Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 11/1 էջ 8-13
  • ‘Սուրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Սուրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սրբութեան Աղբիւրին Հետ Իսրայէլի Ունեցած Կապակցութիւնը
  • Եհովա Ինչո՛ւ Իսրայէլը Դատապարտեց
  • Մաքուր Սիրտը՝ Մաքուր Պաշտամունքի կ’Առաջնորդէ
  • Մեր Տկարութիւնները Դիմագրաւելու Մարտահրաւէրը
  • Ինչպէ՞ս Կրնանք Սուրբ Մնալ
  • «Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • «Սո՛ւրբ եղէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունի՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Շարունակէ քալել «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 11/1 էջ 8-13

‘Սուրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’

«Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ»։—ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 19։2

1. Աշխարհի կողմէ սուրբ համարուած անհատներէն ոմանք որո՞նք են։

ԱՇԽԱՐՀԻ գլխաւոր կրօնքներէն շատեր սուրբ նկատուած անձեր ունին։ Հնդկաստանի մէջ համբաւաւոր Մայր Թերեզան աղքատներուն հանդէպ իր նուիրումին համար յաճախ սուրբ նկատուած է։ Պապը՝ «Սրբազան Հայր» կոչուած է։ Կարգ մը Կաթողիկէներու համար Կաթողիկէ արդի շարժումին՝ Օփուս Տէիի՝ հիմնադիրը, Խոսէ Մարիա Էսքրիպան, «սրբութեան տիպար» կը նկատուի։ Պրահմականութիւնը ունի իր սուամիները, կամ սուրբերը։ Կանտի կը մեծարուէր որպէս սուրբ մարդ։ Պուտտայականութիւնը իր սուրբ վանականները ունի, իսկ Իսլամութիւնը՝ իր սուրբ մարգարէն։ Սակայն, սուրբ ըլլալը իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ։

2, 3. (ա) «Սուրբ» եւ «սրբութիւն» բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։ (բ) Ի՞նչ են կարգ մը հարցումներ որոնք պատասխանի կը կարօտին։

2 «Սուրբ» բառը սահմանուած է որպէս «1. . . . աստուածային զօրութեան յարակից ըլլալ. սրբազան։ 2. Պաշտուելու կամ մեծարուելու արժանի նկատուող. . . 3. Խստապահանջ, կամ կրօնական ու հոգեւոր բարձր բարոյականի համաձայն ապրիլ. . . 4. Կրօնական նպատակի մը համար յատկորոշուած կամ զատուած»։ Սուրբ գրային առումով, սրբութիւն կը նշանակէ «կրօնական մաքրութիւն կամ անարատութիւն. նուիրականութիւն»։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ (Անգլ.) Աստուածաշունչի տեղեկատուական երկին համաձայն, «Եբրայերէն բուն [բառը]՝ քոտհեշ՝ կը հաղորդէ Աստուծոյ համար զատուած, յատկացուած կամ նուիրագործուած ըլլալու գաղափարը, . . . Աստուծոյ ծառայութեան համար ջոկուած ըլլալու վիճակ մը»։a

3 Իսրայէլ ազգը սուրբ ըլլալու պատուէր ստացած էր։ Աստուծոյ Օրէնքը կը նշէր. «Ես եմ Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասնզի ես սուրբ եմ»։ Սրբութեան Աղբիւրը ո՞վ էր։ Անկատար Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային սուրբ ըլլալ։ Իսկ սուրբ ըլլալու Եհովայի կոչէն ներկայիս ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։—Ղեւտացւոց 11։44

