ԴԱՍ 1
Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը
1, 2. Մարդիկ ընդհանրապէս ի՞նչ հարցումներ կը հարցնեն։
ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ շատ հարցումներ կը հարցնեն։ Երբ իրենց բան մը բացատրես, քեզի կը հարցնեն. ‘Ինչո՞ւ’։ Իրենց կը պատասխանես, բայց նորէն կը հարցնեն. ‘Լաւ ինչո՞ւ’։
2 Մեծերն ալ շատ հարցումներ կը հարցնեն։ Երբեմն մենք մեր առօրեայ կեանքին հետ կապուած հարցումներ կը հարցնենք, ինչպէս՝ ի՞նչ պիտի ուտենք կամ ի՞նչ պիտի հագուինք։ Երբեմն ալ կարեւոր հարցումներ կը հարցնենք կեանքի եւ ապագայի մասին։ Բայց երբ մեր հարցումներուն պատասխանները չգտնենք, թերեւս այլեւս չհարցնենք։
3. Ինչո՞ւ շատեր կը կարծեն որ չեն կրնար իրենց կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գտնել։
3 Կրնա՞նք մեր կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գտնել։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն այո՛, բայց չեն գիտեր իրենց հարցումին պատասխանը ո՛ւր փնտռեն։ Ուրիշներ կը կարծեն որ Աստուածաշունչը պատասխանները ունի, բայց միայն ուսուցիչները կամ կրօնականները կրնան ատոնք հասկնալ։ Ուրիշներ ալ կ’ամչնան ըսելու, որ պատասխանները չեն գիտեր։ Դուն ի՞նչ կ’ըսես։
4, 5. Ի՞նչ կարեւոր հարցումներ ունիս եւ ինչո՞ւ պէտք է շարունակես ատոնց պատասխանները փնտռել։
4 Թերեւս կ’ուզես գիտնալ որ կեանքին նպատակը ի՞նչ է, երբ մէկը մեռնի ո՞ւր կ’երթայ, բարի մարդիկ ինչո՞ւ կը չարչարուին։ Յիսուս՝ մեծագոյն ուսուցիչը, ըսաւ որ շարունակենք խնդրել եւ պիտի տրուի մեզի, շարունակենք փնտռել եւ պիտի գտնենք, շարունակենք դուռը զարնել եւ պիտի բացուի մեզի (Մատթէոս 7։7)։ Ուրեմն շարունակէ փնտռել, մինչեւ որ համոզիչ պատասխաններ գտնես։
5 Այո՛, եթէ շարունակես փնտռել, պատասխանները պիտի գտնես Աստուածաշունչին մէջ (Առակաց 2։1-5)։ Եւ այդ պատասխանները հասկնալը դժուար չէ։ Այն ինչ որ Աստուածաշունչէն պիտի սորվիս քեզի պիտի օգնէ, որ հիմա աւելի՛ ուրախ կեանք ունենաս եւ ապագային համար յոյս ունենաս։ Նկատի առնենք հարցում մը, որ շատեր կը հարցնեն։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
6. Մարդիկ ինչո՞ւ կ’ըսեն որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ։
6 Երբ մեր շուրջը նայինք, ամէն տեղ կը տեսնենք պատերազմ, ատելութիւն եւ չարչարանք։ Մարդիկ կը հիւանդանան, կը չարչարուին, կը մեռնին. . . ։ Անոր համար, շատեր կ’ըսեն որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Անոնք կը կարծեն որ եթէ ան իրապէս մեզմով հետաքրքրուած ըլլար, աշխարհին վիճակը շա՛տ աւելի լաւ պիտի ըլլար։ Ուրիշներ ալ կը հարցնեն. ‘Եթէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է, ինչո՞ւ չարչարանքին վերջ չի դներ’։
7. ա) Կրօնականները ինչպէ՞ս պատճառ կ’ըլլան, որ մարդիկ կարծեն որ Աստուած քարասիրտ է։ բ) Ի՞նչը մեզի կը վստահեցնէ որ չար բաներ պատճառողը Աստուած չէ։
7 Երբեմն կրօնականները պատճառ կ’ըլլան, որ մարդիկ կարծեն որ Աստուած քարասիրտ է։ Օրինակ, երբ գէշ բան մը ըլլայ, անոնք կ’ըսեն որ ատիկա Աստուծոյ կամքն է կամ Աստուած մեր հաւատքը կը փորձէ։ Այսպիսով՝ անոնք Աստուած կը մեղադրեն։ Բայց Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ Աստուած բնա՛ւ չարութիւն չի պատճառեր։ Յակոբոս 1։13–ը կ’ըսէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ճիշդ է որ Աստուած գէշ բաներուն դեռ վերջ չէ դրած, բայց ան բնա՛ւ չարութիւն չի պատճառեր (կարդա՛ Յոբ 34։10, 12)։
8, 9. Ինչո՞ւ մեր խնդիրներուն համար պէտք չէ Աստուած մեղադրենք։ Օրինակ մը տուր։
8 Օրինակով մը բացատրենք։ Երիտասարդ մը իր ծնողքին հետ կ’ապրի։ Իր հայրը զինք շատ կը սիրէ եւ իրեն սորվեցուցած է ինչպէ՛ս ճիշդ որոշումներ առնել։ Ժամանակ մը ետք, այս երիտասարդը հօրը դէմ կ’ելլէ եւ կ’որոշէ տունը ձգել–երթալ։ Հայրը արգելք չի կենար։ Ետքը տղան գէշ բաներ կ’ընէ եւ խնդիրներու մէջ կ’իյնայ։ Արդեօք յանցաւորը հա՞յրն է, որ արգելք չի կեցաւ որ իր տղան տունը ձգէ–երթայ։ Անշուշտ ոչ (Ղուկաս 15։11-13)։ Նոյնպէս, Աստուած արգելք չի կենար երբ մարդիկ իր դէմ ելլեն եւ գէշ բաներ ընեն։ Ուրեմն, երբ գէշ բան մը ըլլայ, պէտք է յիշենք որ պատճառը Աստուած չէ։
9 Միւս կողմէ, Աստուած չար բաներուն դեռ վերջ չէ դրած, քանի որ շատ կարեւոր պատճառ մը ունի։ Ասոր մասին աւելին պիտի գիտնաս 11–րդ դասին մէջ։ Բայց վստահ եղիր, որ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ մեր խնդիրներուն պատճառը ինք չէ։ Իրականութեան մէջ, ան միակն է որ կրնայ ատոնք լուծել (Եսայի 33։2)։
10. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած ամէն չարութեան վերջ պիտի դնէ։
10 Մենք կրնանք Աստուծոյ վստահիլ, քանի որ սուրբ է եւ անոր գործերը մաքուր ու բարի են (Եսայի 6։3)։ Բայց մարդիկ այդպէս չեն. անոնք երբեմն սխալներ կ’ընեն։ Նոյնիսկ ամէնէն լաւ կառավարիչը կարողութիւնը չունի չար մարդոց պատճառած վնասը սրբագրելու։ Բայց Աստուած ոեւէ կառավարիչէ աւելի զօրաւոր է։ Ան թէ՛ կրնայ եւ թէ կ’ուզէ չարութեան վերջ դնել. եւ ատոր վերջ պիտի դնէ յաւիտեան (կարդա՛ Սաղմոս 37։9-11)։
ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԶԳԱՅ, ԵՐԲ ՄԱՐԴՈՑ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԸ ՏԵՍՆԷ
11. Աստուած ի՞նչ կը զգայ, երբ չարչարուիլդ տեսնէ։
11 Աստուած ի՞նչ կը զգայ, երբ տեսնէ թէ աշխարհին մէջ ինչե՜ր կ’ըլլան եւ թէ դուն ինչերէ կ’անցնիս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած «կը սիրէ իրաւունքը» (Սաղմոս 37։28)։ Ան աչք չի խփեր անարդարութեան եւ չ’ուզեր որ մարդիկ չարչարուին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ անցեալին Աստուած «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ», երբ տեսաւ որ երկիրը չարութեամբ լեցուած է (Ծննդոց 6։5, 6)։ Եւ ան չէ փոխուած (Մաղաքիա 3։6)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած իրապէս քեզմով հետաքրքրուած է (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։7)։
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ Եհովան տիեզերքի Ստեղծիչն է
12, 13. ա) Մենք ինչո՞ւ ուրիշները կը սիրենք եւ ի՞նչ կը զգանք, երբ աշխարհին մէջ չարչարանք տեսնենք։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած չարչարանքին եւ անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։
12 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ Աստուած մեզ իր պատկերով ստեղծեց (Ծննդոց 1։26)։ Այսինքն, ան մեր մէջ դրաւ այն նոյն յատկութիւնները, որոնք ինք ունի։ Աստուծոյ յատկութիւններէն մէկը սէրն է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8) Մենք ուրիշները կը սիրենք, քանի որ Աստուած մեր մէջ դրաւ սիրելու յատկութիւնը։ Ուրեմն եթէ դո՛ւն գէշ կը զգաս, երբ անմեղ մարդոց չարչարանքը տեսնես, երեւակայէ որ Աստուած որքա՛ն աւելի գէշ կը զգայ։
13 Պահ մը մտածէ. եթէ ձեռքէդ գար չարչարանքը եւ անարդարութիւնը աշխարհէն վերցնել, չէի՞ր վերցներ։ Անշո՛ւշտ, քանի որ մարդիկը կը սիրես։ Լաւ, ի՞նչ կարելի է ըսել Աստուծոյ մասին։ Ան կրնա՛յ չարչարանքին եւ անարդարութեան վերջ դնել, եւ այդպէս ալ պիտի ընէ, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Վստա՛հ եղիր, որ Աստուած պիտի կատարէ այն բոլոր խոստումները, որոնք այս գիրքին սկիզբը յիշեցինք։ Բայց այդ խոստումներուն վստահելու համար, պէտք է որ իր մասին աւելին գիտնաս։
ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ԻՐ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏՆԱՍ
Երբ մէկու մը կ’ուզես ծանօթանալ, ամէն բանէ առաջ անոր կ’ըսես անունդ։ Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ մեզի ըսած է իր անունը
14. Աստուծոյ անունը ի՞նչ է եւ ուրկէ՞ գիտենք որ անոր անունը պէտք է գործածենք։
14 Երբ մէկու մը կ’ուզես ծանօթանալ, ամէն բանէ առաջ անոր կ’ըսես անունդ։ Լաւ, Աստուած անուն ունի՞։ Շատ մը կրօնքներ կ’ըսեն, որ անոր անունը «Աստուած» կամ «Տէր» է. բայց ասոնք անուններ չեն, ասոնք տիտղոսներ են, ինչպէս՝ «թագաւոր» եւ «նախագահ» բառերը։ Աստուած մեզի ըսած է, որ իր անունը Եհովա է։ Սաղմոս 83։18–ը կ’ըսէ. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Աստուածաշունչը գրողները Աստուծոյ անունը հազարաւոր անգամներ գործածեցին։ Ուրեմն Եհովա Աստուած կ’ուզէ, որ իր անունը գիտնաս եւ գործածես։ Ան քեզի իր անունը ըսած է, որ կարենաս իր բարեկամը դառնալ։
15. Աստուծոյ անունը ի՞նչ կը նշանակէ։
15 Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, խոր իմաստ ունի։ Անիկա կը նշանակէ, որ Աստուած ինչ խոստում որ կու տայ կրնայ կատարել եւ իր նպատակը իրականացնել։ Բա՛ն մը չի կրնար իրեն արգելք ըլլալ։ Միայն ի՛նք իրաւունք ունի այդ անունը կրելուa։
16, 17. Ի՞նչ կը նշանակէ ա) «Ամենակալ» բ) «յաւիտենական Թագաւոր» գ) «Ստեղծիչ»։
16 Յայտնութիւն 15։3–ը Եհովային մասին կ’ըսէ՝ «Աստուած Ամենակալ»։ «Ամենակալ» կը նշանակէ որ Եհովա Աստուած տիեզերքին ամէնէն զօրաւոր անձնաւորութիւնն է։ Երեմիա 10։10–ն կ’ըսէ որ Աստուած «յաւիտենական Թագաւոր» է. այսինքն՝ ան միշտ գոյութիւն ունեցած է։ Եւ Սաղմոս 90։2–ին համաձայն, ան ո՛չ սկիզբ ունի, ոչ ալ վերջ ունի։
17 Ասկէ զատ, միակ Ստեղծիչը Եհովան է։ Յայտնութիւն 4։10բ–ը կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Այո՛, Եհովան ստեղծեց ամէն ինչ որ մտքէդ կ’անցնի. երկինքի հրեշտակները, աստղերը, պտուղները, կենդանիները, ձուկերը. . . ։
ԿՐՆԱ՞Ս ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԸԼԼԱԼ
18. Ինչո՞ւ մարդիկ կը կարծեն որ չեն կրնար Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Աստուածաշունչը ատոր մասին ի՞նչ կ’ըսէ։
18 Երբ կարգ մը մարդիկ Եհովա Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւններուն մասին կարդան, իրենք իրենց կ’ըսեն. ‘Աստուած այնքա՛ն զօրաւոր է, այնքա՛ն սուրբ է եւ այնքա՛ն հեռու է, որ անկարելի է որ ինձմով հետաքրքրուած ըլլայ’։ Բայց արդեօք Եհովան կ’ուզէ՞ որ այդպէս մտածես։ Անշուշտ ոչ։ Եհովան կ’ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ, որ իրեն մօտենաս եւ կը խոստանայ, որ ինք ‘քեզի պիտի մօտենայ’ (Յակոբոս 4։8)։
19. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ բ) Եհովային ո՞ր յատկութիւնները ամէնէն շատ կը սիրես։
19 Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Ուրեմն, շարունակէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին սորվիլ, եւ պիտի սկսիս զանոնք մօտէն ճանչնալ։ Օրինակ, մենք արդէն սորվեցանք որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։16)։ Բայց ան ուրիշ գեղեցիկ յատկութիւններ ալ ունի։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, որ Եհովան «ողորմած ու բարերար [կամ կարեկից], երկայնամիտ [կամ բարկանալու մէջ դանդաղ] եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» է (Ելից 34։6)։ Ան «բարի ու ներող» է (Սաղմոս 86։5)։ Ան համբերող եւ հաւատարիմ է (Բ. Պետրոս 3։9. Ա. Կորնթացիս 1։9)։ Երբ Աստուածաշունչէն Եհովային մասին կարդաս, անոր յատկութիւններուն մասին աւելին պիտի գիտնաս։
20, 21. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ մօտիկ զգալ, եթէ զինք չենք տեսներ։
20 Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտիկ զգալ, եթէ զինք չես տեսներ (Յովհաննէս 1։18. 4։24. Ա. Տիմոթէոս 1։17)։ Երբ Աստուածաշունչէն Եհովային մասին կարդաս, կը սկսիս իր անձնաւորութիւնը ճանչնալ (Սաղմոս 27։4. Հռովմայեցիս 1։20)։ Եհովային մասին որքա՛ն աւելի գիտնաս, այնքա՛ն աւելի զինք պիտի սիրես ու իրեն մօտիկ զգաս։
Հայր մը իր զաւակները կը սիրէ, բայց մեր երկնաւոր Հայրը մեզ ա՛լ աւելի կը սիրէ
21 Ասկէ զատ, պիտի հասկնաս որ Եհովան մեր Հայրն է (Մատթէոս 6։9)։ Ան մեզի կեանք տուաւ եւ կ’ուզէ որ ամէնէն լաւ կեանքը ապրինք։ Հայր մը, որ իր զաւակները կը սիրէ, ճիշդ ասիկա է որ կ’ուզէ (Սաղմոս 36։9)։ Այո՛, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ կրնա՛ս Եհովային բարեկամը ըլլալ (Յակոբոս 2։23)։ Երեւակայէ՛. տիեզերքին Ստեղծիչը՝ Եհովան, կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաս։
22. Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ ուրիշներ քեզի ըսեն, որ այլեւս Աստուածաշունչը չսերտես։
22 Մարդիկ թերեւս լաւ նպատակով քեզի ըսեն, որ այլեւս Աստուածաշունչը չսերտես, քանի որ կը վախնան որ կրօնքդ փոխես։ Բայց մի՛ ձգեր որ ոեւէ մէկը քեզի արգելք ըլլայ Եհովային բարեկամը ըլլալու։ Եհովան ամէնէն լաւ Բարեկամն է, որ կրնաս ունենալ։
23, 24. ա) Ինչո՞ւ պէտք է հարցումներ հարցնես։ բ) Յաջորդ դասին մէջ ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք։
23 Երբ Աստուածաշունչը սերտես, թերեւս ամէն բան չհասկնաս։ Մի՛ ամչնար հարցումներ հարցնելու։ Յիսուս ըսաւ, որ պէտք է պզտիկներու պէս խոնարհ ըլլանք (Մատթէոս 18։2-4)։ Եւ պզտիկները շատ հարցումներ կը հարցնեն։ Աստուած կ’ուզէ որ հարցումներուդ պատասխանները գտնես։ Անոր համար, Աստուածաշունչը ուշադրութեա՛մբ կարդա՝ վստահ ըլլալու համար որ ինչ որ կը սորվիս ճշմարտութիւնն է (կարդա՛ Գործք 17։11)։
24 Եհովային մասին գիտնալու ամէնէն լաւ կերպը Աստուածաշունչ սերտելն է։ Յաջորդ դասին մէջ պիտի տեսնենք, որ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ ուրիշ գիրքերէ տարբեր է։
a Եթէ կ’ուզես աւելին գիտնալ Աստուծոյ անունին իմաստին եւ հնչումին մասին, տե՛ս Բացատրութիւն 1։