-
Սուրբ Գիրքին իմաստուն ուսուցումներըԴիտարան (հանրամատչելի) 2018 | Թիւ 1
-
-
Տելֆին իր այս դժուար ժամանակին մէջ Սուրբ Գիրքին օգնութիւնը հիանալի կերպով վայելեց։ Յաջորդ յօդուածները պիտի ցուցնեն, որ շատ մը ուրիշ անհատներ ալ տեսած են, թէ Սուրբ Գիրքը հոյակապ կերպով իրենց օգնած է, երբ իր խրատները գործադրած են իրենց խնդիրները լուծելու համար։ Անոնք անդրադարձած են, որ Սուրբ Գիրքը կը նմանի սկիզբը նշուած արձանին։ Անիկա չի նմանիր այդ գիրքերուն, որոնք կը հիննան եւ այլեւս չեն գործածուիր։ Պատճառը կրնա՞յ ըլլալ որ անիկա Աստուծոյ խօսքերը կը պարունակէ եւ ոչ թէ պարզապէս մարդոց խօսքերը (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։
Թերեւս դուն ալ անդրադարձած ես որ կեանքը կարճ է եւ խնդիրներով լեցուն է։ Երբ խնդիրներու մէջ խեղդուած ըլլաս, ո՞ւր կը փորձես մխիթարութիւն, օգնութիւն ու վստահելի խրատ գտնել։
Նկատի առնենք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ երեք գործնական կերպերով կրնայ քեզի օգնել։ Անիկա կ’օգնէ որ՝
խնդիրներէ հեռու մնաս երբ կարելի է։
խնդիրները լուծես երբ ծագին։
դիմանաս այն պարագաներուն որ չես կրնար փոխել։
Յաջորդ յօդուածները նկատի պիտի առնեն այս երեք կէտերը։
-
-
Չգիտցուած տուեալներ յայտնած էԴիտարան (հանրամատչելի) 2018 | Թիւ 1
-
-
ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ
ԹԷԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՑՈՒՑՆԵՆ ԹԷ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ։
Հիւանդները հեռու պահել առողջներէն։
Մովսիսական օրէնքը ըսաւ որ բորոտները պէտք է հեռու պահուին միւսներէն։ Բժիշկները սկսան այս սկզբունքը գործադրել միջին դարերուն, երբ համաճարակներ տեղի ունեցան։ Ատիկա տակաւին մինչեւ այսօր կը գործադրուի (Ղեւտացւոց, գլուխ 13 եւ 14)։
Դիակի մը դպչելէ ետք լուացուիլ։
Մինչեւ 19–րդ դարուն վերջը, բժիշկները դիակներու վրայ աշխատելէ ետք, յաճախ առանց ձեռքերնին լուալու կ’երթային հիւանդները տեսնելու։ Ասիկա պատճառ դարձաւ որ շատեր մեռնին։ Անդին, Մովսիսական օրէնքը ըսած էր, որ դիակին դպչող անհատը կրօնական գետնի վրայ անմաքուր կը սեպուի։ Ատիկա նաեւ ըսած էր, որ այսպիսի պարագաներու ջուր պէտք է գործածուի մաքրուելու համար կրօնական գետնի վրայ։ Այս կրօնական սովորութիւնները վստահաբար առողջապահական օգուտներ ալ ունէին (Թուոց 19։11, 19)։
Մարդու աղբը թափել։
Ամէն տարի, աւելի քան կէս միլիոն պզտիկներ կը մեռնին փորհարութեան պատճառով, մեծաւ մասամբ քանի որ մարդու աղբին կ’ենթարկուին։ Մովսիսական օրէնքը ըսաւ, որ մարդու աղբը բնակուած վայրէն հեռու պէտք է թաղուի (Բ. Օրինաց 23։13)։
Թլփատութեան ժամանակը։
Աստուծոյ Օրէնքը ըսաւ թէ տղայ զաւակը պէտք է թլփատուի ծնելէն ութ օր ետք (Ղեւտացւոց 12։3)։ Երբ պզտիկ մը ծնի, արիւնը մէկ շաբաթ ետք բաւարար նիւթեր կ’ունենայ արիւնահոսութիւնը կեցնելու։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, երբ բժշկական դարմանումները չէին յառաջացած, իմաստութիւն էր մէկ շաբաթէ աւելի սպասել եւ ետքը նորածինը թլփատել։
Զգացական առողջութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան միջեւ եղած կապը։
Բժշկութեան գիտնականներ կ’ըսեն թէ դրական զգացումները, ինչպէս՝ ուրախութիւնը, երախտապարտութիւնը, յոյսը եւ ներողամտութիւնը, օգտակար են առողջութեան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22)։
-