Սրբութեան Աղբիւրին Հետ Իսրայէլի Ունեցած Կապակցութիւնը

4. Իսրայէլի մէջ, Եհովայի սրբութիւնը ի՞նչ կերպով շեշտուած էր։

4 Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքին հետ կապ ունեցող ամէն բան, պէտք էր սուրբ նկատուէր ու այդ հանգամանքով գործածուէր Իսրայէլի մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա ինք սրբութեան արմատը եւ աղբիւրն է։ Սուրբ տաղաւարին եւ զգեստներուն ու զարդարանքներուն պատրաստութեան մասին Մովսէսի արձանագրութիւնը հետեւեալ խօսքերով կ’աւարտի. «Եւ մաքուր ոսկուց մի թիթեղ շինես, եւ նորա վրայ կնիք քանդակողի պէս փորագրես Սուրբ Եհովային։ Եւ նորան անցկացնես մի կապուտակ ժապաւէնի վերայ, որ խոյրի վրայ դրուի»։ Զուտ ոսկիէ պսակին այս թիթեղը քահանայապետին խոյրին վրայ դրուած էր, եւ ցոյց կու տար որ ան ջոկուած էր մասնայատուկ սրբութիւն ունեցող ծառայութեան մը համար։ Արեւուն տակ շողշողացող այս փորագրուած նշանագիրը Իսրայելացիներուն կանոնաւորաբար կը վերյիշեցնէր Եհովայի սրբութիւնը։—Ելից 28։36. 29։6. 39։30 [թարգ. Արարատ]։

5. Անկատար Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային սուրբ նկատուիլ։

5 Սակայն, Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային սուրբ ըլլալ։ Մի՛միայն Եհովայի հետ իրենց ունեցած սերտ յարաբերութեամբ ու իրենց մաքուր պաշտամունքով։ Անոնք «ամենասուրբին» մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալու կարիքը ունէին, որպէսզի զինք պաշտէին սրբութեամբ, ֆիզիքական ու հոգեւոր մաքրութեամբ։ (Առակաց 2։1–6. 9։10) Հետեւաբար, Իսրայելացիները մաքուր մղումներով ու մաքուր սրտով մը պէտք էր Աստուած պաշտէին։ Պաշտամունքի մէջ կեղծաւորութիւնը Եհովայի աչքին զզուելի էր։—Առակաց 21։27

Եհովա Ինչո՛ւ Իսրայէլը Դատապարտեց

6. Մաղաքիայի օրերուն Հրեաները Եհովայի սեղանին հետ ի՞նչպէս վարուեցան։

6 Այս կէտը յստակօրէն լուսաբանուեցաւ, երբ Իսրայելացիները կէս սրտով, վատորակ, ախտաւոր զոհեր կը բերէին տաճար։ Իր Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա անոնց խեղճ ընծաները դատապարտեց. «‘Ձեզի չեմ հաճիր’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը ‘ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր’։ . . . ‘Բայց դուք զանիկա կը պղծէք, ըսելով. «Տէրոջը սեղանը պիղծ է ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ»։ Նաեւ կ’ըսէք. «Այս ի՜նչ աշխատութիւն է» ու անոր վրայ կը փչէք’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը ‘եւ յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը որպէս ընծայ բերիք։ Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Մաղաքեայ 1։10, 12, 13

7. Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն, Հրեաները ի՞նչ անսուրբ արարքներ կը գործէին։

7 Հաւանաբար Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն, Աստուած Մաղաքիան գործածեց որ Հրեաներուն սխալ սովորութիւնները դատապարտէ։ Քահանաները գէշ օրինակ կը հանդիսանային ու անոնց վարքը ո՛չ մէկ կերպով սուրբ էր։ Ժողովուրդը անոնց հետեւելով, անփոյթ էր սկզբունքներու նկատմամբ, ա՛յն աստիճան որ իրենց կիները կ’արձակէին, հաւանաբար աւելի երիտասարդ հեթանոս կիներ առնելու համար։ Մաղաքիա գրեց. «Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, որուն հետ անհաւատարմութեամբb վարուեցար։ Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։ . . . Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։ Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ ինք կ’ատէ կին արձակելը»։—Մաղաքեայ 2։14–16

8. Ամուսնալուծման արդի տեսակէտը Քրիստոնէական ժողովքէն ոմանց ի՞նչպէս ազդած է։

8 Ներկայիս, ամուսնալուծումը դիւրաւ ձեռք ձգուող բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ամուսնալուծման տոկոսը բարձրացած է։ Նոյնիսկ Քրիստոնէական ժողովքը ասկէ ազդուած է։ Փոխանակ երէցներու օգնութիւնը փնտռելու, որպէսզի խոչընդոտները յաղթահարեն ու փորձեն իրենց ամուսնութիւնը յաջողցնել, ոմանք շատ շուտով անկէ ձեռք քաշած են։ Յաճախ զաւակներն են որ զգացական բարձր գին մը կը վճարեն։—Մատթէոս 19։8, 9

9, 10. Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքին մասին անհատապէս ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնենք։

9 Ինչպէս տեսանք, Մաղաքիայի օրերուն հոգեւոր ողբալի վիճակին ի տես, Եհովա յայտնապէս դատապարտեց Յուդայի մակերեսային պաշտամունքը ու ցոյց տուաւ որ ինք մի՛միայն մաքուր պաշտամունք կ’ընդունի։ Ասիկա պէտք չէ՞ մեզ մղէ որ Եհովա Աստուծոյ, տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ, իսկական սրբութեան Աղբիւրին մեր մատուցած պաշտամունքի որակին մասին խորհինք։ Արդեօք իրապէս Աստուծոյ սուրբ ծառայութիւն կը մատուցանե՞նք։ Մեր անձերը հոգեւորապէս մաքուր վիճակի մէջ կը պահե՞նք։

10 Ասիկա չի նշանակեր որ պէտք է կատարեալ ըլլանք՝ ինչ որ անկարելի է՝ կամ մենք մեզ բաղդատենք ուրիշներու հետ։ Բայց կը նշանակէ որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է Աստուծոյ մատուցանէ այնպիսի պաշտամունք մը որ իր պարագաներուն համաձայն իր լաւագոյնն է։ Ասիկա մեր պաշտամունքի որակին կ’ակնարկէ։ Այս սրբազան ծառայութիւնը պէտք է մեր լաւագոյնը՝ սուրբ ծառայութիւն մը ըլլայ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է ընել։—Ղուկաս 16։10. Գաղատացիս 6։3, 4

Մաքուր Սիրտը՝ Մաքուր Պաշտամունքի կ’Առաջնորդէ

11, 12. Անսուրբ վարքը ի՞նչ բանէ յառաջ կու գայ։

11 Յիսուս յստակօրէն սորվեցուց որ անհատ մը իր ըսած ու ըրած բաներով իր սրտին մէջ եղածը կը յայտնէ։ Ինքնարդար, սակայն՝ անսուրբ Փարիսեցիներուն Յիսուս ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասնզի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ Հետագային, ան ցոյց տուաւ որ չար արարքները սրտին՝ կամ ներքին անձին՝ չար խորհուրդներէն ծագում կ’առնեն։ Ան ըսաւ. «Բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասնզի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը»։—Մատթէոս 12։34. 15։18–20

12 Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ անսուրբ արարքները ինքնաբուխ կամ անհիմն չեն։ Անոնք սրտին մէջ թաքնուած պիղծ խորհուրդներու հետեւանքն են. գաղտնի ցանկութիւններ ու թերեւս պատրանքներ։ Ասոր համար Յիսուս ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի ըներ’, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’»։ Ուրիշ խօսքով, պոռնկութիւնը ու շնութիւնը արդէն իսկ կ’արմատանան սրտին մէջ, որեւէ արարքի անցնելէ առաջ։ Յետոյ, երբ յարմար առիթներ կը ներկայանան, անսուրբ խորհուրդները անսուրբ վարմունքի կը վերածուին, որու հետեւանքը կ’ըլլայ պոռնկութիւն, շնութիւն, սոդոմականութիւն, գողութիւն, հայհոյութիւն եւ հաւատուրացութիւն։—Մատթէոս 5։27, 28. Գաղատացիս 5։19–21

13. Կարգ մը օրինակներ թուեցէք թէ ինչպէ՛ս անսուրբ խորհուրդները կրնան անսուրբ արարքներու առաջնորդել։

13 Ասիկա զանազան կերպերով կարելի է լուսաբանել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, բախտախաղի տուներ արագօրէն կը շատնան, բախտախաղ խաղալու պատեհութիւնը աւելցնելով։ Անհատ մը թերեւս իր նիւթական խնդիրները լուծելու համար փորձուի այս կեղծ լուծման դիմել։ Խաբէական պատճառաբանութիւներով եղբայր մը կրնայ մղուիլ իր սուրբ գրային սկզբունքները դրժել կամ զանոնք թեթեւի առնել։c Ուրիշ պարագայ մը. հեռատեսիլի, պատկերիզներու, համակարգիչներու կամ գրքերու միջոցաւ դիւրամատչելի եղող պոռնկագրութիւնը, կրնայ Քրիստոնեայի մը անսուրբ վարքի առաջնորդել։ Հազիւ թէ իր հոգեւոր զրահը անտեսէ, շատ չանցած արդէն անբարոյականութեան մէջ ինկած կ’ըլլայ։ Սակայն, շատ մը պարագաներուն, մեղքի մէջ սայթաքիլը մտքին մէջ կը սկսի։ Այո, այս կացութիւնն է որ կը բացատրէ Յակոբոս. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի»։—Յակոբու 1։14, 15. Եփեսացիս 6։11–18

14. Շատեր ի՞նչպէս իրենց անսուրբ վարքէն ձերբազատուած են։

14 Բարեբախտաբար, տկարութեան պատճառաւ մեղանչող Քրիստոնեաներէն շատեր անկեղծօրէն կը զղջան եւ երէցները կրնան այսպիսի անհատներ հոգեւորապէս վերահաստատել։ Չզղջալու պատճառաւ վտարուածներէն շատեր ալ ի վերջոյ կը զգաստանան ու ժողովքին մէջ կը վերահաստատուին։ Անոնք կ’անդրադառնան որ Սատանան որքա՜ն դիւրութեամբ զիրենք անակնկալի բերաւ, երբ թոյլ տուին որ անսուրբ խորհուրդներ իրենց սրտին մէջ արմատ կապեն։—Գաղատացիս 6։1. Բ. Տիմոթէոս 2։24–26. Ա. Պետրոս 5։8, 9

Մեր Տկարութիւնները Դիմագրաւելու Մարտահրաւէրը

15. (ա) Ինչո՞ւ մեր տկարութիւնները պէտք է դիմագրաւենք։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մեր տկարութիւնները ընդունինք։

15 Պէտք է ջանանք առարկայօրէն ճանչնալ մեր սրտերը։ Մեր տկարութիւնները դիմագրաւելու, զանոնք ընդունելու ու, ապա անոնց դէմ պայքարելու պատրա՞ստ ենք։ Կ’ուզե՞նք անկեղծ բարեկամի մը հարցնել թէ ինչպէ՛ս կրնանք բարելաւումներ ընել ու ապա տրուած խրատը նկատի առնել։ Սուրբ մնալու համար մեր թերութիւնները պէտք է յաղթահարենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան մեր տկարութիւնները գիտէ։ Ան իր խորամանկ հնարքները պիտի գործածէ մեզ դրդելու որ մեղքի ու անսուրբ վարքի մէջ իյնանք։ Խորամանկ արարքներով, ան կը փորձէ մեզ հեռացնել Աստուծոյ սէրէն, որպէզի այլեւս անսուրբ ըլլանք ու Եհովայի պաշտամունքին համար՝ անպիտան։—Երեմեայ 17։9. Եփեսացիս 6։11. Յակոբու 1։19

16. Պօղոս ի՞նչ պայքար ունէր։

16 Պօղոս առաքեալ իր անհատական փորձութիւններն ու դժուարութիւնները ունեցաւ, ինչպէս կը վկայէ Հռովմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասնզի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ . . . Վասնզի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։—Հռովմայեցիս 7։18–23

17. Պօղոս տկարութիւններուն դէմ իր մղած պայքարէն ի՞նչպէս յաղթական դուրս եկաւ։

17 Պօղոսի պարագային կենսական կէտը այն է որ ան իր տկարութիւններուն կը գիտակցէր։ Հակառակ այդ տկարութիւններուն, ան կրնար ըսել. «Ներսի [հոգեւոր] մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ»։ Պօղոս կը սիրէր ինչ որ բարի է ու կ’ատէր ինչ որ չար է։ Սակայն, ան տակաւին մղելիք պայքար մը ունէր, մեր բոլորին ունեցած նոյն պայքարը. Սատանայի, աշխարհին եւ մարմնին դէմ։ Արդ, սուրբ աշխարհէն ու անոր մտածելակերպէն հեռու մնալու պայքարին մէջ ի՞նչպէս կրնանք յաղթական ըլլալ։—Բ. Կորնթացիս 4։4. Եփեսացիս 6։12

Ինչպէ՞ս Կրնանք Սուրբ Մնալ

18. ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ մնալ։

18 Ամենադիւրինին դիմելով կամ ինքնագոհ ըլլալով չէ որ կրնանք Սրբութիւնը իրագործել։ Այսպէս վարուող անհատ մը միշտ իր վարքը պիտի արդարացնէ ու պիտի փորձէ յանցանքը ուրիշի վրայ նետել։ Թերեւս կարիքը ունինք որ մեր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանցնել սորվինք ու չնըմանինք կարգ մը անհատներու, որոնք բոլոր յանցանքը կը բեռցնեն ընտանեկան միջավայրին կամ ժառանգական յատկանիշներու վրայ։ Հարցին բուն արմատը անհատին սրտին մէջ է։ Ան արդարութիւնը կը սիրէ՞. սրբութեան կը տենչա՞յ. Աստուծոյ օրհնութիւնը կը փնտռէ՞։ Սաղմոսերգուն պարզեց որ հարկ է սուրբ ըլլալ, երբ ըսաւ. «Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛»։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով»։—Սաղմոս 34։14. 97։10. Հռովմայեցիս 12։9

19, 20. (ա) Մեր միտքը ի՞նչպէս կրնանք հաստատել։ (բ) Անձնական ազդեցիկ ուսումնասիրութիւն մը ի՞նչ է։

19 Կրնանք ‘բարիին յարիլ’ եթէ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք ու եթէ Քրիստոսի միտքը ունենանք։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Ի՞նչպէս կրնանք ասոնց հասնիլ։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով ու անոր վրայ խոկալով։ Այս խրատը որքա՜ն յաճախ տրուած է։ Սակայն, զայն իրապէս լուրջի կ’առնե՞նք։ Օրինակի համար, ժողովի գալէն առաջ, այս պարբերաթերթը իրապէ՞ս կ’ուսումնասիրէք, համարները բանալով։ Ուսումնասիրել չի նշանակեր իւրաքանչիւր պարբերութեան մէջ պարզապէս մի քանի նախադասութիւն ընդգծել։ Ուսումնասիրուելիք յօդուած մը կրնանք 15 վայրկեանի մէջ աչքէ անցընել ու ընդգծել։ Բայց այդպէս ընելով յօդուածը ուսումնասիրած կ’ըլլա՞նք։ Իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւր յօդուած ուսումնասիրելը եւ անոր ներկայացուցած հոգեւոր օգուտները իւրացնելը մէկ կամ երկու ժամ կրնայ տեւել։

20 Թերեւս պէտք է մենք մեզ կրթենք որպէսզի ամէն շաբաթ քանի մը ժամ նուազ հեռատեսիլի դիմաց նստելով մեր ուշադրութիւնը սեւեռենք մեր անհատական սրբութեան վրայ։ Կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը մեզ հոգեւորապէս կը կերտէ, մեր միտքը դրդելով որ շիտակ որոշումներու, «սուրբ վարմունք»ի առաջնորդող որոշումներու յանգի։—Բ. Պետրոս 3։11. Եփեսացիս 4։23. 5։15, 16

21. Ո՞ր հարցումը տակաւին պատասխանի կը կարօտի։

21 Արդ, հետեւեալ հարցումը կը ծագի. Գործունէութեան ու վարքի ուրիշ ո՞ր մարզերուն մէջ որպէս Քրիստոնեաներ կրնանք սուրբ ըլլալ, ինչպէս Եհովա սուրբ է։ Յաջորդ յօդուածը լուրջ խորհրդածութեան արժանի նիւթ մըն է։

[Ստորանիշներ]

a Այս երկհատոր աշխատասիրութիւնը հրատարակուած է՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

b «Անհաւատարմութիւն» բառին մասին աւելի լայն բացատրութիւն տրուած է Զարթի՛ր 8 Փետրուար 1994–ի թիւին մէջ, էջ 21, «Աստուած Ի՞նչպիսի Ամուսնալուծում կ’Ատէ», Անգլերէնով։

c Բախտախաղը անսուրբ վարք ըլլալուն մասին տես՝ Զարթի՛ր 8 Օգոստոս 1994–ի թիւը, էջ 14–15, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

◻ Իսրայէլի մէջ Սրբութեան Աղբիւրին ո՛վ ըլլալը ի՞նչպէս բացայայտուած էր։

◻ Մաղաքիայի օրերուն Իսրայէլի պաշտամունքը ի՞նչ կերպերով անսուրբ էր։

◻ Անսուրբ վարքը ո՞ւր կը սկսի։

◻ Սուրբ ըլլալու համար, ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ մնալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել