Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կս դաս 7 էջ 10
  • Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել
  • Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խօսքի Ճշգրտութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Հարցումներ գործածել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
Տես աւելին
Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
կս դաս 7 էջ 10

ԴԱՍ 7

Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել

Նշուած համար

Ղուկաս 1։3

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Ճշգրիտ եւ վստահելի տեղեկութիւններ փոխանցել, որ քեզի մտիկ ընողը կարենայ ճիշդ եզրակացութեան հասնիլ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Վստահելի տեղեկութիւններ գտիր ու գործածէ։ Ըսելիքներդ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնէ, ուղղակի անկէ կարդալով՝ երբ կարելի է։ Եթէ պիտի խօսիս գիտական իրողութեան, լուրի, փորձառութեան կամ ուրիշ կէտի մը մասին, սկիզբէն վստահ եղիր որ ատիկա վստահելի եւ արդի տեղեկութիւն է։

  • Տեղեկութիւնները ճիշդ կերպով գործածէ։ Համարը կիրարկած կերպդ ներդաշնակ թող ըլլայ ատոր բովանդակութեան, Աստուածաշունչին տեսակէտին եւ մեր հրատարակութիւններուն հետ (Մատ. 24։45)։ Իսկ եթէ աշխարհիկ աղբիւրէ տեղեկութիւն պիտի տաս, վստահ եղիր որ ատիկա տաս ինչպէս որ է։

    Գործնական առաջարկ

    Իրողութիւնները եւ թիւերը մի՛ չափազանցեր։ Ուշադիր եղիր, որ «կարգ մը մարդիկ» ըսելու տեղ չըսես «մարդոց մեծամասնութիւնը» կամ «երբեմն» ըսելու տեղ չըսես «միշտ» եւ կամ «թերեւս»ը չդառնայ «շատ հաւանաբար»։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն հետ տրամաբանէ։ Համար մը կարդալէ կամ տեղեկութիւն մը մէջբերելէ ետք, փափկանկատ հարցումներ հարցուր կամ կէտին իմաստը յստակացուր, որ իրե՛նք եզրակացութեան հասնին։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Առաջ որ քարոզելու երթաս, մտածէ թէ մարդիկ ի՛նչ հարցումներ կրնան հարցնել եւ պրպտում ըրէ, որ գիտնաս ինչպէ՛ս ատոնց պատասխանել։ Իսկ եթէ անհատին հարցումին պատասխանը չես գիտեր, իրեն ըսէ որ ատոր մասին կը պրպտես եւ գալ անգամ կը պատասխանես։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել