Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուլ գլ. 2 հրց. 1-5
  • Ո՞վ է Աստուած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ է Աստուած
  • Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած ո՞վ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ պէտք է գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
ուլ գլ. 2 հրց. 1-5

ԳԼՈՒԽ 2

Ո՞վ է Աստուած

1. Ինչո՞ւ պէտք է Աստուած պաշտենք։

Ճշմարիտ Աստուածը բոլոր բաներուն Ստեղծիչն է։ Ան սկիզբ չունէր եւ բնա՛ւ վերջ պիտի չունենայ (Սաղմոս 90։2)։ Ան Աստուածաշունչի բովանդակած ուրախ լուրերուն Աղբիւրն է (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Քանի որ Աստուած մեզի կեանք տուած է, միայն զինք պէտք է պաշտենք։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ։

2. Աստուծոյ բնոյթը ի՞նչ է։

Ոեւէ մարդ երբեք Աստուած չէ տեսած, քանի որ ան Հոգի է, ինչ որ կը նշանակէ թէ ան կեանքի աւելի բարձր տեսակ է քան՝ երկրի վրայ ապրող ֆիզիքական արարածները (Յովհաննէս 1։18. 4։24)։ Այսուհանդերձ, կրնանք Աստուծոյ անձնաւորութիւնը զատորոշել իր ստեղծած բաներով։ Օրինակ, պտուղներուն եւ ծաղիկներուն բազմազանութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը։ Իսկ տիեզերքի անհունութիւնը Աստուծոյ զօրութեան մասին կը պատմէ։ —‏ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20։

Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին ա՛լ աւելի կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչը կարդալով։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Աստուած ի՛նչ բաներ կը սիրէ եւ ի՛նչ բաներ չի սիրեր, մարդոց հետ ինչպէ՛ս կը վարուի եւ զանազան պարագաներու մէջ ինչպէ՛ս կը հակազդէ։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 103։7-10։

3. Աստուած անուն մը ունի՞։

Աստուծոյ Եհովա անունը տարբեր լեզուներով

Յիսուս ըսաւ. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9)։ Թէեւ Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, բայց միայն մէկ անուն ունի։ Իւրաքանչիւր լեզու զայն տարբեր կերպով կ’արտասանէ։ Հայերէնով՝ «Եհովա» կ’ըսենք. իսկ կարգ մը մարդիկ կ’արտասանեն՝ «Եահվէ»։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 83։18։

Աստուծոյ անունը շատ մը Աստուածաշունչերու մէջէն հանուած է ու փոխարինուած է Տէր եւ Աստուած տիտղոսներով։ Բայց երբ Աստուածաշունչը գրուեցաւ, շուրջ 7000 անգամ Աստուծոյ անունը կը բովանդակէր։ Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց, երբ Աստուծոյ մասին մարդոց կը սորվեցնէր։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 17։26։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Աստուած անուն ունի՞

4. Եհովան մեզմով կը հետաքրքրուի՞։

Իրենց հիւանդ զաւակին հոգ տանող հայր եւ մայր

Այս գորովալից հօր նման, Աստուած մեր երկարատեւ օգտին համար կը գործէ

Արդեօք համատարած տառապանքը կը նշանակէ՞ թէ Եհովան Աստուած մըն է՝ որ մեզմով չի հետաքրքրուիր։ Ոմանք կը դաւանին թէ ան մեզ կը տառապեցնէ առ ի փորձութիւն, բայց ասիկա ճիշդ չէ։ —‏ Կարդա՛ Յակոբոս 1։13։

Աստուած մարդուն ազատ կամք շնորհած է՝ զինք պատուելով։ Չե՞նք գնահատեր մեր ազատութիւնը, որ ընտրենք Աստուծոյ ծառայել կամ ոչ (Յեսու 24։15)։ Բայց շատեր կ’ընտրեն ուրիշներուն գէշ բաներ ընել. առ ի արդիւնք՝ տառապանքը կը շատնայ։ Այս անիրաւութիւնը տեսնելը Եհովան կը տրտմեցնէ։ —‏ Կարդա՛ Ծննդոց 6։5, 6։

Եհովան մեզմով հետաքրքրուած Աստուած մըն է։ Ան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։ Շուտով ան տառապանքը եւ զայն պատճառողները պիտի բնաջնջէ։ Մինչ այդ, ան տառապանքը ժամանակաւորապէս թոյլատրելու լաւ պատճառ ունի։ 8–րդ դասին մէջ պիտի սորվինք թէ ի՛նչ է այդ պատճառը։ —‏ Կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։9. 3։7, 13։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ աւելի մօտենալ։

Կին մը Աստուծոյ կ’աղօթէ

Եհովան մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենանք՝ աղօթքի միջոցաւ իրեն արտայայտուելով։ Ան իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է (Սաղմոս 65։2. 145։18)։ Ան ներելու յօժար է, եւ կը նշմարէ զինք հաճեցնելու մեր ջանքերը, նոյնիսկ երբ ատեններ ձախողինք։ Ուստի, հակառակ մեր անկատարութեան, իրապէս կրնանք Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելել։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 103։12-14. Յակոբոս 4։8։

Որովհետեւ Եհովան մեր կեանքի Աղբիւրն է, պէտք է զինք սիրենք ոեւէ անձէ աւելի (Մարկոս 12։30)։ Մինչ Աստուծոյ հանդէպ սէրդ կը յայտնես, իրեն մասին աւելին սորվելով եւ իր պահանջածը ընելով, իրեն ա՛լ աւելի պիտի մօտենաս։ —‏ Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։4. Ա. Յովհաննէս 5։3։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել