-
ԲովանդակութիւնԴիտարան 2012 | Հոկտեմբեր 1
-
-
© 2012 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania. All rights reserved.
-
-
Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է կին դասակարգովԴիտարան 2012 | Հոկտեմբեր 1
-
-
Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է կին դասակարգով
«Մեղքը սկսաւ կնոջմով մը, որուն շնորհիւ բոլորս պէտք է մեռնինք»։ ՍԻՐԱՔ, Ք.Ա. 2–ՐԴ ԴԱՐ
«Դո՛ւք Բանսարկուին դուռն էք, դո՛ւք արգիլուած ծառին կնիքը քակեցիք, դո՛ւք աստուածային օրէնքին առաջին լքողն էիք. . . դո՛ւք շա՜տ դիւրաւ Աստուծոյ պատկերը՝ տղամարդը՝ կործանեցիք»։ ՏԵՐՏՈՒՂԻԱՆՈՍ, ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ, Ք.Ե. 2–ՐԴ ԴԱՐ
ԱՅՍ հին գրութիւնները Աստուածաշունչէն չեն։ Դարեր շարունակ, ատոնք գործածուած են կին դասակարգին դէմ խտրականութիւնը արդարացնելու համար։ Նոյնիսկ այսօր, կարգ մը ծայրայեղականներ տակաւին կը նշեն կրօնական գրութիւններ, կիներուն վրայ տիրապետելը օրինականացնելու համար, դաւանելով որ անո՛նք մարդկութեան նեղութիւններուն համար մեղադրելի են։ Աստուած իրապէս նպատակադրա՞ծ էր որ տղամարդիկ զանոնք արհամարհեն եւ անոնց հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունենան։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ Տեսնե՛նք։
◼ Աստուած կիները անիծե՞ց։
Ո՛չ։ Փոխարէն, Աստուած ‘անիծեց’ «առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի» (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։14)։ Երբ Աստուած ըսաւ որ Ադամ իր կնոջ վրայ պիտի ‘իշխէր’, ան ցոյց չտուաւ որ կը հաւանէր որ կինը տղամարդուն հպատակէր (Ծննդոց 3։16)։ Ան պարզապէս առաջին զոյգին վրայ մեղքին գէշ հետեւանքներուն մասին կը նախագուշակէր։
Այսպէս, կիներու հանդէպ գէշ վերաբերմունքը արդիւնքն է մարդոց մեղաւոր բնոյթին, եւ ոչ թէ Աստուծոյ կամքին։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ սկզբնական մեղքը քաւուելու համար, կիները պէտք է տղամարդոց հպատակին (Հռովմայեցիս 5։12)։
◼ Աստուած կինը տղամարդէն ստորադա՞ս ստեղծեց։
Ո՛չ։ Ծննդոց 1։27–ն կը նշէ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ Ուրեմն սկիզբէն, մարդիկ,– թէ՛ արու եւ թէ էգ,– Աստուծոյ յատկութիւնները արտացոլելու կարողութեամբ ստեղծուեցան։ Թէեւ Ադամն ու Եւան զգացական եւ ֆիզիքական գետնի վրայ իրարմէ տարբեր էին, բայց երկո՛ւքը նոյն յանձնարարութիւնը ստացան եւ Ստեղծիչը նոյն իրաւունքները շնորհեց իրենց (Ծննդոց 1։28-31)։
Եւան ստեղծելէ առաջ, Աստուած յայտարարեց. «Անոր [Ադամ] օգնական մը ընեմ իրեն յարմար [«որպէս լրացուցիչ», ՆԱ]» (Ծննդոց 2։18)։ «Լրացուցիչ» բառը կը նշանակէ՞ թէ կինը տղամարդէն ստորադաս էր։ Ո՛չ։ Լուսաբանենք. պահ մը խորհէ՛, թէ վիրաբոյժն ու անզգայացնող բժիշկը ինչպէ՛ս զիրար կ’ամբողջացնեն գործողութեան ընթացքին։ Արդեօք կարելի՞ է որ մէկը առանց միւսին յաջողի։ Բնա՛ւ երբեք։ Թէեւ գործողութիւնը կատարողը վիրաբո՛յժն է, բայց ան անզգայացնող
-