Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կս դաս 14 էջ 17
  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել
  • Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Բնաբանի Մշակում
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Բուն կէտերը վերաքաղ ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
կս դաս 14 էջ 17

ԴԱՍ 14

Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել

Նշուած համար

Եբրայեցիս 8։1

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին օգնել, որ քեզի հետեւի, մինչ նիւթդ կը ներկայացնես։ Եւ յստակ դարձնել, որ ինչպէս ամէն մէկ գլխաւոր կէտ կապուած է նիւթիդ եւ անոր նպատակին հետ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նպատակակէտ դիր։ Մտածէ թէ նիւթիդ նպատակակէտը ի՛նչ է. տեղեկութի՞ւն տալ, համոզե՞լ, քեզի մտիկ ընողները գործի՞ մղել։ Յետոյ ատոր հիման վրայ նիւթդ զարգացուր։ Վստահ եղիր, որ բոլոր գլխաւոր կէտերը կ’օգնեն որ այդ նպատակակէտին հասնիս։

    Գործնական առաջարկ

    Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինծի մտիկ ընողները այս նիւթին մասին ի՞նչ հարցումներ կամ առարկութիւններ կրնան ունենալ եւ ի՞նչ տրամաբանական շարքաւորումով’։ Ետքը, ըսելիքներդ նոյն շարքաւորումով դասաւորէ, որ անոնք կարենան քեզի հետեւիլ, նիւթը հասկնալ եւ տեղեկութիւնը ընդունիլ։

  • Նիւթիդ բնաբանը շեշտէ։ Նիւթդ ներկայացուցած ատեն բնաբանին գլխաւոր բառերը կրկնէ կամ անոնց հոմանիշները գործածէ։

  • Գլխաւոր կէտերդ յստակ եւ պարզ դարձուր։ Ընտրէ միայն գլխաւոր կէտեր, որոնք բնաբանին հետ կապ ունին եւ որոնք կրնաս լաւ կերպով սորվեցնել՝ որքան որ բաժինիդ ժամանակը կը ներէ։ Միայն քանի մը գլխաւոր կէտեր նշէ, անոնց միջեւ կարճ դադար առ եւ մէկէն միւսին անցիր սահուն կերպով։

    Գործնական առաջարկ

    Կրնաս գլխաւոր կէտերը նշել բացումին մէջ, որ քեզի մտիկ ընողներուն օգնես որ քեզի հետեւին, կամ ալ կրնաս նշել եզրափակումին մէջ, որ իրենց օգնես որ ատոնք յիշեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել