Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 11/1 էջ 9
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Եհովան քեզի կ’օգնէ որ յաջողիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 11/1 էջ 9

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Փարաւոնը տեսնելէ առաջ Յովսէփ ինչո՞ւ ածիլուեցաւ։

Վաղեմի եգիպտական որմանկար մը, որ ցոյց կու տայ սափրիչ մը՝ գործի ժամանակ

Վաղեմի Եգիպտական որմանկար մը, որ ցոյց կու տայ սափրիչ մը՝ գործի ժամանակ

Ըստ Ծննդոց գրքին, փարաւոն հրամայեց որ եբրայեցի բանտարկեալը՝ Յովսէփ՝ անմիջապէս իր առջեւ ներկայանայ, որպէսզի զինք անհանգստացնող երազները մեկնաբանէ։ Յովսէփ տարիներէ ի վեր բանտարկուած էր։ Հակառակ անոր որ փարաւոնին կոչը հրատապ էր, Յովսէփ ժամանակ յատկացուց ածիլուելու (Ծննդոց 39։20-23. 41։1, 14)։ Գրողին այս աննշան մանրամասնութիւնը նշելը ցոյց կու տայ, թէ ան եգիպտական սովորութիւններուն քաջածանօթ էր։

Վաղեմի բազմաթիւ ազգեր, ներառեալ եբրայեցիները, մօրուք երկարելու սովորութիւնը ունէին։ Իսկ «վաղեմի եգիպտացիները միակ արեւելեան ազգն էին, որոնք մօրուք ձգելու շուրջ կ’առարկէին», կ’ըսէ համայնագիտարան մը (McClintock and Strong’s Cyclopedia of Biblical, Theological, and Ecclesiastical Literature)։

Երբ «ածիլուիլ» կ’ըսենք, արդեօք ի մտի ունինք միայն մօրո՞ւքը։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ թէ եգիպտական կարգ մը ծիսական սովորութիւններ կը պահանջէին, որ տղամարդ մը փարաւոնին առջեւ ներկայանալէ առաջ պատրաստուէր այնպէս՝ ինչպէս տաճար մը մտնելէ առաջ պիտի պատրաստուէր (Biblical Archaeology Review)։ Այս պարագային, Յովսէփ պէտք էր իր գլխուն եւ մարմնին բոլոր մազերը ածիլէր։

Գործք գիրքը կ’ըսէ թէ Տիմոթէոսի հայրը յոյն էր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ան Յունաստանէն էր։

Տիմոթէոսի մայրը իրեն կը կարդայ, մինչ իր հայրը իրենց ետեւ կեցած է

Պայման չէ։ Իր ներշնչեալ գրութիւններուն մէջ, Պօղոս առաքեալ երբեմն հրեաները համեմատեց յոյներուն կամ հելլենացիներուն հետ. կարծես ան յոյները կը գործածէր՝ ներկայացնելու համար բոլոր ոչ–⁠հրեաները (Հռովմայեցիս 1։16. 10։12)։ Անկասկած պատճառներէն մէկը այն էր, թէ յունարէն լեզուն եւ յունական մշակոյթը լայնօրէն տարածուած էին այն շրջաններուն մէջ, ուր Պօղոս քարոզեց։

Վաղեմի օրերուն, որո՞նք յոյն կը նկատուէին։ Օրինակ, Ք.Ա. չորրորդ դարուն, աթենացի ճառախօս Իսոկրատ հպարտօրէն խօսեցաւ յունական մշակոյթին տարածման մասին։ Ան ըսաւ որ այդ տարածման առ ի արդիւնք, «յոյն կը կոչուին անոնք՝ որոնք առաւելութիւնը ունեցած են մեր ուսումը ստանալու, քան թէ՝ Յունաստանի բնիկ ժողովուրդը»։ Թէեւ վստահ չենք, բայց այս տուեալներուն համաձայն՝ կրնայ ըլլալ որ Տիմոթէոսի ոչ–⁠հրեայ հայրը եւ ուրիշներ,– որոնց Պօղոս ակնարկեց որպէս յոյներ,– յունական մշակոյթին կը պատկանէին եւ ոչ թէ ի ծնէ յոյն էին (Գործք 16։1)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել