքի անդամները չգնահատես։ Յիշէ՛ թէ երէց մը որպէսզի ժողովքին մէջ ժրաջանօրէն աշխատի, իր ընտանիքը կը զոհէ այն ժամանակը, զոր իրեն հետ կրնայ անցընել։

  • Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞ս
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Այցելութիւն մը կ’ընդունի՞ս

      Նոյնիսկ այս տագնապալից աշխարհին մէջ կրնաս ուրախութիւն գտնել, Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով՝ Աստուծոյ, իր Թագաւորութեան եւ մարդկութեան վերաբերեալ իր հոյակապ նպատակին մասին։ Եթէ կ’ուզես յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ կամ կը փափաքիս Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւն ունենալ, հաճիս գրէ Եհովայի Վկաներուն, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483, կամ՝ 4–րդ էջի վրայ նշուած որեւէ յարմար հասցէով։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել